ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԷ ՏՂԱՍ, ԱՅԴՊԷՍ ԱԼ Կ՚ԸՆԵՆՔ…

-Մամ, երկու հարսանիք կ՚ըլլա՞յ…

-Ինչո՞ւ չէ տղաս, պաշտօնական երկու լեզու ունինք, երկու կաթողիկոս, որմէ առաջ կու գայ նաեւ երկու եկեղեցի, արեւելեան եւ արեւմտեան լեզուներ… Արդէն կարելի է ըսել երկու մշակոյթ… Հարսանեկան խրախճանքդ ալ երկու թող ըլլայ… Մենք իսկական հայեր ենք… Ժամանակին եօթ օր եօթ գիշեր կ՚ընէին… Մենք երկու հատ կ՚ընենք երկու ամիս տարբերութեամբ։ Վերջ ի վերջոյ պիտի յարգենք մեր խնամիները։ Քաղաքացիական պսակը Լեհաստան կ՚ընենք, եկեղեցական պսակը՝ մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին կանոններով։ Մէկ տղայ ունիմ՝ ամբողջ ամառը հարսանիք թող ըլլայ…

Եւ ելանք ճամբայ… Դէպի Լեհաստան…

Այսքան խանըմ-խաթուն կեսուրմամա ըլլալ չէի պատկերացներ… Տղաս եւ հարսնցուս ամէն ինչ կարգադրած էին, ինծի գործ չկար… Չհասկցայ ինչ կեսուրմամա, որ բանի մը պիտի չխառնուի… Բայց հասկցայ, որ իսկական կեսուրմաման այսպէս կ՚ըլլայ՝ թագուհիի նման կը բազմի՝ շուրջը կը դառնան…

Հոգինին սիրեմ…

-Մամ, ամէն բան պատրաստ է… կ՚ըսէ տղաս։

-Մենք միայն կ՚ուզենք ուրախ ըլլաս… կ՚ըսէ հարսնցուս։

Այս ինչ դիւրին է եղեր կեսուրմամա ըլլալը…

Լեհաստան հասնելէս երկու օր ետք ժամանեցին եղբայրս՝ Սարօն եւ տիկինը՝ Նորան։ Անոր յաջորդող օրը Գերմանիայէն ժամանեց մօրս ինչպէս ինք կ՚ըսէր «Խարիս-խուրիս» հօրեղբօր աղջիկը՝ Նուարդը։

Մեր ընտանիքէն չորս ներկայացուցիչ ունէինք, սակայն այնտեղ մեզի կը սպասէր Հայաստանի Պատուոյ հիւպատոսը՝ Հրաչեայ Պոյաճեան, որ ինչպէս ամէն հայ՝ պրպտումներէ ետք հասանք ազգականութեան։ Չնայած Հրաչեան այնքան անկեղծ էր եւ հուրը աչքերուն եւ սրտին մէջ, որ ազգականութեան պէտք չունէինք, առաջին վայրկեանէն դարձանք մտերիմներ, հարազատներ։

Սակայն ամենահետաքրքրականը՝ հինգ հայերս ալ վանեցի որբերու թոռներ էինք… Պատահականութի՞ւն է, զուգադիպութի՞ւն, հայու ճակատագի՞ր… Եղբայրս ու ես վանեցի Արշակ եւ Նեկտար Սարգիսեաններուն թոռներն ենք, եղբօրս տիկինը վանեցի որբուհի Արեգնազ Ասատուրեանին թոռնուհին է, մօրս հօրեղբօր աղջիկը վանեցի որբերէն Խաչիկ եւ Արուսեակ Սարգիսեաններուն դուստրն է, Հրաչեան վանեցի որբերէն Պետրոս Մանուկեանին թոռն է, որ կ՚ըլլայ մօրաքրոջ որդին Երուսաղէմի երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանին։

Տղուս քենակալցուն, որ նաեւ լաւ ընկերն է, իր ընկերոջ հետ եկան Քրաքով, մեզի Պիալքա տանելու, ուր քաղաքացիական պսակը պիտի ըլլար։ Մէկուկէս ժամէն հասանք Ասքանա պանդոկը։

Այդ ինչ բնութեան մէջէն անցանք, այդ ինչ գեղեցկութիւն էր, որ կ՚ըմբոշխնէինք, լեռներ-սարեր շուրջերնիս, կանաչութիւն եւ հեռուն լերան մը գագաթին եկեղեցի մը, որուն խաչը ամէն գիշեր կը վառէր.

-Սենեակդ այնպէս ընտրած եմ, ըսաւ հարսնցուս՝ Եոլան, որ գիշերը սենեակէդ ալ տեսնես խաչը ու վայելես տեսարանը, գիտեմ, որ շատ պիտի ուրախանաս…

Անշուշտ, Երուսաղէմ ալ ամէն առտու Սուրբ Յակոբի գմբէթներուն խաչերով կ՚արթննամ, իսկ տարին հինգ անգամ՝ հինգ տաղաւարներուն այդ խաչերուն լոյսերը ննջասենեակէս կը վայելեմ ու կ՚աղօթեմ։ Ուրախացայ, որ օտար երկինքին տակ դարձեալ խաչին լոյսին տակ պիտի զրուցեմ Աստուծոյ հետ՝ խնդրելու ամուր եւ առողջ պահելու համար այս նորակազմ ընտանիքը։ Թող Իր Աջն ու Աչքը մի՛շտ իրենց վրայ ըլլայ։

Եւ այդ քանի մը օրը խաչին լոյսով կը քնանայի եւ Աստուծոյ պարգեւած լոյսով կ՚արթննայի։

Պանդոկը կարելի է կոչել հարսանեկան պանդոկ։ Խրախճանքի սրահը առաջին յարկին վրայ էր, իսկ երեք յարկերը պանդոկի սենեակներն էին։ Շատ լաւ մտածուած էր։ Այսինքն խրախճանքէն եւ ուտել-խմելէն ետք ինքնաշարժ վարելու պէտք չկայ։ Հարսնեւորները, հիւրերը բոլորը կը բարձրանան ապահովուած սենեակները, յաջորդ առտուն՝ այսինքն ինչ առտու՝ կէսօրը բոլորը նոյն տրամադրութեամբ կ՚իջնեն նախաճաշ-ճաշի։

Շարժապատկերներու մէջ շատ տեսած եմ քաղաքացիական պսակներ, բայց առաջին անգամն էր, որ ներկայ կը գտնուէի եւ այդ ալ իմ որդիիս քաղաքացիական պսակի արարողութեան։

Պանդոկին պարտէզը՝ կանաչ մարգագետին, ամէն կողմ ծաղիկներ, հարսնցուիս ճաշակով պատրաստուած ծաղիկներու կամար մը, որուն տակ պիտի կատարուէր արարողութիւնը։ Աջ կողմը տրամադրած էին փեսային ընտանիքին, ձախ կողմը՝ հարսին։

Ծափահարութիւններով դիմաւորեցին մեզի։ Ապա մեզմէ ետք մուտք գործող գեղեցկուհի հարսիս՝ հօրը թեւէն անցած։

Այդ զգլխիչ բնութիւնը ամբողջացաւ, իր կատարեալին հասաւ տղուս ու հարսիս ներկայութեամբ։ Բնութեան երկու գլուխ-գործոցներն էին, որ երդում պիտի տային յաւերժացնելու իրենց սէրը… Մնալու այն սիրով, որ առաջին վայրկեանէն կապուած էին իրարու… Իրենց սիրոյն մէջ մնալու մի՛շտ եթերային… Տարիներուն հետ աւելի գեղեցկանալու իրենց սիրոյ իմաստութեամբ… Աւելի ամրացնելու այն ոսկէ օղակը, որ Աստուծոյ պարգեւն է։ Թէեւ ութ տարիէ ի վեր կապուած են, բայց դիմացս կանգնած էին կարծես հիմա սիրահարուած զոյգի մը պէս, որոնք իրենց ուխտին մէջ խոստովանեցան, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս սիրեցին զիրար եւ լուրջ խոստումներէ ետք Եոլան խոստացաւ երբեք արգելք չըլլալ տղուս, երբ ֆութպոլ կը դիտէ եւ Արփիակը խոստացաւ, որ երբ Եոլան իր փիցցային վերջին պատառը ուզէ, առանց տրտնջալու պիտի տայ։

Հետաքրքրկան սովորութիւններ ունին լեհերը։ Նախ ըսեմ, որ խնամիներս Բաւելն ու Հալինան իրենց աւանդութիւններն ու սովորութիւնները յարգող մարդիկ են։

Սրահ չմտած Հալինան լեհական հացի մը վրայ երկու կտոր խմոր աղի մէջ թաթխել տուաւ հարս ու փեսային, որպէսզի ուտեն, ապա խմիչքի երկու պզտիկ գաւաթներ, մէկը վոտքա, միւսը՝ ջուր, ո՛վ վոտքան խմէ՝ ան ալ կ՚իշխէ տան մէջ։ Տղաս վոտքային հոտը առաւ եւ… վոտքան խմեց…

Ապա գինի խմեցին եւ գինիի գաւաթները դէպի ետեւ նետեցին, յետոյ երկուքը միասին աւլել սկսան… Որպէսզի տան մէջ ամէն գործ միասին ընեն։

Առաջին անգամն էր, որ տղուս ձեռքը աւել կը տեսնէի… Է՛հ, ինչ որ մայրերը չեն կրնար ընել տալ՝ կիները ընել կու տան…

Սրահ մտանք լեհական երաժշտութեան ներքեւ եւ չնստած՝ հիւրերը սկսան լեհերէն հարսանեկան երգեր երգել… Համբերեցի… Հազիւ աւարտեցին ձայնս ձգեցի մեր հայկական երգերուն՝

«Խմենք կենացը
Արփիակ-Եոլային»…

Եւ այլն…

Միացան մնացած հայերը, այսինքն չորս հոգին… Վանեցի որբերու թոռներով «Վանեցուցինք» նաեւ Լեհաստանը։ Կարեւորը հայկական երգը թեւածեց լեհական երկինքին տակ։ Կենացները աւելի քաղցրացան… Սիրտս հանգստացաւ, պորտս տեղը ինկաւ։

Այսպիսի գեղեցիկ քանի մը օրեր անցուցինք։

Բայց… Անշուշտ եւ անպայման մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին պսակադրութեամբ է, որ իր լրումին կը հասնի հայ ընտանիքին կազմաւորումը։

Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ՝ շուտով։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, 14 յուլիս, 2024

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2024