ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԸ՝ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ՏԱԿ

Ե­կե­ղե­ցա­կա­նի բո­վան­դակ կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ է։ Կա­րե­լի չէ հեր­քել կամ ու­րա­նալ զայն։

Հա­մա­տա­րած ե­րե­ւոյթ է ե­կե­ղե­ցա­կա­նը ման­րազ­նին քննու­թե­նէ ան­ցը­նել։ Առ այդ, կը քննուին ա­նոր անձ­նա­կան կեան­քը, խո­հե­րը, ա­րարք­նե­րը, շար­ժում­նե­րը, բնա­ւո­րու­թեան գի­ծե­րը, նկա­րա­գի­րը ե­ւայլն։ Այս դա­ժան քննու­թե­նէն ան­մասն չեն մնար ան­շուշտ ա­նոր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը եւս, ա­նոնք ալ ա­ռար­կան են ժո­ղո­վուր­դին ոչ միայն հե­տաքրք­րու­թեան, այ­լե­ւա քննու­թեան, եւ ին­չու չէ ն­­աեւ՝ տե­ղի ու ան­տե­ղի քննա­դա­տու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, փա­խուստ չկայ քննու­թե­նէն, դա­տաս­տա­նէն։

Բայց ին­չո՞վ կ՚ար­դա­րա­նայ ժո­ղո­վուր­դին խո­շո­րա­ցու­ցա­յին նման քննու­թիւ­նը։ Չէ՞ որ ե­կե­ղեցա­կանն ալ մարդ է եւ ա­զատ՝ իր կեան­քը ապ­րե­լու եւ տնօ­րի­նե­լու այն­պէս ինչ­պէս կը ցան­կայ։ Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը այդ­քան ալ հա­ճե­լի կրնայ չթուիլ, վասն­զի ե­կե­ղե­ցա­կա­նը բա­րո­յա­կան ճնշման տակ է՝ ապ­րե­լու եւ նմա­նե­լու մեր Տի­րոջ եւ ջա­նա­լու կա­տա­րեալ ըլ­լալ եւ օ­րի­նակ ծա­ռա­յել այ­լոց եւս, որ­պէս­զի ա­նոնք եւս կա­տա­րե­լու­թեան ճամ­բան բռնեն։

Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱ­ՆԸ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ԴԷՄՔ Է

Ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը ա­մե­նե­ւին ա­զատ կեանք չէ։ Մշտա­պէս խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ է ե­կե­ղե­ցա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր է այլ մար­դոց­մէ։ Ան կեդ­րո­նա­կան դէմք է՝ ա­մէն­քին աչ­քե­րը սե­ւե­ռած ա­նոր։ Ա­ւե­լի՛ն, ժո­ղո­վուր­դը ար­դա­րօ­րէն իր կրօ­նա­ւո­րին մէջ կը փնտռէ հա­զուա­գիւտ տար­րեր ու բա­րո­յա­կան ար­ժա­նիք­ներ, ինչ­պէս՝ աշ­խա­տու­նա­կու­թիւն, մե­ղուա­ջան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն, ա­նանձ­նա­սի­րու­թիւն, ն­­աեւ՝ բա­ցա­ռիկ նկա­րագ­րա­գի­ծեր, ինչ­պէս՝ հա­մակ բա­րու­թիւն, ճշմար­տա­սի­րու­թիւն, ար­դա­րա­սի­րու­թիւն, ան­կողմ­նա­կա­լու­թիւն, ա­պա եւ՝ բնա­ւո­րու­թեան ա­ռողջ կող­մեր, ինչ­պէս՝ հան­դար­տա­սի­րու­թիւն, զգօ­նու­թիւն, խո­հե­մու­թիւն, ողջմ­տու­թիւն, ազ­նուու­թիւն, պար­կեշ­տու­թիւն, փափ­կան­կա­տու­թիւն եւ բա­զում այլ բա­րե­յատ­կու­թիւն­ներ։ Ի վե­րայ այսր ա­մե­նայ­նի, ժո­ղո­վուր­դը կ՚ակն­կա­լէ, որ իր ե­կե­ղե­ցա­կա­նը ըլ­լայ ծան­րա­բա­րոյ, խո­հուն, գի­տուն, բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն զար­գա­ցած, եւ միշտ պատ­րաստ՝ ու­սա­նե­լու, գի­տու­թիւն ամ­բա­րե­լու եւ ար­տադ­րե­լու։ Զար­մա­նա­լիօ­րէն, ժո­ղո­վուր­դը նոյ­նիսկ կ՚ա-կըն­կա­լէ, որ ե­կե­ղե­ցա­կա­նը իր­մէ քայլ մըն ալ ա­ռաջ ըլ­լայ ու մատ մըն ալ բարձր՝ իր գի­տե­լիք­նե­րու պա­շա­րով եւ իր ե­զա­կի դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Ին­չո՞ւ, վասն­զի յաչս ժո­ղո­վուր­դին, ե­կեղե­ցա­կա­նը տար­բեր անձ է, սո­վո­րա­կան մէ­կը չէ եւ պէտք չէ ըլ­լայ՝ թէ՛ իր ուս­ման խո­րու­թեամբ, եւ թէ իր վար­քու­բար­քով։ Ազ­գին ար­դար ակն­կա­լու­թիւնն է, որ իր հո­գե­ւոր սպա­սա­ւո­րը մնայ իր կո­չու­մի բարձ­րու­թեան վրայ եւ չնուաս­տա­նայ։ Ազ­գը իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղե­ցա­կա­նի մէջ կը փնտռէ հո­գե­ւոր հայ­րը, ի­մաս­տուն խորհր­դա­տուն, կա­տա­րեալ ք­­րիս­տո­նեան։ Ա­հա այս բա­զում պատ­ճառ­նե­րով, ե­կե­ղե­ցա­կա­նը կը մնայ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ, որ­պէս­զի ան մշտա­պէս յղկուի, մշա­կուի ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։ Այս պայ­ման­նե­րուն տակ, բնա­կա­նա­բար, ե­կե­ղե­ցա­կա­նը բա­րո­յա­պէս հար­կադ­րուած պի­տի զգայ ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու՝ քիչ մը ա­մէն օր։

Մարդ ա­րա­րա­ծին մե­ծա­գոյն եր­կիւ­ղը եւ զայ­րոյ­թը կը կա­յա­նայ քննա­դա­տու­թեան մէջ։ Մար­դիկ չեն սի­րեր քննա­դա­տուիլ, կոշ­կո­ճուիլ, այլ միայն՝ գո­վուիլ ու փա­ռա­բա­նուիլ։ Կրօ­նա­ւորն ալ իբ­րեւ մարդ, չի սի­րեր քննա­դա­տու­թիւն լսել, վար­կա­բե­կուիլ կամ ա­նար­գուիլ եւ ուղ­ղու­թեան հրա­ւի­րուիլ։ Մեր ան­մա­հա­նուն գրող՝ Րաֆ­ֆին, սա­կայն, իր բազ­մա­հա­տոր եր­կե­րուն մէջ կը շեշ­տէ տկա­րու­թիւն­նե­րու եւ թե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ինչ­քան ալ տհաճ է թե­րու­թեանց եւ գայ­թակ­ղու­թեանց մատ­նան­շու­մը, այն­քան ալ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ ախ­տա­ճա­նա­չու­մով միայն կա­րե­լի է վէր­քը բու­ժել։ Քննա­դա­տու­թե­նէ պէտք չէ վախ­նալ։ Մեր օ­րե­րուն, դժբախ­տա­բար, շի­նիչ (բա­րի ու օգ­տա­կար) քննա­դա­տու­թիւ­նը վե­րա­ծուած է քան­դիչ կամ կոր­ծա­նա­րար քըն-նա­դա­տու­թեան։ Պա­տա­հած է, որ ե­կե­ղե­ցա­կա­նը ի զուր ա­նուա­նար­կուած է, ան ա­նար­դա­րօ­րէն յանդի­մա­նուած է ու կոպ­տօ­րէն վի­րա­ւո­րուած։ Այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րուն, կա­րե­լի է ե­րե­ւա­կա­յել հո­գե­ւո­րա­կա­նին հո­գե­կան տուայ­տան­քը եւ ներ­քին տրտմու­թիւ­նը։ Այն ծանր տա­ռա­պան­քը, ո­րուն կ՚են­թար­կուի ան, կը փշրէ ա­նոր զգա­յուն հո­գին ու հիմ­նո­վին կը խան­գա­րէ ա­նոր մտքի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Մար­դիկ ըզ-գոյշ ըլ­լա­լու են, որ նման զրպար­տու­թիւն­ներ, վար­կա­բե­կումներ ու ցե­խար­ձա­կում­ներ չկա­տա­րեն։ Ոչ ոք ի­րա­ւունք ու­նի շու­կա­յիկ, ա­ժան են­թադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով, ե­կե­ղե­ցա­կա­նը ար­ժէ­քազր­կե­լով՝ իր պա­տուան­դա­նէն ցած բե­րել։ Ա­ւե­տա­րա­նի է­ջե­րը լի են մեր Տի­րոջ ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րով։ Բազ­միցս Ան չա­րախ­օս­ուած է, վա­տա­բա­նուած ու սիրտ­ը խո­ցուած։ Կը տեսնենք, թէ ինչպ­էս ա­նար­դա­րօր­էն ու շոգմ­ոգ­ու­թեամբ ջա­նա­ցած են թա­կարդ­ել զ­­Ինք ու վա­տա­համ­բա­ւել։ Քրիս­տոս­ի բո­վան­դակ կեան­քը, ա­մէն քայ­լա­փոխ­ին, խոշ­ո­րա­ցոյց­ով դի­տու­ե­ցաւ։ Ա­նոր խօսք­եր­ը, նոյն­իսկ հրաշքներ­ը եւ բա­րեգ­ործ­ութ­իւն­ներ­ը, ման­րազն­ին քննութ­եան են­թարկու­ե­ցան, եւ սա­կայն Ան, եր­բեք չընկրկ­ե­ցաւ, չյու­սա­հատ­ե­ցաւ, այլ պայ­քար­ե­ցաւ վասն ճշմար­տութ­եան ու մարդ­կութ­եան եւ ա­ներ­եր ու յաղ­թա­կան մնաց բոլ­որ ճա­կատ­ներ­ուն վրայ։

Օ­ՏԱՐ­ՆԵ­ՐԸ ԲԱՐՁՐ ՀԱ­ՄԱ­ՐՈՒՄ ՈՒ­ՆԻՆ ՀԱՅ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ԴԷՊ

Ե­կեղ­ե­ցա­կան­ը պիտ­ի շար­ու­նա­կէ մնալ խո­շո­րա­ցոյց­ի տակ, որ­ով­հետ­եւ ժող­ով­ուր­դին ակն­կալ­ու­թիւնն­եր­ը իրմ­է շատ են եւ յոյ­սեր­ը՝ բա­զում։ Մեր ժող­ով­ուր­դը կ՚ուզ­է, որ իր հայ եկ­ե­ղե­ցա­կան­ը ըլ­լայ նաեւ ազգ­ին ներ­կա­յաց­ու­ցիչ­ը։ Մաս­նա­ւո­րա­բար այս օ­տար ա­փեր­ուն վրայ, եկ­ե­ղե­ցա­կան­ը յա­ճախ պ­­իտ­ի ներ­կա­յացն­է մեր ազ­գը, երկ­իր­ը, մշակ­ոյթ­ը, եկ­եղ­ե­ցին։ Ան, ըստ այդմ, պար­տա­ւոր է կապ պա­հած ըլ­լալ բոլ­որ հոգ­եւ­որ ու ազ­գա­յին ան­ցու­դար­ձեր­ուն եւ տեղ­եակ ըլ­լալ ար­դի կե­նաց պայ­մանն­եր­ուն եւ պա­հանջ­ներ­ուն ի Հա­յաս­տան եւ ի սփիւռս աշ­խարհ­ի։ Օ­տար­ներ­ը բարձր հա­մա­րում ուն­ին հայ եկ­եղ­ե­ցա­կան­ի հան­դէպ եւ խո­րին յար­գանք։ Ա­նոնք եւս կը սպաս­են, որ հայ կրօ­նա­ւոր­ը պատ­շա­ճօր­էն ու ի­մաս­տուն­օր­էն դրսեւ­որ­է ինքզ­ինք, օժտ­ուած ըլ­լայ ի­մա­ցա­կան բա­ցառ­իկ կար­ող­ութ­եամբ եւ սպա­ռազ­ին­ուած՝ ան­հատն­ում հո­գեւ­որ ու աշ­խարհ­իկ գի­տել­իքն­ե­րով։

Այս­պիս­ով, երբ յա­րա­տեւ եկ­ե­ղե­ցա­կան­ը կը մնայ խոշ­ո­րա­ցոյց­ի տակ, ան հ­­ետզհ­ետ­է ա­ւել­ի կը գի­տակ­ցի իր պաշտ­օն­ի լրջու­թեան ու ծանր­ութ­եան։ Ան իր սուրբ գործ­ին ա­ւել­ի նու­իր­ում­ով կը փար­ի,
որ­ովհ­ե­տեւ կը
­գի­տակ­ցի,
թ­­է ար­թուն միտք­եր ու ա­չալ­ուրջ մար­դիկ կը հսկեն զ­­ինք եւ կը մղեն կա­տա­րել­ութ­եան ու ան­բա­սիր կեան­քի։ Ա­ւե­տա­րան­ի ճամ­բով արդ­էն իսկ ան կան­չուած է կա­տար­ել­ութ­եան ձգտ­­ել­ու, բայց այդ ճա­նա­պարհ­ը, ինք քաջ գիտ­է, դժուա­րին է, փշոտ ու լի խութ­ե­րով։ Վեր­էն հսկող աչք մ­­ը եւս կայ կրօ­նա­ւոր­ին վրայ, որ պարտ­ի ուղ­իղ քալ­ել ու չսայ­թա­քիլ այս լպրծ­­ուն աշ­խարհ­ին մէջ։ Այս կրկնակ աչ­քեր­ը զինք չեն վհատ­եց­ներ, այլ, ընդ­հա­կա­ռակ­ը, բա­րո­յա­պէս կու գան զ­­օ­րա­վիգ կանգն­ել­ու ա­նոր եւ հոգ­եպ­էս գօտ­եպն­դել­ու ու զ­­օ­րաց­նել­ու։

Խոշ­ո­րա­ցոյց­ի տակ ապ­րուած կ­­եան­քը պա­տաս­խա­նա­տու­ութ­եան կ­­ը կոչ­է բարձր կ­­ոչ­ում ու նու­ի­րում ուն­եց­ող ան­ձը։ Վերջ­ինս, իւր­ով­սանն կ՚աշ­խատ­ի դեր­եւ չհան­ել այն բոլ­որ յոյս­եր­ը, որ իր վրայ դրուած են։ Ան ի­մաս­տու­թեամբ կ՚օգ­տա­գործ­է իր­են ըն­ծայ­ուած ժա­մա­նա­կը եւ իր բոլ­որ բա­րո­յա­կան ուժ­եր­ը ի գործ կը դնէ օգ­տա­կար­ութ­իւն իր ազգ­ին, եկ­եղ­եց­իին ու մշա­կոյթ­ին, ու ին­չու չէ նա­եւ, հա­մայն մարդկ­ու­թեան։

Շատ քար­եր պիտ­ի նետ­ու­ին եկ­եղ­ե­ցա­կան­ին վրայ զա­նա­զան ա­ռիթն­եր­ով ու բազ­մա­զան պատ­ճառն­եր­ով, եր­բեմն ար­դա­րաց­իօ­րէն եւ եր­բեմն ալ ան­տեղ­իօր­էն, բայց ան պ­­իտ­ի մնայ իր կոչ­ում­ին վրայ ա­մուր ու ան­սա­սան։ Մինչ այդ, սա­կայն, ան պ­­իտ­ի ջա­նայ հ­­ե­ռու մնալ գայ­թակ­ղալ­ից ու մեղ­սալ­ից ա­րարքն­եր­է, աշ­խարհ­իկ հրապ­ոյրն­եր­է, վա­ղան­ցիկ զբա­ղումն­եր­է ու հաճ­ոյքն­եր­է, վասնզ­ի եթ­է որ­ոշ մեղք­եր ներ­ել­ի են աշ­խար­հա­կան­ին հա­մար, ա­պա կրօ­նա­ւոր­ին հա­մար՝ ան­ներ­ել­ի։

Ե­կեղ­ե­ցա­կան­ին կեան­քը դիւր­ին ու հե­զա­սահ չէ։ Տաղտ­ուկն­եր­ով ու խոչ­ըն­դոտն­եր­ով լի ա­նոր կեան­քը ուն­ի նա­եւ հոգ­ե­կան ան­սահ­ման գ­­ոհ­ու­նա­կութ­իւն։ Ծա­ռա­յութ­իւն մը լիուլ­ի կա­տա­րած ըլ­լա­լու հա­ճոյք­ը կայ։ Ֆրան­սա­ցիք ուն­ին հո­յա­կապ ա­ռած մը այս ուղղ­ու­թեամբ, որ կ՚ըս­է. «C’est là où il y a le plus d’épines que se trouvent les plus belles roses», որ թարգ­մա­նի՝ «Լա­ւա­գոյն վար­դեր­ը այն­տեղ են, ուր կան ա­մեն­էն շատ փուշ­եր»։

ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016