ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Անթերի թէ համեստ մեր բոլոր սեղաններէն անպակաս էր խաղաղութեան կենացը: Թէպէտ մեր երկրի լուսաբացները կը բացուէին խաղաղ, սակայն մեր մեծերը չէին մոռցած խաղաղութեան արժէքը, իսկ պզտիկներուն ալ կը մաղթէին մեծնալ խաղաղ երկինքի տակ:

Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանին համար վահան դարձած Արցախի սահմանը խաղաղ էր անհանգստութեան մէջ. ժամանակ առ ժամանակ զոհերը անպակաս էին: Այս էր հայոց խաղաղութեան գինը: Հայը խաղաղ ժամանակներուն անգամ կը վճարէր խաղաղութեան գինը՝ արիւնով, կեանքով, զոհերով...

Խաղաղութեան մէջ ինծի համար դժուար էր պատկերացնել հակառակը: Ախ՜ր ինչպէ՞ս կրնայ մեր պարզկայ երկինքը մթագնիլ, անկարելի է: Մեր սէգ սարերը մեր վահանն են, մեզ պիտի պաշտպանեն: Եթէ նոյնիսկ օր մը փոթորիկ ելլէ, զայն պիտի խեղդենք: Մեր սարերը նորէն պիտի ժպտին մեզի ու պիտի պաշտպանեն մեզ: Այդպէս եղաւ 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին:

Հայը անկոտրուն է: Հայուն ոչ մէկ կրնայ յաղթել: Այս մէկը մեր առաւելութիւնը չէ՝ Աստուծոյ համակրանքն է մեր ազգին նկատմամբ: Հայուն կրնայ յաղթել հայը՝ դաւաճան հայը, ուրացող հայը՝ փառասէր ու մորթապաշտ: Այդպիսիք եկան ու գողցան մեր խաղաղութիւնը: Մեզի ստիպեցին հրաժարիլ, հրաժեշտ տալ խաղաղութեան: Փոթորիկները տեղաւորուեցան մեր հոգիներու, սրտերու մէջ: Այլեւս մեր լուսաբացերը խաղաղ չեն բացուիր: Մեր աչքերը երբ բանանք՝ անմիջապէս վախուորած կը թերթենք դիմատետրը: Ամօթալի պայմաններու մէջ, մեր խաղաղ քունը հսկող 15 զինուոր, 15՝ քսան տարին բոլորած կամ չբոլորած երիտասարդ՝ մոխրացան: Թող Աստուած լուսաւորէ մեր բոլոր անմահացած զոհերու հոգիները:

Չկան մեղաւորներ, չկան պատասխանատուներ... Ցաւը կը փոթորկի մեր հոգիներու մէջ, մինչդեռ պատասխանատուները մնացած են անպատիժ: Երեւանի փողոցները խաղաղ են, ոչ մէկը կը բողոքէ աղէտի մէջ: Քաոսը գոցած են խաղաղութեան աժանագին, անորակ քօղով: Այլեւս երրորդ տարին է, որ ամէնուր կը փնտռենք խաղաղութիւն: Ամէն վայրկեան սրտատրոփ կը սպասենք խաղաղութեան վերադարձին, սակայն ապարդիւն:

Գիտակից հատուածը կը պահանջէ սգոյ օրեր յայտարարել Հայաստանի մէջ: Սակայն մահաբերները հակառակը կը պնդեն: Տողատակերու մէջ կը կարդանք. «Մոռցէ՛ք խաղաղութիւնը: Այս նոր Հայաստանն է: Մենք ամէն բանի սկսած ենք մեր սեփական կէտէն: Ինչ որ ուզենք, այն ալ պիտի ընենք: Ինչ սուգ: Ամէն օր սուգ է: Ողբերգութիւնը կը հետեւի ողբերգութեան: Եթէ այդպէս ըլլայ ամբողջ տարին սուգ պիտի յայտարարենք: Բաց աստի, ի՞նչ կը բողոքէք: Ձեզի համար ապրեցէք հանգիստ, խաղաղ, մինչեւ մահը թակէ ձեր իսկ դռներր՝ վայելեցէք ձեր ընտրութիւնը: Ապագայ կայ, կայ ապագայ»:

Երէկ աւելի լաւ էր, քան այսօր…

Արցախցի երիտասարդ գրող՝ Հերմինէ Աւագեան իր բանաստեղծական տողերուն մէջ լաւագոյնս բացայայտած է խաղաղութեան սպասումը.

Կանչէ խաղաղութիւնը մեր տուն, մա՛մ,
Շոյէ գլուխը ու վառարանի տաք լոյսի տակ
Չորացրու շորերը,
Տաք թէյ տուր, թող ձայնը բացուի,
Խօսելու շատ բան ունինք:
Ուսապարկի մէջ փնտռէ նամակները մեր
Ու սաստէ, որ այս գիշեր չքնանայ,
Մինչեւ ձգէ պատասխանները:
Հեքիաթներ չպատմես անոր, թող չքնանայ,
Մանկական ալպոմներ տուր,
Ուր ինքը չկայ,
Ուր մանկութիւն չկայ,
Բայց կան երեխաներ,
Շատ երեխաներ:
Կանչէ խաղաղութիւնը մեր տուն, մա՛մ, այնպէս կանչէ, ինչպէս զիս կը կանչէիր,
Երբ մի քիչ երկար կը մնայի բակը,
Թարս նայէ, թող տուն գայ,
Շատ է թափառել:
Ըսէ, թող բակի երեխաներուն հետ կռիւ-կռիւ խաղայ,
Թող հաւաքէ բոլոր խաղալիք զէնքերը
Ու մի քիչ մանկութիւն բաժնէ,
Մի քիչ երազանք,
Մի քիչ ամէն ինչէ, որ չունինք...
Կանչէ խաղաղութիւնը մեր տուն, մա՛մ...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023