ԱՇԽԱՐՀԸ ԳՐԱՒՈՂ ԳԱՀԵՐՈՒ ԽԱՂԸ
Համացանցահէնները, որոնք կոտրած էին HBO ամերիկեան հեռուստաալիքի համակարգը, սպառնացած են հրապարակել աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած «Գահերու խաղը» (Game of Thrones) յաջորդաբար ընթացող հեռատեսիլային խաղի եօթներորդ եթերաշրջանի եզրափակիչ մասը՝ պաշտօնական ցուցադրման տեղի ունենալէն առաջ:
Համացանցային յանցագործները, որպէս ապացոյց հեռուստաընկերութեան խմբագրութեան ուղարկած են նամակ մը, ուր տեղ գտած են հեռուստաալիքի գաղտնագիրերն ու ձայնագրութիւնները:
Հեռուստաալիքի մամլոյ ծառայութիւնը, իր կարգին, յայտարարած է, որ շարունակ բանակցութիւններ կը վարէ համացանցահէններուն հետ:
Մինչ այդ, այս օրերուն, հեռուստաալիքը հրապարակած է «Գահերու խաղը» հեռուստաշարի եօթներորդ եթերաշրջանի վերջին բաժնին մասին պատմող կարճ հոլովակը: Միայն հոլովակը արդէն մէկ միլիոն դիտում ունեցած է: Առաջնախաղը նախատեսուած է 27 Օգոստոսին, եւ հեռուստաշարի երկրպագուները անհամբերութեամբ կը սպասեն ցուցադրութեան: Կարճ տեսահոլովակին մէջ կ՚երեւի, որ բոլոր գլխաւոր հերոսները վերջին դրուագին մէջ կը հանդիպին՝ որոշելու Եօթ թագաւորութիւններու ճակատագիրը:
Երեւակայական հեռատեսիլային այս դիպաշարը այդ ժանրի սիրահարներու ուշադրութիւնը կլանած է 17 Ապրիլի 2011 թուականէն ետք, երբ ամերիկեան HBO ալիքով սփռուեցաւ առաջին ցուցադրութիւնը:
Գրող Ճորճ Ռէյմոնտ Ռիչըրտ Մարթինի «Սառոյցի ու կրակի երգ» վիպաշարի հիման վրայ ամերիկեան HBO հեռուստաալիքի պատուէրով ստեղծուած երեւակայական ժանրի խաղին տեսասփռումը, արբանեակային ցուցադրութիւններու միջոցաւ, կարճ ժամանակի ընթացքին հասած է աշխարհի ամենէն հեռաւոր ծայրը: Հեռուստաշարը ստեղծուած է Տէյվիտ Պենիոֆի եւ Տ. Պ. Ուէյսի կողմէ:
Առաջին դրուագի ցուցադրումէն ետք՝ 19 Ապրիլ 2011 թուականին, հաստատուած է երկրորդ եթերաշրջանի նկարահանումը: 1 Ապրիլ 2012 թուականին տեղի ունեցած է երկրորդ եթերաշրջանի առաջնախաղը: Երրորդ եթերաշրջանը հեռուստատեսային պաստառներուն յայտնուած է 31 Մարտ 2013 թուականին, իսկ 6 Ապրիլ 2014 թուականին ցուցադրուած է չորրորդ եթերաշրջանի անդրանիկ շարժանկարը, որուն ցուցադրումէն երկու օր վերջ HBO-ն յայտարարած է, որ կը պատրաստուի նկարահանել հինգերորդ եւ վեցերորդ եթերաշրջանները։ Հինգերորդ եթերաշրջանի վերջին դրուագը հեռարձակուած է 14 Յունիս 2015 թուականին, որմէ ետք անմիջապէս յայտարարուած է վեցերորդի նկարահանումներուն մասին։
«Գահերու խաղը»ի նկարահանումները տեղի ունեցած են Հիւսիսային Իրլանտայի, Խրվաթիոյ, Իզլանտայի, Մարոքի, Սպանիոյ, Մալթայի, Սկովտիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Պատրանքներով ողողուած այս շարժանկարի դէպքերը տեղի կ՚ունենան Վեսթերոս եւ Էսսոս յօրինուած մայրցամաքներուն մէջ, ամրան մը վերջաւորութեան, որ տասնամեակ մը տեւած է: Ամբողջ շարժանկարը կը զարգանայ քանի մը գիծով: Առաջին գիծը կը պատմէ Վեսթերոսի մեծ մասը զբաղեցնող եօթ թագաւորութիւններուն միջեւ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին մասին, որ կը մղուի յանուն երկրի իշխանութեան խորհրդանիշին՝ Երկաթեայ գահին։ Երկրորդ ուղղութիւնը կը ներկայացնէ երկրի նախորդ կառավարող ընտանիքի վերջին ներկայացուցչին կեանքը Էսսոսի մէջ, ուր ան կը ծրագրէ վերադարձնել գահը։ Երրորդ ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ Վեսթերոսի հիւսիսը զարգացող իրադարձութիւնները, որոնք պայմանաւորուած են մօտեցող երկարատեւ եւ ցրտաշունչ ձմրան գալուստով եւ այն բոլոր առասպելական էակներով, որոնք կու գան ձմրան հետ։ «Գահերու խաղը» հեռուստաշարը համընդհանուր ուշադրութեան արժանացած է եւ ունի միջազգային երկրպագուներու խոշոր բանակ մը եւ քննադատներու կողմէ հիմնականօրէն դրական արձագանգներ ստացած է, թէեւ հեռուստաշարին մէջ կան մերկութեան, բռնութեան եւ սեռային բռնութեան, այդ կարգին՝ սեռային ոտնձգութեան տեսարաններ, որոնք ենթարկուած են առանձին քննադատութեան։ Հեռուստաշարը ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ պարգեւատրումներ, արժանացած է ցուցանշային նկատուող 38 «Էմմի» մրցանակի (այդ կարգին՝ երկու տարի անընդմէջ՝ «Լաւագոյն հեռատեսիլային թատերախաղ» անուանակարգի մէջ), «Ոսկէ գնդակ» մրցանակի պարգեւատրում՝ Լաւագոյն հեռուստաշարի թատերական շարքին համար, Հիւկոյի մրցանակ՝ Լաւագոյն թատերական ներկայացման համար թէ՛ Երկար ձեւի, թէ՛ Կարճ ձեւի մէջ, ինչպէս նաեւ Փիպըտի մրցանակ։ Բացի այդ, Փիթըր Տինքլէյճ ստացած է «Էմմի» եւ «Ոսկէ գնդակ»՝ Թիրիոն Լենիսթըրի դերին համար։
«Գահերու խաղը»ին նիւթը բաւական ճշգրտօրէն կը ներկայացնէ «Սառոյցի եւ կրակի երգ» սակայի՝ սկանտինաւեան աւանդավէպի դէպքերը: Արկածախնդրութիւնները կը զարգանան Վեսթերոս եւ Էսսոս մայրցամաքներուն վրայ, ուր ազնուական ընտանիքները պայքար կը մղեն յանուն Երկաթեայ գահին։ Իրադարձութիւնները մէյ մը կը տանին դէպի սառուցեալ Հիւսիս, մէյ մը՝ արեւելեան, տաք մայրցամաք Էսսոս։ Առաջին շրջանը գիրքի հաւատարիմ պատշաճեցումն է։ Յաջորդ շրջանները, սակայն, կը սկսին նշանակալիօրէն տարբերիլ գիրքերու իրադարձութիւններէն։
Ըստ հեռուստաշարի համահեղինակ Տէյվիտ Պենիոֆին. «Հեռուստաշարը կը պատշաճեցնէ շարքերը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ հետեւելով քարտէսին, որ Մարթինը տրամադրած է մեզի, ինչպէս նաեւ՝ հիմնաքարերուն վրայ յենլով, բնաւ պարտադիր չէ ճամբուն իւրաքանչիւր կանգառ ճշտգրիտ պատշաճեցնել»:
Վէպերն ու անոնց պատշաճեցումը իրենց կերպարներու, վայրերու եւ իրադարձութիւններու ներշնչանքը գտած են եւրոպական պատմութեան մէջ։ Վէպերուն գլխաւոր հիմքը անգլիական Վարդերու պատերազմն է Լանքասթըրներու եւ Եորքերու միջեւ, որոնք ազդեցութիւն ձգած են Մարթինի Լենիսթըրներու եւ Սթարքներու վրայ։ Վեսթերոսի մեծ մասը, իր դղեակներով եւ ասպետական մրցումներով, կը յիշեցնէ Բարձր Միջնադարեան Եւրոպան։ Սերսէյի կերպարը իր հիմքին մէջ ունի Իզապելլան՝ «Ֆրանսայի գայլուհի»ն:
ՎԻՊԱՇԱՐԻՆ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐԸ
Ինչպէս վիպաշարը, այնպէս ալ հեռուսաշարը ունի աննկարագրելի մեծ թիւով կերպարներ, որոնք ամենաշատն են ամբողջ պատկերասփիւռի պատմութեան մէջ։ Միայն երրորդ շրջանի նկարահանումներուն ընթացքին հիմնական դերասանական կազմը 257 հոգիէ բաղկացած է։
Լորտ Էտըրտ Սթարք, որուն դերը կը խաղայ Շոն Պին, Սթարքներու ընտանիքի հայրն է եւ Հիւսիսի պահապանը։ Սթարքներու ընտանիքին գրեթէ բոլոր անդամները շարքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կեդրոնական կերպարներ են։ Էտըրտն ու անոր կինը՝ Քեթլինը, որուն դերը կը խաղայ Միշել Ֆէյրլի, ունին հինգ զաւակ. աւագ որդին Ռոպը(Ռիչարտ Մետըն), նրբագեղ Սանսան (Սոֆի Թէօրնըր), տղայական Արիան (Մէյսի Ուիլիըմս), արկածասէր Պրենը (Այզէք Հեմփսթետ-Ռայթ) եւ կրտսեր որդին՝ Ռիքոնը (Արթ Փարքինսըն)։ Էտըրտի ընկեցիկ որդին՝ Ճոն Սնոուն (Քիթ Հերինկթըն) եւ անոր ընկերը՝ Սեմիըլ Թարլին (Ճոն Պրետլի) կը ծառայեն Գիշերուան դէպքին մէջ լորտ-կառավարիչ Ճէոր Մորմոնթի (Ճէյմս Քոզմօ) ղեկավարութեան։
Համաձայն Տէյվիտ Պենիոֆի եւ Տ. Պ. Ուէյսի՝ անոնք երկուքն ալ յանգած էին Մարթինի վիպաշարը հեռատեսիլային պաստառ հանելու գաղափարին՝ 2006 թուականին, երբ Պենիոֆ կարդաց առաջին գիրքը։ Ան կիսեց իր տպաւորութիւնները Ուէյսի հետ, երբ աւարտեց 1000 էջնոց գիրքը. գրեթէ 36 ժամի մէջ: Անոնք իրենց գաղափարը դիւրութեամբ ներկայացուցին HBO պատկերասփիւռի ալիքին եւ համոզեցին Մարթինը հինգ ժամնոց հանդիպումի գալ «Սանթա Մոնիքա պուլվար» ճաշարանին մէջ։ Պենիոֆ ըսած է, որ անոնք կրցան գրաւել Մարթինը՝ անոր տուած «Ո՞վ է Ճոն Սնոուի մայրը» հարցումին իրենց տուած պատասխանին շնորհիւ։
Հեռուստաշարի զարգացումը սկսաւ 2007 թուականի Յունուարին։ HBO պատկերասփիւռի ալիքը վարձեց Պենիոֆն ու Ուէյսը իբրեւ բեմավարներ եւ արտադրողներ ու յանձնարարեց անոնց ամբողջ գիրք մը համապատասխանեցնել մէկ շրջանի։ Սկիզբէն ծրագրուած էր, որ Պենիոֆն ու Ուէյսը պիտի գրէին բոլոր շարքերու բեմագրութիւնը՝ բացի մէկ հատէն, զոր պիտի գրէր Մարթին։
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐ
- Ուիքիփետիա համայնագիտարանը հետաքրքրական փաստեր ժողված է «Գահերու խաղը»ին մասին:
- 2012 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլ երկիրներու տարածքին աւելի քան 150 ընտանիքներ իրենց աղջիկ երեխեներուն տուած են թատերաշարին մէջ հնչող նշանաւոր Խալիսին անունը։
- Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք կը բերէ նաեւ հեռուստաշարի այլ՝ Արիա աղջկան անունը։
- Ուրիշ հետաքրքրական փաստ մը արձանագրուած է, որ կ՚առընչուի այս դիպաշարին. դերասանուհի Կուենտոլին Քրիսթին, որ կը խաղայ Պրիէնի դերը. ան չի գիտեր իր ծննդեան ճիշդ օրը:
- Այն շնագայլը, որ հեռուստաշարին մէջ կը պատկանէր Սանսա Սթարքին, դերասանուհի Սոֆի Թէօրնըրը վերցուցած է՝ անուանելով Զունի։
- Դերասանուհի Ունա Չափլինը, որ խաղացած է Ռոպ Սթարքի կնոջ դերը, հանրածանօթ դերասան Չարլի Չափլինի թոռնուհին է։
- Իսկ Հերի Լոյտը, որ Առաջին եթերաշրջանին խաղացած է Վիսերիս Թարկերիէնի դերը, նշանաւոր գրող, վիպագիր Չարլզ Տիքընզի սերունդէն է։
- Ձիուն սիրտը, որ Տիներիս Թարկերիէնը կ՚ուտէ ամուսնութենէն ետք, իրականութեան մէջ մարմելատ է՝ բանդակ:
- Կեղծ էր նաեւ Թիրիոնին կերած միսը, քանի որ դերասանը բուսակեր է։
- Թէոն Ալֆի Էլընը Անգլիոյ մէջ յայտնի երգչուհի Լիլի Էլընի հարազատ եղբայրն է։
- Թոմաս Սենկսթըր դերասանը, որ խաղացած է 13-ամեայ Ժոյէն Ռիտի դերը, իրականութեան մէջ 23 տարեկան է։
- Տոթրաքերէն լեզուն ստեղծուած է յատուկ հեռուստաշարին համար, որ արհեստական լեզու մըն է, ուր կայ երեք հազար բառ։ Տոթրաքերէնի բառարանը կը շարունակէ աճիլ եւ տարածուիլ աշխարհի տարածքին: Նորածին աղջիկներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ տրուած Խալիսի անունը տոթրաքերէնի մէջ կը նշանակէ առաջնորդի կին:
- Լեզուի ստեղծման համար գործածուած են ռուսերէն, թրքերէն եւ էսթոներէն լեզուները։
- Սանսա եւ Արիա «քոյրեր»ու դերակատարները իրականութեան մէջ մտերիմ ընկերուհիներ են։
- Փիթըր Տինքլէյտը (Թիրիոն Լենիսթըր) միակ դերասանն է, որուն դերը ընտրած է վիպաշարի հեղինակ Մարթինը, եւ այս որոշումը եղած է անփոփոխ։
- Էմիլիա Քլարքը երբեք չէ ներկած մազերը. հեռուստաշարին մէջ դերասանուհին կեղծամով է։
- Իսկ ահա Սոֆի Թէօրնըրը (Սանսա Սթարք) եղած է շիկահեր, սակայն նկարահանումներուն համար մազերը ներկած է կարմիր։
- Ճորճ Ռէյմոնտ Ռիչըրտ Մարթին արդէն որոշած է, թէ ինչպէս պիտի վերջանայ պատմութիւնը եւ այդ մասին ըսած է արտադրողներուն, որպէսզի նկատի առնեն այն պարագան, եթէ ան չհասցնէ աւարտել գիրքը։
- Դերասաններէն մեծ մասը չէ կարդացած գիրքերը, քանի որ չ՚ուզեր ժամանակէն առաջ իմանալ իր կերպարին աւարտին մասին։
- Մէյսթըր Էյմոնի դերակատարը իրականութեան մէջ նոյնպէս կոյր է։
- Առաջին դրուագէն ետք Ճեք Կլիսոն, որ կը կատարէ Ճոֆրիի դերը, Մարթինէն ստացած է նամակ մը, ուր գրուած է հետեւեալը. «Կը շնորհաւորեմ, Ձեզ իսկապէս բոլորը կ՚ատեն»:
- Առաջին եթերաշրջանին կտրուած գլուխներէն մէկը եղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերի կերպարով. աշխատակիցները արդէն ներողութիւն խնդրած են այս միջադէպին համար՝ անուանելով զայն պզտիկ անյաջողութիւն։
- Առաջին եթերաշրջանին գայլերու փոխարէն եղած են շուներ։
- Չորրորդ եթերաշրջանին շուները կը փոխարինեն իրական գայլեր, սակայն քիչ մը մեծցուած։
- Միշել Ֆեիրլին ոչ միայն կատարած է Քէյթլին Սթարքի, այլ նաեւ Հերմոնի Կրէյնճրի մօր դերը «Հերի Փոթըրը եւ մահուան պարգեւները. մաս 1» հանրածանօթ շարժապատկերին մէջ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՃՈՐՃ ՌԷՅՄՈՆՏ ՌԻՉԸՐՏ ՄԱՐԹԻՆ
Հարուստ կերպարներ, երեւակայական աշխարհ, յօրինուած պատմութիւններ, խելայեղ յարաբերութիւններ, տաք եւ պաղ երկիրներ, խորհրդաւոր արտաքինով մարդիկ, խճճուած նիւթեր, մտահաճոյքներ, հնարքներ, անսպառ արկածներ... Ինչպէ՞ս կը շարունակուի «Գահերու խաղը»: Երեւակայութեան սիրահար աշխարհը շունչը պահած կը սպասէ 27 Օգոստոսին՝ դիտելու համար եօթներորդ շրջանի առաջին դրուագը: 2018 թուականին նախատեսուած է նկարահանել ութերորդ շրջանը, իսկ Նիւ Մեքսիքօ բնակող ժամանակակից հանրաճանաչ գրող Ճորճ Ռէյմոնտ Ռիչըրտ Մարթին կը շարունակէ հետեւիլ իր հանրաճանաչ վէպի հեռատեսիլային յաղթարշաւին՝ գրելով նոր հատորներ եւ յայտարարելով, որ իր նիւթը անսպառ է, չ՚աւարտիր:
Իսկ օրերս ալ գրողը հարցազրոյց մը տուած է, ուր պարզաբանած է, թէ ինչո՛ւ վէպերուն մէջ կը սպաննէ իր գլխաւոր հերոսները: Ան ըսած է, որ նոյնիսկ սիրելի մարդիկ կրնան մեռնիլ եւ ընթերցողը պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր:
Ճորճ Մարթին պատմած է, որ իր գիրքերու գլխաւոր հերոսները կը սպաննէ նաեւ այն պատճառով, որ մշտապէս լարուածութեան ու վախի մէջ պահէ ընթերցողները:
«Երբ հերոսը դժբախտութեան կամ վտանգի մէջ է, ես կը փափաքիմ, որ ընթերցողը վախնայ, որպէսզի ան լարուածութեան եւ գրգռուած վիճակի մէջ ըլլայ: Ես կը կարծեմ՝ այդ մէկը ընելու միակ հնարաւորութիւնը կարեւոր ոեւէ մէկը անսպասելիօրէն սպաննելն է: Այդ ժամանակ ան կը գիտնայ, որ դուն իրապէս կը գործես, որ ատիկա լաւ գիրք է, ուր կրնայ տեղի ունենալ ամէն ինչ եւ եթէ վտանգ յայտ-նըւի, կերպարը կրնայ նաեւ չփրկուիլ: Այդ պատճառով ես սպաննեցի Էտըրտ Սթարքը», լրագրողներուն պատմած է Մարթին: «Սառոյցի եւ կրակի երգ»ի գլխաւոր հերոսներէն մին՝ Էտըրտ Սթարք, սպաննուած է առաջին շարքի առաջին վէպի աւարտին:
Մարթին բացատրած է, որ տակաւին պատանութեան տարիներուն ինք կը կարդար գիրքեր, որոնք, իր տեսանկիւնէն, չափազանց կանխատեսելի էին։ «Դուն կը սկսիս կարդալ առաջին գլուխը եւ արդէն գիտես, որ ինչ պիտի ըլլայ յետոյ: Շուտով կ՚երեւի հերոսը, յետոյ՝ չարագործը: Հերոսը փորձանքի մէջ կը յայտնուի, ժամանակի մը համար, բայց արդիւնքին կը յաղթէ: Հերոսին համար չկայ իրական վտանգ: Ես չեմ սիրեր նման գիրքեր կարդալ: Ես կը սիրեմ այնպիսի գիրքեր, որոնք կը զարմացնեն զիս, շփոթահար վիճակի մէջ կը ձգեն, կը տանին անսպասելի ուղղութեամբ, յոյզեր կը յառաջացնեն, ջղագրգիռ կը պահեն», այսպէս մեկնաբանած է հռչակաւոր գրողը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ