ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի Թէքէեան կեդրոնը ժամադրավայրն էր պաշտօնական հիւրերու, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հանրութեան, որուն մէջ աչքառու էր երիտասարդութեան մեծ թիւը:
Արդարեւ, Ուրբաթ, Օգոստոսի 19-ին, «Զարթօնք»ի կազմակերպութեամբ երկու գիրքերու շնորհահանդէսը կատար-ւեցաւ Երեւանի Թէքէեան կեդրոնի մեծ սրահին մէջ:
Այնտեղ ներկայացուեցան Զաւէն Մսըրլեանի հեղինակած «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» եւ Յովսէփ Արթինեանի պատրաստած՝ «Գուրգէն Եանիգեանի արարքին արձագանգներու եւ հայ-թր-քական հակամարտութեան մասին հրապարակումներու մատենագիտութիւն» հատորները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, որ ներկաներուն փո-խանցելէ ետք Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնները, իր սրտի խօսքը արտայայտեց, դրուատիքով ու մեծ հիացումով խօսելով երկու գիրքերուն նիւթ հանդիսացող՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի եւ Գուրգէն Եանիգեանի անձերուն մասին:
Շնորհահանդէսին առաջին գիրքը համապարփակօրէն ներկայացուց Յովիկ Էօրտէքեան, իսկ երկրորդ գիրքը ներկայացուց Տքթ. Թորոս Թորանեան, որ իր խօսքին ընդմէջէն իրեն յատուկ ոճով ոգեւորեց ներկաները եւ ողջունեց ներկայ երիտասարդները:
Խօսք տրուեցաւ նաեւ ազատ լրագրող եւ պատմաբան Գէորգ Եազճեանին, որ իր շնորհակալ դերը ունեցած էր երկրորդ գիրքի հրատարակութեան գործին մէջ:
Ձեռնարկին անակնկալը Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահին՝ Կարէն Աղամեանի արուեստի գործը հանդիսացող՝ Գուրգէն Եանիգեանին նուիրուած գեղանկարին ցուցադրութիւնն էր սրահէն ներս:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաներն առիթն ունեցան զրուցելու իրարու հետ։
«Զարթօնք», Պէյրութ