ՍՈՒՐԲ ՎԱՀԱՆ ԳՈՂԹՆԱՑԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ հայ իշխան Վահան Գողթնացիի (Գողթնեցի) յիշատակութեան օրը: Նուիրական օր մը, որ կ՚առընչուի քրիստոնէութեան դէմ եղած հալածանքներուն:
Վահանը Գողթն գաւառի Խոսրով նախարարին որդին էր: Անոր հայրը՝ Խոսրովը, արաբական տիրապետութեան շրջանին, 705 թուականին, Հայաստանէն շուրջ 1200 իշխաններու հետ, նենգ խաբէութեամբ հաւաքելով Նախիջեւանի եւ Խրամի փայտաշէն եկեղեցիներուն մէջ՝ արաբները կրակի մատնած են կոտորածներու ժամանակ։ Նախարարարական ուրիշ ընտանիքներու հետ արաբները գերեվարած եւ Դամասկոս (Ասորիք) ղրկած են նաեւ մանուկ Վահան Գողթնացին։ Դամասկոսը այդ ժամանակ Հայաստանի տիրող ամիրապետներուն մայրաքաղաքն էր: Դամասկոսի մէջ մահմետականացուցած են հայ մանուկները, մահմետական կրօնք ուսուցանած եւ դաստիարակած այդ ոգիով։ Վահանը, որ ուշիմ եւ խելացի երեխայ էր, անուանափոխած եւ կոչած են Վահապ։ Ուսումը աւարտելէ ետք, նկատի առնելով անոր ուշիմութիւնը, զայն նշանակած են ամիրապետի ատենադպիր։
Վահան Գողթնեցին, թէեւ բոլորովին իսլամացած եւ գրեթէ արաբացած, տեղեակ էր իր քրիստոնեայ իշխանական տոհմէն սերած եւ հայ ըլլալուն մասին: Երբ Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսին միջնորդութեամբ՝ 719 թուականին, ընդհանուր ներում եւ վերադարձի իրաւունք կը շնորհուի գերեալ քրիստոնեաներուն, Վահան Գողթնեցին եւս կը ջանայ օգտուիլ այդ ներումէն: Պատճառաբանելով, որ կը կամենայ վերականգնել իր իշխանական իրաւունքները Գողթն գաւառին մէջ, ան Օմար ամիրապետէն արտօնութիւն կը ստանայ եւ կը վերադառնայ Հայաստան։
Օմար Բ. խալիֆայի մահէն (720) ետք վերստին կ՚ընդունի քրիստոնէութիւնը։ Ան շրջած է վանքէ վանք եւ ճգնած՝ Շիրակ գաւառին մէջ, ապա ամուսնացած է Սիւնեաց Բաբգէն իշխանի դստեր հետ՝ կամենալով վերջնականապէս հաստատուիլ Հայաստան եւ այդպէս խաղաղութեամբ կառավարած է իր երկիրը երկար տարիներ: Սակայն արաբական իշխանութիւնը, որպէս մահմետականութիւնը ուրացածի՝ Վահան Գողթնեցին փնտռած, հետապնդած եւ կանչած է Ռուծափ, ուր Հիշամ խալիֆան պահանջած է հրաժարիլ քրիստոնէութենէն եւ վերադառնալ արքունիք։ Վահան Գողթնեցի, Յիսուսը Տէր եւ Փրկիչ վկայելու եւ յանուն անոր իր արիւնը թափելու հաստատ որոշմամբ, ամիրապետին խոստովանած է քրիստոնէութիւն ընդունած ըլլալը։ Ան անյողդողդ դաւանած է Յիսուսը՝ որպէս Աստուծոյ Որդի եւ, արհամարհելով սպառնալիքներն ու չարչարանքները, մարտիրոսական պսակ ընդունած՝ գլխատմամբ։
Վահան Գողթնեցի կը նահատակուի 737 թուականին՝ դասուելով երանելի սուրբերու շարքը:
ՇԱՐԱԿԱՆԸ
Սուրբին յիշատակութեան օրը կ՚երգեն յատուկ շարական մը, որուն հեղինակը անոր քոյրը՝ Խոսրովիդուխտն է՝ ութերորդ դարու հայ կին երաժիշտը, որուն գործերը մինչեւ այսօր կ՚երգուին:
Խոսրովիդուխտին ստեղծագործութիւնը հայ հոգեւոր երգարուեստի առաջին նմոյշներէն է, որուն մէջ առկայ է իւրայատուկ երաժշտական ձեւ, մեղեդիի անկաշկանդ եւ ծաւալուն զարգացում։
Իր եղբօր՝ Վահան Գողթնեցիին նուիրուած «Զարմանալի է ինձ» գովքը, Հայոց Եկեղեցին կանոնացուցած եւ ներմուծած է Շարակնոցին մէջ։ Գովքը օժտուած է գեղարուեստական բարձր արժանիքներով։
Զարմանալի է ինձ,
Քան զերգս երաժշտականաց,
Ձայնս ողբոց քոց հնչմունք,
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յԱստուծոյ։
Առաւել յորդորէ այս զհոգւոյս մասունըս,
Յօրինել քեզ երգս ո՛չ զղջականըս,
Այլ հոգեւորըս, եւ ուրախարարըս,
Յորդորականըս, եւ ներբողեանըս,
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ծառայ Քրիստոսի։
Զարհուրեցուցանէ զքոյ ճգնութիւնդ
Զմարմնոյս բնութիւնըս.
Իսկ դու առաւել գտար.
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, սիրող Քրիստոսի։
Արտաքնոցըն ըզգաստքըն
Ստեղծիչ բանք սնոտեացն ի պատրութիւն.
Իսկ քոյդ սիրայնոյ՝ աստուածարեալ եւ ոգեշահ․
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեա յազատաց։
Որպէս քաջ նահատակ,
Պատրաստեալ ի պատերազմ,
Կատարեցեր զընթացըս քոյ,
Արիաբար՝ յազգացն հարաւայնոյ,
Դասաւորեալ ընդ անմարմնականսն.
Ո՜վ երանելի տէր Վահան, Գողթնեացն իշխեցող։
ԳՈՂԹՆԵՑԻԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
744 թուականին Վահան Գողթնեցիին վարքը գրի առած է Երաշխաւոր վանքի վանահայր Արտաւազդ Վարդապետ, որ 714 թուականին մեկնած է Ասորիքի Ռուծափ քաղաքը եւ Գողթնեցիի նահատակութեան վայրին մէջ տեղեկութիւններ հաւաքած, անոնց ալ միացուցած է Գողթնեցիին հետ իր հանդիպումը եւ կազմած անոր կեանքին մասին պատմութիւնը:
Վահան Գողթնեցի, իր դեգերումներուն ընթացքին, այցելած է նաեւ Բզնունեաց նահանգի Արծկէի Երաշխաւոր վանքը, զրոյցներ ունենած է վանահայր Արտաւազդին հետ:
Հիմնուելով վկայաբանութիւններուն վրայ, հայ ժամանակակից արձակագիր Անահիտ Պարսամեան (1947-2017թթ.) վիպակ մը գրած է, նուիրուած Հայ Եկեղեցւոյ այդ տօնելի սուրբի կեանքին ու նահատակութեան պատմութեան: «Օշինդրի բոյրը կամ Սուրբ Վահան Գողթնացի» վիպակը 2010-ին լոյս ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը: Ան հնագոյն վկայաբանութիւններու կողքին մերօրեայ միակ պատումն է, որ գեղարուեստական ժանրով կը ներկայացնէ Վահան Գողթնեցիի կեանքը: Հակառակ որ գեղարուեստական գործ է, բայց հեղինակը հարազատ մնացած է ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններուն, միջավայրին, մատենագրական տուեալներուն, որոնք սուրբին մասին պահպանուած են վանահայր Արտաւազդի գրուածքին մէջ եւ Յայսմաւուրքներուն մէջ:
Դէպքերը կը ծաւալին ութերորդ դարու սկիզբը, Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ կրօնական իրավիճակը թելադրուած էր արաբական տիրապետութեամբ: Հեղինակը կը նկարագրէ Գողթն գաւառը, ուր ծնած է Վահան:
Յենելով Արտաւազդի վկայաբանութեան մէջ Գողթնեցիին եւ ամիրապետին հանդիպման եւ խօսակցութեան դրուագին, Անահիտ Պարսամեան իր վիպակին մէջ նկարագրած է այդ երկխօսութիւնը: Այդ երկխօսութենէն պարզ կը դառնայ, որ ամիրապետը կ՚արտօնէ, որ Վահանը վերադառնայ իր երկիրը, ուր ալ ան կ՚ամուսնանայ եւ արդէն կը ծաւալին յետագայ դէպքերը: Խոսրովորդի Վահանը, քրիստոնէութենէն մահմետականութիւն, ապա կրկին քրիստոնէութիւն իր ճանապարհով պատմական ողջ դարաշրջանի մը հերոսը դարձած էր, որուն անունը կենդանի է առայսօր:
ԳՈՂԹՆ
Բազում անուններով յայտնի եղած է Գողթն գաւառը, որ կը գտնուի Մեծ Հայքի Վասպուրական աշխարհի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Արաքս գետին ձախ կողմը:
Գաղթական, Գաղթան, Գոլթանց գաւառ, Գողթնաստան, Գողթնաց գաւառ, Կոլթենէ…
Գողթնը հին ու միջին դարերուն կը կազմէր առանձին նախարարութիւն, որ երբեմն կը մտնէր Սիւնիք աշխարհի կազմին մէջ։ Տարածքով կը համապատասխանէ այժմեան Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան Օրտուպատի, մասամբ նաեւ Գանձակի շրջաններուն։ Հարաւէն կը սահմանէր Արաքս գետը, արեւելքէն՝ Արեւիք եւ Ձորք, հիւսիսէն՝ Ծղուկք գաւառները։ Ունէր լեռնային տեսք։
Գաւառը կը յիշատակուի Պտղոմէոսի «Աշխարհագրութեան» մէջ։ Գողթնի բնիկ տէրերը Հայկ նահապետէն սերած Գողթնեցի իշխանական տոհմն էր, որ կազմած էր առանձին նախարարութիւն: Հայոց արքունիքին մէջ գրաւած է 16-րդ գահը եւ ըստ Զօրանամակին (պետական վաւերագիրին) տուած է 500 հեծեալ։
Դ. դարուն Գողթնի մէջ քարոզչական գործունէութիւն ծաւալած է Մեսրոպ Մաշտոց, որ ըստ աւանդութեան հաստատուած է Մրսուանիս գիւղին մէջ։ Գողթնի բնակչութիւնը զբաղած է այգեգործութեամբ, գինեգործութեամբ եւ շերամաբուծութեամբ։
Հինէն ի վեր Գողթն գաւառը հռչակուած է իր ժողովրդական երգիչներով՝ գուսաններով։ 641-ին արաբները գրաւած են Գողթնը։ Զ․ դարուն Գողթնի մէջ ստեղծուած է եկեղեցական առանձին թեմ։
Թ․ դարուն Գողթնը կը մտնէ Սիւնիքի կազմին մէջ։ Ժ. դարուն արաբ ամիրան, Ատրպատականի Սաջեան ամիրաներու հովանաւորութեամբ, բռնի ուժով տիրացած է Գողթնին։ 913-ին Եուսուֆ Սաջեան Սիւնիքի տէրերէն խլած է Երնջակ գաւառը եւ դրած է Գողթնի ամիրայի իրաւասութեան տակ։ 990-ական թուականներուն հայոց Գագիկ Ա. թագաւորը գրաւած է Գողթն գաւառը։
ԺԱ. դարու կէսին Գողթնը կ՚իյնայ սելճուկներու, ապա մոնղոլներու գերիշխանութեան տակ։ ԺԶ. դարու սկիզբը Գողթնը անցած է Սէֆեան Պարսկաստանի կազմին մէջ։ Որպէս առանձին միաւոր, «Ազատ Չիրան» անունով մտած է Նախիջեւանի խանութեան մէջ եւ բաժնուած 5 մահալի՝ Օրտուպատ, Ագուլիս, Դաշտ, Պելեւ, Չանանապ։ Հայկական գիւղերը կը կառավարէին մելիքները։ 1604-ին Գողթնի բնակչութիւնը բռնի գաղթեցուած է դէպի Պարսկաստան։
1752-ին Գողթնը ենթարկուած է Ատրպատականի Ազատ խանի հերոսախումբի շահատակութեան՝ արշաւանքի: ԺԹ․ դարու առաջին քառորդին գաւառի մէջ կը ծաւալի հայ ազատագրական շարժում. Գողթնի մելիքները կը գործակցին Դաւիթ Բէկին հետ:
Այստեղի եկեղեցիներէն նշանաւոր էին Շոռոթի Սուրբ Յակոբ գմբէթաւոր տաճարը, Վերին Ագուլիսի Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքը, Ցղնայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Մսրուանիս գիւղի Սուրբ Մեսրոպ վանքը։
Սիւնեաց լեռնաշղթայէն եկող լեռնային գիւղերը գաւառը կը բաժնէին 10 առանձին ձորահովիտներու։ Գաւառին մէկ մասը՝ Պստաձորին մէկ հատուածը, անտառապատ էր, հարաւը՝ չոր ու տափաստանային։
ՏՕՆԱՑՈՅՑ 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ
Քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ այսօր կը նշուի նաեւ Ս. Եւգինէ կոյսին, անոր հօր՝ Փիլիպպոսին եւ մօր՝ Կղոդիային, երկու եղբայրներուն՝ Սերկէյին եւ Ապիտոնին, երկու ներքինիներուն յիշատակութեան օրը: Այս օրը նոյնպէս դաւանանքին առընչուող տօն է:
Փիլիպպոսը հռոմէացի ազնուական էր: Նշանակուելով Եգիպտոսի կառավարիչ՝ ընտանիքով կը տեղափոխուի Աղեքսանդրիա: Եւգինէն հօր խորհուրդով կը սորվի այդ գիտութեան նշանաւոր կեդրոնը, ուր մեծ հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցէ Ս. Պօղոս առաքեալի թուղթերը: Հաւատալով Յիսուս Քրիստոսին՝ իր երկու ներքինիներուն հետ կը մկրտուի եւ կը դառնայ քրիստոնեայ: Այնուհետեւ տղամարդու զգեստ հագած կ՚երթայ վանք, կը դառնայ վանահայր: Երիտասարդ կին մը, սիրահարուելով Եւգինէին՝ կը մերժուի, իսկ յետոյ կը մեղադրէ զայն՝ բռնութեան փորձ կատարելուն համար: Կանգնելով դատաւորին առջեւ, որ իր հարազատ հայրն էր, Եւգինէն ստիպուած կ՚ըլլայ բացայայտել իր ինքնութիւնը:
Հայրը եւ միւս հարազատները, Եւգինէէն լսելով Փրկիչին մասին, կը դառնան քրիստոնեաներ: Տեղեկանալով այդ մասին՝ կայսրը սպաննել կու տայ Փիլիպպոսը: Անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Հռոմ, ուր քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով կը ձերբակալուի: Քրիստոսի Ծննդեան տօնին Եւգինէն կը գլխատեն: Քիչ անց նահատակութեան փառապսակը կ՚ընդունի նաեւ անոր մայրը՝ Կղոդիան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան