ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱԹՍԱՆ ԴՐՈՒԵՑԱՒ ՄԿՐՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երկու օր առաջ՝ օգոստոսի 22-ին, օրհնուած ձիթաիւղով լի արծաթեայ կաթսան դրուեցաւ Մայր Աթոռի Ս․ Վարդան-Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ եւ ծածկուեցաւ նրբահիւս շղարշով: Համայն հայութիւնը կը պատրաստուի հոգեւոր կարեւորագոյն իրադարձութեան՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան:

Երկար սպասուած միւռոնօրհնութիւն է այս մէկը, որ յոյսերով լեցուցած է մեր սիրտերը, կը հաւատանք, որ Սրբալոյս Միւռոնը լոյսի դուռ մը բանայ հայոց աշխարհի եւ պաշարեալ Արցախի համար:

Մկրտարանին մէջ դրուելէն քառասուն օր յետոյ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կ՚օրհնէ Սրբալոյս նոր Միւռոնը:

Մինչ այդ՝ քառասուն օր շարունակ, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ հոգեւոր պաշտօն պիտի կատարուի: Սրբալոյս Միւռոնի երկու հիմնական բաղադրիչին՝ ձիթաիւղին եւ բալասանին պէտք է խառնուին քառասունէ աւելի զանազան հոտաւէտ ծաղիկներու, անուշահոտ բոյսերու արմատներու, ծաղկաջրերու, իւղային հիւթերու եւ տերեւներու միաշաղախուած հեղուկը:

Միւռոնի բաղադրութեան մաս կազմող այդ բազմազան բոյսերուն անդրադարձած են թէ՛ մեր եկեղեցւոյ հայերը, թէ՛ բուսաբաններ, գիտնականներ, որոնք մանրամասն բացատրած են այդ բոյսերու, ծաղիկներու նշանակութիւնները, տուած են անուանումները եւ մանաւանդ նկարագրած այն տեղանքը, ուր կ՚աճին ատոնք:

Հայրենի յայտնի կենսաբան Նազիկ Խանճեան (ծնած՝ 1946 թուականին, Յունաստան) հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ վերծանած է Սրբալոյս Միւռոնի բոյսերու ձեռագիր եւ տպագիր աղբիւրներու ժողովրդական անունները: Գիտնականը անոնք արտայայտած է գիտական կրկնակի համարժէքներով՝ ա՛լ աւելի հարստացնելով միւռոնագիտութիւնը: Նազիկ Խանճեան յանգած է այն եզրակացութեան, որ հայոց միւռոնը իր եզակիութեամբ, համեմուած բազմաթիւ բուրումնալից նիւթերով ու բոյսերով, կը տարբերի այլ եկեղեցիներու մէջ կիրառուող սուրբ իւղէն: Գիտնականը իր ուսումնասիրութեան հիմնական նիւթը առած է Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ պահուող մատենագիր աղբիւրներէն, որոնք հարուստ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն ո՛չ միայն միւռոնի բաղադրիչ բոյսերու, այլեւ՝ միւռոնօրհնութեան մասին ընդհանրապէս:

Նազիկ Խանճեան Մատենադարանի Սուրբ Միւռոնի ցուցակներէն հանած է 1876 թուականի Մաշտոցի 45 կէտնոց ցուցակը, որ խորագրուած է.

ԱՆՈԻԱՆՔ ՆԻՒԹՈՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԵՌՈՆԻ

Հայրենի գիտնականը հատ-հատ նկարագրած է միւռոնին մէջ լեցուող բոյսերը եւ զարմանքով նկատած է, որ հայոց աշխարհին յաճախ ոչ բնորոշ այդ բոյսերը ինչպէ՛ս խմբուած, համատեղուած եւ ամբողջացուած են Սուրբ Միւռոնի մէջ եւ ինչպէ՛ս ատոնք ներդաշնակուած եւ կերտած են իմաստութեան ու իմացութեան զուտ ազգային հոգեւոր կոթող մը:

Այդ ցուցակին մէջ ընդգրկուած անուններէն ամէն մէկը կը ներառէ նիւթի կամ բոյսի հայատառ, բազմալեզու (արաբերէն, հայերէն, պարսկերէն եւ այլն), իսկ փակագիծին մէջ՝ թրքերէն լրացուցիչ ժողովրդական անուանումը: Կը ներկայացնենք հայրենի գիտնական Նազիկ Խանճեանի այդ ուսումնասիրութեան սղագրութիւնը՝ նուիրուած միւռոնի մէջ լեցուող բոյսերու, ծաղիկներու մասին:

Ձիթենի եւրոպական

Մշտադալար ծառ է: Գիտնականները տարակարծիք են ձիթենիի հայրենիքի եւ այս ծառի վայրի նախահօր հարցին մէջ: Սակայն անոնց մեծ մասի կարծիքով՝ ձիթենիի աւելի քան 500 մշակովի տեսակները կը սերին նշուած տեսակէն: Ձիթենին համաշխարհային նշանակութեան արդիւնաբերական մշակաբոյս է եւ կը մշակուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ (Յունաստան, Սպանիա, Իտալիա, Ալճերիա, Թուրքիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլն): Ձիթապտուղի իւղը կը ստացուի ձիթենիի պտուղի մամլումէն:

Յուտ պալասան
Այսինքն՝ պալասան Հրէաստանի կամ պալասան Եգիպտոսի, որ հեղուկ է (Մէքքէ Փէլէսէնքի կամ Եահուտի Փէլէսէնքի)... Կոմիֆորա բալզամային

Մշտադալար ծառ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Արաբական թերակղզիի հարաւ-արեւմուտքը եւ Սոմալի: Զայն կը մշակուի Պաղեստին, այսպէս կոչուած Մէքքէի բալզամ ստանալու նպատակով: Բալզամը՝ պալասան կոչուող հեղանիւթը (իւղային ձիւթ), կը ծորայ ծառի կեղեւի կտրուածքէն:

Հապ Պալասան
Պալասան Փերուի, որ հունտ է (Եէնի տիւնեա փէլէսէնքի թօհումու), Միրոքսիլոն բալզամակիր

Մշտադալար ծառ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Հարաւային Ամերիկայի (այդ կարգին՝ Փերու) Խաղաղական ովկիանոսի ափամերձ գօտիին մէջ: Կը մշակուի Վեսթինտեան կղզիներու մէջ, Ճաւա կղզին, Հնդկաստան եւ Սրի Լանքա: Բալզամը կը ստացուի ծառի կեղեւի կտրուածքէն:

Մեխակ
(Գարանֆիլ)
Սիզիկիում բուրաւէտ

Մշտադալար ծառ է: Ծագումով Մալայեան կղզեխումբի Մոլուքեան կղզիներէն (Ինտոնեզիա): Ներկայիս արդիւնաբերական ծաւալներով կը մշակուի Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ (Հնդկաստան, Հնդկաչին, Ինտոնեզիա եւ այլն) եւ Ափրիկէի (յատկապէս Թանզանիա) արեւադարձային երկիրներուն մէջ:

Աշխարհահռչակ մեխակ համեմունքը նշուած տեսակի ծաղկաբողբոջներն են, որոնց վառ կարմիր գոյնը չորնալէն ետք կը դառնայ մութ դարչնագոյն:

Ընկոյզ հնդկաց
կամ ճաւուզ Պուա, (Հինտիստան ճէվիզի), Մշկընկոյզ հոտաւէտ

Մշտադալար ծառ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Մոլուքեան կղզիներուն մէջ:

Արտահանման նպատակով կը մշակուի Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Ամերիկայի արեւադարձային երկիրներուն մէջ: Համաշխարհային նշանակութեան մշկընկոյզ համեմունքը, նշուած տեսակի ընկուզանման, փայտացած կեղեւով, հաւկթաձեւ սերմն է:

Խնկեղեգն
(Ղասապ զարիրէ)
Խնկեղեգ եղեգային

Ջրային բազմամեայ խոտաբոյս է: Տարածուած է հիւսիսային կիսագունդով մէկ, թէեւ անոր հաւանական հայրենիքը Հարաւ-Արեւելեան Ասիան է: Որպէս արդիւնաբերական մշակաբոյս կը մշակուի բազմաթիւ երկիրներու մէջ (Իրան, Հնդկաստան, Պիրմա, Չինաստան եւ այլն): Կը գործածուին բոյսի բոլոր մասերը, յատկապէս՝ կոճղարմատը, որ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ խնկեղեգային եթերաիւղ:

Նարդոս Հնդի
(Սիւմպիւլի Հինտի)
Նարդոստախիս Յատամանսի

Բազմամեայ խոտաբոյս Է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Նէփալի եւ Հնդկաստանի բարձր լեռնային շրջաններուն մէջ: Բնական պաշարներու պահպանութեան նպատակով նաեւ կը մշակուի: Կոճղարմատը կը պարունակէ հոտաւէտ եթերաիւղ:

Պղպեղ Յաւայի
(Քէպապիէ) Պղպեղ քուբեբա

Փայտացող ցօղուններով լիան է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Մալակա թերակղզին եւ Մալայեան կղզեխումբի Մոլուքեան եւ Ճոնտեան կղզիները: Արդիւնաբերական նպատակով կը մշակուի Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Ճաւա, Սումաթրա, Անթիլեան կղզիներու մէջ եւ այլուր: Յայտնի հնդկապղպեղ համեմունքը նշուած բուսատեսակի կորիզապտուղն է:

Շամբալեղակ
կամ Սամիթ յունական, Պասպասա Րումի (Պօյ թօհումու)

Այս կէտը կը պարունակէ երկու միանգամայն տարբեր բոյսերու անուններ: Շամբալեղակ կամ սամիթ յունական անունները կը վերագրուին հացհամեմ յունական խոտ տեսակին, իսկ պասպասան՝ «մըշկնկոյզի գոյն» կամ «մացիս» անունը կրող համեմունքին, որ հանրայայտ մշկընկոյզ հոտաւէտ տեսակի վառ կարմիր խնկահոտ սերմնապատեանն է: Վերջինս, իր բուրումնալից եթերաիւղով, աւելի դիւրին է պատկերացնել Ս. Միւռոնի նիւթերու շարքին մէջ, քան՝ կալաքարաձեւով հարուստ հացհամեմը։

Մաղաբատրոն
(Սատէճ Հնտի)
Դարչնածառ չինական, կասիա

Մշտադալար ծառ է: Բնութեան մէջ չէ պահպանուած, ծանօթ է միայն մշակութեան մէջ: Արդիւնաբերական չափերով կը մշակուի Հարաւային Չինաստան, Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Վիէթնամ, Ճաւա եւ Սումաթրա կղզիներու մէջ: Ներմուծուած է նաեւ Հարաւային Ամերիկա: Հանրայայտ դարչին համեմունքէն զատ, այս տեսակէն կը ստացուի նաեւ «կասիայի բողբոջներ» համեմունքը (պտուղները՝ չոր վիճակին մէջ):

Դարիսենիկ կամ կինամոն
(Տարչին)
Դարչնածառ ցեյլոնեան

Մշտադալար ծառ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Հարաւային Հնդկաստանի եւ Սրի Լանքայի մէջ: Արդիւնաբերական չափերով կը մշակուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Աշխարհահռչակ եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող դարչին համեմունքը կը ստացուի այս ծառատեսակի ներքին կեղեւէն:

Խունկ
(Քիւննիւք)

Խունկ հաւաքական հասկացութիւնը կը կիրառուի զանազան բուսատեսակներէ ստացուող բարդ քիմիական կառուցուածքով օժտուած հոտաւէտ խեժային ձիւթերը անուանակոչելու համար: Անոնք կ՚արտազատուին հեղուկ վիճակին մէջ, սակայն իրենց քիմիական իւրայատկութիւններու շնորհիւ, օդին հետ շփուելու ընթացքին կը պնդանան եւ կը դառնան զանազան գոյնի, ձեւի եւ չափի կտորներ: Աւելի յաճախ կը գործածուի տակաւին հին աշխարհի ժողովուրդներուն ծանօթ Բոսվելիա Քարտերի (խունկի ծառ) տեսակէն ստացուող խունկը: Տեսակը կ՚աճի Արաբական թերակղզիի, Սոմալիի մէջ եւ Սոքոթրա կղզին:

Հիլ կամ Ղրտիմանէ
(Գագուլէ) Կարդամոն իսկական

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի միայն Հարաւային Հնդկաստանի լեռնային անտառներուն մէջ (Կարդամոնեան լեռներ), սակայն արդիւնաբերական չափերով կը մշակուի նաեւ Սրի Լանքա, Պիրմա, Հնդկաչին, Հարաւային Չինաստան եւ այլուր: Հանրայայտ կարդամոն համեմունքը այս տեսակի հոտաւէտ եթերաիւղով հարուստ սերմերն են:

Ստորաքս
(Պուհուր մէրիէմ)
Ստիւրակ դեղատու

Մշտադալար ծառ է: Կ՚աճի միջերկրածովեան աւազանի արեւելեան մասը, սկսած Իտալիայէն մինչեւ Փոքր Ասիա ներառեալ: Միջազգային շուկային մէջ բարձր կը գնահատուին նաեւ Ստիւրակ ցեղի զանազան տեսակներէն ստացուող խունկերը, որոնք կ՚արտահանուին Ճաւա, Սումաթրա, Կալիմանտան կղզիներէն: Ստորաքսը ծառէն արտազատուող հեղուկ ձիւթ է, որ օդին հետ շփուելով արագ կը չորնայ եւ կը դառնայ պինդ նիւթ:

Սորեակ հլատ
(Ճաւր Հնտի)
Ցիմբոպոգոն նարդոս

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Հնդկաստանի եւ Սրի Լանքայի լեոներուն մէջ: Կը մշակուի նաեւ Պիրմա, Մալեզիա եւ այլուր: Տերեւները կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Սանտալ սպիտակ
կամ Սանտալ ապեատ (Սանտալ)
Սանտալենի սպիտակ

Մշտադալար ծառ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Մալայեան կղզեխումբին մէջ, սկսած Ճաւայէն մինչեւ Փոքր Ճոնտեան Թիմոր կղզին եւ Հնդկաստան, ուր կը համարուի վայրենացած տեսակ: Կը մշակուի Հնդկաստան, յատկապէս Մայսուր նահանգը: Ծառատեսակի բնափայտի միջուկը կը պարունակէ հոտաւէտ եթերաիւղ:

Ջուր յասմիկ եւ այլ ծաղկանց
կամ Միեասայիլէ (Չիչէք սույի)

Այս կէտին մէջ նշուած են երկու տարբեր բուսատեսակներու հետ նոյնականացուող անուններ: Առաջինը ջուր յասմիկի եւ այլ ծաղկանց (Չիչէք սույի) հաւաքական նիւթն է՝ յասմիկի եւ այլ ծաղիկներու մասնակցութեամբ, երկրորդը միեասայիլէ, որ կը կոչուի նաեւ «միա» ձիւթ է եւ կը ստացուի Արուսենի Հարաւային տեսակէն:

Յասմիկ դեղատու

Թուփ է: Բուսատեսակը տարածուած է Հարաւային Եւրոպա, Հիւսիսային Ափրիկէ, Հարաւ-Արեւելեան Ասիա եւ Հիւսիսային Ամերիկա: Նշուած մայրցամաքներու մէջ կը մշակուի որպէս եթերաիւղատու բոյս:

Արուսենի Հարաւային

Այս ծառատեսակէն արտազատուող իւղային ձիւթը կը կոչուի նաեւ «լեւանտական բալզամ»՝ տեսակի աճման վայրի ընդհանուր Լեւանտ (Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ, Թուրքիա) անունէն:

Քրքում
(Զաֆրան) Քրքում ցանովի

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Յայտնի է միայն մշակութեան մէջ: Արդիւնաբերական չափերով կը մշակուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Անոր մշակութեամբ յայտնի են Հարաւային Ֆրանսան եւ Սպանիան: Ծաղիկի վարսանդի գագաթնային մասը՝ եռաբաժան սպին, հանրայայտ համեմունք է:

Մարդակուշ
որուն պտուղն է հոտաւէտ
(Մէրզէնկուշ)
Խնկածաղիկ մայորանի

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Ունի միջերկրածովեան ծագում: Կը մշակուի Միջերկրական ծովու առափնեայ երկիրներու մէջ, Հարաւային Ասիա եւ Ամերիկա: Տերեւները կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Մահլապ
(Մէլապ)
Դափնեկեռաս դեղատու

Մշտադալար թուփ է: Տարածուած է Հարաւային Եւրոպայի, Փոքր Ասիոյ, Արեւմտեան Ասիոյ երկիրներու մէջ: Կը գործածուի սերմը:

Վաղմեռուկ
(Իթխիրէ մէքէ)
Ցիմբոպոգոն լիմոնգրասի

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Ծանօթ է միայն մշակութեան մէջ: Արդիւնաբերական չափերով կը մշակուի Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Մալեզիա: Տերեւներէն կը ստացուի լիմոնգրասի եթերաիւղ:

Կիպարիս
կամ Սօտիքօհի (Սիւյիւտ քիւհի)

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Տարածուած է աշխարհով մէկ, բայց աւելի շատ՝ Ասիայի արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային երկիրներու մէջ: Կը մշակուի նաեւ Ափրիկէ (Սահարայի ովասիս): Կոճղարմատի պալարանման հաստացումները կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Ասարիոն
(Էզարուն)
Ասարոն եւրոպական

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Կը հանդիպի հիւսիսային կիսագունդի բարեխառն գօտիի լայնատերեւ անտառներուն մէջ: Այն անցեալին աւելի ծանօթ դեղաբոյս էր, քան՝ այժմ: Կը գործածուի բոյսի զանազան մասերը, յատկապէս եթերաիւղով հարուստ արմատները:

Ջրվարդ
կամ պլպլուկ վարդ, (եապանի կիւլ) Վարդ հարիւրատերեւ

Թուփ է, ծագումով՝ հաւանաբար Իրանէն: Տարածուած է նաեւ Հարաւ-Արեւելեան Եւրոպա, Անդրկովկաս, Փոքր եւ Միջին Ասիա, Հնդկաստան: Պսակաթերթերը կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Երիցուկ կամ պապունաճ
(Փափաթիա չիչէյի)
Երիցուկ դեղատնային

Միամեայ խոտաբոյս է: Տարածուած է Եւրոպա (բացի ծայր հիւսիսէն), Ասիա (Փոքր Ասիայէն մինչեւ Փաքիստան), Հիւսիսային Ափրիկէ: Որպէս մոլախոտ թափանցած է Հիւսիսային Ամերիկա եւ Աւստրալիա: Ծաղիկները կը պարունակեն եթերաիւղ:

Մանուշակ
կամ պենեֆշէճ (Մէնէքշէ)
Մանուշակ բուրաւէտ

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Տարածուած է ամբողջ Եւրոպայի, Կովկասի, Իրանի, Փոքր Ասիայի եւ Միջին Ասիայի մէջ: Կը մշակուի Հարաւային Ֆրանսա, Սպանիա, Իտալիա, Ալճերիա եւ այլուր: Ծաղիկները կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Կոկոռի
կամ նոնուֆարի ծաղիկ. (Իւլիւֆէր կամ Նինէվֆէր չիչէյի)
Լոտոս ընկոյզակիր

Բազմամեայ ջրային խոտաբոյս է: Հաւանաբար, նաեւ մարդու կողմէն մշակուելու հետեւանքով ձեռք բերած է բնականէն աւելի մեծ տարածում՝ Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ եւ Աւստրալիայի հիւսիսը ու անոնց միջեւ ինկած ովկիանոսային կղզիներու մէջ, ինչպէս նաեւ Կասպից ծովու ափերուն՝ Վոլկայի եւ Քուռի գետաբերանները: Սերմերը եւ կոճղարմատը կը պարունակեն ամենաբազմազան նիւթեր:

Նարնջի ծաղիկ
(Թուրունճ չիչէյի)
Նարնջենի թթու

Մշտադալար ծառ է: Հայրենիքը կը նկատուի Հարաւային Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ Հնդկաչինը: Կը մշակուի Հարաւ-Արեւելեան Ասիայի մէջ: Ծաղիկները կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Պղպեղ սպիտակ
(Ֆլֆիւլ)
Պղպեղ սեւ

Օդային արմատներու օգնութեամբ մագլցող լիան է: Համեմունքներու միջազգային առեւտուրին մէջ ծանօթ սեւ եւ ճերմակ պղպեղ համեմունքները կը ստացուին նշուած տեսակէն, միայն սեւը բոյսի ամբողջ պտուղն է, ճերմակը՝ պտղակորիզը:

Բնութեան մէջ կը հանդիպի Հնդկաստան, Սրի Լանքա եւ Մալայեան կղզեխումբը: Կը մշակուի Ասիայի, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի արեւադարձային երկիրներու մէջ:

Վայրի կակաչի տերեւ
կամ կասլի տերեւ (Նիւմա կամ կելինճիք-չիչէյի եափրաղը)

Այս եւ յաջորդ կէտին մէջ բոյսերու անունները կը կրկնուին, թէեւ կը նշուին անոնց զանազան օրկանները: Երկուքին մէջ առկայ են երեք զանազան ցեղեր մատնանշող դարաւոր անուններ, կակաչ, կասլա, նումա: Հիմք ընդունելով նշուած բոյսերու գործածուող օրկաններու (տերեւ, ծաղիկ) կիրառական արժանիքները, ըստ երեւոյթին, այս կէտերուն մէջ յաջորդաբար պետք է ենթադրել կասլի տերեւը եւ նումայի ծաղիկը:

Դափնի ազնիւ

Մշտադալար ծառ է: Տարածուած է Միջերկրական ծովի առափնեայ երկիրներու ու կղզիներու մէջ, ուր, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովի առափնեայ գօտիին մէջ, կը մշակուի արդիւնաբերական չափերով: Բոլոր մասերը, յատկապէս տերեւը եւ պտուղը, կը պարունակեն հոտաւէտ եթերաիւղ:

Վայրի կակաչի ծաղիկ
կամ կասլի ծաղիկ (Նիւման կամ կելինճիք-չիչէյի) Ցիտրուս լիմետա, Նումայենի

Մշտադալար ծառ է, ծագումով՝ Հիմալայեաններէն: Կը մշակուի Հարաւային Եւրոպա, Հարաւ-Արեւելեան Ասիա, Ափրիկէ եւ Ամերիկա: Ծաղիկները եւ պտուղը կը պարունակեն կիտրոնի հոտով եթերաիւղ:

Մրտենւոյ տերեւ
(Մերսին աղաճը եափրաղը) Մրտենի սովորական

Մշտադալար թուփ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Միջերկրական ծովու առափնեայ երկիրներու եւ կղզիներու մէջ՝ տարածուելով դէպի արեւելք, կը հասնի մինչեւ Աֆղանիստան ու պատմական Պալուճիստան: Կը մշակուի Հարաւային Եւրոպա, Հիւսիսային Ափրիկէ (Ալճերիա, Եթովպիա, Սոմալի եւ այլն), Հնդկաստան եւ այլուր: Տերեւները եւ ծաղիկները կը պարունակեն եթերաիւղ:

Նարկիզ
կամ Նրճէս (Ներկիւզ)

Նարկիզ անունը կը կիրառուի երկու միանգամայն տարբեր ցեղեր անուանակոչելու համար: Ըստ երեւոյթին, աւելի հաւանական է երկրորդը (կը կրէ նաեւ Վաղենակ անունը), յատկապէս անոր դեղատու տեսակը, քանի որ առաջինին ծաղիկները չորնալով ի սպառ կը կորսնցնեն իրենց հոտաւէտութիւնը (եթերաիւղը):

Վաղենակ դեղատու

Միամեայ խոտաբոյս է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Միջերկրական ծովու առափնեայ երկիրներու մէջ՝ տարածուելով մինչեւ Իրան ներառեալ: Այդ երկիրներու մէջ նաեւ կը մշակուի: Ծաղիկներն ու սերմերը կը պարունակեն եթերաիւղ:

Պտուղ դափնոյ
կամ հապլղար (Տէֆնէ թօհումու) Դափնի ազնիւ
Լատեն (Աֆիոն րուհու)

Այս կէտին մէջ առկայ են ոչ համարժէք նիւթերու անուններ, որոնք կը ստացուին երկու զանազան բոյսերէ: Լատենը անուշահոտ ձիւթ է: Կը ստացուի Ցիստուս խնկաբեր տեսակէն: Աֆիոն րուհուն Կակաչ քնաբեր տեսակի կաթնահիւթն է, որ կը հանդիսանայ ափիոնի աղբիւր: Ատոնցմէ աւելի հաւանական է առաջինը:

Ցիստուս խնկաբեր

Մշտադալար թուփ է: Տարածուած է Միջերկրական ծովու առափնեայ երկիրներուն մէջ, ուր նաեւ կը մշակուի արդիւնաբերական չափերով: Ընձիւղները եւ տերեւները կը պարունակեն հոտաւէտ ձիւթ:

Կոճապղպեղ
(Զէնճէֆիլ) Կոճապղպեղ դեղատու

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Բնութեան մէջ չէ պահպանուած: Կը մշակուի աշխարհի գրեթէ բոլոր արեւադարձային երկիրներուն մէջ՝ յատկապէս՝ Հնդկաստան: Հանրածանօթ կոճապղպեղ համեմունքը կը ստացուի այս տեսակի կոճղարմատէն:

Մազտաքի
(Սագըզ) Պիստակենի մասթիքայի

Ծառ է: Բնութեան մէջ կը հանդիպի Միջերկրական ծովու ափամերձ երկիրներուն մէջ եւ կղզիները՝ թափանցելով Անատոլու, Սուրիա, Պաղեստին: Արդիւնաբերական նպատակով կը մշակուի յատկապէս Եգէան ծովու Քիոս կղզին: Մասթիքան ձիւթ է, որ կ՚արտազատուի ծառի բունէն:

Յուտ
որ ծխանելիք է (Ի՛ւտ կամ Էօտ աղաճը) Ակվիլարիա աղալուճի

Ծառ է: Տարածուած է Հարաւային Չինաստան, Հնդկաստան, Մալայեան կղզեխումբը, ուր կը մշակուի նաեւ արդիւնաբերական չափերով: Բնափայտէն կը ստացուի հոտաւէտ ձիւթ:

Ամպար
(Ամպէր) Աբելմոսխուս մշկահոտ

Միամեայ խոտաբոյս է: Տարածուած է Հարաւ-Արեւելեան Ասիայի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիայի արեւադարձային գօտիի մէջ: Կը մշակուի եւ կ՚արտահանուի նշուած մայրցամաքներէն: Սերմերէն կը ստացուի արժէքաւոր եթերաիւղ՝ ամբրետա:

Մուշկ
(Միսք)

Մուշկը խիստ հոտաւէտ նիւթ է, որուն հոտը կը պահպանուի երկար ժամանակ: Ըստ ծագման այն կարող է ըլլալ կենդանական եւ բուսական, որոնք իրարմէ կը տարբերուին իրենց քիմիական կաոուցուածքով: Կենդանական մուշկը կը յառաջանայ կաթնասուններու եւ սողուններու մաշկային գեղձերուն մէջ: Այդպիսի գեղձեր ունին մշկայծեամի, մշկամուկի, կուղբի, կոկորդիլոսի արուները: Արդիւնաբերական նպատակով մուշկը յաճախ կը ստացուի մշկայծեամէն, որ տարածուած է Արեւելեան եւ Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ մէջ: Յաճախ զայն կը կոչուի ձեռք բերման վայրի անունով (մուշկ Թիպէթի, Մուշկ Պենկալի եւ այլն): Բուսական մուշկ կը պարունակեն զանազան բոյսեր:

Նարդոս խաթայի
(Սիւմպիւլի խիթայի) Նարդոս գարշահոտ

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Կը հանդիպի Միջերկրական ծովու առափնեայ երկիրներուն մէջ եւ, տարածուելով դէպի արեւելք, կը հասնի Չինաստան ու Հիմալայեաններ: Կը մշակուի Արեւելքի երկիրներու մէջ, ուր ծանօթ է «պարսկական արմատ» անունով: Արմատի կաթնահիւթը կը պարունակէ ձիւթ, խեժ, եթերաիւղ եւ այլ նիւթեր:

Արմատ մանուշակի
(Մէնէքշէ Քէօքիւ) Հիրիկ գերմանական

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Կը հանդիպի Միջերկրական ծովու առափնեայ երկիրներու մէջ: Արդիւնաբերական չափերով կը մշակուի նաեւ Ասիայի երկիրները, սկսած Փոքր Ասիայէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Նեփալ ներառեալ: Կոճղարմատը կը պարունակէ մանուշակի բուրմունքով եթերաիւղ:

Մատուտակ
կամ Հոռոմ խունկ (Միա)

Նշուած անունները համարժէք չեն: Մատուտակը քաղցրահամ արմատով բոյսի անուն է: Հոռոմ խունկը կը ստացուի Ստիւրակ դեղատուէն, իսկ Միան՝ Արուսենի հարաւային տեսակէն: Սրբալոյս Միւռոնին համահունչ են վերջին երկու նիւթերը, որոնց մասին արդէն խօսուած է: Այստեղ հարկ է ծանօթանալ մատուտակի հետ:

Մատուտակ մերկ

Բազմամեայ խոտաբոյս է: Տարածուած է ամբողջ Եւրոասիայի մէջ, այդ կարգին՝ Կովկաս եւ Անդրկովկաս: Կոճղարմատը ունի լայն կիրառութիւն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023