ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՊՈԼԻՍ
Օդանաւ, օդանաւ,
Ո՞ւր կ՚երթաս օդանաւ,
Տար մեզի օդանաւ,
Ո՞ւր կ՚երթաս օդանաւ։
Օդանաւ, օդանաւ,
Մենք կ՚ուզենք երթալ
Հայաստան օդանաւ…
Հայրենիքէս հեռու, տաղտկալի կարօտի դրդմամբ յաճախ՝ մտքիս մէջ կամ բարձրաձայն կ՚երգէի Արթօ Թունչպոյեաճեանի գեղեցիկ երգի այս տողերը։ Եւ ահա, չորս երկարուձիգ տարիներ անց, օդանաւը՝ ի մտի առնելով իմ սրտի բաղձանքը, մեզ մշտական բնակութեան համար փոխադրեց Հայաստան։
ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՊՈԼԻՍ
Սա պահուն, երեւանեան բնակարանիս բազմոցին նստած ջերմութեամբ կը մտաբերեմ անցեալի ստուերներու տակ քօղարկուող իսթանպուլեան տարիներս։
Օրեր առաջ Իսթանպուլ-Երեւան անպատեհ ժամու օդանաւը զիս՝ հանդերձ ընտանեօք վերջնականապէս պոկեց Պոլիսէն։ Սակայն, կարծես ես այդ էջը տակաւին հոգեպէս չեմ կրցած գոցել։ Մնացի այնտեղ՝ ամպերէն վեր, օդին մէջ. ո՛չ Պոլիս եմ, ոչ ալ Երեւան, այլ երրորդ կէտի մը վրայ։ Սակայն մէկ բան յստակ գիտեմ՝ երջանիկ եմ, անսահման երջանիկ… Այլեւս կրնամ զգալ, կրնամ լիաթոք շնչել, քանզի իմ սրտի զարկերը միայն հայրենեայց հողին վրայ կը բաբախեն առանց թրթիռի…
Որախ եմ, որ կրցայ բաց ճակատով գոցել իմ իսկ կամօք ընտրած չորսամեայ տեւողութեան վերջին էջը՝ առանց վերջակէտ դնելու։ Վերջակէտը անհասկնալի պատճառներով տակաւին կ՚ուշանայ։ Յիրաւի, ինծի յայտնի չէ, թէ ե՛րբ պիտի դնեմ կէտադրական այդ նշանը, կամ արդեօք պիտի դնե՞մ։ Ճակատագրի հեգնանքով վերադարձայ ճիշդ այն նոյն կէտը, ուրկէ սկսած էի ինն տարի առաջ՝ բաժնուելով ծննդավայրէս։ Սակայն, ներկայիս պայմաններն ու հնարաւորութիւնները ուրիշ են։ Այժմ ես առանձին չեմ, ունիմ ընտանիք՝ ամուսին ու հրաշք մանուկ մը։ Ձեւով մը կրկին յայտնուած եմ զերոյական կէտին։ Վստահ եմ, թէ պիտի յաջողիմ մեր կեանքի նոր էջը լեցնել նորանոր յաջողութիւններով ու ձեռքբերումներով։
Վայրկեան մը, վերջակէտ չդրած, չեմ կրնար նոր տողէ սկսիլ։ Հասկցայ, հասկցայ… Պոլիսը ինձմէ երախտիքի խօսք մը կ՚ակնկալէ։
Եւ այսպէս, թրքագէտի մը համար Թուրքիան երազ մըն է, իսկ թրքերէն իմանալ, թրքախօսի մը հետ շփուիլ՝ մեծ երանութիւն, ինչու չէ՝ բախտաւորութիւն։ Համալսարանական առաջին տարիներուս ես նոյնպէս համացանցի, դիմատետրի վրայ կը փնտռէի թուրքեր, որոնց հետ պիտի հաղորդակցէի իմ սերտած թրքերէն քանի մը բառով։ Այն ատեն չէի գիտեր, թէ Թուրքիոյ մէջ կը բնակի հայ, պոլսահայերու գոյութեան մասին լուր չունէի։ Իսկ երբ երրորդ ուսումնական տարեշրջանին իմացայ՝ անակնկալի եկայ։ Այդ օրուընէ սկսայ շփուիլ պոլսահայերու հետ։ Անոնց կեանքին, կենցաղին ու առօրեային վերաբերեալ ամէն բան կը շարժէր իմ հետաքրքրութիւնը։ Բազում անպատասխան հարցեր ունէի, բաց աստի, Թուրքիա մեկնիլ, թրքերէն իմանալը ինծի համար կը շարունակէր մնալ բաղձանք…
Պարզապէս կ՚երազէի ամիս մը ապրիլ Պոլիս, զարգացնել թրքերէնս, տեղւոյն վրայ ճանչնալ մեր դրացի ժողովուրդը։ Մտքիս ծայրէն անգամ չէր անցներ, թէ օր մը՝ ոչ թէ ամիս մը, այլ չորս երկար տարիներ պիտի ապրիմ Թուրքիոյ մէջ։ Մեր դրացի ժողովուրդը լաւագոյնս ճանչնալու զուգահեռ՝ պիտի ճանչնամ ու ձուլուիմ տեղւոյն հայկական համայնքին, ի վերջոյ՝ թրքերէնս յառաջացնելու կողքին պիտի սորվիմ արեւմտահայերէն, եւ, որ հայոց լեզուի երկրորդ ճիւղը ինծի համար պիտի վերածուի ստեղծագործական լեզուի, առօրեայ խօսակցականի… Միմիայն բարկութեան, զարմանքի ու հրճուանքի պահերուն անգիտակցաբար պիտի արտայայ-տըւիմ արեւելահայերէնով, աւելի ճիշդ՝ արցախեան բարբառով։ Մի խօսքով՝ բնաւ չէի խորհած, թէ օր մը կարելի է ամուսնանամ պոլսահայու մը հետ։ Սակայն եկուր եւ տես, որ թէպէտ կեանքի մէջ հրաշքներ չկան, սակայն կեանքը լի է հրաշքներով…
Այժմ մտովի թերթելով անցեալի էջերը կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Պոլիսին, զիս անդադար զարմացնելու, իմ առջեւ նորանոր դռներ բանալու համար։ Հպարտութեամբ պէտք է խոստովանիմ, որ Իսթանպուլի մէջ իմ մեծագոյն ձեռքբերումը ընտանիքս էր ու իմ հրաշամանուկը։ Նոր միջավայրի, մշակոյթի ու սովորոյթներու հետ ձուլումը դիւրին չեղաւ։ Սակայն վեհագոյն զգացումի մը միջոցաւ, զոր կը կոչենք սէր, ես կրցայ յաղթահարել իմ առջեւ ծառացած գրեթէ բոլոր դժուարութիւններն ու խնդիրները։ Մինչեւ վերջին պահը Պոլիսը չդադրեցաւ զիս զարմացնելէ։ Ան տեւական ինծի համար կը բանար նորանոր լուսաւոր դռներ, որոնց շեմը հատելը պարզապէս կը պահանջէր քիլօ մը համարձակութիւն, պտղունց մըն ալ քաջութիւն։ Ամէն անգամ ես կը յայտնուէի, ինծի համար լրիւ անծանօթ բնագաւառի մը մէջ, ու հետաքրքրասիրութիւնս բաւարարելու, նոր աշխարհ մը բացայայտելու, վերջապէս կեանքի նոր փորձ մը ու գիտելիքներ ձեռք բերելու համար, չէի գոցեր իմ առջեւ բացուած դռները, այլ համարձակօրէն կը յառաջանայի։ Հուսկ, շնորհակալ եմ բոլոր այն մարդոց, որոնք վստահեցան ինծի, որոնք իմ կեանքին նոր լուսաւոր երանգներ հաղորդեցին։ Յուսահատութիւններ ու հիասթափութիւններ ալ շատ ապրեցայ, սակայն լաւը, բարիքը այնքան շատ էր, որ գոցեց տխուր ապրումները…
Օդանաւին մէջը
Տետէն եւ եաեան ըլլան
Սարգիսն ու Մարիամը ըլլան…
Ճիշդ է մեր օդանաւին մէջ չկային տետէն ու եաեան՝ Մարիամն ու Սարգիսը։ Սակայն մեզի հետ են Առլինն ու Ռիթան, որոնց կեցութեան օրերուն, մենք իւրաքանչիւր երեկոյ միասնաբար կը վայելենք երեւանեան դիւթիչ երեկոները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան