ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Ե­րէկ, «Սու­րիա­հայ մշա­կոյ­թի շուն­չը Ե­րե­ւա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռը բա­ցուե­ցաւ Ա­մա­նո­րին ըն­դա­ռաջ։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տե­րու մեծ դահ­լի­ճի մուտ­քաս­րա­հին մէջ կեան­քի կը կո­չուի այս ծրա­գի­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս քէր­մէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են սու­րիա­հա­յոց ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը, ոս­կեր­չա­կան ի­րեր, ու­տես­տե­ղէն­ներ, քաղց­րա­ւե­նիք­ներ եւ բազ­մա­տե­սակ այլ ար­տադ­րանք­ներ։

Ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռի ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­նե­րու շար­քին էր Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Այս առ­թիւ ան պա­տաս­խա­նեց նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յի­շե­ցուց, որ այս ձե­ւա­չա­փին մէջ ա­ռա­ջին տօ­նա­վա­ճա­ռը կազ­մա­կեր­պուած էր 2013 թուա­կա­նին։ Այդ հանգ­րուա­նէն վերջ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան քա­նի մը ան­գամ նման տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը դար­ձած է ա­ւան­դա­կան։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ ա­մէն ան­գամ սու­րիա­հա­յե­րը նոր մօ­տե­ցում­նե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծա­բար կը վե­րա­բե­րին ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քին, կ՚ա­ւել­նայ ծրագ­րին մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­նե­րուն թի­ւը, իսկ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այս հան­գա­ման­քը կը նշա­նա­կէ, որ հնա­րա­ւո­րինս կը խթա­նուի մանր եւ մի­ջին գոր­ծա­րա­րու­թեան զար­գա­ցու­մը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի տե­ղա­ցի­ներն ալ նոր տա­րուան շե­մին կազ­մա­կեր­պուած այս տօ­նա­վա­ճա­ռէն գնում­ներ կա­տա­րե­լով ո՛չ միայն կ՚ա­ջակ­ցին սու­րիա­հա­յոց գոր­ծա­րա­րու­թեան զար­գաց­ման, այ­լեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ի­րենց տօ­նա­կան սե­ղան­նե­րը հա­մալ­րե­լու իւ­րօ­րի­նակ ու­տես­տե­ղէն­նե­րով ու ա­ղան­դեր­նե­րով, իսկ բնա­կա­րան­նե­րը զար­դա­րե­լու սու­րիա­հայ կա­նանց ձեռ­քով պատ­րաս­տուած զա­նա­զան յու­շա­նուէր­նե­րով, ի­րենց սի­րե­լի­նե­րուն հա­մար մա­տու­ցե­լու բարձր ճա­շա­կով ու մեծ ա­րուես­տով ստեղ­ծուած նուէր­ներ։

«Սու­րիա­հա­յե­րը իս­կա­պէս ի­րենց հետ նոր մշա­կոյթ, աշ­խա­տան­քի հան­դէպ նոր մօ­տե­ցում­ներ ու ո­րակ բե­րին հայ­րե­նիք։ Ա­նոնք բա­րե­խիղճ են եւ օժ­տուած՝ ձեռ­քի բա­ցա­ռիկ շնոր­հով», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015