«ՓՈՔՐ ՁԵՌՔԵՐՆ ՈՒ ԾԱՆՐ ԲԵՌԸ»

Սու­րիոյ փոք­րիկ­նե­րը շատ սուղ կը վճա­րեն չդադ­րող պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռաւ ։ Այս մա­սին կը նշուի UNICEF-ի եւ Save the chidren-ի կող­մէն պատ­րաստուած եւ վեր­ջերս հրա­պա­րա­կուած «Փոքր ձեռ­քերն ու ծանր բե­ռը»  զե­կոյ­ցին մէջ: Զե­կոյ­ցի ու­սում­նա­սի­րու­թեան հիմ­նա­կան թե­ման՝ հա­կա­մար­տու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ փոք­րիկ­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին շա­հա­գոր­ծումն է, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ա­նոնք կը կորսնց­նեն կրթու­թիւն ստա­նա­լու ի­րա­ւուն­քը, կը վնա­սեն ի­րենց ա­ռող­ջու­թիւ­նը  եւ կը զրկուին ա­ւե­լի լաւ կեան­քի հե­ռան­կա­րէ…

Ըստ womennet.am-ի՝ մին­չեւ ա­ղէ­տա­լի ճգնա­ժա­մի եւ զի­նուած հա­կա­մար­տու­թեան մէջ յայտ­նուի­լը, Սու­րիան մի­ջին ե­կա­մուտ ու­նե­ցող եր­կիր մըն էր, որ ի վի­ճա­կին էր իր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար  ար­ժա­նա­պա­տիւ կեանք ա­պա­հո­վե­լու: Գրե­թէ բո­լոր փոք­րիկ­նե­րը դպրոց կ՚եր­թա­յին եւ գրա­գի­տու­թեան մա­կար­դա­կը 90 առ հա­րիւ­րէն բարձր էր:

Չոր­սու­կէս տա­րի ճգնա­ժա­մի մէջ ըլ­լա­լու հե­տե­ւան­քով՝ այ­սօր հինգ սու­րիա­ցի­նե­րէն չոր­սը կ՚ապ­րի աղ­քա­տու­թեան մէջ եւ 7.6 մի­լիոն մարդ տե­ղա­հա­նուած է:

2014 թուա­կա­նի տա­րե­վեր­ջի տուեալ­նե­րով, գոր­ծազր­կու­թեան մա­կար­դա­կը գրե­թէ քա­ռա­պատ­կուած է՝ հաս­նե­լով 57.7 առ հա­րիւ­րի: Հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րը նոյն­պէս կը տա­ռա­պին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ճգնա­ժա­մէն՝ փոր­ձե­լով յաղ­թա­հա­րել 4 մի­լիոն փախս­տա­կան­նե­րու ներ­հոս­քը, ո­րոնց­մէ  մօ­տա­ւո­րա­պէս կէ­սը ե­րա­խա­ներ են:

Ճգնա­ժա­մը խո­րա­պէս ազ­դած է փոք­րե­րու կեան­քին վրայ: Սու­րիոյ մէջ փոք­րե­րը կ՚են­թար­կուին աննդ­հատ ա­ճող բռնու­թեան, անխ­նայ յար­ձա­կում­նե­րու, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով կ՚ու­նե­նան տար­բեր բնոյ­թի խնդիր­ներ: Շա­տե­րը ստի­պուած ե­ղած են զէնք վերց­նե­լու: Շա­տե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը եւ լքած  են ի­րենց տու­ներն ու հա­մայնք­նե­րը, եր­բեմն՝ քա­նի մը ան­գամ: Սու­րիոյ փոք­րիկ­նե­րը շատ սուղ կը վճա­րեն ա­նոր հա­մար, որ աշ­խար­հը չի յա­ջո­ղիր վերջ տալ հա­կա­մար­տու­թեան:

Սու­րիոյ մինչ­պա­տե­րազ­մա­կան կեան­քին մէջ ալ ե­ղած են փոք­րե­րու աշ­խա­տան­քի մա­սին ո­րոշ փաս­տեր, բայց մար­դա­սի­րա­կան ճգնա­ժա­մը մե­ծա­պէս սրած է այդ խնդի­րը: Հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով  շատ փոք­րիկ­ներ այժմ ներգ­րա­ւուած են տնտե­սա­կան այն­պի­սի գոր­ծու­նէու­թեան մէջ, որ մտա­ւոր, ֆի­զի­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան շատ վտանգ­ներ ու­նի եւ որ կը սահ­մա­նա­փա­կէ կամ ալ կը խախ­տէ ա­նոնց կրթու­թեան հիմ­նա­րար ի­րա­ւուն­քը: Առ­կայ են նաեւ փոք­րիկ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու խախտ­ման ա­ռա­ւել ծայ­րա­յեղ դրսե­ւո­րում­ներ, ինչ­պէս՝ փոք­րե­րուն հա­ւա­քագ­րու­մը զի­նեալ ու­ժե­րու կամ խում­բե­րու կող­մէն ու փոք­րե­րու սե­ռա­կան շա­հա­գոր­ծու­մը:

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը զգա­լիօ­րէն նուա­զե­ցուց ապ­րուս­տի մի­ջոց­ներ հայ­թայ­թե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ աղ­քա­տա­ցուց մի­լիո­նա­ւոր տնա­յին տնտե­սու­թիւն­ներ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ: Թէ՛ Սու­րիոյ, թէ՛ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու մէջ, փոք­րիկ­նե­րը յա­ճախ հիմ­նա­կան, եր­բեմն ալ նոյ­նիսկ միակ աշ­խա­տող­ներն են ըն­տա­նի­քին մէջ: Յոր­դա­նա­նի մէջ տնա­յին տնտե­սու­թիւն­նե­րու 47 առ հա­րիւ­րը կ՚ը­սեն, որ ա­նոնք մա­սամբ կամ ամ­բող­ջու­թեամբ կ՚ա­պա­ւի­նին փոք­րի­կի ու­նե­ցած ե­կա­մու­տին:

2.7 մի­լիոն սու­րիա­ցի փոք­րիկ­ներ դուրս մնա­ցած են դպրո­ցէն, քա­նի որ  ստի­պուած են աշ­խա­տիլ: Ո­րա­կեալ կրթու­թիւն ստա­նա­լու սահ­մա­նա­փակ հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը այս փոք­րիկ­նե­րու խնդրին մէկ մասն է, աշ­խա­տող փոք­րիկ­նե­րը, ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կան է, որ դուրս կը մնան դպրո­ցէն: Ըն­տա­նիք­նե­րու յու­սա­հա­տու­թեան հաս­նող տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին հետ միա­սին կը վատ­թա­րա­նան նաեւ այն աշ­խա­տա­պայ­ման­նե­րը, ո­րոնց մէջ կ՚աշ­խա­տին փոք­րիկ­նե­րը: Յոր­դա­նա­նի մէջ, օ­րի­նակ, հիւ­րըն­կալ հա­մայնք­նե­րու մէջ աշ­խա­տող փոք­րիկ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կ՚աշ­խա­տի շա­բա­թը վեց կամ եօթ օր՝ մէկ եր­րորդ ան­գամ ա­ւե­լի, քան օ­րա­կան ութ ժա­մը: Ա­նոնց օ­րա­կան ե­կա­մու­տը 4-7 տո­լար է: Փոք­րիկ­նե­րը կը սկսին աշ­խա­տիլ շատ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, նոյ­նիսկ մին­չեւ տաս­ներ­կու տա­րե­կան: Լի­բա­նա­նի ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ փոք­րիկ­նե­րը աշ­խա­տան­քի կ՚անց­նին վեց տա­րե­կա­նին:

Վնա­սա­կար աշ­խա­տան­քը ան­դառ­նա­լի հե­տե­ւանք­ներ կը ձգէ փոք­րիկ­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան վրայ: Յոր­դա­նա­նի փախս­տա­կան­նե­րու Զաա­թա­րի ճամ­բա­րին մէջ աշ­խա­տող փոք­րիկ­նե­րու 75 առ հա­րիւ­րը ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ ու­նին, շուրջ 40 առ հա­րիւ­րը՝ վնասուածք կամ հի­ւան­դու­թիւն։ Լի­բա­նա­նի Պե­քաա շրջա­նին մէջ աշ­խա­տող փոք­րիկ­նե­րու 35.8 առ հա­րիւ­րը գրել կամ կար­դալ չեն գի­տեր: Վնա­սա­կար աշ­խա­տան­քի մէջ ներգ­րա­ւուած աղ­ջիկ­ներն ու տղա­նե­րը կը կորսնց­նեն ի­րենց ման­կու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015