ԵԶԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐ
Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձը այս տարի առանձնակի շուքով նշուեցաւ: Ձեռնարկներուն մեծ մասը Կիւմրիի մէջ էր: Կիւմրին էր այս տարուան անկախութեան օրուան տօնական քաղաքը, որ պատշաճ կերպով ընդունեց եւ ճանապարհեց անկախութեան օրուան ձեռնարկին մասնակից հիւրերը: Կիւմրեցիները կատակով ըսին, թէ եթէ Երեւանը մայրաքաղաք է, ապա Կիւմրին ալ՝ հայրաքաղաք է եւ կրնայ մշտապէս պահել այդ կոչումը:
Կիւմրիի մէջ անկախութեան տօնը նշելը ապակեդրոնացումի առաջին քայլերէն մէկն է, որ որդեգրած է ներկայ կառավարութիւնը: Մայրաքաղաք Երեւանը արդէն իսկ բոլոր տօնական օրերուն տօնական հանդերձի մէջ է, եւ հիւրերն ալ անպակաս են, հարցը Երեւանէն հեռու քաղաքներն ու գիւղերն են, որոնք ամիսներով տխուր եւ մռայլ վիճակի մէջ են:
Համայնքներու համաչափ զարգացումի այս ճանապարհը, որ որդեգրուած է նոր կառավարութեան կողմէ, իբրեւ յառաջիկայ հինգ տարիներու ծրագիր, յուսանք որ շարունակութիւն կ՚ունենայ եւ Հանրապետութեան միւս քաղաքներն ալ կը ներգրաւուին ընդհանուր մթնոլորտին մէջ:
28 տարի առաջ՝ 1991 թուականին, ոչ միայն Կիւմրին, այլեւ ամբողջ Հայաստանը մասնակից էր անկախութեան ուրախութեանն ու հրճուանքին: Խորհրդային Միութեան փլուզումն ու այդ կապանքներէն հայ ժողովուրդի ազատագրումը համազգային տօնակատարութեան վերածուած էր Հայաստանի ողջ տարածքին: 1991 սեպտեմբեր 21-ին կայացած հանրաքուէի մասնակիցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը «այո» ըսած է անկախութեան, եւ երկու օր յետոյ, սեպտեմբեր 23-ին, Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանի Հանրապետութիւնը հռչակած է անկախ պետութիւն:
1991 թուականը արդէն պատմական իրադարձութիւններու կարգին կը դասուի: Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն բաժնին մէջ կը պահուին Հայաստանի անկախութեան անցած ճանապարհը խորհրդանշող բազմաթիւ նմոյշներ, որոնց մեծ մասը ազգային խորհրդանիշներ է, պետական նշանակութեան իրեր, լուսանկարներ, յիշողութիւն արթնցնող պատկերներ. բոլորն ալ թանկագին մասունքներ են եւ առանց անոնց հնարաւոր չէ երեւակայել այսօրուան մեր օրը…
21 սեպտեմբերին Երեւանի Պատմութեան թանգարանը լեցուն էր այցելուներով… Շատերը հետաքրքրուած էին մանաւանդ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան շըր-ջանով. պատմութիւն մը, որուն կերտողներէն մէկն ալ այսօրուան սերունդն է եւ որու ուսերուն է այդ անկախութիւնը պահելու առաքելութիւնը:
Քիչ չէին նաեւ զբօսաշրջիկները, որոնք ամենայն մանրամասնութեամբ կը հետա-քըրքրուէին ամէն մէկ իրով, լուսանկարով…
Պարզ շեփոր մը կայ իբրեւ ցուցանմոյշ. անոր քովէն շատեր կրնան անտարբեր անցնիլ, եթէ չգիտնան անոր պատմութիւնը… Ատիկա 1988 թուականին համազգային շարժումի ժամանակ հանրահաւաքներու սկիզբը ազդարարող շեփորն է: Շեփորահար Աշոտ Միրզոյեան հանրահաւաքներէն առաջ կը հնչեցնէր «Ինչո՞ւ կ՚աղմկէ գետը» հայկական շարժանկարի երաժշտութիւնը, եւ հանրահաւաքները առանց այդ կանչին չէին սկսեր: Իսկ այդ հանրահաւաքներն էին, որ անկախութեան ճանապարհ հարթեցին: Շեփորը երկար ժամանակ կը պահուէր Աշոտ Միրզոյեանի տան մէջ, բայց ան, ի վերջոյ, որոշած է զայն նուիրել Պատմութեան թանգարանին: Ճիշդ է, որ այսօր շեփորահարը կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, բայց ամէն Հայաստան այցին, ինչպէս կը նկատէ թանգարանի աշխատակիցը, անպայման թանգարան կ՚այցելէ եւ կը պտըտի սրահներուն մէջ՝ երկար կանգ առնելով անկախութեան խորհրդանիշներուն առջեւ:
Թանգարանին մէջ նաեւ կան 1988-ի հանրահաւաքնէրէն լուսանկարներ, որոնց մէջ երիտասարդ շեփորահարը, Օփերայի տարածքին կից շէնքերէն մէկուն տանիքին վրայ, կը հնչեցնէ շեփորը… Ան իր շեփորով բոլորովին պատահական յայտնուած է Թատերական հրապարակը եւ որոշած է նուագ մը հնչեցնել: Պատահական առնուած այդ որոշումը արդէն անբաժան մասն է ազգային-ազատագրական շարժումին:
Երրորդ հանրապետութեան սրահին մէջ իր պատուաւոր տեղն ունի Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը: Անոր մէջ տասներկու դրոյթներով նշուած է նորանկախ Հայաստանի անցնելիք ճանապարհը: Այս հռչակագիրը, որ բնօրինակն է, թանգարանին նուիրած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ստորագրութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր այս փաստաթուղթը, Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ միասին, մեր պետութեան երկու հիմնարար փաստաթուղթերէն մէկն է, որ Սահմանադրութեան հետ կը կազմէ մէկ միասնական ամբողջութիւն, քանի որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը խարսխուած է Անկախութեան մասին հռչակագրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն եւ նպատակներուն վրայ:
Աւելի ուշ՝ 1995 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան առաջին օրինակն ալ թանգարանին մէջ կը պահուի իբրեւ կարեւոր ցուցանմոյշ:
Հայաստանի անկախութենէն մէկ տարի մեծ է հռչակագիրը, անիկա անկախութենէն մէկ տարի առաջ՝ 1990 թուականին ընդունած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը:
Թանգարանի աշխատակիցը համբերատար կերպով բոլոր այցելուներուն կը ներկայացնէ այդ օրերուն երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը, որուն մասնակից եղած է նաեւ ինք, եւ կ՚ըսէ, թէ ամէն անգամ այդ օրերը յիշելով, իրապէս, յուզմունք կ՚ապրի: Ան կ՚առաջարկէ այցելուներուն՝ ընթերցել հռչակագրի տասներկու կէտերը, ապա առաջ անցընել:
Հռչակագրի ընդունումէն մէկ տարի ետք, Գերագոյն Խորհուրդի նիստին ժամանակ, զայն ընթերցեց երեսփոխան Արամ Մանուկեան: Ծանօթ այդ լուսանկարը նոյնպէս պատմական ցուցանմոյշ մըն է: Լուսանկարին մէջ չ՚երեւիր, բայց իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Արամ Մանուկեան խոստովանած է, որ հռչակագիրը ընթերցելու ժամանակ իր ծունկերը յուզմունքէն դողացած են:
Հռչակագրին հետ թանգարանին մէջ ցուցադրուած է նաեւ այն գրիչը, որով Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ստորագրած է հռչակագիրը: Իսկ առանց անկախութեան հանրաքուէի քուէաթերթիկի նմոյշին, այս ցուցադրութիւնը, անշուշտ, ամբողջական չէր կրնար ըլլալ: Թանգարանին մէջ նաեւ այդ քուէաթերթիկի նմոյշը կը պաուհի՝ «Այո» եւ «Ոչ» նշագրումով: Ընտրութեան իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 94 տոկոսէն աւելին «Այո» ըսած են անկախանալու մասին հարցումին:
Թանգարանի աշխատակիցները անձամբ հաւաքած են բոլոր իրերը՝ դիմելով նախագահի աշխակազմին եւ այլ վայրեր՝ խնդրելով թանգարանին տրամադրել Երրորդ հանրապետութեան վերաբերող ամէն ինչ: Փաստաթուղթերը, իրերը ամբողջացած են այդպիսի հաւաքչական աշխատանքի արդիւնքով եւ այսօր հարուստ հաւաքածոյ կը կազմեն, որ սակայն ամէն տարի կը համալրուի, քանի որ անկախ Հայաստանի պատմութիւնը ամէն օր կը կերտուի:
Այդ հաւաքածոյին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն լուսանկարները: Եթէ չըլլային իրերը, փաստաթուղթերը եւ ուրիշ ցուցանմոյշներ, լուսանկարները արդէն բաւական են՝ անկախութեան առաջին օրերու եւ անցած ճանապարհի մասին պատկերացում մը կազմելու համար: Լուսանկարները թանգարանին նուիրած են ինչպէս յայտնի լուսանկարիչներ, այնպէս ալ՝ անհատ մարդիկ, որոնք այդ օրերէն իրենց ունեցած հազուագիւտ պատկերները թանգարան տարած են: Մինչեւ այսօր ի յայտ կու գան նորանոր լուսանկարներ, որոնք տեսնուած չէին եւ թանգարանը սիրով կ՚ընդունի զանոնք:
Թանգարանին շատ կարեւոր եւ նուիրական իր մը տրամադրած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը: Ան թանգարանին նուիրած է իր անձնագիրը. Հայաստանի առաջին անձնագիրը տրուած է Վազգէն Ա. Հայրապետին, եւ վաւերականութեան ժամկէտը լրանալուն պէս ան թանգարան ղրկած է այդ խորհրդանշական փաստաթուղթը: Ինք անձամբ ողջունած եւ օրհնած է Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի ընդունումը, ինչպէս նաեւ օրհնած է նորանկախ Հանրապետութիւնը: Լուսանկարներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը, անկախութեան առաջին տարիներուն, ամէնուր է: Անոր աջը օրհնաբեր եղած է Հայաստանի անկախութեան համար:
1988 թուականի փետրուար 25-ին Արցախը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու հարցով Վեհափառ Հայրապետը դիմած է ԽՍՀՄ-ի նախագահ Միխայիլ Կորպաչովին, Արցախեան շարժման ընթացքին ան խորհրդային եւ միջազգային ամենաբարձր ատեաններուն մէջ լսելի դարձուցած է արցախահայութեան ձայնը: Հայրապետական առանձին տնօրինութեամբ վերահաստատած է Հայ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմը (1989), ձեռնարկած է Հայաստանի եւ Արցախի կարգ մը եկեղեցիներու ու վանքերու վերաբացման ու վերանորոգումին:
1992 թուականի մայիս 28-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն էր, որ յատուկ կոչով դիմեց Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներուն՝ սատարելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման: Մինչեւ այսօր գործող հիմնադրամը Հայաստանի անկախութեան հետ գրեթէ հաւասար ճանապարհ մը անցած է:
Իբրեւ հայագէտ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ Անկախութեան առաջին տարիներուն՝ հայագիտութեան բնագաւառէն ներս, եւ հայագիտութեան յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները նոյնպէս անկախութեան կերտման անբաժան մասն են: Ցուցանմոյշներու կարգին է նաեւ Վեհափառ Հայրապետի ձեռքով գրուած կոնդակը:
«Անկախութեան միւռոն» եւ «Անկախութեան Տիրամայր». ահաւասիկ երկու լուսանկար, որոնց քովէն առանց յուզմունքի եւ առանց ակնածանքի կարելի չէ անցնիլ: Ծանօթ է որ, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնած վերջին՝ վեցերորդ միւռոնը՝ 1991 թուականի սեպտեմբեր 29-ին, անուանած է «Անկախութեան միւռոն», որով օծած է Մայր Տաճարի Աւագ խորանի «Տիրամայրը Մանկան հետ» պատկերը՝ զայն անուանելով «Անկախութեան Տիրամայր»: Նկարիչ՝ Գրիգոր Խանճեանի գծած այդ Տիրամայրը առանձնայատուկ տեղ ունի Հայոց Եկեղեցւոյ բոլոր Տիրամայրերուն մէջ:
Միաժամանակ, Վազգէն Ա. Կաթողիկոս առաջինն էր, որուն տրուած է Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչումը: Հայաստանի բարձրագոյն կոչումին արժանացած միւս հերոսներուն լուսանկարները՝ իրենց կենսագրութիւններուն եւ անցած ճանապարհին մանրամասնութիւններով, անկախ Հայաստանի պատմութեան կարեւորագոյն դրուագներէն են: Վերջին անգամ Ազգային հերոսի կոչումը շնորհուած է պոլսահայ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանին՝ 2017 թուականի դեկտեմբերին: Անոր ղեկավարած Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը Հայաստանի անկախութեան 28 տարիներուն բոլոր գլխաւոր ձեռնարկներու հիմնական ելոյթ ունեցողը եղած է: Երգչախումբը փառաւոր համերգներ ունեցած է նաեւ արտասահմանի մէջ՝ Հայաստանը ներկայացնելով աշխարհին:
Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին եւ անկախութեան շրջանին անոր գործունէութիւնը ներկայացնող լուսանկարներուն կողքին կան նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու գործունէութիւններէն դրուագներ: Հայոց Եկեղեցին մեծ դեր ունեցած է անկախութեան տարիներուն: Հայ ժողովուրդը, անկախ ըլլալու իր կամքը արտայայտելու զուգահեռ, ապաւինած է հաւատքին, Եկեղեցւոյ եւ Հայոց Եկեղեցին է, որ պահապան եղած է բոլոր դժուար ժամանակներուն: Իսկ անկախութեան ճանապարհը, որ գեղեցիկ լուսանկարներով կը փայլի թանգարանի պատերուն, դիւրին չէ եղած: Անիկա դժուար օրերու եւ մաքառումներու ճանապարհ մըն է…
Հայաստանի եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ այլ խորհրդանիշներ իրենց տեղը գտած են Երրորդ հանրապետութեան սրահին մէջ: Նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի եւ ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի հեղինակած զինանշանը դրօշին հետ մէկ ամբողջականութիւն կը կազմէ: Դրօշի գոյներուն ընտրութեան մասին շատեր կը հարցնեն. աշխատակիցը կը պատասխանէ. «Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար: Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի տակ: Նարնջագոյնը կամ՝ ինչպէս այսօր արդէն կ՚անուանեն՝ ծիրանագոյնը, կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը»:
Աշխատակիցները կը յիշեցնեն, որ այս դրօշը Հայաստանի Ա. հանրապետութեան դրօշն է, եւ դրօշին մասին կայ նաեւ Սիմոն Վրացեանի պատմական վկայութիւնը. «Դրօշակի ձեւին եւ գոյնին շուրջ եղան բաւական երկար խորհրդակցութիւններ. նկատի առնուեցան հայոց պատմական դրօշակները, լսուեցաւ հայկաբան Ստեփանոս Մալխասեանցի հիմնաւորուած զեկուցումը հայկական դրօշակի մասին եւ, ի վերջոյ, որոշուեցաւ ընդունիլ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարինջի երեք գոյները՝ պայմանով, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր ժողովին կողմէ, որ պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածներուն միացումէն ետք»:
Շատեր կը լուսանկարուին մանաւանդ դրօշին քով:
Թանգարանը ունի նաեւ ուսուցման բաժին մը, որ դպրոցականներուն համար դպրոցական տարեշրջանին ծրագիր պատրաստած է՝ անկախութեան ցուցանմոյշներուն հետ մէկիկ-մէկիկ ծանօթացնելու միջոցով: Թանգարանի աշխատակիցները վստահ են, որ նոր սերունդը անկախութեան պահպանման գործին մէջ մեծ դեր ունի, եւ զանոնք պէտք է հաղորդակից դարձնել անցած ճանապարհին եւ անկախութեան նշանակութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ