ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը 30 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԱՅՍ ՕՐԸ

ՎԵՐՋ ՊԷՏՔ Է ՏԱԼ «ԿՈՅԿՈՅՃԻ»ՈՒԹԵԱՆ
(ԱՐԱ ԳՕՉ)
25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1990 - ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Դժբախտ սովորութիւն մը ունինք երկինքները բարձրացնելու մեր հանրային գործիչներն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները, անոնց համար որոնելով այնպիսի ածականներ, զորս կը շռայլենք, առանց անդրադառնալու, որ մեզի չափ անոնք ալ ծիծաղելի դարձուցած կ՚ըլլանք…:

Այս յոռի սովորութիւնը զոր տակաւ կը սաստկանայ տարիներու հոլովոյթով, նոր չէ մեր համայնքին մէջ: Արդարեւ, կը յիշեմ շուրջ երեսուն տարի առաջ մեր ծանօթ գրագիտուհիներէն Տիկ. Հայկանոյշ Մառքի այն լորձաշուրթն շողոմանքը, զորս շռայլած էր հանդէպ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի, զայն Գ. Շնորհալի որակել թելադրելով, առանց անդրադառնալու, որ իր կողակիցը՝ Վահան Թօշիկեան իր հրատարակած «Նոր Լուր» թերթին մէջ, դեռ քանի մը տարի առաջ տեղ տուած էր քննադատական յօդուածի մը, ուր «Օտունճու» որակուած էր նոյն այդ երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարքը:

Նկատելով որ այն ատեն շատ թարմ էին այս ներհակ՝ իրերամերժ արտայայտութիւնները, ընթերցող հասարակութիւնը չծիծաղեցաւ Հայկանոյշ Մառքի վրայ, այլ անոր այդ ելոյթը վերագրեց յառաջացեալ տարիքին…:

Բայց մենք շատերս այսպէս ծայրայեղ ենք դժբախտաբար, սկսելով եկեղեցական ազդերու կամ հանդիսութեանց նկարագրականներու մէջ դերակատարներու մասին շռայլուած ածականներէն, մինչեւ հաւաքոյթներու ընթացքին ոեւէ մէկ անհատին խօսնակներու կողմէ ծանօթացումը, որոնք այնքան չափազանցեալ կ՚ըլլան, ուրկէ կը հետեւի թէ ծիծաղելի դառնալու գաղափարէն զուրկ են նման արտայայտութիւններ ունեցողները:

Սխալ կ՚ըլլայ գովաբանել մէկը զայն եօթներորդ երկինքները բարձրացնելով, որքան սխալ կ՚ըլլայ անհատ մը պախարակել կամ ստորագնահատել, անդնդոտ սանդարամէտը նետելով զայն…:

Ո՛չ մին, ոչ ալ միւսը: Պէտք է ըլլալ զուսպ, չափաւոր, խուսափելու համար ուրիշներու զուարճութեան առարկայ դառնալէ:

Այստեղ «քառասուն հոգի ենք, զիրար շատ լաւ կը ճանչնանք», ուստի, մարդիկ «բրօթօքօլը» բօրթուքալէն զանազանելու կարողութենէն երբ զուրկ են, առ նուազն լռել պէտք է գիտնան, յիշելով համբաւաւոր այն առակը, որ կ՚ըսէ «լռելը ոսկի է, իսկ խօսիլը՝ արծաթ»:

Բայց երբեմն այնքան անիմաստ, ծիծաղելի, անհանդուրժելի խօսակցութեանց ալ ականջալուր կ՚ըլլանք, որ ատոնք ոչ թէ արծաթի, այլ հասարակ թիթեղի արժէք մը իսկ չեն ունենար…:

ՄԵԶՄԷ ԴԱՐԵՐ ԱՌԱՋ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ԾԱՆՕԹ ԷԻՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1990 - ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Պատական ճշմարտութիւն է այն իրողութիւնը, որ արեւելեան եւ միջին-արեւելեան երկիրներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով գթութեան գործին ձեռնարկող կիները եղած են հայուհիները: Այս երեւոյթը հարկաւ հպարտութեան առիթ է ոեւէ հայ կնոջ համար:

Իրապէս ալ Կարմիր խաչի ստեղծումէն եւ մեր ժամանակներէն դարեր առաջ, մեր մայրերն ու քոյրերը հաստատած են հիւանդանոցներ, ապաստանարաններ եւ իրենց քնքոյշ ձեռքերով խնամած են բազմաթիւ հիւանդներ: Մանաւանդ քրիստոնէութեան շրջանին եւ անկէ ետք, Աստուա-ծաշունչէն թելադրուող գթասրտութիւնն ու ողորմածութիւնը հայ կնոջ առաքինութեան անբաժան մէկ մասնիկը եղած է:

Հարկաւ շատ երկար է շարքը եւ հետեւաբար անկարելի է թուել մեր պատմութեան մէջ այս գործին մէջ ծանօթ անուններ, գոհանանք քանի մը օրինակներով միայն:

Առաջին հերթին յիշենք Աղուիթան: Երրորդ դարու երկրորդ կիսուն, հին հեթանոս Հայաստանի Սալահունեաց Սուրէն իշխանին կինն էր ան: Շատ գեղեցիկ այս կինը ծանօթ էր իր գթասրտութեամբ եւ ողորմածութեամբ:

Աղուիթա շինել տուած է պատսպարան մը եւ հոն զետեղած է Հայաստանի չքաւոր հիւանդները: Խնամուած հիւանդներուն մէջ ան կը ծանօթանայ քրիստոնեայ եկեղեցականի մը, որ իր ինքնութիւնը գաղտնի կը պահէր հեթանոս շրջանակին մէջ: Աղուիթա եւ իր միակ որդին՝ Աթենադոր, որ հիւանդ էր, կը մկրտուին այս եկեղեցականին ձեռքով:

Գթութեան գործին մէջ ծանօթ անուն մըն է նաեւ Սանդուխտ Կոյսը, որ քաղցր ու հմայիչ ձայնով վարագոյրի մը ետեւէն կ՚երգէր ամոքելու համար հիւանդներուն ցաւերը: Սանդուխտ Կոյս ծանօթ է նաեւ բարեսիրական իր այլ գործերով:

Շուշան Տիկին. քրիստոնեայ եւ ասպետական ոգիով թրծուած այս հայուհին, հայ բանակներու սպարապետ Սմբատ Բագրատունիի կինն էր: Է. դարը աղիտալի շրջան մը եղած է մեր երկրին համար, որ տառապած է պարբերական արշաւանքներէ եւ անոնց հետեւանք եղող սովերէ: Հինգ հազար հոգինոց արաբական բանակ մը երբ դէպի Հայաստան կ՚արշաւէր Արաքս գետի սառոյցներուն վրայէն, յանկարծ կը սկսին ճաթռտիլ Արաքսի սառցակոյտերը եւ արաբ զինուորները կը խեղդուին, կը մեռնին սառն ջուրերուն մէջ: Երեք հարիւր թշնամի զինուորներ կը դիմեն Շուշան Տիկնոջ եւ ապաստան կը խնդրեն անկէ: Հայ Տիկինը ոչ միայն լայն կը բանայ իր դղեակին դուռերը, այլեւ՝ զայն կը վերածէ կատարեալ հիւանդանոցի մը ու հոն մէկտեղել կու տայ արաբ վիրաւոր զինուորները:

Շրջան մը ետք, երբ զինուորները կը բուժուին եւ կը կազդուրուին, անոնց կու տայ ձիեր եւ կը ղրկէ իրենց հրամանատար Ապտէլ Մալիքին մօտ (այս մասին կարդա՛ Ղեւոնդ Պատմիչը):

Տիկին Սիւնեաց Իմաստուն Բիւրեղ. կը կարծուի, որ Սիւնեաց թագաւորի քաջաց նուիրակ Գրիգորի կինն էր ան, իր ամուսնին մահէն ետք, օրինակելի իմաստութեամբ ան վարած եւ բարգաւաճ վիճակի մը հասցուցած է իր երկիրը: Շինել տուած է բազմաթիւ պատսպարաններ եւ հիւանդանոցներ:

Զապէլ թագուհին, կինը Հեթում Ա. թագաւորին, իր մայրաքաղաք Սիսի մէջ շինել տուած է մեծ հիւանդանոց մը: Թագուհիի եւ պալատական տիկինի սովորութիւնները մէկ կողմ ձգած, ան օրուան մեծագոյն մասը կ՚անցընէր հիւանդներու մօտ եւ կը ճաշէր անոնց համեստ սեղանէն:

Զապէլ թագուհիին եւ Հեթում Ա. թագաւորին դուստրը՝ Տիկին Ֆիմի 1252-ին կ՚ամուսնանայ Սայտայի (Լիբանան) խաչակիր ասպետ Ժիւյիէնի հետ: Իր մօր նման խելացի այս իշխանուհին կը սիրէր բարեգործութիւնը: 1260-62 թուականներուն Սայտա կը գրաւուի. Ֆիմի իշխանուհին կ՚ապաստանի Կիլիկիա՝ իր հօր արքունիքը: Կարճ ժամանակ ետք, Ֆիմի կը լքէ ամէն բան եւ ճոխ ու հանգիստ կեանքէն հեռանալով կը նուիրուի գթութեան գործին: Երիտասարդ եւ գեղանի Ֆիմի իր միակ մխիթարանքը կը գտնէ տառապողներու օգնութեան վսեմ գործին մէջ:

Ֆիմիի ջանքերուն շնորհիւ է, որ մինչեւ 1375 կանգուն կը մնայ Սիսի հիւնադանոցը:

Մեզմէ շուրջ դար մը առաջ, գիւղացիներ երբ արտ կը հերկէին, հողին տակէն կը գտնեն սեւ հողերով ծածկուած մարմարիոնի կտոր մը, որուն վրայ հայերէն արձանագրութիւն կար: Զապէլ թագուհիին շինել տուած հիւանդանոցին մայր արձանագրութիւնն էր անիկա: Գթութեան այդ մեծ ձեռնարկէն պատմութեան կը մնար քարէ այդ վկան միայն…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020