ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Երեւանի Աբովեան պուրակի հարեւանութեամբ կը գտնուի Հայաստանի հոգեւոր եւ մշակութային կարեւորագոյն կեդրոններէն մին՝ Ազգային գրադարանը: Պաշտօնապէս 1922 թուականին հիմնուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանը, սակայն անոր պատմութեան սկիզբը սովորաբար կը համարուի 1832 թուականը, երբ կը ստեղծուէր Երեւանի Արական մարզական գրադարանը։ Հայաստանի Նախարարներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած օրէնքով՝ գրադարանը կը ստանայ պետական գլխաւոր գրադարանի կարգավիճակ։ 1919-1921 թուականներուն գրադարանի առաջին տնօրէն Ստեփան Կանայեանի ջանքերով կարելի կ՚ըլլայ հաւաքել, գնել եւ ժողուել Թիֆլիզի, Պաքուի, Ախալցխայի եւ Կարսի հայկական կազմակերպութիւններու, ընկերութիւններու, ուսումնական հաստատութիւններու գրադարանները եւ զանոնք տեղափոխել Երեւան։ Այդպէս կը ձեւաւորուի իր տեսակին մէջ եզակի այս գրադարանը, որ այցելութեան վայր դարձած է բազմաթիւ գիտնականներու, նշանաւոր մարդոց, երիտասարդութեան համար: Գրադարանը այսօր տեղաւորուած է չորս մասնաշէնքերու մէջ: Անոնցմէ մէկն ալ ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանի նախագծով կառուցուած հրաշագեղ շէնքն է, ուր ալ կայացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հանդիպումը Ազգային գրադարանի տնօրէն, Տիգրան Զարգարեանի հետ, որ գրադարանային գործի լաւագոյն հայ մասնագէտներէն մին է: Ան Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն նշանակուած է 2011 թուականին, գրադարանագործութեան ասպարէզէն ներս ունի աւելի քան քսանհինգ տարուան փորձառութիւն, 2014 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի»ի մետայլով։
-Պարոն Զարգարեան, այժմ կը գըտ-նըւինք վայրի մը մէջ, ուր կը պահուին հայերէն ամենէն հին գիրքը, հայ տպագիր առաջին թերթը՝ «Ազդարար»ը, ինչպէս նաեւ այլ բացառիկ արժէքաւոր գիրքեր: Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը նկատուի նաեւ աշխարհի ամենէն մեծ հայերէն գիրքերու պահոցը: Ինչպէ՞ս է հազուագիւտ հայագիտական այս կեդրոնին վիճակը այսօր:
-Այո՛, Ազգային գրադարանը կը նկատուի հայերէն նիւթերու աշխարհի ամենէն մեծ պահոցը: Ունինք աւելի քան 6 միլիոննոց հաւաքածոյ մը, որ կը ներառնէ գիրք, պարբերական մամուլ, քարտէսներ, ազդագրեր, երաժշտական ստեղծագործութիւններ, հրաւիրատոմսեր, բացիկներ, նամականիշներ, օրացոյցներ, մատենանիշներ, թղթադրամներ, տեսալսողական եւ ելեկտրոնային (CD, DVD) կրիչներ եւայլն: Վիճակը, ինչպէս աշխարհի բոլոր գրադարաններու պարագային, այսօր նախանձելի չէ: Մեր նման գրադարանները միշտ կը փափաքին, որ պետութիւնը աւելի շատ յատկացումներ կատարէ, որովհետեւ գործարարութիւն չեն կրնար ընել, ընթերցողներու միջոցով դրամ չեն կրնար շահիլ: Մենք կը գոյատեւենք պետական պիւճէի եւ դրամաշնորհներու միջոցաւ, որոնք այնքան ալ շատ չեն: Մեր աշխատողներու ամսականները ցած են, շէնքերը կը հիննան, տարածքները մեծ են, պէտք է անընդհատ հետապնդել, որպէսզի վերանորոգուին, վերականգնուին: Մեզի տրուած յատկացումներու եւ տնտեսումներու հաշւոյն մենք կը կատարենք մեր ամենօրեայ աշխատանքը:
-Ինչպէ՞ս է ընթերցողներուն հոսքը:
-Դժգոհ չենք մեր ընթերցողներէն: Շատ շատ կու գան: Մանաւանդ՝ ունինք մեր գլխաւոր ընթերցասրահը՝ երիտասարդներու համար նախատեսուած, դասերու աւարտին, կէսօրէ ետք ժամը մէկէն-երկուքէն վերջ լեցուն են մեր ընթերցասրահները: Ունինք գիտական ընթերցասրահ, ուր հայագէտներու մեծ հոսք մը կայ: Շատ շատ այցելուներ ունինք Միացեալ Նահանգներէն, Թուրքիայէն, Եւրոպայէն։ Անոնք կու գան հայագիտական ուսումնասիրութիւններու համար աշխատելու մեր սրահներէն ներս: Հնատիպ գիրքի շատ լաւ հաւաքածոյ մը ունինք: Առաջին տպագիր գիրքերը ունինք, Առաջին Աստուածաշունչը՝ 1666 թուականին թուագրուած, «Համատարած Աշխարհացոյց»ը ունինք, եւ մշտապէս կը համալրենք մեր հնատիպը:
Այս հարցազրոյցն ալ առիթ մըն է, որ ընթերցողներէն խնդրեմ, անոնց կոչ ուղղեմ, որպէսզի եթէ ունին հնատիպ գիրքեր եւ կը մտածեն անոնց պահպանութեան մասին, սերունդներուն աւանդ տալու մասին, բերեն գրադարան, եթէ ցանկութիւն ունին, ապա՝ թող նուիրեն, հակառակ պարագային մենք կը գնենք, անշուշտ, տրամաբանական գիներով: Հնատիպ մենք կը համարենք 1512-էն մինչեւ 1800 թուականը տպագրուած գիրքերը, բայց 1801-էն մինչեւ 1850 թուականը տպագրուած գիրք կամ այլ հրատարակութիւններ եւս մենք մեծ հաճոյքով կ՚ընդունինք: Ունինք շատ լաւ հայատառ թրքերէնի հաւաքածոյ մը. ինչպէս յայտնի է՝ ժամանակին ահռելի քանակութեամբ նիւթեր հայատառ թրքերէնով տպագրուած են:
-Իսկ ինչպէ՞ս կը կատարուի համալը-րումը մանաւանդ հնատիպ գիրքերու:
-Մենք կը գնենք զանոնք կամ նուէր կը ստանանք: Աճուրդներէն մանաւանդ շատ կը գնենք, կը հետեւինք՝ ո՛ւր, ի՛նչ հայկական հնատիպ գիրք կայ, ամէն ջանք կը գործադրենք՝ զանոնք ապահովելու համար:
Ինչ-ինչ պատճառներով խորհրդային շրջանին որոշ հրատարակութիւններ Խորհրդային Հայաստանի մէջ արգիլուած էին, այդ պատճառով կան շրջաններ, երբ մենք հայ գիրքի առումով բացեր ունեցած ենք: Կան հրատարակութիւններ, կան խորագրեր, որոնք Ազգային գրադարանի մէջ չկան, դուրսը տպագրուած են: Քարտարանները կը նայինք, տպագրուող հայ գիրքի մատենագիտական ցանկերը կը նայինք եւ այդ գիրքերը կը փորձենք գտնել: Աշխարհի զանազան վայրերու մէջ գրավաճառներու հետ կապեր ունինք, օրինակ՝ eBay-ը, Amazon-ը, որոնք գիրքի վաճառքի միջազգային խոշորագոյն հարթակներ են, անոնց միջոցաւ ալ կը գտնենք եզակի գիրքերը:
Մեր առաջնային խնդիրներէն մէկը Ազգային գրադարանը, իբրեւ աշխարհի ամենէն խոշոր հայկական գիրքի պահոց պահելն է: Մենք պարտադիր մեր ունեցած գիրքերու մէկ օրինակը կ՚ուղարկենք անձեռնմխելի հաւաքածոյ, եւ այդ մէկը չի սպասարկուիր ի պահ կու տանք ժամանակին, որպէսզի Աստուած չընէ՝ եթէ գիրքերը անհետանան, մեր անձեռնմխելի հաւաքածոյէն հնարաւոր ըլլայ այդ օրինակը հանել, վերարտադրել, պատճէնահանել եւ տարածել: Մնացեալ օրինակները կ՚երթան գրապահոց եւ ընթերցասրահներ:
Եւ մենք ունինք շատ գիրքեր, որոնք մէկ օրինակ են պարզապէս:
-Իսկ ինչպէ՞ս կը վերաբերիք գիրքերու թուայնացման, որ այսօր համատարած կը կիրառուի աշխարհի տարածքին:
-Մենք նոյնպէս կը թուայնացնենք մեր գիրքերը, մեր ունեցած այլ նիւթերը: Թուայնացումը բաւականին լաւ լուծում մըն է՝ երկարաժամկէտ պահպանութեան համար: Այդ միջոցով մեր վտանգուած գիրքերը եւ հեղինակային իրաւունքէն դուրս գիրքերը բոլորը մեր գրադարանի կայքին մէջ կը դրուին, պարզապէս ժամանակի պահանջն է այդ մէկը: Երիտասարդները հիմա շատ ալ չեն փափաքիր գրադարան գալ, ոչ թէ չեն ուզեր կարդալ, այլ ժամանակը թանկ է, կ՚աշխատին, կը զուարճանան, կը ճամբորդեն, միեւնոյն ժամանակ կ՚ուզեն կարդալ, ուսումնասիրել, հետազօտել, այդ պատճառով, բաւական նիւթեր մենք կը թուայնացնենք եւ կայքին մէջ կը դնենք:
-Այդ մէկը ֆիզիքական այցելութիւններու թիւը չի նուազեցնե՞ր։ Չէ որ մենք սովոր ենք, թէ գրադարանը այցելութիւններու վայր մըն է:
-Գիտէք, եթէ մենք չթուայնացնելու սկզբունքով առաջնորդուինք, լրացուցիչ ծառայութիւններ չմատուցենք ընթերցողներուն, որպէսզի ստիպենք անոնց գրադարան գալը, անոնք պարզապէս չեն գար: Լատինախօս աշխարհը իր հաւաքածոներու կարեւոր մասը թուայնացուցած է արդէն եւ կա՛մ կը վաճառէ կամ ալ՝ անվճար կը տրամադրէ: Google books-ը կայ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ն մեծ առցանց պահոց մը ունի։ Միլիոնաւոր էջերով գիրքեր դրուած են առցանց, ի դէպ անոնց կարգին կան նաեւ հայերէն գիրքեր, որոնցմէ կ՚օգտուինք: Սա է ժամանակի պահանջը, որպէսզի թուայնացնենք եւ ժամանակակից շարժական սարքերու վրայ ընթերցողը կարդայ: Այսինքն, սա մեր գրադարանին կողմէ ներկայիս որդեգրուած առաջնահերթութիւններէն մին է։
Թուայնացումը երկու խնդիր կը լուծէ. նախ՝ երկարաժամկէտ պահպանութեան հարցը եւ երկրորդ՝ գիրքը, գրադարանը այդ ձեւով մենք կը բերենք ընթերցողին մօտ, ոչ թէ կը պարտադրենք, որ ան գայ եւ գրադարան հասնի: Ժամանակի հեւքն է այդ մէկը: Մեր ֆիզիքական ընթերցումներու քանակը թերեւս նուազած է, բայց առցանց ընթերցողներու քանակը բաւականին աճած է: Աշխարհի բոլոր կէտերէն վիճակագրութիւն ունինք այցելուներու թիւի առումով եւ կը տեսնենք, որ թէ՛ մեր ամսագրերը, թէ՛ մեր գիրքերը, յատկապէս մեր ժամանակակից մամուլը, գիտական ամսագրերը կը կարդան ահռելի թիւով մարդիկ, եւ բոլոր երկիրներէն, Ռուսաստանի ամենախուլ վայրերէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Մեր «Պատմաբանասիրական հանդէս»ը, «Էջմիածին» ու «Արարատ» հանդէսները, որոնք սկսած ենք թուայնացնել, Ճաբոնէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն կը կարդան օտարներ, հայկական հետազօտութիւններ կատարողներ: Պէտք է ժամանակին համընթաց քայլեր կատարենք, մեր ձեռքը պահենք զարկերակին վրայ:
-Ըլլալով այս ասպարէզին մէջ երկար տարիներ աշխատած մասնագէտ, Ձեր կարծիքով, թղթային գիրքը ո՞ւր պիտի հասնի այս համատարած թուայնացման պայմաններուն:
-Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ ուսումնական գրականութեան եւ գիտական ամսագրերու պարագային թուղթը ապագայ չ՚ունենար, որովհետեւ գիտական ամսագրերը, գիտական յօդուածները շատ արագ կը հիննան, կը ծերանան: Մանաւանդ՝ կան գիտութեան բնագաւառներ, որոնց պարագային հրատարակուածները երկու-երեք ամսուան մէջ պէտք է կարդալ ու անցնիլ, աներեւակայելի արագ կը զարգանան, կան նոր գիտական ճիւղեր, որոնք մէկ տարի ետք անոնց մասին նիւթերը արդէն պարզապէս պատմութիւն կը դառնան: Այս իսկ պատճառով բազմաթիւ գիտական հրատարակիչներ թղթային տարբերակով հրատարակութիւններ չունին, օրինակ՝ Օքսֆորտի համալսարանական հրատարակութիւնը, «Պրիթանիքա»ն, այլ աշխարհահռչակ հրատարակութիւններ ամբողջովին անցած են առցանց թողարկումներու: Թուղթը սուղ է, տեղ կը գրաւէ, առաքումը սուղ է, եւ մենք շուտով կը տեսնենք, որ գիտական, ուսումնական գրականութեան պարագային աշխարհը կ՚անցնի թուայինի: Մանաւանդ այսօր կը զարգանայ հեռաուսուցումը, ուր պարտադիր ամէն ինչ թուային պիտի ըլլայ:
Բայց գեղարուեստական գրականութիւնը, մանկական գրականութիւնը, աթլասները, պատկերագիրքերը ի հարկէ, թղթային կ՚ըլլան, որովհետեւ անոնք բոլորովին այլ մշակոյթ են, շքեղութիւն են, զանոնք շօշափելով եւ այլ ապրումներ կ՚ունենաս, իսկ համակարգիչը առայժմ չի կրնար փոխարինել այդ մէկը:
- Ի՞նչ կ՚ըսէք մամուլի մասին, որ եւս սրընթաց վազքի մը մէջ է թուային աշխարհէն ներս:
-Մամուլն ալ նոյն ճանապարհով կը քալէ: Եւրոպայի մէջ այսօր կան հարիւրամեայ թերթեր, որոնք թուային տարբերակի անցած են, կայ 350 տարուան թերթ, որ այլեւս թղթային տարբերակ չունի եւ միայն առցանց կը հրատարակուի: Կան մարդիկ, որոնք թերթերը այդպէս միայն կը կարդան: Ես, օրինակ, չեմ յիշեր, թէ երբ վերջին անգամ ձեռքս առած եմ թերթ մը, մամուլը միայն թուային կը կարդամ, բայց անդին կան մարդիկ, որ կը նախընտրեն թուղթը, կ՚ուզեն նստիլ, հանգիստ ուսումնասիրել: Մեր գրադարանը երկու հնարաւորութիւնն ալ կու տայ: Ունինք տպագիր մամուլի բացառիկ հաւաքածոյ մը, որ օրէ օր կը համալրուի: Հայաստանի եւ Արցախի մամուլը անպայման կը ստանանք, դարձեալ մէկական օրինակ կ՚երթայ անձեռնմխելի պահոց: Մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերենք գաւառական մամուլին նկատմամբ, կը փնտռենք, կը գտնենք պակաս կամ կորսուած օրինակները, կը լրացնենք: Ռուսաստանէն, Սփիւռքէն կը ստանանք մամուլ, կան նուիրեալներ, որոնք Հայաստան գալու ժամանակ տրցակներով թերթեր կը բերեն գրադարան: Իսկ Սփիւռքի դասական եւ արհեստավարժ հրատարակիչներն ալ անպայման կ՚ուղարկեն, կը հասկնան Ազգային գրադարանին կարեւորութիւնը:
-Մեր զրոյցի սկիզբին ըսիք, որ գրադարանի աշխատողներուն ամսականները ցած են, բայց հակառակ այս երեւոյթին, գրադարանը միշտ լեցուն է աշխատողներով: Հետաքրքրական է՝ ի՞նչ բան կը մղէ զանոնք՝ ոչ այնքան նիւթական բարենպաստ պայմաններուն ընտրել այս գործը:
-Կան մարդիկ, որոնք նուիրեալներ են, ծնած են գրադանարագործութեան համար եւ հոս կու գան ոչ թէ բարձր աշխատավարձի սպասումով, այլ պարզապէս՝ այդ աշխարհը իրենցն է, եւ անոնք այլ գործ մը չեն պատկերացներ: Մենք ունինք աշխատողներ, որոնք քառասուն տարիէ աւելի այստեղ աշխատած են, իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են այս գործին: Այս գործը այնպէս մըն է, որ նուիրեալը կը մնայ եւ չ՚ուզեր լքել զայն։ Անոր չի հետաքրքրեր բարձր ամսականը, ի հարկէ լաւ վարձատրութիւնը լաւ բան մըն է, բայց եթէ անձը կ՚ուզէ այս գործը ընել, չես կրնար անոր ոչինչ ըսել:
-Իսկ կը տիրապետե՞ն ժամանակակից միջոցներուն, մանաւանդ՝ աւագ սերունդը, քանի որ մեր խօսակցութենէն պարզ դարձաւ, որ գրադարանագործութիւնը այսօր աշխարհի մէջ կը քալէ ժամանակակից ճանապարհով:
-Չեն կրնար չտիրապետել, որովհետեւ գիտեն, որ առանց այդ մէկուն չեն կրնար աշխատիլ: Երիտասարդ սերունդը միանշանակ կը տիրապետէ: Հայաստանի մէջ մենք ունինք գրադարանային կրթութիւն՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ, որ կը կոչուի «Գրադարանային եւ տեղեկատուական աղբիւրներ»: Հեռակայ ուսուցում է, ուր կը սորվին ժամանակակից գրադարան կազմելու ձեւերը՝ ծրագրաւորման լեզուներէն մինչեւ թուայնացում, ցանցեր, տեղեկատուական աշխարհի նուաճումներ: Մէկ խօսքով, այդ կրթութիւնն ալ արդէն լաւ հիմքերու վրայ դրուած է մեր մօտ, եւ երիտասարդը կրնայ ուսանիլ եւ մասնակցիլ ժամանակակից թուային գրադարանի ստեղծման, ինչ որ արդէն արդիական մասնագիտութիւն մըն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ