ՀԱՅՐ ԵՒ ՈՐԴԻ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐԸ

Գարնանային տաք ու անձրեւոտ օր մըն էր, երբ տարիներ առաջ ոտքերս զիս ակամայ եկեղեցի տարին, ուր ես աստիճանաբար սկսայ ճանչնալ Բարձրեալը։ Այդ խորհրդաւոր օրուընէ ի վեր կարծես հոգւոյս վրայ հոգեպարար անդորր մը իջաւ, անսահման երջանիկ էի, որ կրցայ մօտենալ ու զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, տարբերակել ճիշդը սխալէն, լաւը վատէն, յետագային՝ պարզ ու յստակ գծել իմ կեանքի ուղին։

Ահաւասիկ տարիներ անց ապրիլեան անձրեւը զիս նոյնութեամբ պարգեւեց անցեալին ապրած իմ գեղեցիկ զգացումները։

Նորէն գարուն եւ նորէն գարնանային տաք ու անձրեւոտ օր մը՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ու Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի հետ ունեցած տպաւորիչ ու ազդու հանդիպումը զիս մտովի տեղափոխեց նոյն կէտին, ուրկէ բռնած էի ճշմարիտ ուղին։ Հոգեւոր հայրերու հետ տեղի ունեցած մեր զրոյցը այնքան հետաքրքրական ու օգտակար էր, որ ժամացոյցի սլաքները լուռ անցեալի գիրկը սահելով, չյանդգնեցան խաթարել այդ ընթացքը։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած մեր զրոյցի ընթացքին հոգեւոր սնունդ առնելով՝ սիրտս, միտքս ու հոգիս կոփուեցան։ Տէր հօր ու հայր սուրբին օրհնութիւնը ստանալէ ետք՝ նոր շունչ ու թարմութիւն ստացած հրաժեշտ առի երկուստեք. հոգիս վխտալով փութացի թուղթին յանձնելու խորազգած զգացումներս եւ մեր հանդիպման մանրամասնութիւնները։ Տունդարձի ճանապարհին կը մրմնջէի Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» անզուգական բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերը.

Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս,

Ինչպէս քարայր մ՚ընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս,

Իր գաւիթովն հիւրընկալ, իր լայն բեմով, ու հեռուն

Կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ՚է ծփուն…

Եւ այսպէս՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան աւազանի անունով՝ Պարոյր-Օննիկ Տամատեան ծնած է 1956 թուականի յունուարի 9-ին՝ Պոլիս։ Հայրական կողմէ պանտըրմացի, իսկ մայրական կողմէ՝ ատափազարցի է տէր հայրը, Կարապետ-Սաթենիկ Տամատեան ամոլին միակ որդին է։ Հայրը՝ Կարապետը այն թուականներուն ծաղարանի հմուտ վարպետներէն մին էր։

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան նախահամալսարանական կրթութիւնը ստացած է Էսաեան եւ Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Մանկապարտէզէն սկսեալ դասընկերը, զինուորական եւ առհասարակ մտերիմ ընկերը եղած է նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Պատրիարքի։ Իսթանպուլի Համալսարանի դեղագործութեան բաժինը աւարտելէ ետք, նախընտրած է մնալ համալսարանի մէջ եւ որպէս օգնական աշխատիլ նոյնանուն ամպիոնի երդիքին տակ։ Քանի մը տարի անց, մանրակրկիտ ուսումնասիրելով՝ իբրեւ դեղանիւթ գործածուող բոյսերու բաղադրութիւնը՝ ի ուրախութիւն հայութեան, Թուրքիոյ մէջ որպէս հայազգի դեղագործ առաջինը տոքթորայի աստիճան ստացած է։ Երիտասարդ համալսարանականը լաւագոյնս ուսումնասիրած է մասնաւորապէս դեղին գոյնի, ծանր հոտ ունեցող անմեռուկ ծաղիկի բաղադրութիւնը, որ շատ կը գործածուի դեղանիւթերու պատրաստման մէջ։ Անմեռուկ ծաղիկը հետաքրքրական է այնքանով, որ չի թառամիր եւ չորնալէ ետք ալ կը պահպանէ իր գոյնը։ Ամուսնացած է Սիլվա Եըլմազ-Տամատեանի հետ։

Պարոյր-Օննիկ ու Սիլվա Տամատեաններուն միակ որդին է՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, աւազանի անունով՝ Արթուն-Կարապետ Տամատեան, որ ծնած է Սուրբ Խաչի տօնին՝ 1988 թուականի սեպտեմբերի 14-ին՝ Պոլիս։ Հայր սուրբի արմատները մայրական կողմէ կը հասնին մինչեւ Կեսարիա ու ժամանակին ամիրաներու գիւղ հանդիսացած Ակն գաւառի Ապուչեխ գիւղ։ Նոյն գիւղի մեծանուն զաւակներէն էր նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքներէն՝ Սահակ Ապուչեխցին։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան նախնական ուսումը Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, այնուհետեւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ստացած է։ Աւարտած է Քատիր Հաս համալսարանի ելեկտրականութեան ճարտարագիտութեան բաժինը։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան սիրով պատասխանեցին իմ հարցումներուն։

*

-Հայր սուրբ, ինչպիսի՞ մանկութիւն ունեցած էք։

-Մանկութեանս տարիներուն շատ չարաճճի էի։ Հարազատներս, մեր ընտանիքի ընկերներն ու բարեկամները մինչեւ այսօր զիս որպէս այդպիսին կը յիշեն։ Հօրս հոգեւոր ծնող, եղբայր՝ Շնորհք Պատրիարքի, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ պատրիարքներուն, Շահան Սրբազանի, մայրիկիս կողմէ՝ մայրապետներուն ձեռքը մեծցած եմ։ Ըստ իս, այդ չարաճճիութիւնը հանգստութենէ կը բխէր, քանզի իմ բովանդակ մանկութիւնս անցած է, ինծի համար հարազատ դարձած մեր երկու հայաշունչ կեդրոններու՝ դպրոցի եւ մասնաւորապէս եկեղեցւոյ մէջ։ Մանկութենէ ի վեր եկեղեցին իմ երկրորդ տունն է, ուր ես կ՚անցընէի օրուան մեծ մասը՝ զանազան խաղեր կը խաղայի, սուրբգրային գիտելիքներ կը ստանայի ու բնաւ օտարութիւն չէի զգար, կարծեմ այդ է պատճառը, որ ես հարազատ դարձած միջավայրիս մէջ դիւրութեամբ անառակութիւն կ՚ընէի, հակառակ պարագային՝ կ՚երկիւղէի, չէի համարձակեր։

-Ձեր մանկութենէն զուարճալի, հետաքրքրական դրուագ մը կրնա՞ք պատմել։

-Մանկութեանս շրջանին սովորաբար ամառնային արձակուրդներուն տղաքը իրենց ծնողքին աշխատավայրերը կ՚երթային օգնելու, բան մը սորվելու համար։ Ես ալ հայրիկիս հետ եկեղեցի կ՚երթայի ու այնտեղ ժամանակ կ՚անցընէի։ Քանզի վերը նշածիս համաձայն, եկեղեցին իմ երկրորդ տունը դարձած էր, ես ալ չարաճճի մանուկ մը, օր մը յանդգնեցայ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, բաւական խիստ կեցուածք ունեցող, ինչպէս նաեւ մանուկները շատ սիրող նորոգ հանգուցեալ պատրիարք հօր՝ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շուրջառին տակը ինքզինքիս համար խաղավայրի վերածել ու խաղալ։ Այդ գեղեցիկ օրը, դաջուելով յիշողութեանս մէջ, մանկութեան քաղցր յուշի մը վերածուեցաւ։

-Հայր սուրբ, քահանայի՝ տէր հօր զաւակ ըլլալը ինչպիսի՞ զգացում է։

-Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի զաւակ ըլլալը՝ ըստ իս, միմիայն առաւելութիւն է։ Հայրս մեր տունը վանքի վերածած է։ Օրօրոցէն սկսեալ զիս հոգեւոր կրթութեամբ դաստիարակեց։ Հէքեաթներու, զանազան պատմուածքներու փոխարէն ան ինծի կը պատմէր Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի մասին։ Մեր համատեղ ժամանցը՝ միասին շարականներ երգելով կը կազմակերպէինք։ Գոհ ու երախտապարտ եմ, որ հայրս զիս ազգային-եկեղեցական արժէքներով մեծցուցած է։

-Տէր հայր, ինչպէ՞ս ընտրեցիք հոգեւորականի ուղին։

-Տակաւին չորսուկէս տարեկան էի, երբ լուսահոգի հայրս զիս կը տանէր Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, ուր իր զինուորական ընկերը՝ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ երաժշտապետ՝ Առաքել Աղքատիկեան՝ Աստուած հոգին լուսաւորէ, իմ առաջին վարժապետը եղած է։ Այդ տարիքիս առաջին անգամ շապիկ հագուեցայ եւ այլեւս չհանեցի. մինչեւ այսօր մեծագոյն սիրով կը շարունակեմ հագնիլ։ Կը յիշեմ, պզտիկութենէ սկսեալ այնքան խանդավառուած էի եկեղեցական ծիսակարգերով, արարողութիւններով, որ օր մը, երբ հերթական արարողակարգէն տուն վերադարձայ, շուրջառի փոխարէն՝ կռնակիս վրայ փոքր վերմակ մը անցուցի, ձեռքս տոպրակ մը, տախտակ մը առի ու այդպէս շարական երգելով տունը կը պտըտէի։ Մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ անցած է, ես այդ եկեղեցւոյ մթնոլորտին մէջ թրծուած եմ։

Համալսարանական տարիներուն, յաճախ ինծի կը հարցնէին, թէ ե՞րբ ընտրեցի հոգեւոր ուղին, ես ալ կը պատասխանէի, որ համալսարանէ՛ն եկեղեցի չգացի, ճիշդ հակառակը՝ եկեղեցիէ՛ն համալսարան եկայ։ Քանզի համալսարան ընդունուելէ առաջ՝ սարկաւագ էի։

Բաց աստի, ես ինքզինքս կը համարեմ ուխտի զաւակ, որու մասին շատ անգամ բարձրաձայնած եմ։ Եւ այսպէս, մեծ մայրս մօրս, մայրս ալ ինծի պատմած է։ Ծնողքս 15 տարի շարունակ զաւակ չէր ունենար։ Օր մը լուսահոգի մեծ մայրս Երուսաղէմ ուխտի կ՚երթայ եւ իր ուխտի աղօթքին մէջ Աստուծոյ կ՚աղերսէ, որպէսզի Տէրը իր դստեր մայրութեան բերկրանքին արժանացնէ. «Աստուած իմ, թող որ աղջիկս զաւակ մը ունենայ, ես ալ զայն քեզի բերեմ», կ՚ըսէ մեծ մայրս։ Մեծ մայրս Երուսաղէմէն վերադառնալէ ետք՝ որոշ ժամանակ անց ես ծնայ ու ինչպէս կը տեսնէք, ի կատար ածեցի մեծ մօրս խոստումը։ Մայրս միշտ կ՚ըսէր. քու ծնունդով պարտական ես Աստուծոյ, օր մը անպայման Երուսաղէմ կ՚երթաս ու տեղւոյն եկեղեցիին մէջ Տիրոջը երախտապարտութիւնդ կը յայտնես։ Փառք Աստուծոյ, վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակէն ներս, մեկնեցայ Երուսաղէմ եւ անձամբ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեցի։

Ես իսկապէս հաւատացած եմ, թէ իմ ծնունդը հրաշագործութեան արդիւնք է, որ ես Աստուծոյ պարգեւն եմ լուսահոգի ծնողքիս։ Ատափազարցի ընտանիքս մեծ հաւատք ունէր առ Աստուած։ Ընդհանրապէս ատափազարցիները հաւատաւոր մարդիկ էին, ժամ ու պատարագ գիտէին։ Ատափազարցիները ժամանակին քահանաներուն տէրտէրութիւն կը սորվեցնէին։ Կանայք լուացք ըրած ատեն շարականներ կ՚երգէին։ Աղօթքը, ուխտը, հաւատաւոր մթնոլորտը իր տեղը գտած էր ատափազարցիներու երդիքէն ներս։ Մեր ընտանեկան յարկին տակ, կիրակի օրերը նուիրուած էր եկեղեցւոյ։ Պարզապէս անկարելի էր, որ մենք կիրակի օրով մինչեւ ժամը մէկ, եկեղեցիէն դուրս գործով մը զբաղէինք. զոր օրինակ՝ պտոյտի կամ շարժանկար երթայինք, ընդունելութեան երթայինք կամ հիւր ընդունէինք։ Մեր բոլոր դրացիներն ու բարեկամները գիտէին, որ մեր տուն կրնան գալ կամ մեզ որեւէ տեղ հրաւիրել եկեղեցւոյ արարողութեան աւարտէն ետք, մինչ այդ ժամը, մենք կը բացակայէինք տունէն։ Եկեղեցիէն ետք, երբեմն հայրս կու գար զիս կ՚առնէր շարժանկար եւ կամ ուրիշ տեղ մը կ՚երթայինք։ Այս գեղեցիկ աւանդոյթը մինչեւ այսօր մեր ընտանիքին մէջ կը պահուի։

-Տէր հայր, կը պատմէ՞ք ձեր քահանայ ձեռնադրուելու մասին։

-Սարկաւագութիւնը արդէն իսկ կէս քահանայութիւն է։ Այսինքն, ես վաղ տարիքէս այդ ուղին բռնած էի։ Տոքթորայի աստիճան ստանալէ ետք, ընդառաջեցի լուսահոգի Շնորհք Պատրիարքի, այն ժամանակ Մեսրոպ Եպիսկոպոսի, ինչպէս նաեւ մայրապետ՝ Մայր Հռիփսիմէի առաջարկին եւ քահանայ ձեռնադրուեցայ։ Գոհ եմ, շատ գոհ եմ իմ ընտրած ուղիէն։ Երբ տօնական օրերուն հանդիսաւոր կերպով տաճարէն դուրս կ՚ելլես ու քեզ՝ որպէս քահանայ հաւատաւոր մայրիկները իրենց սրտաբուխ օրհնութիւնները կը յղեն, բոլոր յոգնութիւնդ, ամէն բան կը մոռնաս։ Այդ մայրիկները շատ դիպուկ օրհնութիւններ ունին. օրինակ՝ կ՚ըսեն. Աստուած պահէ՛, անպակաս ըլլա՛ք։ Չեմ մոռնար, օր մը Սեբաստիոյ մէջ մայրիկ մը զիս հետեւեալ կերպով օրհնեց. «Մազիդ թելին չափ կեանք ունենա՛ս»։ Մէկ խօսքով ժողովուրդին աղօթքը մեզի կը բաւէ, ուրիշ բան պէտք չէ։

Իր կարգին՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան իմ հարցումին թէ ինչո՞ւ հոգեւորականի ուղին ընտրեցիք, պատասխանեց հետեւեալը.

-Եկեղեցական ըլլալը կոչում է, Քրիստոս կը կանչէ, Սուրբ Հոգւոյն ճամբով կը ձայնէ։ Ես ալ հետեւեցայ այդ ձայնին։ Մեր հայրապետներէն մէկը կ՚ըսէ, թէ քահանայութիւնը հրեշտակներուն անգամ չէ տրուած։ Այսինքն Քրիստոսի անունով Ս. Պատարագ մատուցանելու իրաւունքը միմիայն մեզի՝ ընտրեալ մահկանացուներուս տրուած իրաւունք մըն է։ Եւ եթէ մենք այս կոչումին հաւատքով մօտենանք, կը տեսնենք, թէ իրապէս մարդուն տրուած մեծ ընծայ մըն է ան։ Եւ ես անսահման ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ այդ ընտրեալներու շարքին մէջ։

-Հայր սուրբ, ո՞րն է կուսակրօն քահանայի ու քահանայի տարբերութիւնը։

-Իրականութեան մէջ երկուքն ալ նոյն քահանան են, նոյնիսկ, զոր օրինակ, քահանայական կարգով՝ թէպէտ ես կուսակրօն եմ, հայրս՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանան ինձմէ աւելի բարձր է։ Սակայն, ո՞րն է տարբերութիւնը։ Նայեցէք, քահանան աւելի շատ Աւետարանը ծուխին մէջ տարածելու հնարաւորութիւն ունի։ Տունէ տուն կը պտըտի, մկրտութիւն, ամուսնութիւն, յուղարկաւորութիւն կը կատարէ։ Մինչդեռ կուսակրօն քահանաներու սրբազան պարտականութիւններէն է պատարագներու, արեւագալներու ընթացքին բեմէն քարոզել ժողովուրդին։ Կուսակրօնը քարոզիչ է, իսկ քահանան՝ հոգեւոր հովիւ։ Քահանան ամուսնութեան իրաւունք ունի, իսկ կուսակրօնականները եկեղեցիին հետ կ՚ամուսնանան ու ցկեանս կը նուիր-ւին եկեղեցւոյն։

-Տէր հայր, կը պատմէ՞ք ձեր հեղինակած քանի մը գիրքերուն մասին։

-Առաջին գիրքս կը կոչուի՝ «Քայլեր դէպի Կեդրոնական ազգային վարժարան»։ Այս գիրքին մէջ կը պատմուի մինչեւ հաստատութեան բացուիլը վարժարանի պատմութեան մասին։ Զանազան գիրքերէ, աղբիւրներէ նիւթեր քաղելով, պատկերներ գործածելով՝ հակիրճ այս գիրքին մէջ պատմեցի վարժարանին պատմութիւնը մինչեւ հաստատութեան բացուիլը։ Այնուհետեւ լոյս տեսան իմ կողմէ հեղինակուած՝ «Գանտիլլիի եկեղեցւոյ յուշապատումը»։

Գատըգիւղի պատմութեանը նուիրուած, 1872 թուականին գրի առնուած ականատեսի մը վկայութեամբ ձեռագիր պատմութիւն էր, որ ձեռքէ ձեռք, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէր։ Այդ աշխատասիրութեան մէջ ականատեսը կը յիշէ մանկութեան տարիներուն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տեղը եղած եկեղեցին, կը նկարագրէ զայն։ Ես այդ ձեռագիրը ժամանակակից արեւմտահայերէնի վերածեցի, անուանելով՝ «Յուշապատում»։

Իմ միւս գիրքերն են՝ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» հինգ հատոր, «Գատըգիւղի մէջ Օրմանեան Պատրիարքի հետքերով», «Պօղոս Արքեպիսկոպոս Քարաքոչի կենսագրութիւնը»։ Իմ հեղինակած բոլոր գիրքերուն համար ես կը նախընտրեմ գործածել՝ աշխատասիրեց բառը, քանզի անոնց մէջ իմ մտքերը տեղ չեն գտած։

Այժմ կ՚աշխատիմ երկու գիրքի վրայ, որոնք Աստուծոյ կամօք մօտ ապագային պիտի հրատարակուին։

-Տէր հայր, ի՞նչ է աղօթքը, մարդ ե՞րբ պիտի աղօթէ։

-Աղօթելու համար յստակ ժամանակ գոյութիւն չունի։ Աղօթքը Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոց մըն է։ Ինչպէս Գրիգոր Նարեկացին իր նշանաւոր «Մատեան ողբերգութեան» մէջ կը գրէ՝ «Ի խորոց սրտի, խօսք ընդ Աստուծոյ»։

-Տէր հայր, ըստ ձեզ, այսօր երեխաները իրենց ընտանիքներէն ներս հոգեւոր դաստիարակութիւն կը ստանա՞ն։

-Կը ստանան, սակայն ոչ բաւականաչափ։ Նախեւառաջ մեր ծնողները պէտք է ի մտի ունենան, որ իրենց զաւակները ֆիզիքապէս լիիրաւ իրենց կը պատկանին, սակայն քանի որ իրենց երեխաները մկրտուած են, կը նշանակէ, թէ եկեղեցին աւազանէն նոր ծնած մանուկը յանձնած է իրենց, որպէսզի այդ շնորհքով մեծնայ։ Մենք՝ հոգեւորականներս աւազանէն նոր ծնած մանուկը կը նմանցնենք վառուած լապտերի։ Եկեղեցին այդ լապտերը մկրտութեան խորհուրդով կը վառէ ու աշխարհ կ՚ուղարկէ, այսինքն իր տուն։ Եւ եթէ կը փափաքինք, որպէսզի այդ լապտերը միշտ վառի ու երբեւէ չմարի, պէտք է համապատասխան գործողութիւններու դիմենք։ Նախ պէտք է ժամանակ առ ժամանակ քարիւղ լեցնես, երկրորդ՝ պատրոյգը պիտի նորոգես, պիտի վերցնես, ծայրէն պիտի կտրես, շտկես եւ այսպէս շարունակ… Սակայն եթէ այդ վառուած լապտերին մէջ բան մը չդնես, եղած քարիւղը ի վերջոյ կը սպառի, պատրոյգը քիչ մը ներս ծծածով կը վառի, այնուհետեւ կը մոխրանայ։ Ուրեմն՝ իւրաքանչիւր ծնող պէտք է ունենայ գիտակցութիւնը, որ մեր եկեղեցւոյ վառած լապտերը միշտ պէտք է վառ մնայ։ Անոր մէջ ի՞նչ պիտի դնենք՝ քարիւղ, այդ քարիւղն ալ հոգեւոր սնունդն է։ Նշեցինք, որ լապտերի լուսաւորութեան համար պատրոյգը ծայրէն պէտք է կտրել, շտկելով նորոգել, այս ալ՝ կերպով մը եկեղեցւոյ թելադրած պահեցողութիւն, զոհողութիւն, ապաշխարութիւն, աղօթքն է։ Ինքզինքէդ ինչպէս որ բան մը պիտի կտրես, պիտի զոհես, որպէսզի այդ լապտերը միշտ լուսաւոր մնայ։ Եթէ ասոնք չընես, ընդհակառակը պակսեցնես Աստուծոյ խօսքը, հաղորդութիւնը, եւ այլն, ապա ի վերջոյ լապտերը կը մարի։ Բոլոր թուածներս կարեւոր են, առանց որոնց անկարելի չէ հոգեւոր լոյսը վառ պահել։ Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ՝ «Առանց ինձ, բան մը չէք կրնար ընել»։ Վստահ եմ, թէ մեր ծնողները իրենց երեխաներուն համար լաւագոյնը կը ցանկան եւ կը փորձեն տալ։ Անոնց միակ թերութիւնը այն է, որ այս կարեւոր բացթողումին չեն անդրադառնար։ Առանց Աստուծոյ անհնարին է ապրիլ։

Ես բնաւ չեմ կրնար ընդունիլ, թէ երբ Աւագ շաբթուան ընթացքին դպրոցները փակուին, որոշ մարդիկ անմիջապէս արձակուրդի կ՚երթան։ Եւ այս տգեղ քայլով իրենք օրինակ կը ծառայեն իրենց զաւակներուն։ Սա կը նմանի վերոնշեալ իմ տուած օրինակին, կը նշանակէ քու ձեռքով օրհնութիւնը անէծքի վերածել։ Բաց աստի, մենք կ՚ապրինք մահմետական երկրի մը մէջ, ուր տակաւին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջաններէն՝ պետութիւնը ի նշան յարգանքի, մեր տօնական օրերուն դպրոցները կը գոցէ։ Ամօթ է, շատ ամօթ…

-Հայր սուրբ, ինչո՞ւ աշխարհի մէջ մարդիկ այսօր կը հեռանան հաւատքէն։

-Մարդիկ այսօր նիւթապաշտ դարձած են եւ բնաւ չեն խորհիր հոգեւոր սնունդի մասին, ահաւասիկ գլխաւոր պատճառը։

-Հայր սուրբ, ո՞վ է եկեղեցականը։

-Եկեղեցականը անկախ իր անձէն՝ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ խողովակ մըն է։ Այսինքն՝ Աստուծմէ եկած երկնային շնորհները այդ խողովակէն կ՚անցնին ու ժողովուրդին կը փոխանցուին։ Զոր օրինակ՝ եկեղեցականը մկրտութիւն կ՚ընէ, ո՛չ թէ իր իշխանութեամբ եւ զօրութեամբ կ՚ընէ, այլեւ Աստուծոյ շնորհքը կը փոխանցէ մկրտեալին։ Եւ կամ եթէ ձեռնադրութեան մը ժամանակ եկեղեցականը ենթակային վրայ ձեռքը կը դնէ, ո՛չ թէ իր ձեռքը կը դնէ, այլեւ յանուն Քրիստոսի ձեռքը կը դնէ ու Անոր երկնային շնորհները կը փոխանցէ այդ անձին։ Հետեւաբար, արարողութեան ընթացքին եկեղեցականի մը անհատականութիւնը էական չէ, սակայն եկեղեցականն ալ ՝ իր հերթին խղճմտանք պիտի ունենայ եւ հաւատարիմ պիտի մնայ իր կատարած սրբազան գործին։

-Հայր սուրբ, մեր բոլոր եկեղեցական տօներուն՝ մասնաւորապէս Զատիկին, ամէն մարդ կը փութայ եկեղեցի։ Արդեօք միայն եկեղեցի այցելելով կրնա՞նք համարել, թէ տօնին լիարժէք մասնակցած ենք։

-Թոյլ տուէք նշել, որ Զատիկը միօրեայ տօնակատարութիւն չէ։ Սուրբ Գիրքի մէջ կը կարդանք, որ ան քառասնօրեայ ընթացք ունի, եւ մինչեւ Համբարձման տօնը կ՚երկարի։ Այդ իսկ պատճառաւ քառասուն օր շարունակ, բարի լոյսի փոխարէն իրարու՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» կ՚ըսենք։ Բաց աստի՝ ինչպէս յայտնի է, զատկուան շրջանը պատրաստութեան մը արդիւնքն է։ Անոր համար է, որ Մեծ պահոց շրջանին մենք կը խոկանք, կը պատրաստուինք եւ մասնաւորապէս Աւագ շաբթուան ընթացքին Քրիստոսով կը քայլենք։ Այնուհետեւ Զատկի օրուընէ սկսեալ քառասուն օր շարունակ կ՚ըսենք՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Այսինքն միայն արարողութեան մասնակցիլը, ըստ իս, բաւարար չէ, ան պարզապէս տօնական բարի, յարգելի սովորութիւն մըն է։ Կան մարդիկ, որոնք բարի աւանդոյթի վերածած են եւ տարին մէկ կամ երկու անգամ եկեղեցի այցելելը։

Զատիկին քրիստոնեան աւետարանական խոր հաւատքով պէտք է այցելէ եկեղեցի, այսինքն միայն ֆիզիքական ներկայութիւնը բաւարար չէ։ Պէտք է գիտակցիլ, որ Քրիստոս մեզի համար ծնաւ, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ։

Զատկի տօնը ես մանկան ծնունդի կը նմանցնեմ։ Երբ ընտանիքի մը մէջ երեխայ կը ծնի, անկախ ընտանիքի մէջ տիրող բացասական կամ դրական մթնոլորտէն, բոլոր պարագաները կ՚ուրախանան, կը հրճուին. չէ՞ որ նոր կեանք մը սկիզբ առաւ։ Մարդիկ Զատիկին ալ մանկան ծնունդի օրինակով պիտի ուրախանան, քանզի Քրիստոսի խաչելութիւնն ու յարութիւն առնելը մեզի համար նոր կեանքի, նոր հնարաւորութեան սկիզբ եղած է։ Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յարութիւնն է։

-Տէր հայր, քանի մը խօսքով կրնա՞ք անդրադառնալ ծոմ-պահքին։ Առհասարակ ինչպէ՞ս պէտք է պահք բռնել, ի՞նչ է ծոմ-պահքը։

-Նշեմ որ քրիստոնէութիւնը օրէնքներու, պարտադրանքներու կրօն մը չէ, ան շնորհի կրօն է։ Պահեցողութեան գաղափարին մէջ կարեւորը այն է, որ մարդիկ որեւէ բաներէ հրաժարին. ըլլայ ան ուտելիք, սովորոյթ եւ կամ ուրիշ սիրելի բան մը։ Ժուժկալութիւններէ հրաժարելով, հոգեպէս աւելի զօրանալ՝ այս է պահքի նպատակը։ Առհասարակ քրիստոնեաները Մեծ պահքի շրջանին կը հրաժարէին կենդանական սնունդներէ եւ նախապատուութիւնը կու տային բուսականին։ Ձէթ ալ չկար. ձէթը ուտիք է, կարագի ու ձէթի միջեւ զանազանութիւն չկար։ Աւելի հիները ջուրով, աղ ու հացով կը պահէին։ Աղ ու հացով, ջուրով երբ սնանիս, քու ճաշդ այդ կ՚ըլլայ եւ չես մեռնիր։ Այժմ մեր մէջ նման պահք պահողներ չկան, սակայն վստահ եմ, թէ Սինայի անապատներուն մէջ, ղպտի եկեղեցականներէն խիստ պահք բռնողներ կան։ Մենք կենդանական սնունդներէ կը հրաժարինք, օրը՝ մէկ, երկու կամ երեք ժում կը պահենք։ Լուսահոգի Շնորհք Պատրիարքը կ՚ըսէր. եթէ ֆիզիքական տկարութեան պատճառաւ չէք կրնար բռնել, կրնաք հրաժարիլ ձեր ամենէն սիրած մէկ բանէն, որ եւս ձեւով մը պահեցողութիւն կը սեպուի։ Մեր օրացոյցին մէջ այլեւս 152 օրը պահք է։ Տարուայ մէջ իւրաքանչիւր չորեքշաբթի՝ մատնութեան եւ ուրբաթ՝ խաչելութեան համար պահեցողութիւն է։

*

Ահաւասիկ այսպիսին էր մեր հետաքրքրական զրոյցը հայր եւ որդի Տամատեան հոգեւոր հայրերուն հետ։

Հուսկ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընթերցողներուն Աստուծոյ օրհնութիւնը մաղթեց, յաւելելով, որ ամէն մարդ լիարժէք կերպով արժանանայ Տիրոջ Յարութեան աւետիսը տօնելու եւ լսելու։ Իսկ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան մաղթեց, որ ի սփիւռս հայութեան, եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ մենք գտնենք մեր ուղին եւ այդ երջանկութիւնը վայելենք։

Բարին ընդ ձեզ, օրհնեալ ըլլաք,

Ձեր ճիգերը անսպառ հոգեւոր հայրեր…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019