ՓՈՓԻՒԼԻԶՄ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Վերջին տարիներուն մա՛նաւանդ արեւմտեան ժողովրդավարութեան մէջ քաղաքական գործիչներու օգտագործած խօսոյթն է փոփիւլիզմը։

Փոփիւլիզմի հիմքին, քաղաքական կամ ընկերային որեւէ ուժի ձգտումն է ձեռք բերել զանգուածներու վստահութիւնն ու աջակցութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, փոփիւլիստ քաղաքական գործիչներու իրական նպատակները (ուժի համար պայքարը, հարստանալը եւ այլն) սովորաբար կը քօղարկուին ընկերային տեսանկիւնէն գրաւիչ գաղափարներով: Կարելի է ըսել, որ փոփիւլիզմի հիմքին կը գտնուի նաեւ մարդոց շահերուն, նախապաշարումներուն, հիասթափութիւններուն եւ զայրոյթներուն անդրադառնալը։

Փոփիւլիստներ իրենց հռետորաբանութիւնը «կը կառուցեն» հասարակութիւններու տնտեսական եւ կամ ընկերային շահերու շեշտադրման վրայ։ Փոփիւլիստներու մեծամասնութիւնը կը ներկայանան ընկերային կամ կարգ մը հասարակական շրջանակներու «շահերու» պաշտպաններ. օրինակ՝ բանուորներ, կիներ, քաղաքացիներ, գիւղացիներ, արդիւնաբերութեան ոլորտի ծառայողներ եւ այլն…։

Փոփիւլիզմ բառը կը «պարունակէ» պայքար՝ ժողովուրդին հասարակ եւ վերնախաւին միջեւ։ Փոփիւլիզմը կարիք չ՚ունենար «միջնորդ» հաստատութիւններու. օրինակ՝ քաղաքական կուսակցութիններ: Փոփուլիզմի առաջարկած միակ գաղափարախօսութիւնն է՝ ժողովուրդի կամքը արտացոլող «քարիզմաթիք» առաջնորդ մը եւ անոր կողմէ ղեկավարուած կազմակերպութիւն մը։ Պատմութեան ընթացքին զարգացման եւ փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէն՝ փոփիւլիզմի հիմնական գաղափարը ժողովուրդի կամքն է, հետեւաբար այն չ՚ընդունիր ժողովրդական կամքի որեւէ սահմանափակում։ Բայց եւ այնպէս, անխուսափելիօրէն, յաճախ կը յառաջանայ խնդիրներ, որոնց պատճառներն են՝ ժողովուրդի որոշում կայացնելը առանց անմիջական պատասխանատուութիւն կրելու կամ առանց անհրաժեշտ գիտելիքներ եւ տեղեկութիւն ունենալու։ Քանի որ ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը շատ անգամ ի վիճակի չէ առնել կշռադատուած կամ տրամաբանական որոշումներ, քաղաքական ուժերը կը ներկայացնեն ո՛չ թէ բարդ իրականութիւնը, այլեւ՝ այն, ինչ որ մարդիկ կը փափաքին իմանալ։ Մարդիկ ընդհանրապէս կը նախընտրեն խուսափիլ բարդ իրականութենէն եւ կ՚ընտրեն այն ուժը, որ կ՚առաջարկէ «պարզ եւ արագ» լուծումներ։ Փոփիւլիզմի անխուսափելի հետեւանքներէն մին է, թէ իրականութիւնը անզգալաբար կը ներխուժէ մարդոց կեանքը, վաղ թէ ուշ, մարդիկ մեծ կորուստներ ունենալով կը պարտադրուին կրել ծանր պատասխանատուութիւն՝ պատրանքներու, երազանքներու հիման վրայ առնուած սխալ քայլերու իբրեւ արդիւնք։ Փոփիւլիզմի ամենավտանգաւոր հետեւանքներէն մին է նաեւ՝ փոփիւլիստ կառավարութիւններու միապետական գործելաոճի նկրտումները։ Այդ կառավարութիւնները, գիտակցելով իրենց խոստումներու, խօսքերու անհեթեթութիւնը եւ հաւանական հետեւանքները՝ կը ձգտին ամէն կերպով լռեցնել ընդդիմութիւնը եւ իրենց դէմ կատարուած քննադատութիւնները, նոյնիսկ ընդդիմախօսները կը պիտակաւորեն՝ որպէս «դաւաճան», «ժողովուրդի թշնամի» եւ այլն։

Փոփիւլիստ ​​ըմբռնումը ժողովրդավարութեան մեծ վտանգ կը սպառնայ այն պարագային, երբ պարզ «թիւերու» մեծամասնութիւնը կը նկատուի որպէս ժողովրդական կամք եւ մնացեալը կը բացառուի, կ՚արհամարհուի, նոյնիսկ կ՚ոտնահարուին անոնց իրաւունքները։ Փոփիւլիստներ յաճախ ընդդիմութիւն, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու նման ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերը (անուղղակիօրէն) կը համարեն ժողովուրդի կամքը սահմանափակող գործօններ։ Այլ խօսքով՝ փոփիւլիզմի նպատակը ո՛չ թէ ժողովրդավարութիւնն է, այլ հաստատելն է այն համակարգը, ուր կ՚իշխէ թիւերու մեծամասնութիւնը ներկայացնող անձը։

Փոփիւլիզմը կառուցուած է մարդոց զայրոյթներն ու հոգերը շահարկող որոշ անհատներու կամ խումբերու գերազանցութեան վրայ։ Այլատեացութիւնը, ներառեալ՝ այլ կրօններու հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը եւ նման ծայրայեղ տեսակէտները փոփիւլիզմը կը դարձնեն քաղաքական խօսոյթի «մանթրա*»ի եւ հետզհետէ կը «բնականոնացնեն» զայն։ Քանի որ անոնք կը շահագործեն «ժողովուրդը», կը հակադրուին վերնախաւին եւ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող պետութեան, դիւանակալութեան, պետութեան որեւէ միջամտութեան եւ հաստատուած կանոններուն: Անոնք կ՚անտեսեն բոլոր այն մարդիկը, որոնք անոնց նման չեն մտածեր։ Անոնք չեն ճանչնար օրէնքի գերակայութիւնը եւ դատական համակարգը կը տեսնեն՝ որպէս քաղաքական գործիք։ Անոնք անտեղի մարտահրաւէրներ կը նետեն բոլորին… Անոնք կը պնդեն, որ կը պաշտեն ժողովուրդը, բայց կը շահագործեն անոր կացութիւնը՝ առանց որեւէ լուրջ քայլի դիմելով ժողովուրդի կենցաղի որակը բարելաւելու նպատակով: Անոնք կու տան խոստումներ, որոնք չեն կրնար իրականացնել։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ 


*Մանթրա՝ սանսկրիտերէնով կը նշանակէ մարդու միտքը անարատ պահելու կոչուած, պարզ ու բանական շարադրուած աֆորիզմ, որ առաջին հերթին պէտք է հասկնալի ըլլայ, այլապէս անոր կիրառումը մարդու կեանքին մէջ անիմաստ է ու ոչ մէկ օգուտ կը բերէ։ Մանթրա բառը կը պղծեն զանազան ուղղութիւններով մարդիկ ու զայն սխալ իմաստներով աղաւաղած կը ներկացնեն, որպէսզի պարզապէս շահարկեն մանթրաներու հեղինակութիւնը ու այդ միջոցով յառաջ տանին իրենց հետապնդած շահերը։

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2021