ՀԱՒԱՏՔԷ ՀԵՌԱՆԱԼԸ

Հաւատքն է, որ կրնայ փրկել աշխարհը... Հաւատքն է, որ կրնայ փրկել Հայաստան ու Արցախ աշխարհները... Հաւատքն է, որ կրնայ փրկել հայը... Ո՞ւր է հաւատքը... Չկայ... Կը բացակայի...

Կարճ ժամանակահատուած մը, որ կը թուի երկար ու դաժան, ընդհամէնը մարդու մը կեանքի տեւողութեան ժամանակահատուած մըն է՝ եօթանասուն տարի... Չէ՛, երկար չէ... Թերեւս կարճ ալ չէ... Բայց այն խարխլեց մեր հաւատքի հիմերը:

Քաւ լիցի, Հայաստանի մէջ հայերը կը հաւատան Աստուծոյ, եկեղեցի ալ կ՚այցելեն: Ե՞րբ...  Երբ կը յայտնուին անելանելի դրութեան մը, նեղութեան մէջ: Այո՛, այսօր Հայաստանի մէջ զԱստուած կը յիշեն աւելի շատ դժուարութեան պահերուն: Այսինքն, անգիտակցօրէն հաւատքը կը փորձեն ծառայեցնել իրենց անձնական շահերուն:

Արիւնոտ սրտով, տամուկ աչքերով, սողեսող կը հասնին եկեղեցիի դուռը: Կ՚աղօթեն: Տիրոջմէ կ՚աղերսեն լսել ու ի կատար ածել իրենց սրտի փափաքը: Մերժման պարագային ալ, իրենք կը մերժեն Բարձրեալը: Կը հրաժարին հաւատալ Տիրոջ գոյութեան. «Եթէ Աստուած ըլլար, զաւակս կը բուժէր... Եթէ Աստուած ըլլար, մայրս ինձմէ չէր առներ... Չէ՞ որ ես այնքան խնդրեցի: Շաբաթներ, ամիսներ շարունակ ամէն օր Տիրոջ դուռն էի...»:

Ինչպէս Հայաստանէն ու Արցախէն, այնպէս ալ հաւատքէն մնացած են պատառիկներ: Շատեր՝ առանց Տէրը ճանչնալու, կը հաւաստիացնեն. «Կը հաւատանք, սակայն մեր հոգիին մէջ»: Ըստ անոնց, եկեղեցին Աստուծմէ բան մը խնդրելու վայր մըն է. տարին քանի մը անգամ կ՚այցելեն Տիրոջ տուն. անտեղեակ՝ Սուրբ Պատարագէն, Հաղորդութենէն, Սուրբ Գիրքի պարունակութենէն... Սուրբ Ծնունդը Քրիստոսի ծնունդն է: Սակայն ինչու ծնաւ՝ լուր չունին: Իսկ Զատիկը՝ Զատիկը հաւկիթ ներկելու օր է: Նոյնաչափ տեղեկացուած են նաեւ պսակադրութենէն ու մկրտութենէն: Ահաւասիկ տխրահռչակ իրողութիւն…

Պա՞հք... Ի՞նչ է պահքը, ան ալ մեծ... Շատեր տեղեակ չեն, իսկ պահք բռնողներու մեծամասնութիւնը սխալ կը պահէ: Առաջին Քրիստոնեայ երկրի մէջ խանութներու ցուցափեղկերուն հազուադէպ կարելի է գտնել պահքի սնունդ: Առաջին Քրիստոնեայ երկրի մէջ մարդիկ իրարու կը մաղթեն բարի բախտ ու երջանկութիւն՝ ի փոխարէն Աստուծոյ օրհնութեան: Առաջին Քրիստոնեայ երկրի մէջ մարդիկ խորասուզուած են մեղքերու ովկիանոսի յատակը, իսկ իշխանութիւնը վստահած՝ չար ուժերուն:

Բաղրամեան պողոտայի վրայ տեղի ունեցող հանրահաւաքներու ընթացքին կ՚ըլլան հիւրասիրութիւններ: Կարծեմ օրը երկու անգամ, այնտեղ հաւաքուած հարիւրաւոր ու հազարաւոր մարդոց կը հիւրասիրեն թէյ, սուրճ, խմորեղէն ու հացահատիկի տեսականի: Ես ու մայրս ալ անոնցմէ մին ենք, որ ժամերով կը մասնակցինք ցոյցերուն: Պահքի շրջանին մեզի համար ուտելիք չենք կրնար գտնել: Ամէն անգամ անօթի փորով կը հասնինք տուն: Բազմիցս խնդրած եմ, որ ուտելիք ձեռք բերած ատեն հաշուի առնեն նաեւ պահք բռնողները: Սակայն ապարդիւն: Երբ կը հարցնեմ. «Պահքի ուտելիք ունի՞ք», պատասխանը կ՚ըլլայ. «Այդ ո՞րն է»;

Օրեր առաջ ալ, ամբողջ օրը դուրսը գործեր ունենալու պատճառաւ շատ անօթեցայ: Մօտեցայ հացահատիկի խանութ մը եւ հարցուցի, թէ պահքի յարմար ի՞նչ ուտելիք ունին: Վաճառողուհին շուարած իմ դէմքին կը նայէր ու կը հարցնէր, թէ ո՞րն է պահքի ուտելիքը:

Այո՛, շատեր չեն գիտեր: Շատեր չեն ճանչնար:

Առանց Տիրոջ նմանած ենք որբուկի մը: Ստեղծուած իրավիճակը մեր սրտով չէ, սակայն չենք նկատեր փրկութիւնը: Մեզի համար կուռքեր կը շինենք: Ճշմարիտ Աստուածը ձգած՝ կը վազենք սնահաւատութեան ետեւէն: Մեր վաղուայ օրը կը կապենք պայծառատեսներու գուշակութիւններուն:

Մինչդեռ Տէրը մեր կողքին է, ամէն վայրկեան պատրաստ մեզի ներելու եւ մեզ բուժելու: Պէտք է վերադառնանք հաւատքի: Ապրինք հաւատքով ու փառաբանենք Տէրն ու Անոր միածին Որդին: Միայն այն ժամանակ մենք ու մեր երկիրը պիտի կրնանք բուժուիլ:

Դէպի Աստուած տանող ուղին յստակ է՝ եկեղեցին ու Աստուածաշունչը:

Բարեգութ Աստուած, ողորմած Քրիստոս, կ՚աղաչեմ դէպի ապաշխարութիւն առաջնորդէ ժողովուրդս հայոց: Թո՛ղ որ հայը կրկին դառնայ եւ ապրի հաւատքով: Տէր իմ, բուժէ մեր երկիրն ու մեր մոլորած հոգիները:

Փառք Ձեզ, օրհնեալ ըլլաք դուք Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021