ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ, Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Իս­թան­պու­լի մէջ եւս տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Ծա­նօթ է, որ քա­նի մը տա­րիէ ի վեր հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 1915-ի զո­հե­րը կ՚ո­գե­կո­չուին նաեւ Թուր­քիոյ մէջ։ Այս շրջագ­ծով քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը 100-րդ տա­րե­լի­ցի մի­ջա­վայ­րին մէջ գտած են ի­րենց շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պիէ, նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցած հա­մեր­գը ար­դէն այդ ո­գե­կո­չում­նե­րը նոր հար­թու­թեան մը վրայ դրած էր իր ո­րա­կով ու մա­կար­դա­կով։ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի եւ «Քա­լան միւ­զիք»ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այդ փա­ռա­շուք ե­րե­կոյ­թին ա­ռըն­թեր զա­նա­զան բնոյ­թով այլ մի­ջո­ցա­ռում­ներ եւս վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան քա­ղա­քիս մէջ։

ԳՈՐ­ԾԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ԵՐԿ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զաիր» հա­մա­լի­րին մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ փոք­րիկ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ձե­ւա­չա­փով հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին «DurDe!»ն, Եւ­րո­պա­յի հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան շար­ժու­մը (EGAM) եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղը։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն այս ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը Ապ­րի­լի 24-ի շրջա­նին շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն քա­ղա­քիս մէջ եւ այս ա­ռու­մով ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խըն­թաց­նե­րը ձե­ւա­ւո­րուած կը հա­մա­րուին։ Սփիւռ­քէն Պո­լիս ժա­մա­նած ան­հատ­նե­րը եւս կը միա­նան այս ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ այս­պէ­սով ա­նոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան հե­տա­մուտ շրջա­նակ­նե­րուն հետ։

«Ճե­զաիր» հա­մա­լի­րին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած աշ­խա­տա­նո­ցին մաս­նակ­ցե­ցան Թուր­քիա­յէն, Հա­յաս­տա­նէն, Եւ­րո­պա­յէն եւ Ափ­րի­կէէն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թի հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­սակ­նե­րէն մին ալ այն էր, որ միայն հա­յեր եւ թուր­քեր չէին ներգ­րաւուած նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տան­քին եւ օ­տար­ներն ալ ե­կած էին ա­նոնց միաց­նել ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։

Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին «DurDe!»ի նա­խա­գահ Լե­ւենտ Շեն­սե­ւէր, EGAM-ի նա­խա­գահ Պեն­ժա­մէն Ապ­տան եւ ՀԲԸՄ-Եւ­րո­պա­յի տնօ­րէն Նի­քո­լա Դա­ւի­թեան։ Աշ­խա­տա­նոց­նե­րու քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան շարք մը հար­ցեր. ինչ­պէս՝ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւն, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­ներ, մար­դու ի­րա­ւունք­ներ, փո­խա­դարձ հաս­կա­ցու­թիւն ե­ւայլն։

Ա­ՍՈՒ­ԼԻՍ

Ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Բան­կալ­թըի «Նոս­տալ­ժի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան ա­սու­լիս մը, ո­րու ա­տե­նա­խօսն էր Հա­յաս­տա­նէն յայտ­նի ժո­ղովր­դա­կան ե­րա­ժիշտ Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեան։ Հարկ է նշել, որ Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեան քա­ղաքս ե­ղած էր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գին եւ իր կե­ցու­թիւ­նը ա­ռիթ ըն­ձե­ռած էր նաեւ ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման։

Մշե­ցի ըն­տա­նի­քէ մը սե­րած Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեան այս առ­թիւ փո­խան­ցեց իր ման­կու­թեան յու­շե­րը, ըն­տա­նե­կան ապ­րում­նե­րը՝ միշտ միա­հիւ­սուած եւ թրծուած ե­րաժշ­տու­թեամբ։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին «Նոս­տալ­ժի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի տնօ­րէն Սիւ­հա Հա­մամ­ճը եւ «Պիր­զա­ման­լար» հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն Օս­ման Քէօ­քէր։

ՑՈՒ­ՑԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ­ՆԵՐ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն ալ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող Թոփ­հա­նէի «Տե­փօ»ին մէջ բա­ցուե­ցան եր­կու ցու­ցա­հան­դէս­ներ։ Նոյն հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած այս եր­կու ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը եւս մի­տուած էին ո­գե­կո­չե­լու 1915-ի զո­հե­րը։ Ցու­ցա­հան­դէս­նե­րէն մէ­կուն շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած էին Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի լու­սան­կար­նե­րը, իսկ միւ­սով ցու­ցադ­րուե­ցան Ա­նի­թա Թու­թի­կեա­նի ձե­ռա­գործ­նե­րը։

Մա­րաշ­ցի ըն­տա­նի­քէ մը սե­րած Նո­րայր Շա­հի­նեան ներ­կա­յիս կը բնա­կի Պրա­զի­լիոյ մէջ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ ընդգր­կուած գոր­ծե­րուն զու­գա­հեռ իր լու­սան­կար­նե­րով ալ­պոմ մըն ալ հրա­տա­րա­կուած էր «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։ Իսկ Տեր­սիմ­ցի ըն­տա­նի­քէ մը սե­րած Ա­նի­թա Թու­թի­կեան ներ­կա­յիս կը բնա­կի Լի­բա­նա­նի մէջ եւ իր ձե­ռա­գործ նախ­շե­րը ար­ժա­նա­ցան մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Եր­կու ա­րուես­տա­գէտ­ներն ալ ցու­ցա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նե­ցին ի­րենց սրտի խօս­քը։

Այս զոյգ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցած էին «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը։ Ուս­տի, ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի տնօ­րէն Օս­ման Քա­ւա­լա, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Մար­թին Ե­սա­յեան եւ Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նո­սեան։ Այս առ­թիւ Օս­ման Քա­ւա­լա եւ Մար­թին Ե­սա­յեան եւս ող­ջու­նե­ցին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը։

«ՍԱ­ՊԱՆ­ՃԸ» ԹԱՆ­ԳԱ­ՐԱ­ՆԻՆ ՄԷՋ

​Միւս կող­մէ, նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան Է­միր­կեա­նի «Սա­պան­ճը» թան­գա­րա­նին մէջ ալ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ Գեր­մա­նա­կան «Թի­սէն» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուած «Ազ­գա­յին հե­ռան­կար­նե­րէ ան­դին ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մը» խո­րագ­րեալ հա­ւա­քոյթ­նե­րու ծի­րին մաս կազ­մեց այս ե­րե­կոյ­թը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին գեր­մա­նա­կան «Orient-Institut»ի Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղը, «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նը եւ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Նի­հատ Պեր­քէր, «Թի­սէն» հիմ­նար­կէն Տքթ. Թո­մաս Սի­ւէր­ման, «Orient-Institut»ի Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Փրոֆ. Ռաուլ Մո­թի­քա եւ «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն յայտ­նի պատ­մա­բան Փրոֆ. Հա­լիլ Պերք­թայ։ Նիս­տը վա­րեց «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Տոց. Աք­շին Սո­մէլ։ Բո­լոր ա­տե­նա­խօս­նե­րը վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի վե­րա­բե­րեալ։ Վե­րո­յի­շեալ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րէն վերջ հան­դէս ե­կաւ ձեռ­նար­կին բուն ա­տե­նա­խօ­սը՝ Տապ­լի­նի «Թրի­նի­թի գո­լէճ»էն Փրոֆ. Ճոն Հոռն, որ յայտ­նեց, թէ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բող­ջա­կան տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ 1915 թուա­կա­նը ընդ­հան­րա­պէս շրջա­դար­ձա­յին կէտ մը կը հա­մա­րուի։ Ըստ ի­րեն, պա­տե­րազ­մի ապ­րուած աշ­խար­հագ­րու­թիւն­նե­րէն ներս ոչ միայն բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան զօր­քե­րուն մի­ջեւ, այլ նաեւ թի­րախ դար­ձաւ քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դը եւ ա­նոնց շար­քե­րէն ալ ե­ղան բա­զում կո­րուստ­ներ։ Այս ա­ռու­մով, պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տին եւ քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դին մի­ջեւ տա­րան­ջա­տու­մը հետզ­հե­տէ պղտո­րե­ցաւ եւ այս ազ­դա­կը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ պա­տե­րազ­մը ամ­րաց­նէ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար «թշնա­մին» ըն­կա­լուե­ցաւ մարդ­կա­յին չա­փու­մէն դուրս ու դար­ձաւ ոչն­չաց­նե­լու թի­րախ մը։

Փրոֆ. Ճոն Հոռն ընդգ­ծեց, որ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բող­ջա­կան տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան թշնա­միի ըն­կա­լու­մը աս­տի­ճա­նա­բար տար­բե­րուած էր պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից միւս պե­տու­թիւն­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ, միւս պե­տու­թիւն­նե­րը որ­պէս թշնա­մի կ՚ըն­կա­լէին ի­րենց պա­տե­րազ­մած պե­տու­թիւն­ներն ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դը։ Իսկ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան պա­րա­գա­յին որ­պէս թշնա­մի ըն­կա­լուե­ցան հա­յե­րը, ո­րոնք իր իսկ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ապ­րող ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան խմբա­ւո­րում մը կը հան­դի­սա­նա­յին։ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­ցաւ այն ա­ռու­մով, որ թշնա­մին իր իսկ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ տե­սաւ։ Փրոֆ. Հոռն այս հան­գա­ման­քի լոյ­սին տակ շեշ­տեց, թէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ հա­յոց ապ­րած­նե­րը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի «ամ­բող­ջա­կա­նա­պաշտ» տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ըմբռ­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015