Մկրտիչ Արմէն. Հայկական Արձակի Մեծատաղանդ Վարպետը

22 Դեկ­տեմ­բե­ր 1972-ին, 66 տա­րե­կա­նին մեր երկ­րէն ու կեան­քէն հե­ռա­ցաւ հայ­կա­կան ար­ձա­կին մեծ վար­պետ­նե­րէն Մկր­­տիչ Ար­մէն (1906-1972), որ իր «­Հեղ­նար աղ­բիւր» վի­պա­կով ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նո­ւա­ճեց ան­մա­հու­թիւ­նը եւ իր տե­ղը գտաւ հայ գրա­կա­նու­թեան Մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։

Հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը միշտ ալ ի­րենց հո­գե­հա­րա­զատ խոր­հուրդ ու պատ­գամ, ա­ւանդ ու ներշնչում պի­տի գտնեն մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գը ջու­րի աղ­բիւ­րով մարմ­նա­ւո­րած, շնչա­ւո­րած եւ ի­մաս­տա­ւո­րած Մկր­­տիչ Ար­մէ­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեծ թռիչ­քին մէջ։

«­Հեղ­նար աղ­բիւր»ի գլխա­ւոր հե­րո­սին՝ հայ­կա­կան հնա­ւանդ Կիւմ­րիի մէջ ջու­րի քա­ռա­սուն աղ­բիւր կա­ռու­ցած վար­պե­տին՝ «Ուս­տա Մկր­­տիչ»ի հետ մեր սե­րունդ­նե­րը ան­պայ­ման պի­տի խո­կան ու անդ­րա­դառ­նան, որ ի­րենց կեանքն ու գոր­ծը շատ ու շատ ան­դին կ­­՚անց­նին ի­րենց սոս­կա­կան ան­ձէն, սե­փա­կան կեան­քի սահ­մա­նա­փակ ժա­մա­նա­կէն… Եւ ի­րենց կա­ռու­ցած իւ­րա­քան­չիւր աղ­բիւ­րին՝ ի­րենց ա­նու­նին կա­պած իւ­րա­քան­չիւր նո­ւա­ճու­մին հետ պի­տի զգան, Ուս­տա Մկրտի­չին պէս, որ՝

«… Այն­տեղ հո­սո­ղը բո­լո­րո­վին էլ իր կեան­քը չէր, այլ երկ­րի ա­րիւնն էր, որ նշա­նա­կո­ւած էր նրա զա­ւակ­նե­րի ե­րակ­նե­րը կեանք լցնե­լու հա­մար. իսկ ին­քը՝ ուս­տա Մկր­­տի­չը, մի սո­վո­րա­կան գիւմ­րե­ցի էր, ո­րին, սա­կայն, վի­ճա­կո­ւած էր ե­ղել բաց ա­նել իր երկ­րի քա­ռա­սուն աղ­բիւր­նե­րը, իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րի հա­մար, իր երկ­րա­կից­նե­րի հա­մար»…­

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Յա­րու­թիւ­նեան Մկր­­տի­չ Կիւմ­րիի զա­ւակ էր, ծնած էր 27 Դեկ­տեմ­բեր 1906-ին ար­հես­տա­ւոր Գ­­րի­գո­րի յար­կին տակ եւ իր ծնուն­դով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած այդ կրկնակ պատ­կա­նե­լու­թիւ­նը - ա­ւան­դա­պահ կիւմ­րե­ցին ու կեն­սա­սէր ըն­չա­զուր­կը - ներշնչ­ման աղ­բիւրն ու մղիչ ու­ժը դար­ձաւ հայ­կա­կան ար­ձա­կի այս վար­պե­տին։

Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­յին կար­գե­րու պար­տադր­ման ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն զու­գա­դի­պե­ցաւ, պա­տա­նի տա­րի­քէն գրե­լու բնա­տուր ձիր­քով օժ­տո­ւած, Մկր­­տիչ Ար­մէ­նի մուտ­քը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։

1920-ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան Մկր­­տիչ Ար­մէն բա­ցա­ռա­պէս չա­փա­ծոյ ո­տա­նա­ւոր­նե­րով ըն­թեր­ցո­ղին ներ­կա­յա­ցաւ եւ միայն 1928-ին ան­ցաւ ար­ձա­կին։ 1925-ին դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ նոր հա­սա­րա­կար­գի տի­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հա­մա­հունչ գրա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լու շար­ժու­մին՝ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով Կիւմ­րիի բա­նո­ւո­րա­գիւ­ղա­ցիա­կան գրող­նե­րու «­Հոկ­տեմ­բեր» միու­թեան հիմ­նադ­րու­մին։

Բայց ի տար­բե­րու­թիւն իր սե­րուն­դի գրող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թեան, Մկր­տիչ Ար­մէն ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն մեր­ժեց շար­քա­յին գրող մը ըլ­լալ եւ փնտռեց ու գտաւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին մայր հու­նը եւ կի­զա­կէ­տը, որ հին ու նոր աշ­խարհ­նե­րու եւ մտայ­նու­թեանց բախ­ման ու հա­մադր­ման մեծ խնդիրն էր։ Վա­րար այդ աղ­բիւ­րին փա­րե­լով՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ու ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ, Մկր­­տիչ Ար­մէն իր ամ­բողջ կեանքն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը նո­ւի­րա­բե­րեց խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նի հայ հա­սա­րա­կու­թեան ազ­գա­յին, հա­սա­րա­կա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան ողջ յու­զաշ­խար­հի պե­ղու­մին ու վեր­ծա­նու­մին։

Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ Կիւմ­րիի Սուրբ Փր­­կիչ եւ Տ­­ղա­յոց միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, ա­պա՝ երբ հայ­րը մա­հա­ցաւ, յա­ճա­խեց ա­մե­րի­կեան մի­սիո­նար­նե­րու վար­ժա­րա­նը, որ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տէն վե­րապ­րած հայ որ­բե­րու գլխա­ւոր ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն էր։ Որ­բա­նո­ցի կեանքն ու սկաու­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մթնո­լոր­տը խո­րա­պէս ցնցե­ցին ու խո­ցե­ցին ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի ծա­րաւ պա­տա­նի Մկր­­տի­չի հո­գին, որ հե­տա­գայ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ պար­բե­րա­բար կանգ ա­ռաւ հին աշ­խարհն ու քաղ­քե­նի ա­րեւ­մուտ­քը խորհր­դան­շող այդ զոյգ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն վրայ՝ ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ան­հա­տա­կա­նու­թեանց ներ­քին խռովքն ու ընդվ­զու­մը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով։

Բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ Մոս­կո­ւա­յի Շար­ժան­կա­րա­յին ա­րո­ւես­տի հիմ­նար­կին բե­մագ­րա­կան բա­ժան­մուն­քին մէջ, ուր կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց գրե­լու իր ա­րո­ւես­տը՝ կարճ նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րով ու ա­րագ կշռոյ­թով կեր­պար­ներ ու­րո­ւագ­ծե­լու եւ պա­հեր խո­րաց­նե­լու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ոճ մը բիւ­րե­ղաց­նե­լով։ Այդ­պէս ալ ար­ձա­կը դար­ձաւ Մկր­­տիչ Ար­մէ­նի ինք­նադր­սե­ւոր­ման գլխա­ւոր մի­ջո­ցը, որ իր բարձ­րա­կէ­տը նո­ւա­ճեց 1935-ին լոյս տե­սած «­Հեղ­նար աղ­բիւր» վի­պա­կով։

Մին­չեւ իր գլուխգոր­ծո­ցը, Մկր­­տիչ Ար­մէն թէ՛ վէ­պե­րով, թէ՛ պատ­մո­ւածք­նե­րով անդ­րա­դար­ձած էր, խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ, մէկ կող­մէ տոհ­միկ ու ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րուն եւ, միւս կող­մէ, նո­րա­յայտ եւ այս­պէս կո­չո­ւած «բա­նո­ւո­րա­գիւ­ղա­ցիա­կան յե­ղա­փո­խա­կան» բար­քե­րու բա­խու­մին։ Յատ­կա­պէս «­Խոր­տա­կո­ւած հո­գի­նե­րի փո­ղո­ցում» եւ «­Ջու­բէի­դա» գոր­ծե­րով՝ ա­ռա­ջի­նը հայ­կա­կան, իսկ երկ­րոր­դը ատր­պէյճա­նա­կան մի­ջա­վայ­րէն վեր­ցո­ւած հե­րոս­նե­րով ու ըն­կե­րա­յին բա­խում­նե­րով, Մկր­­տիչ Ար­մէն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցու­ցած էր սի­րոյ եւ ա­մուս­նու­թեան, ըն­տա­նի­քի եւ աշ­խա­տան­քի հա­սա­րա­կա­կան հիմ­նա­հար­ցե­րը՝ ինք­նա­տիպ ո­ճով թէ՛ հի­նը հասկ­նալ փոր­ձե­լով, թէ՛ նո­րը մարդ­կօ­րէն իր ապ­րած եր­կո­ւու­թեամբ ներ­կա­յաց­նե­լով։

«­Կո­մե­րի­տա­կան պատ­մո­ւածք­ներ» ա­նո­ւա­նո­ւած ամ­բողջ շարք մը պատ­մո­ւածք­նե­րով՝ Մկր­­տիչ Ար­մէն հասկ­նա­լիօ­րէն տուրք տո­ւաւ իր ժա­մա­նա­կի տի­րող գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան։ Սէրն ու ա­մուս­նու­թիւ­նը, ըն­տա­նե­կան սրբու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դա­պա­հու­թիւ­նը քաղ­քե­նիա­կան կեղ­ծիք հռչա­կած պոլ­շե­ւի­կեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մա­կա­նին տակ, Մկր­­տիչ Ար­մէն ե­րի­տա­սարդ գրո­ղը բնա­կա­նա­բար իր հե­րոս­նե­րը պէտք է ներ­կա­յաց­նէր այդ ամ­բողջ ՀԻ­Նը մեր­ժո­ղի հո­գե­կեր­տո­ւած­քով։ Բայց հայ ար­ձա­կի տա­ղան­դա­ւոր վար­պե­տը անձ­նա­տուր չե­ղաւ վար­չա­կար­գի այդ կաշ­կան­դու­մին։ Ող­բեր­գու­թիւ­նը գրա­կա­նա­ցուց մարդ­կա­յին իր ամ­բողջ բար­դու­թեամբ, խո­րու­թեամբ եւ ծան­րու­թեամբ։ Ան­ցեա­լի ար­ժէք­նե­րուն կառ­չած իր կեր­պար­ներն ու հե­րոս­նե­րը վե­րա­ծեց ծայր աս­տի­ճան մարդ­կա­յին ու հա­մակ­րե­լի, կեն­սու­րախ եւ կեն­սու­նակ տի­պար­նե­րու, ո­րոնք ՆՈ­Րին առ­ջեւ խո­նար­հե­լով հան­դերձ՝ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց մէջ պահ­պա­նել ու գուր­գու­րան­քի ար­ժա­նաց­նել ան­ցեա­լի ժա­ռան­գու­թեան ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րը։

Իսկ «­Հեղ­նար աղ­բիւր» վի­պա­կով՝ Մկր­­տիչ Ար­մէն խորհր­դա­հայ մար­դուն ներ­քին այդ պա­ռակ­տու­մի ող­բեր­գու­թեան տո­ւաւ դա­սա­կան կա­տա­րե­լու­թեամբ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մե­ծար­ժէք մշա­կում։ Ա­ւան­դա­կան Կիւմ­րիի հայ­կա­կան տոհ­միկ բար­քե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին վրայ, Մկր­­տիչ Ար­մէն քան­դա­կեց աղ­բիւր կա­ռու­ցող Ուս­տա Մկր­­տի­չի աշ­խա­տան­քա­յին փի­լի­սո­փա­յու­թիւնն ու բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս եւ Հեղ­նա­րի ա­մուս­նա­կան ան­հա­ւա­տար­մու­թեան ընդ­մէ­ջէն թէ՛ հայ կնոջ ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ խնդի­րը, թէ՛ ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դա­պա­հու­թեան ան­խու­սա­փե­լի նա­հան­ջը, թէ՛ սի­րոյ եւ հա­ւա­տար­մու­թեան յա­ւեր­ժա­կան ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը։ Եւ «­Հեղ­նար աղ­բիւր»ին վրայ Ուս­տա Մկր­­տի­չի քան­դա­կած խօս­քը՝ թէ «ա­մէն մի կնիկ ի­րան մար­դու ախ­պուրն է, ու­րիշ հէչ մէ­կը ի­րա­ւունք չու­նի խմե­լու է­նոր ջրէն», դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան հո­գե­կեր­տո­ւած­քը բնու­թագ­րող ա­մենէն թե­ւա­ւոր խօս­քե­րէն մէ­կը։

Ն­­ման ընդգր­կու­մով եւ մտա­ծո­ղու­թեամբ գրո­ղը, որ իբ­րեւ Ակ­սէլ Բա­կուն­ցի կրտսեր գրչեղ­բայ­րը հայ ար­ձա­կին առ­ջեւ բա­ցաւ նոր հո­րի­զոն, բնա­կա­նա­բար իր վրայ հրա­ւի­րեց կա­տա­ղի բար­կու­թիւ­նը խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գի սպա­սար­կու­նե­րուն։ Յատ­կա­պէս Նա­յի­րի Զա­րեան քննա­դա­տա­կան անխ­նայ հա­րո­ւա­ծի տակ ա­ռաւ «Մկր­­տիչ Ար­մէն ե­րե­ւոյ­թը»՝ ընդ­հան­րա­պէս ա­նոր գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս «­Հեղ­նար աղ­բիւր»ը ուղ­ղա­կի բա­նադ­րե­լով իբ­րեւ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան եւ քաղ­քե­նիա­կան «վտան­գա­ւոր» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն։ 1937-ին Մկր­­տիչ Ար­մէն ար­դէն բա­նադ­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի»ի եւ ամ­բողջ տասնմէկ տա­րի դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ սի­պի­րեան աք­սո­րի։

Աք­սո­րէն վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, տա­ղան­դա­ւոր հայ գրո­ղը ան­շուշտ ար­ժա­նա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին գրկա­բաց ըն­դու­նե­լու­թեան, բայց հին օ­րե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թէժ կրա­կը այ­լեւս մարմ­րած էր Մկր­­տիչ Ար­մէ­նի մէջ։ Թէեւ ա­ւե­լի քան քսան տա­րի շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել, ար­ժէ­քա­ւոր նոր գոր­ծեր ալ մա­տու­ցա­նեց հայ գրա­կա­նու­թեան, բայց «­Հեղ­նար աղ­բիւր»ը անկրկ­նե­լի մնաց։ 1971-ին «­Հայ­ֆիլմ»ը շար­ժան­կա­րի վե­րա­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան այս գլուխգոր­ծո­ցը եւ «­Հեղ­նար աղ­բիւր»ը, այս ան­գամ իբ­րեւ հայ­կա­կան ժա­պա­ւէ­նի դա­սա­կան մե­ծար­ժէք նո­ւա­ճում, նո­րո­վի կեանք ա­ռաւ եւ ամ­բողջ սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման մէջ հիմ­նա­կան ներ­գոր­ծու­թիւն ու­նե­ցաւ։

Մկր­­տիչ Ար­մէ­նի ամ­բողջ գրա­կա­նու­թեան մայր ե­րա­կը ե­ղաւ պարզ ու քնա­րա­կան շուն­չով վեր­ծա­նու­մը մարդ­կա­յին բարդ կա­ցու­թեանց, ա­րա­րող եւ տա­ռա­պող էակ­նե­րու փո­թոր­կա­յոյզ նե­րաշ­խար­հին եւ ա­նանց ճշմար­տու­թեանց։ Այդ բո­լո­րը Մկր­­տիչ Ար­մէն ո­րո­նեց եւ գտաւ իր ծննդա­վայր Կիւմ­րիի տոհ­միկ մթնո­լոր­տին եւ ա­ւան­դա­պահ հո­գե­կեր­տո­ւած­քին մէջ։ Եւ մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ։

­Կը հո­սին՝ կ­­՚անց­նին ու կ­­՚եր­թան ժա­մա­նակ­նե­րը, կը փո­խո­ւին ու կը նո­րո­գո­ւին սե­րունդ­ներն ու մտայ­նու­թիւն­նե­րը, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­թար­մաց­ման աղ­բիւ­րէն ջուր խմող ա­մէն սե­րունդ ան­պայ­ման կ­­՚ար­ձա­գան­գէ Մկր­­տիչ Ար­մէ­նի պատ­գա­մին եւ «­Հեղ­նար աղ­բիւր»ի հե­րո­սին հետ, վստա­հա­բար նոր օ­րե­րու շուն­չով, իր կար­գին կը վե­րա­հաս­տա­տէ հայ մար­դու ա­ւան­դա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ծա­ռա­յե­լու մնա­յուն ար­ժէք­նե­րու ստեղ­ծու­մին եւ կը վե­րա­նո­րո­գէ հա­ւատ­քը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015