ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԳՕՏԻՆԵՐՆ ՈՒ ՍՊԱՍՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ
Արծաթեայ հայկական գեղեցիկ գօտիները, բաժակները եւ սպասքի այլ պարագաները, որոնք կը պատկանին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան «Թանկարժէք մետաղներու եւ թանկարժէք քարերու պետական գանձարան»ին, վերջերս ցուցադրուեցան Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստի կեդրոնէն ներս: Ներկայացուեցան գործակալութեան ազգային պահեստանոցի պատմամշակութային արժէքներու 51 նմոյշ:
«Գանձարանը փոխեց իր աշխատաոճը, եւ մենք որոշեցինք մեր ցուցանմոյշները տարբեր թանգարաններու միջոցով ներկայացնել մեր համաքաղաքացիներուն: Սա երրորդ ցուցահանդէսն է: Առաջինը Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան այցելուներու կեդրոնին մէջ էր, որ մեծ արձագանգ գտաւ: Այնտեղ ներկայացուեցան շուրջ հարիւր ոսկեայ մետաղադրամներ, գեղարուեստական արժէք ունեցող մշակութային իրեր: Այնուհետեւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ ցուցադրեցինք զանազան գօտիներ, վզնոցներ», նշեց գործակալութեան պետ Վահէ Առաքելեան:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, անոր խօսքով՝ շուտով Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան նախամուտքին մէջ կը բացուի թանգարանային անկիւն, ուր պարբերաբար կը ներկայացուին գանձարանի ցուցանմոյշները: Գանձարանի իրերը ներկայիս կը լուսանկարուին: Նկարները կը տեղադրուին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ:
«Հին Եգիպտոսի սահմանամերձ հատուածներուն մէջ արծաթեայ արձաններ կը տեղադրուէին բարբարոս ցեղերէն պաշտպանուելու համար, Յունաստանի մէջ արծաթը լուսնի աստուածուհիի խորհրդանիշն էր, հեթանոսական համակարգէն ներս ան կը խափանէր չարը, չինացիներու եւ ճաբոնացիներու համար արծաթը մաքրութեան, լոյսի, ճարտասանութեան խորհրդանիշն է, մեր երեք նախագահներն ալ երդուած են Մատենադարանին մէջ պահուող արծաթեայ կազմով գիրքի վրայ, ուստի մենք շատ ուրախ ենք, որ նման արժէքաւոր ցուցանմոյշները կը ներկայացուին մեր թանգարանին մէջ», ըսաւ թանգարանի տնօրէն Յովիկ Հովէեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան ազգային պահուստի թանկարժէք մետաղներէն պատրաստուած եւ բարձր գեղարուեստական արժէք ունեցող 51 նմոյշ: Ցուցադրուած էին 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին պատրաստուած հայկական գօտիներ, որոնք կը վերաբերին պատմական տարբեր շրջաններու՝ Կարին-Էրզրում, Սիւնիք-Արցախ: Գօտիները պատրաստուած են ձուլման, փորագրման, սեւադապատման եւ ոսկեզօծման եղանակներով: Ցուցադրուած էին նաեւ կենցաղի մէջ օգտագործուող իրեր. թէյնիկներ, բաժակակալներ, շաքարամաններ, սկուտեղներ, որոնք պատրաստած են հայ վարպետներ, ինչպէս նաեւ գործարանային արտադրութեան սպասք:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ այս տարուան Դեկտեմբեր ամիսը:
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024