ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
«Բանը, որ էակից է Հօր, եւ համագոյ Ս. Հոգիին, մեր հողանիւթ բնութեան հետ խառնեց իր պատկերը եւ փառքով զարդարելով դրաւ հանգստաւէտ դրախտին մէջ։ … Հոն անխտրական ուրախութեամբ մարդը զուարճանալով կը ցնծար, որովհետեւ միշտ զԱստուած կը տեսնէր՝ դրախտ իջած»։
(Կանոն Բուն Բարեկենդանի)
Շարական
Բարեկենդան, բարի եւ կենդանութիւն բարդ բառերէ կազմուած բառ, որ կը նշանակէ ուրախութիւն, խրաճանք, ճոխ եւ առատ ուտելիքներով վայելելու օր։ Ատենօք Բարեկենդանը երկու շաբաթներու վրայ տարածուած՝ ընկերային եւ ժողովրդական տօնախմբութիւններով կը նշուէր։
Ժողովրդային լեզուի մէջ Բարեկենդան բառը ունի այլեւայլ տարբերակներ, այսպէս՝ Բարեկենտանք, կամ Բարկենտանք, Բարի Կեանք, նոյնիսկ ոմանք այդ օր մեծ ուրախութիւններու օր կը կոչէին։
Բուն Բարեկենդանի տօնը տեղի կ՚ունենայ Մեծ Պահքի նախընթաց Կիրակի օրը, եւ կը տօնախմբուի Փետրուար-Գարնանամուտին, որ հին հեթանոս հայոց մօտ Մարտ ամսուան կը զուգադիպէր։ Տարուան այն ժամանակամիջոցին երբ երկրի ջերմութիւնը, խլրտացող իր ընդերքներէն կենսաւոր-փթթումով իր զարթօնքը կ՚ապրի։ Ահա այս երեւոյթը մեր նախնեաց համար առիթ էր բնութեան մէջ Բարին եւ Կենդանութիւնը, Կեանքը աւետելու, եւ ուրախութեամբ դիմաւորելու նորոգեալ Կեանքը։ Միաժամանակ կը կատարուէին հեթանոսական ծէսեր, խափանելու չարը, որ ապրող ուժ էր հակադրուած Բարիին։ Պէտք էր առաջքը առնուէր չարին, որպէսզի արգելք չ՚ըլլար անդերու արգասաբերութեան, մարդոց եւ կենդանիներու ծննդաբերութեանց։
Այս առթիւ, մասնաւորաբար երկրագործներ աւարտած իրենց դաշտերու եւ այգիներու վարուցանը կը դադրեցնէին դաշտային բացօթեայ իրենց աշխատանքները, կը կազմակերպուէին խրախճանքներ, դիմակահանդէսներ, խաղեր եւ տողանցքներ։
Բուն Բարեկենդանի նախորդ օրը՝ Շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութենէ ետք, եկեղեցւոյ վարագոյրը կը փակուի ու այդպէս շարունակ կը մնայ մինչեւ Ս. Զատիկ։ Միայն եթէ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կամ այլ կարեւոր սրբոց տօն մը քառասնօրեայ այդ ժամանակամիջոցին հանդիպի՝ վարագոյրը կը բացուի հանդիսաւոր բաց պատարագ մատուցուելու համար։
Բարեկենդանի կամ բարեկենդանական օրերը կը յատկանշուէին ատենօք, ճոխ սեղաններու լիառատ ընտանեկան հաւաքոյթներով, նշանախօսութիւններով, ընկերային հաճելի երեւոյթներով, մարզական պարապմունքներով, ուժի եւ ստեղծագործական կարողութեանց ցուցադրութիւններով, ըմբշամարտերով թէ այլ այլազան զուարթառիթ միջոցառումներով։
Բուն Բարեկենդանի երկշաբաթ ուրախալի օրերուն եկեղեցւոյ մէջ երգուող շարականները մեզի կը վերյիշեցնեն նախամարդու Ադամի գերերջանիկ դրախտային կեանքը Աստուծոյ անմիջական լոյս ներկայութեամբ ներթափանցեալ։ «Ցնծայր զուարճացեալ անխտրական խնդութեամբ, քանզի զԱստուած տեսանէր միշտ խոնարհեալ ի դրախտին, յորմէ զլուսոյն ճառագայթ տպաւորէր ի յինքեան։ … Այսօր ի խորհուրդ աստուածաստեղծ նախահօրն, որ ի պտղւոյն ադինայ ճաշակելով զուարճանայր» (Կանոն Բուն Բարեկենդանի)։ Բարեկենդանի տօնական օրերուն նախամարդու սկզբնական ազատութիւններն ու վայելքները եւ առանձնաշնորհումները վերահաստատելու, վերագտնելու կամ վերստեղծելու գաղափարն է որ կը շեշտուի։ Միաժամանակ ազատօրէն արտայայտուելու եւ քննադատելու իշխող կրօնական թէ քաղաքական հեղինակութիւնները, խորքը կը կազմէին բարեկենդանական տօնակատարութեանց, ինչ որ ընդհանրապէս երգիծախառն ոճի օգտագործումով կը կատարուէր։
Բարեկենդանը եւրոպական կամ արեւմտեան ժողովուրդներու լեզուին մէջ կը կոչուի՝ քարնավալ։ Որու ընթացքին բացառիկ շուքով տօնը կը կազմակերպուի հանդիսաւոր եւ հետաքրքրական տողանցքներով, ժողովրդային պարերով եւ խրախճանքներով։
Բարեկենդանի հանդիսութիւնները կը յատկանշուին նաեւ հրապարակային դիմակախաղերով։ Դիմակը ոգեպաշտութենէ եկած կրօնական երեւոյթ մըն է, որ կը խորհրդանշէ պաշտուած սրբազան կենդանիներու ոգիով լեցուիլ, անոնց գերբնական ուժը ունենալ՝ դէմ դնելու չարիքին եւ փորձանքներու։
Բարեկենդանը կը կարծուի, թէ հին Ադդիսական տօներու մէկ մնացորդացը ըլլայ, այդպէս կ՚եզրակացնէ Նիկողայոս Ադոնց, զոր բնութեան ընդերքներէն, գունազարդ շքեղութեամբ զարթնող աստուածուհիին յարութիւնը կ՚աւետէ։ Իսկ Ա. Շ. Մնացականեանը իր «Հայկական զարդարուեստը» հատորին մէջ, երբ կը խօսի դիմակաւորուելու մասին, զայն կը կապէ հայկական շատ հին կրօնական հաւատալիքներու, ինչպէս նաեւ որսորդութեան, թատերական խաղերու, նաւասարդեան թէ այլ տօնակատարութեանց, սրախաղերու եւ մրցախաղերու, որոնց ընթացքին բնական երեւոյթ էր կ՚ըսէ, դիմակի գործածութիւնը։
Բարեկենդանի տօնին դիմակաւորուիլը, հայ հին ոգեպաշտական կրօնական արարողութիւններու մաս կը կազմէր։ Քրիստոնէութիւնը հետագային չկարողացաւ արգելք հանդիսանալ կրօնական ժողովրդային արտայայտչական կերպերուն, այլ՝ տուաւ նոր իմաստ եւ քրիստոնէական տարազ, ինչպէս ըրած էր հեթանոսական Տեառնընդառաջի, Վարդավառի կամ այլ տօներու պարագային։ Որովհետեւ այդ տօնախմբութիւններու ընթացքին ժողովուրդը ինքն էր, որ կը մասնակցէր կազմակերպուած խաղերուն եւ խրախճանքներուն։ Իսկ երկրի աւագանիին, թագաւորի եւ բանակի մասնակցութիւնը՝ յատուկ շքեղութիւն կու տային այդ հանդիսութիւններուն։
Բարեկենդանի խրախճանքի, զուարճութեան զանազան ձեւերը ժողովուրդը դարեր շարունակ պահած է, որովհետեւ անոնց մէջ տեսած է իր առօրեայ միատեսակ, միապաղաղ կեանքի շրջագիծէն դուրս գալը։
Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն, նոյնիսկ վանքերու մէջ քրիստոնէական կրօնը չէ կրցած առաջքը առնել, այլ՝ այնտեղ եւս վանականներ աղօթքի եւ խոկումի ամէնօրեայ անհրաժեշտութենէ դուրս ելլելով որոշ ազատութիւններ կը վայելէին, եւ այդ օրը կը կոչուէր Աբեղաթող։
Բարեկենդանի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, սարկաւագ, աբեղայ, վարդապետ թէ եպիսկոպոս իրարու կը հաւասարէին, ամէնքը իրարու հաւասար ուտող, խմող, պարող եւ զուարճացող կը դառնային։ Երբեմն աշուղներ ալ իրենց սազերով կը մասնակցէին վանական այս անմեղ բարեկենդանական զուարճութեանց։
Բարեկենդանի խրախճանքները ինչպէս յիշեցինք, ժամանակին գիւղերու, աւաններու եւ քաղաքներու մէջ զանազան ձեւերով եւ յարմարութիւններով, երբեմն տեղ մը աւելի, այլ տեղ մը նուազ ճոխութիւններով տեղի կ՚ունենային։ Բարեկենդանի խաղերէն որպէս օրինակ հոս կը յիշենք Աբեղաթողը, որ վանքերու մէջ տեղի կ՚ունենար։ Բարեկենդանի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը սարկաւագ, աբեղայ, վարդապետ եւ եպիսկոպոս միասնաբար խրախճանքի սեղան նստելէ ետք, գիշերային պար եւ թափօր կը կազմակերպէին։ Թափօրի համար քուէի ընտրութեամբ թափօրապետը յատուկ պատրաստուած գահաւորակի վրայ կը նստէր։ Գլխուն դրած թուղթէ չաթալ թագ եւ ձեռքին խոտէ հիւսուած գաւազան բռնած, կռնակին սաւանէ կամ անպէտք լաթէ պատրաստուած շուրջառ առած՝ որուն վրայ միաբաններ իրենց անունները կը ստորագրէին, իսկ չորս տիրացուներ ալ շալկելէ ետք գահաւորակը՝ թափօրը տպաւորիչ ընթացքով կը շարժէր, մինչ միաբաններ միաբերան կ՚երգէին Ծաղկազարդի Երուսաղէմ մուտքի «Որ Վերօրհնիս» շարականը։ Պատկառելի թափօրը յառաջանալով նախ կը մտնէր աբեղաներու թաղը, ուր կ՚երգուէր «Ամէն ալէլուիա»։ Տիրացուներէն մին կը հարցնէր, թէ ինչո՞ւ է այս թափօրը եւ ինչո՞ւ են եկած։ Թափօրապետը ծիծաղաշարժ եւ կատակախառն պատասխաններ կու տար, եւ ամէն անգամ որ «Օրհնեսցի»ի ժամանակը գար, թափօրապետը դարձեալ ծիծաղախառն կատակներ կ՚ընէր։ Թափօրի ամբողջ տեւողութեան եւ ընթացքին, վանական խօսակցական ընթացիկ կեանքէ քաղուած երգիծախառն խօսակցութիւն տեղի կ՚ունենար «Անդաստան»ի ժամանակ մանաւանդ։ Ոչ ոք պէտք էր նեղուէր եղած կատակներէն։ Թափօրապետը ազատ համարձակ ամէնքը կը ծաղրէր։ Ապա կ՚երգէին «Ուրախ լեր» շարականը, ուր այս անգամ թափօրապետը կը ծաղրուէր եւ շալկած զինք կը տանէին թաղելու։ Կարճ դադարէ մը ետք միասնաբար «Ղազարէ արի՛ ե՛լ արտաքս» կը կանչէին… սուտ մահացած թափօրապետ-Ղազարոսը դանդաղ գերեզմանէն կը բարձրանար ու ամէնքը սարսափած կ՚երթային իրենց խուցերը քնանալու։
Իսկ հայկական գիւղերու թէ գաւառներու մէջ տեղի ունեցած զաւեշտախառն խաղերէն հոս կը յիշենք օրինակ մը։ Գիւղի երիտասարդներէն մէկը ռէս կամ գզիր կ՚ընտրուէր։ Երեսը կը ներկէր, գլխուն թուղթէ կամ թաղիքէ չաթալ թագ կամ գլխարկ դրած, կռնակին սաւան կամ ոչխարի մորթ, իսկ փորը լաթերով ուռեցուցած կ՚ըլլար։ Ձեռքին երկար գաւազան մը բռնած՝ որուն ծայրէն լաթի հին կտորներ կը կապէր։ Իրեն կ՚ընկերակցէին մի քանի ներկուած երեսներով փոքրիկներ՝ արտառոց եւ խայտաբղէտ հագուստներով, որոնք գիւղէն դուրս հազիւ ելած իրենց կը հետեւէր ամբոխը, որոնք երգելով-պարելով կ՚անցնէին քովի միւս գիւղը, ուր իրենց նման հագած գիւղացիներ կը սպասէին։ Տավուլ զուռնայի եղանակներու տակ սրախաղ կռուի կը բռնուէին։ Այս առթիւ տեղի կ՚ունենային նաեւ խաղեր եւ զանազան մրցումներ։ Այն կողմը, որ յաղթական դուրս գար, պարտուած կողմի պարագլուխ գզիրը ծուռ կը նստեցնէին աւանակին վրայ, զիրար հրշմտկելով անվերջ կը կատակէին ու ապա կրակ տալով կը վառէին պարտուած գզիրին ուսերէն կախ խոտերը, ցախերը եւ էշով միասին զինք գետ կը գլորէին։ Վրայ կը հասնէր քահանան եւ գետէն ազատելու փրկագին կը պահանջէր պարտուող կողմէն։ Քահանան ալ իր կարգին սուտ վէճի բռնուելով եւ յարձակումի ենթարկուելու սպառնալիք ստանալէ ետք, կը համաձայնէր, երբ գիւղի մեծամեծներն ալ ի նպաստ քահանային միջամուխ կ՚ըլլային։
Բարեկենդանի օրուան կեղծ գիւղապետգզիրը, ամէն իրաւունք եւ ազատութիւն ունէր ծաղրելու, քննադատելու բուն գիւղապետը եւ անոր թերի կողմերը մատնանշելու։ Նոյնիսկ գիւղացիք ազատ կերպով զանազան հարցերու շուրջ արտայայտուելու իրաւունքը ունէին։
Բարեկենդանի ժողովրդային վերոյիշեալ տօնախմբութեանց, ինչպէս նաեւ դարեր շարունակ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ տակաւին պահպանուած, աւանդութեան վերածուած իրողութեանց խորքը Ազատութիւնն էր եւ հաւասար իրաւունքներով, Նորոգեալ կեանքը դիմաւորե՛լ էր մարդկային բա՛րձր արժանապատուութեամբ, եւ այդ արժանավայել աւելի բա՛րձր, երջանիկ ապագայի մը, գեղեցիկ կեանքի մը յուսալից ձգտումը, երազանքը՝ դարեր շարունակ միշտ վառ էր պահուած։
Ճոխ սեղաններու եւ տօնակատարութեանց ընթացքին ո՛չ մէկ աղքատ գիւղացի պէտք էր անտեսուէր։ Այդ օր կը յիշէին նաեւ օտար երկիր պանդխտութեան գացած իրենց հարազատները, ու այդ առթիւ պանդուխտի երգեր ալ կ՚երգէին։
Բարեկենդանի յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի, դպրոցական աշակերտներ պտոյտի եւ դաշտագնացութեան կ՚երթային։ Այդ օր ժողովրդական լեզուով կը կոչուէր «Բակլա խորան»։ Սկիզբ, բակլայի, ընդեղէններու եւ բանջարեղէններու Պահոց որպէս ճաշ գործածութեան։
Բարեկենդանի տօնին նոյնիսկ մեր եկեղեցւոյ շարականները, ինչպէս տեսանք, կը նկարագրեն մարդկային կեանքի ստեղծագործութեան դրուագը, եւ թէ ինչպէս մարդը դրախտային ճոխ կեանքի մը բարիքները կը վայելէր եւ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ անվախճան ուրախութիւնը ունէր հանապազ։ Հոն կը յիշատակուի նաեւ Քրիստոսը որպէս երկրորդ Ադամ, որուն միջոցաւ միայն մարդկային ցեղը վերստին դրախտային կեանք կրնայ ունենալ կամ ժառանգել։
Այլ խօսքով Բարեկենդանը, մարդուն կը յիշեցնէ իր առաքելութիւնն ու կոչումը, ա՛յս կեանքին ու աշխարհի՛ն մէջ իր դրախտը ստեղծելու։ Վերադարձի ճիգ մը երկնային, դրախտային այն կեանքին՝ որմէ վռնտուեցաւ։ Ինքնութեան ճշգրիտ որոնումը, իրագործելու ինքզինք, որպէսզի այս անգամ արժանանայ ո՛չ միայն երկրաւոր խաղաղութեան, արդարութեան եւ երջանկութեան, այլեւ՝ երկնաւոր կեանքի արքայական սեղաններու խոստացեալ անվախճան զուարճութեանց։
Արդ, արքայութեան եւ յարութեան խոստումն է։ Նման Քառասնօրեայ պահեցողութեան, որմէ ետք պիտի յաջորդէ Ս. Յարութեան ԶԱՏԻԿԸ։
Ահա թէ ինչո՛ւ Բարեկենդանի Կիրակի գիշեր, երբ բոլոր տօնակատարութիւններն ու զուարճութիւնները կ՚աւարտին՝ քնանալէ առաջ մածուն, կաթնապուր կ՚ուտեն։ Իսկ անկողնի մէջ խաշած հաւկիթով իրենց բերանները կը գոցեն, մաղթելով որ Զատիկին նոյն ձեւով բարով բանան իրենց բերանները։
Շնորհաւո՜ր Բարեկենդան։
Բարո՜վ հասնիք Սուրբ Յարութեան։