ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ՝ ՉԱՐԵԱՑ ՓՈՔՐԱԳՈՅՆ
Չկայ չարիք, առանց բարիքի…
Ամէն սկիզբ ունի վերջ ու հակառակը…
Անձրեւէն վերջ կ՚երեւի արեւը…
Կեանքը բաղկացած է սեւ ու ճերմակ գիծերէ…
Յիրաւի մարդկային կեանքը բաղկացած է սեւ ու ճերմակ գիծերէ։ Օր մը առողջ ենք, կենսուրախ ու երջանիկ, օր մըն ալ անտրամադիր, հիւծած ու անուժ։
Ինչ որ տեղ մեր կեանքը կը նմանի սիրտի զարկերու. անդադար վերիվայրումներու մէջ է։
Ներկայիս մարդկութիւնը կ՚ապրի ցասումի շրջան մը։ Զանազան երկիրներու համար սա սեւ գիծը սկիզբ առած է եւ կամ կ՚առնէ փոխուած օրացոյցով։
Ճիշդ գուշակած էք. խօսքը կը վերաբերի քորոնաժահրին։ Սակայն այսօր ես չեմ ուզեր անդրադառնալ սրընթաց զարգացող նորագոյն հիւանդութեան պատճառած վնասներուն ու վտանգներուն. մեր մոլորակը անընդմէջ կը խօսի այդ մասին։ Ընդհակառակը, ես կ՚ուզեմ լոյս փնտռել խաւարի մէջ։ Ինչո՞ւ չէ, նաեւ ընդգծել քորոնայի դրական կողմերը։
Համայն մարդկութեան պատերազմ յայտարարած անզէն թշնամին չարեաց փոքրագոյնն է։ Չէ՞ որ կրնար ամէն բան ըլլար աւելի վատ։ Զոր օրինակ՝ պատերազմ։ Անշուշտ պատերազմն ու թագաժահրը ունին բազում նմանութիւններ՝ մարդկային կեանքի խլում, խուճապ, ճգնաժամ, տնտեսական անկում…
Բարձիթողի վիճակի պարագային սա վարակը կը սպառնայ համայն մարդկութեան գոյութեան, պատերազմն ալ կը սպառնայ կողմերէն մէկուն յաղթանակին, աշխարհագրական սահմաններու փոփոխման, վատթարագոյն պարագային ալ՝ ազգի մը ոչնչացման։
Սակայն երկար խոկալէ վերջ ես հասկցայ, որ պատերազմը առաւել դաժան ու վտանգաւոր է, քան թագաժահրը։ Պատերազմներու հոլովոյթին մարդիկ դաժանաբար կը կորսնցնեն իրենց հարազատներու, մտերիմներու, ինչպէս նաեւ իրենց կեանքը։ Առհասարակ կ՚արժեզրկուի մարդկային կեանքը։ Երկրի մէջ կը տիրէ սով, չքաւորութիւն, տնտեսութեան փլուզում. կը ռմբակոծուին, կ՚ոչնչացուին գիւղեր ու քաղաքներ… ամէն բան կը հաւասարի հողին։
Մինչդեռ քորոնաժահրէն հնարաւոր է պաշտպանուիլ՝ մնալով տուն, հետեւելով իշխանութիւններու հրահանգներուն։ Սա դաժան վարակի նպատակն է՝ մարդկային կեանքը։ Ան աւերածութիւններու սիրահար մը չէ։ Անողոք հիւանդութիւնը հաշուեյարդար կը տեսնէ իր ճամբուն յայտնուած ամէնուն հետ։ Ան ահռելի վնասներ կը հասցնէ երկիրներու տնտեսութիւններուն, կաթուածահար ընելով առեւտուրի զանազան ճիւղեր, ինչպէս նաեւ շփումը երկիրներու միջեւ։ Բայց չէ՞ որ մենք մնալով տունը՝ հնարաւորութիւն ունինք չվարակուելու, փրկուելու։ Պարզապէս պէտք է համբերութիւն ու հաւատք առ Աստուած։
Ինչպէս վերեւ նշեցի, ամէն բան ունի սկիզբ ու վերջ։ Սա սեւ օրերն ալ կ՚անցնին ու կ՚երթան։ Կը բացուին նոր գարուններ ու մենք կը շարունակենք մեր կեանքը այնտեղէն, ուր դրած էինք ստորակէտ։
Չկայ չարիք, առանց բարիքի…
Պահ մը խորհեցաք էք, թէ ի՞նչ կ՚ըլլար մեզի, եթէ ի փոխարէն թագաժահրի, բնութիւնը որոշէր հաշուեյարդար տեսնել մարդկութեան հետ. երկրաշարժ, հրաբուխ, փոթորիկ, ջրհեղեղ, հրդեհ… սարսափելի է։
Գուցէ մեր անզէն թշնամին փրկած է մեզ այս բնութեան այդ աղէտներէն։ Կրնայ ըլլալ, որ ան ոչ թէ մեր թշնամին, այլ փրկիչն է։ Չէ՞ որ վերջին տասնամեակներուն մարդ արարածը առանց խնայելու կը սպառէր բնական պաշարները։ Մեր երկիր մոլորակը օրէ օր կը հիւծուէր։ Քանի՜ անգամ բնութիւնը կոչ ըրած էր մարդուն կանգ առնելու, պահ մը կենալու, սակայն անկուշտ ու անգութ մարդը շարունակած էր հետապնդել իւր շահը։ Ոչ մէկ ու ոչինչ կրցաւ կեցնել մարդը։ Միայն թագաժահրն է, որ յաջողեցաւ։ Ան ալ թերեւս թագի նմանելու պատճառաւ։
Քորոնաժահրի դրական ազդեցութիւնը…
Մարդկութեան թշնամին կը փրկէ մոլորակը։ Ամբողջ աշխարհի մէջ տասնեակ հազարաւոր գործարաններ դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը, որու արդիւնքին կը մաքրուի տասնամեակներ շարունակ ապականուած օդը։ Նուազած են թռիչքները, երթեւեկութիւնը, նաւարկութիւնները… Վերջինս ալ կը նպաստէ ջուրի, ծովերու ու ովկիանոսներու մաքրման։ Այլեւս կենդանական ու բուսական աշխարհը սկսած է լիաթոք շնչել։ Հոգեվարքի մէջ գտնուող բնութիւնը կ՚ապաքինի։
Բախտի քմահաճոյքով մարդիկ ու անասունները փոխուած են տեղերով։ Այժմ մենք ազատ չենք, կը գտնուինք վանդակներու մէջ, իսկ կենդանիները կը վայելեն բնութիւնն ու ազատութիւնը։
Գէթ պահ մը պատկերացնենք, թէ քորոնաժահրը բնութեան ու մարդկութեան փրկիչն է։ Ան մեզմէ շատ բան չ՚ուզեր։ Պարզապէս կը հրահանգէ մարդոց ժամանակաւորապէս նստիլ տունը, հոգալ միայն հանապազօրեայ հացի խնդիրը։ Խոկալ սեփական կեանքի, սխալներու ու բացթողումներու մասին։ Քանզի երբ մարդկութիւնը կը մեկուսանայ, բնութիւնը, կենդանական աշխարհը կ՚ապրի վերածնունդ։ Իսկ անհնազանդներու կամ զինքը արհամարհողներու հետ ան կը վարուի համապատասխանաբար ու սպառնալիքով կոչ կ՚ընէ սթափութեան ու զգօնութեան։ Իսկ եթէ յանկարծ թագաժահրը փորձէ անցնիլ չափ ու սահման, կը միջամտէ Աստուած։
Ողջ ու առողջ եղէ՛ք։
Ապաւինիք Աստուծոյ զօրութեան, քանզի Տէրն է, որ կը փրկէ աշխարհը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024