ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ժամանակները փոխուեցան ու կը շարունակեն փոխուիլ: Գիտակից մարդիկ, մասնաւորապէս, մայրեր կը հասկնան, որ շաքարը, ալիւրն ու աղը սպիտակ թոյներ են: Անոնք կը փորձեն իրենց երեխաներուն հնարաւորինս քիչ հրամցնել քիմիական յաւելանիւթերով հարուստ տարատեսակ սնունդներ: Մինչդեռ, փողոցի մէջ տատիկներն ու պապիկները յամառօրէն կը շարունակեն իրենց գրպաններու մէջ պահել համեղ տուրմեր ու շաքարներ, եւ առաջին իսկ պատահած մանուկը հիւրասիրել՝ առանց մայրերու կարծիքը հաշուի առնելու: Այնքան մեծ սիրով ու ջերմութեամբ այդ մի քանի շաքարը կը մեկնեն երեխային, որ կ՚ամչնաս առարկելու: Զաւէնի հետ փողոց ելած ատեն հինգ-վեց տուրմ կը հիւրասիրեն. ամենաշատն ալ եկեղեցիի մէջ:

Ինչեւէ, այսօր մենք ահազանգ կը ստանանք, կը գիտակցինք, որ ամէն համեղ ու բուրաւէտ ուտելիք կամ քաղցրեղէն օգտակար չէ մեր առողջութեան: Այսօր սկսած ենք ընտրութիւն կատարելու: Ժամանակակից, խելացի ու գիտակից մայրեր կը փորձեն հնարաւորինս առողջ, եւ նոյնչափ առողջ մթնոլորտի մէջ դաստիարակել իրենց երեխաները: Այս շարքին առաջնութիւնը տալով կրթութեան ու զարգացումին, քաղաքավարական ու վարուելակերպի կանոններուն: Սակայն այստեղ ոչ մէկ խօսք կայ հոգեւորի ու հայրենասիրութեան մասին:

Ամէն բան ունի չափ ու սահման: Ամէն ինչ գեղեցիկ ու օգտակար է չափի մէջ: Ուշացումով, սակայն ժամանակն է փոխելու, բարելաւելու մեր փոքրիկ հրեշտակներու առօրեան ու սննդակարգը: Իւրաքանչիւր կենդանի շունչ անկարող է ապրիլ առանց սնունդի: Մենք պարտաւոր ենք ամէն օր սնուելու, որպէսզի ապրինք ու արարենք: Երեխաներու ամէնօրեայ ուտելիքի չափաբաժնի մէջ պէտք է խառնենք պուտ մը հաւատք ու հայրենասիրութիւն: Մատղաշ սերունդի հոգիի զօրութիւնն ու դաստիարակութիւնը առաւել կարեւոր է հողեղէն սնունդէն: Իսկ հոգին կարելի է զօրացնել ճանչնալով, փառաբանելով Տէրն ու Իր միածին Որդին: Իւրաքանչիւր նորածին քառասունքը լրանալէ անմիջապէս վերջ պիտի դառնայ Աստուծոյ տունի անդամ: Օրօրոցէն անոր կիրակիները պէտք է սկսին եկեղեցիէն: Պէտք է փոքրիկը Աստուծոյ տան մէջ, շարականներու, հոգեւոր երաժշտութեան, քահանայի օրհնութեան ներքոյ մուշ-մուշ քնանալով առնէ հասակ: Մանուկներու Աստուածաշունչի օգնութեամբ ծնողներն ու երեխաները ճանչցէք Բարձրեալը: Ամէն օր քուն մտնելէ առաջ աղօթեցէք, ձեր աղօթքներու մէջ փառաբանեցէք Տէրն ու Անոր միածին Որդին: Օրուայ մէջ ալ յիշեցէք Տէրը:

Ապրելով հաւատքով, փառաբանելով զԱստուած ու Յիսուս Քրիստոսը՝ դուք ձեզ, ձեր երեխաները զերծ կը պահէք ամէն տեսակ փորձանքներէ ու փորձութիւններէ: Ճանչնալով Տէրը ձեր մանուկը, որ շուտով պիտի դառնայ երեխայ, պատանի, երիտասարդ ու չափահաս, կը ստանայ հոգիի զօրութիւն ու մարդկային լաւագոյն յատկանիշներ: Ձեր զաւակը Տիրոջ յանձնելէ վերջ, պիտի կարողանաք ձեր գլուխը հանգիստ բարձին դնել: Եւ ամենակարեւորը՝ փառաբանելով Տէրն ու անոր միածին Որդին, ապրելով հաւատքով մենք, դուք կը բուժենք նաեւ մեր երկիրը: Կը նպաստենք մեր սիրասուն հայրենիքի ծաղկունքին ու հզօրացման:

Հաւատքի հետ միասին մեր երեխաներու ճաշերուն մէջ պէտք է խառնենք պուտ մը հայրենասիրութիւն: Օրօրոցէն զանոնք պէտք է կապենք հայրենիքին ու մայրենիին: Հայրենասիրութեան պիտի սկսինք հայրենիքի ճանաչողութեամբ ու խնամքով: Ինչպէս Սիլվա Կապուտիկեան կ՚ըսէ.

Հայրենիքից անուշ ու թանկ,
Ուրիշ ի՞նչ կայ երկնքի տակ....

Օտար լեզուներ սերտելէ առաջ, մեր մանուկները պէտք է հաւատարիմ մնան Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան.

Լսի՛ր, որդի՛ս, պատգամ որպէս սիրող քո մօր խօսքը սրտանց,
Այսօրուանից յանձնում եմ քեզ հայոց լեզուն հազարագանձ:
Կտրել է նա, հանց աստղալոյս, երկինքները ժամանակի,
Շառաչել է խռովայոյզ՝ սլաքի հետ հայկեան նետի,
Եւ Մեսրոպի սուրբ հանճարով դարձել է գիր ու մագաղաթ,
Դարձել է յո՛յս, դարձել դրո՛շ, պահել երթը մեր՝ անաղարտ:
Նրանով է մրմնջացել հայ պանդուխտը վէրքն իր սրտի,
Նրանով է որոտացել կռուի երգն իմ ժողովուրդի,
Նրանով է մայրս ջահել ինձ օրօրոց դրել մի օր,
Հիմա եկել, քե՜զ է հասել նրա կարկաչը դարաւոր...
Բա՛ց շուրթերդ, խօսի՛ր անգին, ժիր դայլայլի՛ր, ի՛մ սիրասուն,
Թող մանկանա՜յ քո շուրթերին մեր ալեհեր հայոց լեզուն...
Պահի՛ր նրան բարձր ու վճիտ Արարատի սուրբ ձիւնի պէս,
Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ քո պապերի աճիւնի պէս,
Ու ոսոխի զարկիցը սեւ դու պաշտպանիր կրծքով նրան,
Ինչպէս մօ՛րդ կը պաշտպանես, թէ սուր քաշեն մօրդ վրայ:
Ու տես որդիս, ո՛ւր էլ լինես, այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,
Թէ մօ՛րդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս...

Ահաւասիկ, մեր ու մեր զաւակներու, մեր հայրենիքի բարեկեցութիւնը, մարդկային տեսակը, յաջողութիւններու եւ վաղուայ պայծառ, անհոգ ու ապահով օրուայ բանալին պահուած է հաւատքի ու հայրենասիրութեան մէջ: Չմոռնանք ամէնօրեայ սնունդի ընդունման չափաբաժնի հետ խառնել անոնցմէ երկու կաթիլ: Ես այլեւս սկսած եմ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021