ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԸ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Մեծ պահոց Միջինքը։ Երէկ այս առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։ Առաւօտուն Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեպարար արարողութիւն մը, որու ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ քարոզ մը։ Նոյն եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի նախաձեռնութեամբ աւելի վերջ Էսէնթեփէի «Փոինթ» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Միջինքի սեղանը օրհնեց Զէքիեան Գերապայծառ, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան, Հայր Միքայէլ Վրդ. Ուչար, Յակոբ Սրկ. Մինասեան, ինչպէս նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սիրան Սուրքի, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն ներկայացուցիչներ։
Բազմատասնեակ հիւրերու մասնակցութեամբ սարքուած սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմէն Մարի Միմար։ Զէքիեան Գերապայծառն ալ ունեցաւ ելոյթ մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն։
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Մարկրիթ Թերտէքեան, Մարի Միմար, Գարօլ Թերզիօղլու, Արուսեակ Սուլթանօղլու, Ժանէթ Թարաքճը, Հիւլիա Աթսուփ, Իվէթ Տիլլի, Ինտրա Ուղուրկէլ, Ֆիլիզ Ատէմ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024