ԿՈՐՍՏԱԳԻՒՏ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Ժամանակին մէջ ապրիլը, գոյատեւելը մեր բնութեան «պարտադրանք»ն է։ Ժամանակի ընթացքը, որ տեղի կ՚ունենայ անձայն՝ գրեթէ անզգալիօրէն, մարդ յաճախ չի հասկնար, չի զգար, թէ օրեր, ամիսներ, տարիներ ինչպէս անցած են… 

Ժամանակը կը նմանի արագահոս գետի մը։ Թէեւ կարելի չէ զայն կանգնեցնել, դադրեցնել կամ վերապրիլ, բայց կարելի է «անմահացնել»։

Անցած ժամանակը անցած է, ան անգամ մըն ալ չի վերադառնար, ետդարձը անկարելի է… Ժամանակը եւ այդ ժամանակներու ընթացքին մարդոց ապրումները վառ պահելու «երաշխիք» մըն են լուսանկարները, որոնք մեր յիշողութեան մէջ «մխրճուած» կամ խոր անկիւնները «ամբարուած» յուշերուն լոյս կը սփռեն եւ կը «փոշիազրկեն» զանոնք։ Լուսանկարը կարելի է նմանցնել փարոսի մը, որ իր լոյսով ուղեցոյց կ՚ըլլայ եւ կը կանխէ նաւերու խորտակուելու կամ կորսուելու վտանգը…

Կեանքի տեւողութեան ամէն մէկ կորուստ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ անկասկած։ Հիասթափութեան, յուսալքութեան, կսկիծի պատճառ կը դառնայ կորուստը, որու հետեւանքով ցաւով կը տառապի եւ կը տանջուի մարդ։ Անդարմանելի ցաւ կը պատճառեն ընդհանրապէս այն կորուստները, որոնք անփոխարինելի արժէք կը ներկայացնեն մարդոց համար։ Կեանքը ընդհանրապէս ցոյց կու տայ, թէ որեւէ բանի արժէքը կը զգացուի, երբ ան կորսուի։ Կան առարկաներ, որոնք միշտ աչքի առջեւ են, բայց մարդ չ՚անդրադառնար անոնց արժէքին, բայց երբ պակսի կամ կորսուի կամ կերպով մը հեռանայ աչքէ, անմիջապէս կը զգացուի անոնց բացակայութիւնը։ Կան առարկաներ, անձեր, որոնց ուշադրութիւն չենք դարձներ իրենց ներկայութեան ընթացքին, բայց երբ կորսնցնենք զանոնք՝ անմիջապէս աչքի կը զարնէ իրենց բացակայութիւնը։ Որքան որ ալ տառապինք, տանջուինք անոնց բացակայութենէն, ցաւն ու վիշտը մեր սրտին եւ յիշողութեան մէկ անկիւնը «թաղելով», ձեւով մը կը փորձենք շարունակել մեր կեանքի ընթացքը… 

*

2015 թուականի յունիսին, Սայմըն Ֆրէյզըր համալսարանի Ծովային բնագիտութեան բաժնի խումբ մը ուսանող Պամֆիլտ գիւղի ծովափէն իրականացուցին սուզում մը՝ ծանօթանալու համար ստորջրեայ աշխարհի հրապուրիչ բնութեան եւ արձանագրել անոնց մասին։ 

Խումբը գլխաւորող 29-ամեայ Թամըս եւ 25-ամեայ Լիլին աւելի առաջ բազում անգամներ կատարած էին գիտական կամ հնագիտական ուսումնասիրութեան նպատակով սուզումներ, սակայն այս անգամուանը կը բացառուէր ծովու յատակը իրենց յայտնաբերածներով։ Անոնք գտած էին լուսանկարչական գործիք մը։ Վերջինս այնքան վնասուած էր, որ անոր աշխատիլը հրաշք մը պիտի ըլլար։ Խումբը բծախնդրութեամբ ու ուշադրութեամբ ջուրէն դուրս բերաւ զայն եւ փորձեց անգամ մը .թափանցելե անոր պարունակած գաղտնիքներուն։ Լուսանկարչական գործիքին մէջ կար 8gb տարողութեամբ յիշողութեան քարտ (SD card) մը։ Խումբը զարմացաւ՝ տեսնելով չվնասուած քարտը, որ ջուրի անգութ պայմաններու տակ լաւագոյնս պահած էր իր գոյութիւնը։ Քարտի մէջ կային բազմաթիւ լուսանկարներ, խմբանկարներ, որոնց իւրաքանչիւրը օգտագործելով խումբը կը նախատեսէր հասնիլ մեքենայի իսկական տիրոջ։

Լիլին լուսանկարներէն մին հրատարակեց ընկերային ցանցերէն մէկուն մէջ։ Ան հազարաւոր հաղորդագրութիւններ ստացաւ լուսանկարներու մասին, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը օգտակար էին գտնելու համար մեքենայի իսկական տէրը։ Ուստի, Լիլի եւ Թամըս լուսանկարը վերածեցին որմազդի մը եւ զայն տեղադրեցին Պամֆիըլտ գիւղի ժողովատան ազդերու հարթակին վրայ։ Քանի մը օր ետք, գիւղի բնակիչ մը ճանչցած էր լուսանկարուածներէն մէկը՝ Փոլ Պուրկոյնը, բայց երկա՜ր տարիներէ ի վեր չէր իմացած անոր մասին եւ չէր գիտեր, թէ ան ողջ էր, թէ ոչ։ 

Համացանցէն կատարուած կարճատեւ պրպտումէ մը յետոյ պարզուեցաւ, թէ Փոլ ողջ է։ Խումբը յաջողեցաւ նաեւ հեռաձայնով կապ հաստատել եւ պայմանաւորուիլ տեսակցելու համար անոր հետ։ Անոնք ոչ մէկ տեղեկութիւն տուած էին մեքենայի մասին։

Ի վերջոյ Փոլն ու Լիլին մէկտեղուեցան։ Լիլի առաջին հերթին ցոյց տուաւ լուսանկարչական մեքենան։ Կարծէք Փոլի արձունքները մէկիկ-մէկիկ կը սահէին այտերէն… Փոլի համար իր նկարահանած իւրաքանչիւր լուսանկար անփոխարինելի եւ աննկարագրելի արժէք կը ներկայացնէր, որովհետեւ լուսանկարուածներուն մէջ կային կեանքէն հեռացած, այլեւս «անհասանելի» դարձած իր բարեկամները կամ ազգականները։ Անոնք հաւաքուած էին, որպէսզի իր հանգուցեալ մօր դիակին մոխիրը թափեն Պամֆիլտ գիւղի ծովափէն։

Ան Լիլիին պատմեց նաեւ, թէ ինչպէս կորսնցուցած էր մեքենան։ 

Փոլ իր նաւակով յաճախ կ՚երթար ձկնորսութեան։ Օր մը, սաստիկ հովու եւ բարձր կոհակներու պատճառով Փոլ կորսնցուց նաւակի ղեկը եւ իր հետ տարած բոլոր իրերը՝ ներառեալ լուսանկարի մեքենան, մխրճուեցան ծովուն յատակը։ Փոլ ձեւով մը կրցաւ յաղթահարել արկածը, սակայն «վէրքերը» միշտ մնացին իր հոգւոյ վրայ։ Ան երբեք չէր երեւակայած, թէ օր մը դարձեալ պիտի արժանանար այդ լուսանկարները ունենալու։ Ան արկածէ ետք երկար ժամանակ վիշտ ու ցաւ զգացած է իր կորուստներուն համար, սակայն ձեւով մը փորձած է շարունակել իր կեանքը։ Լուսանկարները տեսնելով անդրադարձաւ, թէ ան որքա՜ն բախտաւոր է…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020