ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Վաստակաւոր գրող Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ մեծարուեցաւ Եշիլգիւղի սիրոյ սեղանին ժամանակ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մկրտիչ Մարկոսեանի ստեղծագործական աշխատանքին շուրջ։ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, որ եւս ներկայ էր հաւաքոյթին, նորին սրբազնութենէն խնդրած էր՝ յանձնել մեծարեալ գրողի պարգեւը։ Ընդհանուր փոխանորդը ներկաներու ծափահարութիւններուն զուգահեռ Մկրտիչ Մարկոսեանի լամբակին անցուց շքանշանը։ Մեծարեալ գրողն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։

Մկրտիչ Մարկոսեանի պարգեւատրումը զուգադիպեցաւ իր 80-րդ տարեդարձի օրուան։ Յոբելեանին առթիւ իրեն ի պատիւ պատրաստուած էր նաեւ կարկանդակ մը։ Մարկոսեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք իրեն մաղթեցին մշտադալար գրիչ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018