ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՂՕԹՔԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

​«Յոյժ զօրաւոր են աղօթք արդարոյ յոգնականութիւն»
(Յակ 5.16)

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հոգելոյս Ղեւոնդ Վարդապետ [ապա՝ Եպիսկոպոս] Դուրեանէն քարոզ մը՝ «Աղօթքի զօրութիւնը» խորագիրով:

*

ՍՏՈՒԳՈՒԱԾ իրողութիւն մըն է, թէ աղօթելու ըղձանքը ու ձգտումը ամէն անհատի մէջ կ՚երեւի առաւել կամ նուազ չափով. ասիկա կ՚երեւի հազիւ մարդկային կանոնաւոր լեզու ունեցող վայրենիներու մէջ՝ որոնք վիշտի կամ տագնապի ժամանակ իրենց պաշտած զօրութեանց կ՚ապաւինին, ինչպէս եւ քաղաքակիրթ եւ լուսաւորեալ ազգաց, նոյնիսկ սկեպտիկներու մէջ:

Երբ այս ձգտումը զօրեղ թելադրութեամբ մը խօսի մարդուն մէջ, գիտէ՞ք ո՜րքան կը վսեմացնէ եւ կ՚ազնուացնէ զայն: Տկար մեղկ մարդը որ պէտք կը զգայ զօրութիւն եւ բարձրութիւն, սրբութիւն եւ վեհութիւն, որ եւ զգացած է, թէ պիտի կորսուի՝ եթէ երբեք չմերձենայ հոգւով գերագոյն զօրութեան, սրտաբուխ աղօթքի մը բոլոր թափովը կը կապուի Անոր, որ տուիչն է բարեաց եւ շնորհաց, որ ստեղծիչն է կեանքի եւ իմաստութեան: Եսականութեամբ եւ մեղքերով ապականուած մարդն ալ երբ կը զգայ, թէ ենթարկուած է մարմնոյ եւ հոգւոյ վտանգներու, երբ կը զգայ, թէ զրկուած է երկնային շնորհէն, բազմապիսի բարիքներէն աղօթքով կը դառնայ իր Ստեղծողին, Անոր՝ որ աղբիւրն է բարձրագոյն Սիրոյ եւ Սրբութեան, եւ այսպէս, աղօթքի միջոցաւ իր հոգւոյն եւ իր գործոց մէջ կը ցոլացնէ Աստուծոյ զօրութիւնը, սրբութիւնը, արդարութիւնը ու այն սրբազնագոյն կեանքը, որ երբեմն ստացած էր Աստուծմէ եւ ապա տարամերժած:

Աղօթքի զօրութիւնը հիացման արժանի է արդարեւ: Մենք կը սքանչանանք ձգողական լռին ու հզօր օրէնքին զօրութեան վրայ, որ մեծամեծ աշխարհներ եւ աննշան հիւլէներ կը միացնէ իրարու: Կը հիանանք այն խորհրդաւոր ուժին վրայ՝ որ թելով մը ակնթարթի մէջ հազարաւոր մղոն հեռաւորութեամբ տեղ կ՚երթայ ձեռքի ցնցումով մը կամ աննշան, ամենաաննշան հպումով մը: Ո՜րչափ եւս առաւել ուրեմն, հաւատացեալներս պիտի հիանայինք այն վսեմ եւ աստուածային զօրութեան վրայ, զոր աղօթքով կը ստանանք. զօրութիւն մը՝ որով հոգին հրեշտականման ազատօրէն կը վերանայ եւ կը սաւառնի դէպի կենաց աղիւրը:

Թէեւ ըսեն իսկ ոմանք՝ թէ «Գիտութիւնն է զօրութիւն», տակաւին ասիկա ճշմարիտ կրնայ ըլլալ միայն այն սահմանին համար, ուր գիտութիւնը կարեւոր եւ էական տարրն է, ուր ամէն ինչ շօշափելի է, եւ չկայ հոգեկան որեւէ բան: Աշխարհի մէջ կան բաներ, որոնք հոգեկան են, որոնք գիտութենէ վեր են, եւ որոնց մեր միտքը չի կրնար վերահասու ըլլալ բոլորովին. հոգեկան սահմանին մէջ չէ, թէ գիտութիւնն է, որ իր զօրութեամբ կ՚ապրի, այլ՝ աղօթքի եւ ըղձանքներու շարժիչ զօրութիւնն է, որ կ՚ապրի, որոնցմով մարդը կը բարձրանայ, կ՚ազնուանայ եւ կ՚աստուածանայ: Երբ կը պակսի այս ըղձանքը , ոչ միայն չի բարձրանար հոգին, այլ եւ կը սողոսկի գետնաքարշ որդի մը նման, կամ ինչպէս ըսուած է, կը դառնայ բանտարկուած թռչուն մը, որ բոլորովին սահմանուած է վանդակին ձողիկները համրելու եւ ուսումնասիրելու գործին:

Բաց աստի՝ աղօթքը ոչ միայն հոգւոյն մէկ ձգտումն է, որ Աստուծոյ հետ կը միացնէ մարդը, այլ եւ իբր ներգործական զօրութիւն մը՝ կ՚ազդէ իր կամ այլոց վրայ, կերպով մը կը փոխէ իրաց բնական վիճակը, կը կանգնէ պատուհասներու դէմ պատնէշներ ու կ՚ազատէ զմեզ անբուժելի ախտերէն: Դարձեալ՝ կը ներգործէ իսկ եւ Աստուծոյ ողորմութեան վրայ եւ կրնայ դէպքերու ընթացքն եւս կասեցնել: Յայսմ՝ անպայման հաւատք եւ միայն հաւատք կը պահանջուի: Անշուշտ պիտի ծաղրէին թերահաւատներ մեր խօսքերը, իբրեւ թէ այս ըսուածները մանկական թեթեւամտութեան կամ միամտութեան արդիւնք եղած ըլլային, իբրեւ թէ մտացածին պատրանքներու զոհուած ըլլայինք. այո՛, պիտի ծաղրէին զմեզ: Սակայն մեր Փրկիչը՝ Իր աշակերտաց՝ այս գաղափարն է որ ներշնչեց մինչեւ վերջը. աղօթքի նշանակութիւնը եւ զօրութիւնը ոչ մէկ տեղ ա՛յնքան ուղիղ եւ ա՛յնքան պարզ կերպով արտայայտուած է որքան Աւետարանին մէջ: Եւ ինչ որ Յիսուս Աւետարանով կ՚ուսուցանէ, նոյնը կը հաստատէ եւ ամբողջ Ս. Գիրքը այնպիսի անկներեւութեամբ՝ որ կարելի չէ խեղաթիւրել: Այսպէս, կը կարդանք Ս. Գիրքին մէջ՝ թէ աղօթքի զօրութեամբն էր, որ Մովսէս Ամաղէկին յաղթեց եւ Սամփսոն ջուր հանեց Լէքէի մէջ եղած փոսէն. աղօթքի զօրութեամբ էր, որ Աննա Սամուէլի մայր եղաւ եւ Սաւուղ Փղշտացւոց յաղթեց. աղօթքի զօրութեամբ էր, որ Եղիսէ Ասորւոց աչքերը կուրցուց եւ բացաւ աչքերը իր ծառային, որ կարողացաւ տեսնել հրեղէն կառքերը ու ձիերը. աղօթքի զօրութեամբ էր, որ Եզեկիա իր կենացը վրայ տասն եւ հինգ տարի աւելցուց եւ Մովսէս Իսրայէլի դէմ ու Նինուէացիք իրենց դէմ եղած թշնամութիւնները ի դերեւ հանեցին:

Սուրբգրոց այս դէպքերն ու պարագաները կ՚ապացուցանեն, թէ հաւատացեալներուն աղօթքը Աստուծոյ ողորմութեան վրայ ներգործած եւ իրերու ընթացքն եւս փոխած է. այսու պէտք է գիտնալ, թէ այժմ եւս ջերմեռանդ սրտով եղած բարի աղօթքը կրնայ ներգործել աշխարհի ու Աստուծոյ ողորմութեան վրայ (Մտ 7.7: Յհ 14.13):

Անհաւատ գիտնականներ կը հերքեն Աւետարանի սոյն վարդապետութիւնը եւ կ՚ըսեն. «Աղօթքը կարող չէ բնութեան օրէնքները փոխել, կարող չէ ամենիմաստ Արարչին ի սկզբանէ սահմանած որեւէ մէկ կարգադրութիւնը փոխել: Օրէնքներու անայլայլելիութիւնը արդէն գիտութեամբ ապացուցուած է, հետեւաբար ե՛ւ միամտութիւն, ե՛ւ աւելի ճիշդ, անմտութիւն է երեւակայել՝ թէ աղօթելով կարելի է, օրինակի համար, երաշտացած երկրի մը վրայ անձրեւ բերել, քանի որ օդերեւութաբանութիւնը կը հաստատէ, թէ անձրեւին տեղալը եւ հովերու հոսանքը կանոնաւոր օրէնքներէ կախուած են. եւ կամ մահամերձ հիւանդը բժշկել, քանի որ բժշկական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ծնածներն եւ մեռածները ամէն տարի՝ որոշ եւ անփոփոխ թիւ մը կը կազմեն: Արդ՝ այս փաստերու մասին ի՞նչ կրնաք ըսել կամ ընել», կը հարցնեն մեզի մեծ վստահութեամբ, իբրեւ թէ ըսածնին ճշմարտութիւն մը եղած ըլլար:

Այս իրենց խելապատիկէն ծնած հերքումին պատասխանը նոյնիսկ իր մէջ կը գտնենք: Եթէ ստոյգ է, որ աղօթելով կարելի է ո՛չ փոխել եւ ո՛չ կասեցնել իրերու ընթացքը, ինչո՞ւ այսպէս մտածողները իրենց վարդապետութեան բոլորովին հակառակը կը գործեն։ Ինչո՞ւ՝ զոր օրինակ՝ քարը, որ պէտք էր ձգողական օրէնքի համեմատ երկրի վրայ մնար գամուած՝ կը բարձրացնեն գետնէն այնքան վեր: Ինչո՞ւ հիւանդին եւ կամ մարմնոյ տկար մէկ անդամին նոր կեանք կը պարգեւեն, որով եւ հիւանդը կամ հիւանդ անդամը բոլորովին կերպարանափոխած կ՚ըլլան: Ինչո՞ւ կը պատուաստեն ծառը, որ, եթէ բնութեան թողէին, ոչ երբեք կը պտղաբերէր իրենց փափաքածին համեմատ: Ինչո՞ւ կանոնաւոր աշխատութեան կը վերածեն այն կոպիտ ուժերը բնութեան՝ որոնք եթէ իրենք իրենց մնային, ամէն տեղ աւեր ու կործանում յառաջ պիտի բերէին:

Եւ քանի որ ձեռքս կարող է բնութիւնը փոխել, քանի որ միտքս կարող է բնութեան կոպիտ ու կոյր ուժերը իմ օգտիս ծառայեցնել, ինչո՞ւ արդեօք հոգիս անզօր եւ զինաթափ պիտի մնայ բնութեան առջեւ: Ազատ ուրեմն անհաւատներու այս ստորնացուցիչ վարդապետութենէն, այժմէն պէտք է աղօթենք ստէպ, վստահ ըլլալով միանգամայն որ «ամենայն ինչ հնարաւոր է այնմ՝ որ հաւատայն» (Մր 9.23):

Անհաւատներ ալ կան, որոնք մատնանիշ կ՚ընեն ճշմարիտ հաւատացեալներու ջերմեռանդ աղօթքները եւ կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ չի տեսնուիր իրենց աղօթքներուն արդիւնքը ու ներգործութիւնը»:

Պէտք է գիտնալ, թէ աղօթքի ներգործութիւնը գրեթէ յաճախ սքօղուած է, թաքուն է: Անոր ներգործութիւնը չենք կրնար տեսնել ամէն ատեն մեր աչքերով: Արտաքնապէս արդարեւ հաւատացեալին վիճակը կարելի չէ որոշել անհաւատի կամ թերահաւատի վիճակէն: Կը տեսնենք, որ միեւնոյն բախտին կը վիճակուին ամէնքն ալ (Յյտ 2.14), միեւնոյն դժբախտ դէպքը, միեւնոյն կարծեցեալ ճակատագիրը կը խորտակէ աղօթողն ալ, հայհոյողն ալ: Այս բանն է, որ մեզ կը շուարեցնէ եւ թերահաւատութեան կը մղէ: Բայց կը հարցնեմ ձեզի, միթէ ուրիշ կերպ կրնա՞ր ըլլալ:

Մարդիկ կ՚ուզեն, որ աղօթքը տեսանելի կերպով ներգործէ եւ իր ակնյայտնիութեամբ փարատէ ամէն կասկած կամ տարակուսանք: Բայց այն ժամանակ ալ ի՞նչ արժէք կ՚ունենար աղօթքը. մարդ այն ատեն միայն պիտի աղօթէր՝ երբ կեանքի ընթացքին մէջ վիշտի ու տառապանքի մատնուէր. եւ իր երջանկութեան, ուրախութեան վայրկեաններուն՝ աչքերը վեր պիտի չուզէր բարձրացնել: Այս կերպ քրիստոնեայ ըլլալը, աղօթելը միթէ աստուածպաշտութե՞նէ է, որ յառաջ կու գայ. ի հարկէ ոչ, այլ օգուտէն ու շահասիրութենէն: Պէտք է գիտնալ, թէ Աստուած Իր հաւատացեալներուն երբեք տեսանելի փրկութիւն չխոստացաւ, այլ նախապէս ըսաւ, թէ Իրեն հետեւող ճշմարիտ հաւատացեալները պիտի հալածուին երկրի վրայ թէ՛ իբրեւ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ քրիստոնեայ (Բ. Տիմ 3.12): Արդարեւ, ըստ երեւոյթին Աստուած Իր հաւատացեալները կը ձգէ այնպիսի հանգամանքներու մէջ՝ որ կարելի չէ տարբերել միւս մահկանացուներէն:

Ո՜վ հաւատացեալներ, Տէրը տեսանելի հոգեւոր փրկութիւն չի տար շատ անգամ մեր աղօթքներուն փոխարէնը. վասն զի լաւ գիտէ, որ տեւական չէ այն: Տէրը Իր լռութեան մէջ հայրական եւ սրբազան կամք եւ նպատակ ունի. Ան մեզ կը նախապատրաստէ երկինքի համար: Մի՛ ըսէք, թէ մեր աղօթքը առանց հետեւանքի ու ներգործութեան մնաց. ո'չ, ընդհակառակը, Ան կը ներգործէ, բայց ոչ ձեր փափաքին համեմատ, այլ՝ Իր կամքին համեմատ, որ բարի է. Ան կ՚իջեցնէ ձեր եւ ձեր սիրածներուն վրայ օրհնութիւն եւ ողորմութիւն՝ ձեր կարծածէն եւ խնդրածէն աւելի: Դուք երկրային երջանկութիւն կ՚երազէիք ձեր աղօթքին իբր արդիւնք, եւ սակայն Ան ձեզի ուրիշ պսակ մը կու տայ, որ յաւիտենական է եւ անթառամ: Երանի՜ թէ, գիտնայինք իւրաքանչիւրս ճշմարտապէս ջերմեռանդն աղօթել. երանի՜ թէ, չթերանայինք մեր աղօթից մէջ, հայցէինք եւ խնդրէինք Տիրոջմէն մեր հոգեւոր փրկութիւնը:

ԱՂՕԹՔ

Ո՜վ Յիսուս, Դուն որ uորվեցուցիր Քու աշակերտներուդ, թէ ինչպէս պէտք է աղօթել, սորվեցո՜ւր եւ մեզի աղօթել Քեզի պէս: Աղօթքի հուրդ մեր մէջ ալ բորբոքեցուր, որ այրուի մեր հոգւոյն աղտը, որ սրբուի մեր աղտոտ խիղճը, որ մաքրուի մեր մարմնոյն մեղքը, որ համակ հոզիացած՝ կարենանք մեր խնկաւէտ աղօթքները մատուցանել արքայութեանդ յաղթական դռան առջեւ, ու արժանանալ Քու օրհնութեանդ եւ արքայութեանդ: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023