ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մտածումներ պահքի ու ծոմապահութեան մասին, քաղուած Աստուածաշունչէն եւ Ս. Եկեղեցւոյ հայրերէն, յոյս ունենալով, որ Մեծ պահքի այս ճանապարհորդութեան ընթացքին իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենան պահեցողներուն վրայ:

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ

Բ. Մնացորդացի 20-րդ գլուխին 3-րդ համարին մէջ կը կարդանք.

- Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց:

Եսայիի մարգարէութեան 58-րդ գլուխին 3-12 համարներուն մէջ կը կարդանք.

- Ու կ՚ըսեն՝ "մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չի տեսար, մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չի գիտցար": Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք եւ ձեր բոլոր պահանջքները խստութեամբ կը պահանջէք։ Ահա կռիւի ու վէճի եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։ Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այդպէ՞ս կ՚ըլլայ. իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ՚ըլլայ։ Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տիրոջ ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։ Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է։ Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ ու Տիրոջ փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։ Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. "Ահա Ես": Եթէ քու մէջէդ լուծը, մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես, եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես, եւ կարօտին հոգին կշտացնես, այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի, ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ: Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Դուն ջրարբի պարտէզի աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր: Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն: Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես: Դուն փլածներ նորոգող ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս:

Յովնանի մարգարէութեան 3-րդ գլուխին 5-րդ համարին մէջ կը կարդանք.

- Նինուէացիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան:

Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

- Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ սատանայէն փորձուելու համար։ Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ (Մտ 4.1-2)։

- Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս (Մտ 6.16-18)։ 

- Առիթով մը Յովհաննէսի աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.

-Ինչո՞ւ մենք եւ Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ Քու աշակերտներդ չեն պահեր։

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Կարելի՞ է հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ սուգ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ, եւ այն ատեն իրենք ալ ծոմ պիտի պահեն (Մտ 9.14-15):

- Առիթով մը Յիսուսի աշակերտները չկրցան չար ոգի ունեցող երիտասարդի մը մէջէն չար ոգին դուրս հանել: Տէր Յիսուս անոնց հետեւեալ բացարտութիւնը տուաւ.

Ձեր թերահաւատութեան պատճառով. կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ըսել այս լեռան. «Հոսկէ հոն տեղափոխուէ», եւ պիտի տեղափոխուի։ Ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի համար։ Բայց այս տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել (Մտ 17.20-21):

Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

- Հոն էր նաեւ Փանուէլի աղջիկը՝ Աննա մարգարէուհին, որ Ասերի ցեղէն էր։ Աննա բաւական յառաջացած տարիք ունէր. անիկա միայն եօթը տարի ամուսնական կեանք վարած էր եւ այժմ ութսունչորս տարեկան այրի մըն էր։ Տաճարէն չէր հեռանար, այլ գիշեր ու ցերեկ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցընելով՝ զԱստուած կը պաշտէր։ Արդ, ինք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ եւ մանուկին մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի մէջ Փրկիչին կը սպասէին (Ղկ 2.36-38):

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԵՐԷՆ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ.

- Պահքը հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ է, որ կը խափանէ խորամանկ թշնամիին մուտքը։ Պահքը բորբոքած ցանկութիւններուն հուրը կը հանգեցնէ, որովհետեւ ինչպէս կրակը՝ փայտը պակասելու պարագային կը մառի, այդպէս ալ որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը պակսելով՝ ցանկութիւններու բոցը կը հանգչի, եւ անոր տեղ կը բորբոքին սրբութիւնն ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր պահքով:

- Պահքը ախտերու ծովածուփ ալիքին դէմ խաղաղ նաւահանգիստ մըն է եւ ամէն վտանգէ ազատ պահելով՝ կեանքի նաւահանգիստ կը հասցնէ: 

Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին կը գրէ.

- Իրական պահքը մեղքերու բանտումն է, այսինքն՝ լեզուն զսպել, բարկութիւնը կառավարել եւ ցանկութիւնները տրորել:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.

- Հաց եւ աղ՝ լռութեան ու հանգիստի հետ միասին, աւելի լաւ են քան պատուական ուտելիքները՝ հոգերու ու տխրութիւններու հետ:

- Աստուծոյ համար թանկագին է անարատ պահքը եւ երկինքի մէջ գանձի մը նման պահուած է: Պահքը չարին դէմ զէնք է եւ վահան՝ որով կը պատերազմինք թշնամիին նետերուն դէմ:

- Լեզուի պահեցողութիւնը աւելի օգտակար է քան բերանի ու սիրտի պահեցողութիւնը:

- Եթէ չենք կրնար մինչեւ երեկոյ պահել, ապա մասնակից ըլլանք տկարներուն՝ ու պահենք մինչեւ ժամը ինը եւ կամ մինչեւ կէսօր նուազագոյնը, սակայն առաւօտ կանուխ չուտենք, եւ այս մէկը մարմինի ուժի կարիք չունի:

- Ով որ միայն ուտելիքի պահք կը պահէ, սակայն իր սիրտը չի՛ պահեր բարկութենէն ու ատելութենէն եւ իր լեզուն սին բաներ կը խօսի, ապա այդպիսիին պահքը օգուտ չունի, քանի որ լեզուի պահքը աւելի օգտակար է քան բերանի պահքը, իսկ սիրտի պահքը երկուքէն ալ աւելի օգտակար է:

- Մեղքին եւ անոր ցանկութիւններուն դէմ մղուող իւրաքանչիւր պայքար պէտք է պահեցողութեամբ սկսի, մանաւանդ եթէ այդ պայքարը ներքին մեղքի մը դէմ է:

Սուրբ Մովսէս Սեւը կը գրէ.

- Իմացի՛ր, եթէ ոեւէ մէկը անզուսպ կերպով կ՚ուտէ եւ կը խմէ եւ այս աշխարհի սին ու փուճ բաները կը սիրէ, ապա արդարութենէն ոչինչ կը ստանայ, աւելին՝ անոր գիտակցութիւնն իսկ պիտի չունենայ, որովհետեւ ինքզինք է որ կը խաբէ:

- Եթէ սատանաները դէմդ պատերազմեցան ուտելիքով, խմելիքով ու հագուելիքով, մերժէ՛ այդ բոլորը եւ անոնց ցոյց տուր անձիդ ոչնչութիւնը, որով կը հեռանան քեզմէ:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կը գրէ.

- Պահեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը դարձնէ եւ կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւններն ու հաւատքի զօրութիւնը. ան թշնամիին դէմ հզօր աշտարակ մըն է ու սատանային բոլոր նետերուն դէմ՝ ամուր պարիսպ մը: 

Յովհաննէս Դամասկացին կը գրէ.

- Եթէ բաժակը վերցուցիր խմելու համար, ապա յիշէ՛ քացախն ու դառնութիւնը, որ Տէր Յիսուս քեզի համար խմեց, ապա դուն քեզ կը զսպես:

Յովհաննէս Սանդուխքը կը գրէ.

- Պահքը անարատութեան ճանապարհին կ՚առաջնորդէ, որովհետեւ ցանկութեան եւ վատ մտածումներու անդամահատութեան ճանապարհն է, ինչպէս նաեւ աղօթքի մաքրումին, հոգիի լուսաւորումին, միտքի զսպումին ճանապարհը, միաժանանակ խստասրտութենէն ազատուելու միջոց է եւ զղջումի դուռն է:

Շնուտա Գ. Հայրապետը կը գրէ.

- Պահքին առողջ նպատակը այն է, թէ պահքը մեր զԱստուած սիրելուն համար է, որով պահքի միջոցով մեր մարմինները կը խոնարհեցնենք՝ որպէսզի հոգիով ապրինք: Տակաւին, պահք կը պահենք, քանի որ պահքը մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ:

- Իրական պահքը այն է, որ պահք պահողը այդ ընթացքին ինքզինք կը վարժեցնէ ինքնազսպուածութեան, եւ այդ ինքնազսպուածութիւնը իր կեանքին համար սկզբունքի կը վերածուի:

- Պահքը միայն մարմինը իր սնունդէն արգիլելը չէ, այլ՝ այդ ընթացքին պէտք է հոգիին սնունդ տալ:

Գէորգ Չէօրեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.

- Օրհնեալ ըլլան Մեծ պահքին օրերը, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ տունը՝ այս տաճարը իր սուգի զարդերով, օրհնեալ ըլլան Տիրամօր սենեակները՝ իւրաքանչիւր խաղաղ սենեակ իր աղօթքի անկիւնով, որոնք մեզ աշխարհէն կը հանեն, կը սթափեցնեն եւ մեր հայեացքը դէպի վեր՝ դէպի Տէրը կ՚ուղղեն։ Ով որ այս առանձնութեան եւ ինքնամփոփման ժամուն իր սիրտը բանայ Տիրոջ առջեւ՝ անառակ որդիին նման, ողորմութիւն կը գտնէ։ Վա՜յ անոր, որ դէպի աշխարհ դառնայ եւ այնտեղ մխիթարութիւն փնտռէ զղջացող Յուդային նման. «Մեզի ի՞նչ, ատիկա քու գիտնալիքդ է» (Մտ 27.4), սառն ու չկարեկցող պատասխանը կը ստանայ, որուն վախճանը մահը կ՚ըլլայ, ինչպէս եղաւ Յուդային վախճանը. «Դրամը նետեց տաճարին մէջ եւ հեռացաւ։ Ապա գնաց եւ ինքզինք կախեց» (Մտ 27.5)։ Ահա՛ բոլոր անոնց վախճանը, որոնք մեղքերու ճամբային մէջ չե՛ն փնտռեր շնորհքի աղբիւրը՝ կեանքի Տիրոջը, մեղաւորներու Փրկիչին։ Սիրելինե՛ր, փրկութեան այդ ճամբան լայն բացուած է ապաշխարութեան այս օրերուն. Գողգոթայի խաչէն մեր Փրկիչը Իր օգնող բազուկները դէպի մեզ պարզած է, Անո՛ր դիմեցէք, եւ Դաւիթին խօսքը մեր առաջնորդը թող ըլլայ. «Ես աչքերս չեմ հեռացներ Տիրոջմէ, որ զիս անփորձանք դուրս կը բերէ չարին ցանցերէն» (Սղ 25.15):

Հայր Պիշոյ Քամէլը (Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ լուսահոգի հոգեւորականներէն) կը գրէ.

- Պահքը պարտադրանք մը կամ ծանրութիւն մը չէ, այլ՝ կարիք մը, որուն կը փափաքի սիրտը:

- Պահքը միայն ուտելէ կտրուիլ չէ…, այլ՝ որկրամոլութեան հաճոյքը խաչել է:

- Պահքը մարմինը չարչարել չէ, այլ՝ հոգիին ընթացք առնելը Տէր Յիսուսի հովանիին տակ քայլելու:

- Ուտելու ցանկութիւնը պէտք է պահեցողութեամբ հսկուի:

- Պահեցողութիւնը մեր Տիրոջ չարչարանքներուն մասնակցութիւն է:

- Պահքը հոգիին ամէնօրեան սնունդն է:

- Պահքի ամենէն կարեւոր պտուղներէն է, որ մեր հոգեւոր սիրտերը սկսին զԱստուած տեսնել:

- Մեծ պահքը ամենէն մեծ առիթն է եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, որպէսզի իրենց հոգիին բոլոր տկարութիւնները յայտնեն՝ մանաւանդ անոնք որոնք ամուր կերպով կառչած են մեզի…, քանի որ մեր Տէրը՝ Ով մեզի հետ պահք պահած է, այսօր Իր խաչով Իր զաւակները պիտի անցընէ ամէն տեսակի տկարութիւններէ ու անոնց ցոյց պիտի տայ Իր յարութեան ցնծութիւնն ու զօրութիւնը:

- Սիրտի պահեցողութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ արտաքին տեսքին վրայ: Այս խօսքը ուղղուած է մեր երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն, որոնք պահեցողութեան ընթացքին արտաքին զարդարանքով կը զբաղին:

- Պահեցողութիւնը միշտ աղօթքին կը համեմատուի: Այս կը նշանակէ, որ առանց աղօթքի պահեցողութիւնը բռնութիւն ու զրկանք է, սակայն աղօթքով՝ հոգիին համար հոգեւոր մեկնարկի մը կը վերածուի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023