«ԱՆ ԲՆԱ՛Ւ ՉԷ ՊԱՐՏԱԴՐԱԾ ԻՐ ԿԱՐԾԻՔԸ, ՏԵՍԱԿԷՏԸ». ՍԵԴԱ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ՆԵՐԵՏԵԱՆ ԻՐ ՀՕՐ՝ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Յաճախ պատահած է, որ հռչակաւոր, տաղանդաւոր անձ մը անտաղանդ եւ անտարբեր ծնող մը եղած է իր զաւակներուն հանդէպ: Երբեմն պատահած է, որ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք խոստովանած են, որ իրենք տեղեակ ալ չեն եղած, թէ իրենց զաւակները ինչպէ՛ս մեծցած են կամ ի՛նչ նախասիրութիւններ ունին:
Այս հարցին շուրջ խորհրդածելով՝ մեզ հետաքրքրեց, թէ ինչպիսի՛ հայր մը եղած է հանրահռչակ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխան: Ուստի, դիմեցինք անոր դստեր՝ Տիկին Սեդա Սարուխան Ներետեանին, որուն հետ ունեցած մեր զրոյցը սիրով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
-Ո՞ր տարիքէն կը սկսին ձեր յիշողութիւնները՝ կապուած ձեր հօրը հետ:
-Մինչեւ հինգ տարեկանս «հայր» կանչած եմ իրեն, բայց բան մը չեմ յիշեր: Եւ, ուրեմն, յիշողութիւնս այդ տարիքէն կու գայ, երբ, չեմ գիտեր ինչու, որոշեցի «տիտիմ» կանչել զինքը: Ու մինչեւ իսկ, երբ ամուսնացայ եւ զաւակներ ունեցայ, իրենք ալ այդպէս կը կանչէին իրենց մեծ հայրը:
-Ինչպէ՞ս էր Սարուխան-հայրը. խի՞ստ էր, թէ մեղմ:
-Շա՜տ, անչա՜փ ներողամիտ, լայնախոհ եւ զուարթ հայր մըն էր: Անսահման կը սիրէր զիս. ինչ որ ընէի, իրեն համար ընդունելի եւ ներելի էր: Տան միւս անդամները՝ մայրս, մեծ մայրս, կը յանդիմանէին զիս, մայրս երբեմն նոյնիսկ կը կսմթէր, իսկ հայրս բան մը չէր ըսեր: Հանդարտ, մեղմ ժպիտով մը կը ձգէր եւ կը հեռանար: Բնաւ չէր խառնուեր մեր այդ տեսակ խնդիրներուն, ինչ ալ որ պատահէր:
-Ձեզ կը շփացնէ՞ր: Կրնա՞ք դէպք մը յիշել:
-Այո՛, շատ կը շփացնէր, որովհետեւ միակն էի, ատոր համար մշտապէս կը շփացնէր: Ես ալ շատ ուրախ էի իրեն հետ, որովհետեւ մայրս բաւական խիստ էր: Մեծ մամաս ալ լաւ էր, սակայն հայրս բոլորովին տարբեր էր: Եւ իր հաճելի կատակներով աւելի կը մօտեցնէր ինքզինքին: Երբ անգամ մը դպրոցէն վրաս բարկացած եւ տուն ղրկած էին զիս, բոլորը՝ մայրս, մեծ մայրս, զիս կը յանդիմանէին, հայրս ներողամիտ հայեացք մը նետելով բաւարարուեցաւ միայն եւ ոչ մէկ բառ ըսաւ: Անչափ բարի էր:
-Ի՞նչ էր իր անդրադարձը ձեր առած լաւ կամ գէշ նիշերուն:
-Լաւ նիշերուս համար կը քաջալերէր, իսկ գէշերը կ՚անտեսէր, բնական կ՚ընդունէր: Ինք կարեւորութիւն չէր տար նիշերուն, ո՛չ կը պատժէր, ո՛չ ալ կը յանդիմանէր: Մայրս կը պատժէր, մեծ մայրս կը յանդիմանէր, իսկ հայրս՝ բնաւ:
-Շա՞տ կը խրատէր ձեզ:
-Իբրեւ մեծ, իբրեւ հայր՝ մասնաւոր խրատ չէր տար. քովը չէր նստեցներ եւ չէր ըսեր՝ մտիկ ըրէ, ասանկ պիտի ընես, ասանկ պիտի խօսիս, ասանկ պիտի վարուիս: Ո՛չ, այդ ձեւով չէր իր մօտեցումը զաւկին: Ան իր անձնական օրինակով, վարուելակերպով ու պահուածքով արդէն օրինակ կը ծառայէր, եւ առանց պարտադրելու. բնա՛ւ չէ պարտադրած իր կարծիքը, տեսակէտը: Կրնամ ըսել, թէ միակ խրատը, որ իբրեւ կտակ ձգած է ինծի, իր դիմանկարին վրայ գրած տողերն են (արժէքաւոր գանձ մը ինծի համար):
Սիրելի աղջկանս՝ Սեդային
Մի՛ վախնար նմանելէ հօրդ ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ իր դէմքին գիծերուն: Կրնան անոնք արտաքինին մէջ այնքան ալ հաճելի չըլլալ, սակայն գիտցի՛ր, որ ամէն մարդու դէմքին գիծին տակ պահուած կան հոգեկան այնպիսի գանձեր, որոնց նմանելէն չես վնասուիր: Մի՛ մոռնար, որ գեղեցիկ դէմքեր յաճախ դեւեր կը պահեն իրենց ներաշխարհին մէջ:
Շատ պաչիկներով եւ մաղթանքներով՝
Հայրդ՝ Ալ. Սարուխան
1961
Խրատէն աւելի, ինք իր լաւատեսութեամբը արդէն կը խրատէր իրեն պէս վարուիլ: Հակառակ որ իր երեսը միշտ ժպտուն էր, բայց ներքուստ ան շատ տխուր էր ու կը տառապէր մեր ազգին ճակատագրով: Իսկ իբրեւ անձնաւորութիւն մը՝ շատ համեստ էր. ամէն դասակարգի մարդոց հետ նոյն ձեւով կը վարուէր: Կոյուղիներու մէջ իջնող աշխատող անձին եւ ամենահարուստ, ամենաերեւելի անձին հետ նոյն մօտեցումը ունէր, որովհետեւ ան մարդուն մէջ կը գնահատէր ՄԱՐԴԸ եւ ոչ թէ պաշտօնը կամ ունեցուածքը: Հայրս այնքան պարզ ու համեստ մարդ մըն էր, որ ինչ որ գծէր կամ գրէր, իրեն համար կարեւոր էր իւրաքանչիւր մարդու կարծիքը: Ամենէն հասարակ մարդուն կարծիքն անգամ կը կարեւորէր, կը հարցնէր՝ «Աղուո՞ր կը գծեմ»: Կամ բանախօսութիւն մը ընելէ ետք՝ «Տղա՛ս, ես աղուոր խօսեցա՞յ»: Նաեւ այնքան պարզ էր, որ, պատահած է, երեւելի մարդիկ կ՚ըսէին՝ «Սարուխա՛ն, սուղնոց պանիրներ չկան, ինչպէ՞ս կը դիմանաս»: Ան ալ կը պատասխանէր՝ «Ի՞նչ ընենք, ճերմակ պանիրը կայ, խաշար պանիրը կայ, ատ չի՞ բաւեր մեզի ուրախ ապրելու համար»: Կամ կ՚ըսէին՝ «Սարուխա՛ն, ձմերուկը նոր ելած է՝ կերա՞ր»: Ան ալ կը պատասխանէր՝ «Մէյ մը աժաննայ, մէյ մը համովնայ, այն ատեն կ՚ուտեմ»: Եւ իրենք զիրենք երեւելի կարծած անձերը զարմանքով եւ արհամարհանքով կը նայէին՝ «Խե՜ղճ մարդ, տեղական աժաննոց պանիրով կ՚ապրի եւ տակաւին ձմերուկ չէ կերած»:
Ահա այս տեսակ մարդկային արարքները եղած են ինծի համար Սարուխանին՝ իբրեւ հօր տուած խրատները: Այսինքն՝ իր իսկ անձնական օրինակները:
-Ձեր հայրը ժամանցի տեղեր՝ պարտէզներ, համերգներու եւ այլ տեղեր կը տանէ՞ր ձեզ:
-Անշո՛ւշտ, շատ յաճախ դուրս կ՚ելլէինք միասին: Հայրս կը սիրէր զիս տանիլ համերգներու (մանաւանդ դասական երաժշտութեան), թատերական ներկայացումներու եւ տարբեր հանդիսութիւններու: Յաճախ կ՚երթայինք նաեւ քաղաքը գտնուող Ամերիկեան համալսարանի EW Memorial Hall-ը, Փափազեան խանութը. ձայնասկաւառակներ շա՜տ կը գնէինք այդ խանութէն: Յաճախ զիս կը տանէր նաեւ տարբեր ճաշարաններ, սակայն աւելի յաճախ՝ Groppi.
-Բառ մը, նախադասութիւն մը կամ դարձուածք մը կա՞յ արդեօք, զոր յաճախ կը կրկնէր Սարուխան:
-Այո՛, կային. օրինակ՝ «Կրցա՞յ հասկցնել խնդրին էութեան պարզաբանեալ տեսակէտը», «Բազմակողմանի հմտութիւններով օժտուած անձ մը», «Պղատոնական սէր», «էօթանազի»: Այս վերջինին մասին շատ կը խօսէր, (հակառակ որ այն ժամանակ շատ մարդ չէր գիտեր տակաւին ատոր մասին), որովհետեւ ինք համոզուած էր, թէ ճիշդ է այդ քայլը, երբ չեն ուզեր անյոյս, մահամերձ անձ մը երկար տառապի, եւ դիւրին ու թեթեւ ձեւով կը հանգչեցնեն, մահ կու տան անոր: Ուրեմն Սարուխան տակաւին այն ժամանակ կ՚ընդունէր զայն՝ մարդկայնօրէն մտածելով հիւանդ անձին մասին, որ շատ մը երկիրներ հիմա միայն սկսած են ընդունիլ: Շատ կը կրկնէր նաեւ «իւթօփիէ» (uto՛pia)-երազականութիւն բառը, որովհետեւ ինք շատ կ՚երազէր եւ յաճախ կ՚ըսէր՝ «Իւթօփիէ է, սակայն երանի իրականանար»:
-Իսկ գրողներէն ո՞վ աւելի մօտ էր իր սրտին: Եւ հայ գրողնե՞ր էին ատոնք, թէ օտար:
-Գրողներէն ամենէն մօտ եւ սիրելի էին իրեն հայ երգիծաբաններ Երուանդ Օտեանն ու Յակոբ Պարոնեանը: Եւ անոնց երգիծական գրութիւնները ինքը երգիծանկարներու վերածած է: Հակառակ որ հայրս վեց լեզու շատ լաւ կը խօսէր, բաւական շատ կարդացած էր համաշխարհային գրականութեան մեծութիւններու գործերէն (մանաւանդ՝ ֆրանսական գրականութեան), բայց ամենէն էականն ու կարեւորը իրեն համար հայերէնն էր, եւ ինք միշտ կը հպարտանար իր հայ ըլլալուն համար: Եգիպտացիներուն քով ալ միշտ հպարտօրէն կ՚ըսէր. «Անա արմա՛ն»: Չափազանց հայրենասէր էր:
-Ընդհանրապէս ե՞րբ կը գծէր ձեր հայրը. կայուն ժամ մը ունէ՞ր: Օրական մօտաւորապէս քանի՞ ժամ կ՚աշխատէր: Եւ երբ գծէր եւ պատահէր, որ դուք ընդմիջէիք, կը բարկանա՞ր:
-Ընդհանրապէս գծելու ժամ-ժամանակ չունէր հայրս. որեւէ ժամու, որեւէ տեղ կը գծէր, եւ եթէ խանգարէի իրեն, բնա՜ւ չէր բարկանար: Նոյնիսկ երբ արդէն թոռնիկները՝ Սօսին եւ Սիլվան կային, վերջիններս իր ծունկերուն վրայ կը խաղային, մէկէն միւսը կը ցատկռտէին, իսկ ինք կը շարունակէր գծել: Պզտիկներն ալ շատ կ՚ուրախանային, որ այդքան բարի եւ համբերատար մեծ հայր մը ունէին:
Շատ, շա՜տ արագ արտադրող, գծող եւ անդադար աշխատող մէկն էր: Օրինակ՝ կրնար առտու գծել, կէսօրուան գրել, յետոյ նորէն գծել եւ իրիկունն ալ բանախօսութիւն տալ: Միտքը մշտապէս կ՚աշխատէր: Յետոյ ալ սրահները կ՚երթար՝ Գեղարուեստասիրաց, Կոկանեան, ՀՄԸՄ: Նաեւ չափազանց հիւրասէր անձ մըն էր: Կը սիրէր տունը միշտ հիւրեր ըլլային, շրջապատուած ըլլար բարեկամ-ընկերներով:
-Ամենէն յիշարժան դէպքը…
-Հայրենի հռչակաւոր բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին մեր տուն այցելած օրը: Հայրս Պէյրութ կը գտնուէր, եւ այնտեղէն միասին մեր տունը եկան: Անշուշտ բոլորս ալ ուրախ էինք, բայց ինքը՝ Սարուխանը, ամենէն շատ խանդավառուած եւ երեխայի մը պէս ուրախ էր:
-Մէկ բառով Սարուխանը՝ իբրեւ հայր…
-Իբրեւ հայր՝ Սարուխան շատ սիրելի եւ պաշտելի, հոգատար հայր մը, ինչպէս նաեւ բարութեան եւ համեստութեան ակնառու օրինակ մը եղած է ինծի համար:
-Իբրեւ վերջաբան՝ եթէ առիթը ունենայիք, ի՞նչ կ՚ուզէիք ըսել ձեր հօրը, որ ժամանակին չէք ըսած:
-Նախ ես վստահ եմ, որ հօրս հոգին ուրախ է, որովհետեւ իր սիրած աղջիկը՝ Սեդան, իր փեսան եւ թոռները, բնաւ չեն մոռցած զինքը, եւ միշտ կը սիրեն ու կը յարգեն: Միշտ մեր յիշողութեան մէջ է ինքը՝ իբրեւ պաշտելի հայր մը, մեծ հայր մը, եւ ապա իբրեւ տաղանդաւոր եւ հռչակաւոր երգիծանկարիչ մը:
Ուրեմն պիտի ըսէի, սիրելի՛ հայրս, մենք քեզ երբեք չենք մոռնար՝ զաւակդ, փեսադ, թոռներդ ու հեռու-մօտիկ ծոռներդ: Դուն միշտ մեր սիրտերուն մէջ ես, ներկայութիւնդ միշտ կը զգանք: Եւ քու տունդ, կրնամ ըսել, Սարուխանի տուն-թանգարանի վերածած ենք, ուր մշտապէս այցելողներ կան եւ անունդ միշտ կը յիշատակուի:
-Երջանիկ զաւակ մը եղած էք եւ Էք…
Շնորհակալութիւն այս հաճելի եւ հետաքրքրական զրոյցին համար:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան