ՈՎՔԵ՞Ր ԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՎԱՐՆԵՐԸ

Ինչպէ՞ս հասկնալ, որ երկրի իշխանութիւնը զաւթած են համաշխարհայնավարները:

1. Առաջին ու կարեւոր նշանն այն է, որ բացարձակապէս ոչ մէկ արհեստավարժ պատրաստուածութիւն, համապատասխան փորձ ու կրթութիւն ունեցող մարդիկ, իրենց կեանքին մէջ ոչ մէկ բանի հասած մարդիկ կը դառնան նախարար, պատգամաւոր ու կը սկսին զբաղեցնել կարեւոր պաշտօններ: Զոր օրինակ, իր բոլոր կեանքին մէջ որպէս դերասան աշխատած մարդը կը դառնայ երկրի մը նախագահ, կամ քսանութ տարեկան երիտասարդ մը կը դառնայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ, կամ օրինակ՝ Հայասատանի իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներու կէսը պատգամաւոր դառ-նալէ առաջ, եղած են գործազուրկ...

2. Կը սկսին պայքար ծխախոտի դէմ, միեւնոյն ժամանակ կը խրախուսեն թմրանիւթի օգտագործումը,

3. Կը սկսին ոչնչացնել մարդոց կարմիր գիծերը։ Տեղի կ՚ունենան համասեռամոլներու շքերթներ, համասեռամոլները կը սարքեն տարուայ աստղ: Դպրոցի ու մանկապարտէզի մէջ կը սկսին պարտադիր սեռական դաստիարակութեան դասընթացքներ:

4. Միաժամանակ, քայլ առ քայլ կը վերացնեն այն ամէնը, ինչ որ կապուած է ազգայինի հետ՝ հայրենասիրական ծրագրերը, մայրենի լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը... Կը դադրեցնեն այս բոլորին ցուցաբերուելիք նիւթական օժանդակութիւնը:

5. Կը քանդեն բանակը, փորձելով զայն ոչնչացնել:

6. Կը թուլացնեն ու կը վերացնեն սահմանները:

7. Կը պայքարին եկեղեցիի դէմ:

8. Երկրի մէջ կը ստեղծեն քաոս. մարդիկ չեն կրնար զանազանել, ո՛րն է սպիտակը, որը՝ սեւը:

9. Կ՚երթան բոլորի դէմ՝ դատաւորներու, զինուորականներու, քահանաներու... բոլոր բոլորի:

10. Համաշխարհայնավարներու համար յոյժ կարեւոր է, որպէսզի չըլլան հեղինակութիւններ: Յիմարեց-ւած մարդոց համար պէտք չէ «հեղինակութիւններ», որպէսզի յանկարծ իրեցմէ զատ մէկը մտիկ ընեն:

11. Գողնալ մարդոց յոյսը, որպէսզի վերջիններս դառնան լկտի ու անինքնասէր: Յոյսը գողցուած մարդը այլեւս չի պայքարիր, ահաւասիկ այս է պէտք համաշխարհայնավարներուն՝ ուտող-խմող, ուղեղը չաշխատող, ենթարկուող մարդ:

12. Աշխարհի երեսին համաշխարհայնավարները ամենակաշառատու ուժն են, քանզի անոնք աջ ու ձախ փողով կը գնեն մարդիկը: Կը գնեն երկրի ղեկավարները, լրագրողները, կը փոխեն օրէնք երկիրներու մէջ... սակայն իրենց նշանակած խամաճիկները Աստուծոյ ամէն օր կը խօսին «կաշառակերութեան դէմ պայքարի մասին»: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ անբարոյական կանայք իրենցմէ զատ բոլորը կը պիտակաւորեն որպէս անբարոյական, որպէսզի յանկարծ իրենցմէ չկասկածին: Նոյնն ալ համաշխարհայնավարներն են, իրենք ամենակաշառատու ուժն են, փաստացի փողով, ծախու մարդոց միջոցաւ կը զաւթեն ու կը ղեկավարեն աշխարհի երկիրները:

Սակայն, որպէսզի «թոզ փչեն» մարդոց աչքերուն մէջ, կը վերացնեն մանր-մունր կաշառակերութիւնները. օրինակ՝ ճանապարհային ոստիկաններուն տրուելիք հինգ հազար դրամ կաշառքը:

Մէյ մըն ալ տեսար Պապիկեանները, որ յեղափոխութենէ առաջ իրենց մօտ ունեցած դրամով հազիւ կրնային «Փարուանա» ճաշարանէն կտոր մը կարկանդակ գնել եւ ուտել, երկու տարի «անկաշառ, արդար» նախարար աշխատելէ վերջ կրնան «Փարուանա» ճաշարանի մէջ, 100-200 հազար տոլարնոց հարսնիք ընել:

Կամ աշխարհի հայերով դրամ կու տան «Համահայկական» հիմնադրամին, այս «արդար» յեղափոխականները մէկ միլիոն տոլար այդ հաւաքուած գումարէն կը ծախսեն այսպէս կոչուած «կանանց իրաւունքներու» համար: Կը ճանչնա՞ք այդպիսի հայ մը, որ «Համահայկական» հիմնադրամին գումար փոխանցէ, որպէսզի սորոսականները այդ գումարով դասընթացքներ կազմակերպեն կանանց իրաւունքներու վերաբերեալ: Այդ մէկ միլիոն տոլարով զոր օրինակ, կրնան հարիւր տուն գնել Կիւմրիի մէջ, տնակներու մէջ բնակողներու համար:

Կամ եթէ նախկինները իրենց գրպանէն կը բաժնէին նախընտրական կաշառք, «հպարտ, անկաշառ» յեղափոխականները մէկ անգամէն պետական գանձարանէն կը բաժնեն կաշառք: Նոյն Շիրակի մարզպետը, որ ընտրութիւններէ առաջ յիշեց, թէ Կիւմրիի մէջ կան անապահով մարդիկ ու կիւմրեցիներուն պետական գանձարանէն կը բաժնէր յիսուն հազարական դրամներ, բացատրելով, թէ այս մէկը կաշառք չէ, այլ «նիւթական աջակցութիւն»: Պարզապէս կը փոխուին կաշառք վերցնելու ու տալու ձեւերը:

13. Կարեւոր բան մըն ալ. համաշխարհայնավարներու նշանակած երկրի ղեկավարները, նախարարները, քանի որ ունին ո՛չ կրթութիւն, ոչ խելք, ոչ փորձ, ոչ աշխատելու ձեւ, պէտք է յստակ բան մը կարենան ընել՝ ցուցադրանքով, զուարճախաղով, ապահովեն բնակչութիւնը: Իւրաքանչիւր օր նո՛ր խայտառակող դէպք մը, նոր պատմութիւն մը, նոր ցնցում մը. պէտք է զբաղեցնել ժողովուրդը:

Ասոնք հիմնական նշաններն են։

Մի՛ հաւատաք խօսքերուն, նայեցէք եւ ստուգեցէք ձեր աչքերով ու ականջներով՝ նիկոլականները եկած օրէն ի վեր իրականացուցա՞ծ են համաշխարհայնավարներու ծրագրերը, թէ՞ ոչ:

Կամ ընտրեցէք տասն երկիր, ուր համաշխարհայնավարները ըրած են գունաւոր յեղափոխութիւններ, եւ պիտի տեսնէք, որ կէտ առ կէտ իրականացուցած են վերոնշեալները: Որպէսզի շատ հեռու չերթանք, նայեցէք մեր հարեւան Վրաստանին կամ Ուքրայնային:

Ի՞նչ կը խորհիք, նիկոլները Իջեւանի գիւղերուն մէջ նստած կ՚երազէին. «Շուտով պիտի դառնամ վարչապետ, վերջապէս կ՚օրինականացնեմ թմրանիւթը, համասեռամոլներու շքերթ կը կազմակերպեմ Երեւանի մէջ, սեռական դաստիարակութեան ուսումնասիրութիւն կը մտցնեմ դպրոցներու մէջ, հայոց լեզուն կը հանեմ համալսարանէն, եկեղեցիի պատմութիւնը՝ դպրոցներէն...»: Ի՞նչ կը խորհիք, այս բոլորը Նիկոլի մանկական երազանքներն են: Ի հարկէ ոչ: Նիկոլները ոչինչ կ՚որոշեն, ինչ որ կը հրամայեն անոնց, այդ ալ կ՚ընեն: Եւ այս նոյն քայլերը կը կատարուին Վրաստանի, Ուքրայնայի մէջ եւ այլուր...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. 16 հոկտ. չորեքշաբթիի թիւէն եւ վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022