ԵՍ ԵՒ ԴՈՒՆ (Ա.)

Այս մութ ու մռայլ օրերուն խաւարի մէջ փնտռեցի լոյս եւ գտայ քեզ: Աւելի ճիշդ մեզ՝ իմ եւ քու ծանօթութիւնը, առաջին հանդիպումը: Վերջերս՝ աւելի քան մէկ տարի շարունակող քաոսը Հայաստանի մէջ, մթագնած է իմ ներաշխարհը: Յոռետեսութիւնը, զոր ներկայիս հաւասարազօր է դառն իրականութեան, ոչ մէկ նշոյլ ձգած է ջերմութեան համար:

Ամէն բան վատ է՝ շատ վատ: Եւ հետզհետէ ա՛լ աւելի վատ պիտի ըլլայ: Ճշմարտութիւնը սա է եւ անկարելի է անկէ փախչիլ: Սակայն ես այսօր ջանացի եւ խաւարի մէջ գոյն մը գտայ՝ վառ ու տաք՝ անունը Արի:

Իւրաքանչիւր թրքագէտի մեծագոյն երազն է այցելել Թուրքիա: Կենդանի շփում ունենալ տեղացի ժողովուրդի հետ: Տեղւոյն վրայ ծանօթանալ վերջիններուս նիստուկացին, աւանդութիւններուն, սովորոյթներուն, քիմքի համին եւ վերջապէս յառաջացնել թրքերէն լեզուի իմացութիւնը: Ես նոյնպէս բացառութիւն չէի: Կը փափաքէի օր մը այցելել իմ ուսումնասիրած երկիրը եւ կենդանի շփում ապահովել մեր դրացի ժողովուրդի հետ: Նշեմ նաեւ, որ ես բաւական ուշ սորվեցայ, թէ Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին հայեր՝ իմ համալսարանական վերջին տարիներուն: Ինծի կը թուէր, թէ 1915 թուականէն վերջ Թուրքիոյ մէջ հայ չմնաց: Բաւական շուարեցայ: Իմ մտքի ծայրով անգամ չէր անցներ, որ օր մը ես կրնամ ամուսնանալ պոլսահայու մը հետ:

Ինծի համար դաժան 2013 թուականի նախավերջին շաբաթն էր: Օրեր անց պիտի գոցէի ծանր տարուայ վերջին էջը: Այդ թուականի աշունը սկիզբն էր իմ կեանքի մէջ մեծագոյն կորուստներու. հոկտեմբերի 2-ին կորսնցուցի իմ կեանքի հերոսը, անգին ու թանկագինը՝ Զաւէն մեծ հայրիկս:

Տխրահռչակ տարւոյն խստաշունչ ձմրան ծագեցաւ արեգակն արդար: Թէպէտ իսկոյն չզգացի անոր ջերմութիւնը, սակայն կարճ ժամանակ անց հասկցայ: Պապիկս գնաց, դուն եկար: Իմ բարի ու հոգատար մեծ հայրը չձգեց, որ ես երկար ժամանակ մնամ միայնութեան մէջ. ինծի համար ղրկեց ազնուութեամբ, մաքրութեամբ, առաքինութեամբ իրեն նմանող մէկը:

Պոլսահայ ընկեր մը ունիմ, որու հետ ժամանակ առ ժամանակ կը հանդիպէի ու կը փորձէի զարգացնել իմ թրքերէնի իմացութիւնը: Օր մը Նշանը հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ, որ շուտով պիտի մեկնի Պոլիս, իսկ մինչեւ մեկնիլը կ՚ուզէ ինծի հրաժեշտ տալ: Ես ալ սիրով համաձայնեցայ: Պայմանաւորուեցանք հանդիպելու: Օրեր անց ես հիւանդացայ: Անկարող էի տունէն դուրս գալու, յատկապէս, որ դուրսը ցուրտ ձմեռ էր եւ մինչեւ ծունկերս ձիւն տեղացած:

Այդ ժամանակ կ՚ապրէի ընտանիքի մը հետ. անոնց տունին մէկ սենեակը վարձակալած էի: Նախապէս զգուշացնելով իմ տանտիրուհին, Նշանին առաջարկեցի հանդիպիլ տանը: Վերջինս համաձայնեցաւ:

Դեկտեմբերի 17-ն էր: Դուրս եկայ իմ հիւրը դիմաւորելու: Զարմանքէն, զայրոյթէն քարացայ, շուարեցայ, երբ տեսայ Նշանը մէկու մը հետ, որուն այդքան ալ չհաւնեցայ: Նշանին ուղեկցող անկոչ հիւրը շատ կը նմանէր հայաստանցի երիտասարդի մը՝ քիչ մը անհաղորդ ու լռակեաց: Ո՞վ գիտէ՝ այդ անծանօթ երիտասարդը հիմա իմ մասին ինչե՜ր կը խորհի... Բաց աստի՝ տանտիրուհիիս ի՞նչ պատասխան պիտի տայի: Չէ՞ որ ես զինք զգուշացուցած էի միայն Նշանի այցելութեան մասին: Իսկ հիմա երկու երիտասարդի հետ պիտի յայտնուէի անոր դիմաց... Այլեւս քիչ մնացած էր, որ ամօթէն գետինը մտնէի: Ինչեւէ... Ընելիք բան մը չկար: Խորը շունչ մը քաշեցի, հանգստացայ եւ բախեցի իմ վարձակալած բնակարանի դուռը: Անմիջապէս շտապեցի ներողութիւն խնդրել ու բացատրութիւն տալ իմ տանտիրուհիին, որ ես բնաւ տեղեակ չէի երկրորդի մասին: Իմ բարի տիկին Սվետլանան ջերմագին ժպտաց ու յորդորեց չանհանգստանալ:

Առաջին իսկ հանդիպումէն, հայեացքէն, ինծի այդքան շատ ներքին անհանգստութիւն պատճառած երիտասարդը՝ իմ ապագայ ամուսինն էր: Երբ իմացայ, որ Արին հայաստանցի չէ, շատ ուրախացայ, քանզի հայաստանցի երիտասարդները առանց երկար ու բարակ խորհելու կը սիրեն կարծիք կազմել աղջիկներու մասին՝ յաճախ թիւր: Թէյի սեղանի շուրջ ծանօթացանք, հաճելի զրոյցի բռնուեցանք: Ներկայ էր նաեւ իմ տանտիրուհին ու անոր դուստրը: Իմ միտքի ծայրէն անգամ չանցաւ, որ ես առաջին իսկ հանդիպումէն դաջուեցայ Արիի սիրտին մէջ եւ ան ինծի հետ շփուելու, ծանօթանալու համար յետաձգեց իր հանդիպումը մէկ ուրիշ աղջկայ հետ, որու հետ ժամադրուած էր: Ես Արիի վրայ ուշադրութիւն չդարձուցի: Փոխարէնը տանտիրուհիս ոտքէն մինչեւ գլուխ աղուոր մը զննեց վերջինս եւ շատ հաւնեցաւ անոր ճաշակաւոր հագուկապը, քաղաքավարութիւնը, նիստուկացը: Այս մասին անոնց երթալէն վերջ ըսաւ ինծի:

Արիի հետ ծանօթութիւնը ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր: Պայմանաւորուեցանք ժամանակ առ ժամանակ տեսակապով թրքերէն պարապիլ: Խնդրեցի, որ վերջինս երբեմն ինծի օգնէ տնային յանձնարարութիւններս կատարելով: Սիրով համաձայնեցաւ:

Շաբաթ մը վերջ ոգեւորուած զանգահարեցի Արիին: Թրքերէն կը պարապէինք: Զգացի, որ ան յանուն քաղաքավարութեան զիս չէ մերժած, իմ բոլոր հարցումներուն հազիւ կը պատասխանէ: Որոշեցի այլեւս չանհանգստացնել զինքը: Վստահ էի, որ սա մեր վերջին շփումն էր: Սակայն Աստուծոյ գործերը անքննելի են, մենք ով ենք, որ Տիրոջ փոխարէն որեւէ բան որոշենք...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021