ՀԱՆՐԱՇԱՐԺԻ ՄԷՋ

Համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանն աչքի կ՚իյնայ իր գոյնզգոյն, անթիւ ու անհամար թաքսիներով, դեղին ու մանիշակագոյն հանրաշարժերով ու ողնայարը կոտրած, հալումաշ եղած, անյիշելի ժամանակներէ մնացած երթուղայիներով:

Է՜հ կը կարծէք, թէ մեր թաքսիներու շարժավարները իրենց ամբողջ կեանքի հոլովոյթին թաքսի՞ վարած են... Գիտէք, Ռուսաստանի մէջ ինչ գործեր ըրած են, ոմանք նոյնիսկ Եւրոպաներու մէջ: Մէկը նախկին գործարար է, միւսը՝ զինուորական մը կամ ոստիկան, պետական աշխատակից եւ այլն: Երթեւեկութեան 10-15 վայրկեանի ընթացքին շարժավարը ձեզի կը պատմէ, թէ մինչեւ թաքսի վարելը ինչպիսի կեանք ապրած է: Չէք հաւատա՞ր, համեցէք Հայաստան ու նստէք որեւէ թաքսի:

Բոլոր շարժավարներու պատմութիւնները գրեթէ նոյնն են, թէեւ ի հարկէ, բացառութիւններ ալ կան: Իսկ եթէ տուեալ անձը նկատէ, թէ դուք ինչպիսի համակ ուշադրութեամբ կ՚ունկնդրէք իր պատմութիւնը, երբեք ու երբեք չի համարձակիր շեղել ձեր ուշադրութիւնը: Փոխարէնը քանի մը քիլօմեթրով կ՚երկարէ ձեր ուղին: Ի դէպ՝ չմոռնաք ձեր քովը ունենալ մանրադրամ, քանզի մեր յարգարժան շարժավարները երբեք զայն չեն ունենար, աւելի ճիշդ կը հաւաստիացնեն, թէ չունին:

Իսկ որո՞նք են թաքսիի ու հանրաշարժի շարժավարներու միջեւ եղած տարբերութիւններն ու նմանութիւնները: Պիտի ըսէք շարժավարը շարժավար է, ինչ տարբերութիւն: Ո՛չ, չարաչար կը սխալիք: Մէկ կողմ ձգելով նմանութիւնները, զոր օրինակ, երկու տեսակի փոխադրամիջոցներու շարժավարները շատ կը սիրեն ծխել, գրեթէ միշտ կ՚ըլլան չսափրուած, չածուիլուած։ Կը նախընտրեն սեւ գոյնն ու անճաշակ երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ իրենց վարած փոխադրամիջոցի մէկ անկիւնը կամ հայելիյէն կախուած կ՚ունենան սրբապատկեր մը կամ խաչ մը:

Երթուղայիններ ալ կան, որ կը թողեն թանգարանի տպաւորութիւն: Ինչե՜ր-ինչեր կան կախուած պատերէն ու շարուած դիմապակիի դիմաց. սրբապատկերներ, փափուկ խաղալիկներ, արհեստական ծաղիկներ, յուշանուէրներ, գլուխը շարժող խաղալիկ շնիկ...

Թաքսիի ու հանրաշարժի շարժավարներու միջեւ եղած գլխաւոր տարբերութիւնն այն է, որ թաքսիի վարորդները աւելի քաղաքավար եւ ուշադիր են ուղեւորներու նկատմամբ, կը յարգեն ուղեւորի կարծիքն ու ցանկութիւնները. զոր օրինակ, առանց թոյլտուութիւն խնդրելու չեն ծխեր ինքնաշարժի մէջ, ուղեւորին կը դիմեն «դուք»ով:

Իսկ «հարիւր դրամնոց մարդասպանի» պիտակ ստացած հանրաշարժներու, երթուղայիններու շարժավարներու մեծամասնութիւնը հազարաւոր քիլօմեթրերով հեռու մնացած է քաղաքակրթութենէ: Իւր շարժուող տարածքի մէջ զինքը թագաւոր, տէր ու տիրակալ հռչակած տգէտ շարժավարը դիմացինի հետ կը վարուի ինչպէս որ կ՚ուզէ:

Երկու օր առաջ աճապարանքէս գլուխս կորսնցուցած էի: Այն աստիճան, որ պահ մը մոռցայ, թէ ո՛ր համարի երթուղայինը պէտք է նստիմ, մինչդեռ այն կեցած էր իմ դիմաց: Վերջին վայրկեանին խելքս գլուխս հաւաքեցի ու Զաւէնիկը գրկած նստայ:

Մենք նստանք, ինծի պէս կենացները խառնած կին մըն ալ իջաւ. պարզեց որ սխալ փոխադրամիջոց մը նստած է: Եօթանասունն անց ալեզարդ շարժավարը փնթփնթալու սկսաւ.

-Կը բաւէ ալ: Այսօր չորրորդ դէպքն է, որ կը շփոթեն երթուղայինը: Ապուշ էք ինչ էք, թէ աչքերնիդ չի տեսնար: Եթէ տեսողութեան հետ խնդիր ունիք, քանի մը ակնոց վրայ վրայի դրէք: Նեարդներս քայքայեցին ասոնք:

-Վարպետ ճան, մի բորբոքուիր, մարդ ենք, ամենքիս հետ ալ կրնայ պատահիլ,- հանգիստ կերպով տարիքն առած շարժավարը կը փորձէր հանգստացնել իր քովը նստած երիտասարդ մը:

-Ախր որերո՞րդ դէպքն է արդէն, այդ յիմարներու ձեռքը կրակն ինկանք,- բորբոքած շարունակեց շարժավարը:

-Ներողամիտ եղէք, մարդիկ են, նոյն բանը կրնայ նաեւ ձեզի հետ պատահիլ,- ըսաւ երիտասարդը, փորձելով մեղմացնել վերջինիս անհիմն զայրոյթը:

-Դուն ո՞վ ես, որ ինծի խրատ կու տաս: Գնա՛, ինքզինքիդ դաս տուր... սրան նայեցէք,- ձայնը բարձրացուց շարժավարը ու յաւելեց,- իջի՛ր երթուղայինէս լակոտ:

Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղրը» դարձաւ: Մինչեւ կանգառ հասնիլը երթուղայինի մէջ կիրքերը թէժացան, ձայները բարձրացան եւ սկսաւ իսկական կռիւ մը: Շատ քիչ մնացած էր, որ վիրաւորանքներով ու անյարիր հայհոյանքներով ուղեկցուող կռիւը վերածուէր ծեծկռտուքի:

Վախցած՝ երթուղայինէն իջայ: Կը փորձէի ձեւով մը հանգստացնել՝ անցաւ գլուխը ցաւի տակ դրած երիտասարդը: Իսկ Զաւէնիկը անդադար կու լար կանչելով. «տէտի, տէտի»:

Փոքրիկս կ՚անհանգստանար ապիկար տարեց շարժավարի համար: Ա՜խր ես ինչպէս բացատրէի իմ երեքամեայ փոքրիկին, որ այդ մեծ հայրիկը, որու համար ան արցունք կը թափէր, բնաւ սուրբ չէ: Պարզապէս փորձեցի հանգստացնել ըսելով, թէ անոնք խաղ մը կը խաղան, վախնալու կարիք չկայ:

Ահաւասի՛կ, հենց այսպէս ալ կ՚ապրինք…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020