ՅԵՏՑՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄ

Մարդ յաճախ հոգեբանական անհանգստութիւն կը զգայ, երբ դուրս կու գայ համակերպուած, յարմարուած իրավիճակէ մը։ Այս համակերպութեան համատեսքին մէջ երջանկութեան արցունքներու, յետհոգեցնցումի ճնշուածութեան խանգարման եւ ցուրտէն տաք վայր մը անցնելէ յետոյ պահ մը մսելու պատճառները գրեթէ նոյնն են։

Մարդիկ հակուած են յարմարուելու որեւէ միջավայրի կամ իրավիճակի. որոշ դէպքերու պարագային ճնշուածութեան պատասխանը կու տան ո՛չ թէ տուեալ պայմաններու տակ, այլ՝ աւելի վերջ, երբ այդ պայմանները կը վերանան, որովհետեւ համակերպուելու վիճակը կ՚աւարտի։ Օրինակ՝ տարօրինակօրէն կը մսինք՝ երբ ցուրտէն տաք միջավայր մը անցնինք։ Մարմինը ճնշուածութեան մէջ էր եւ այդ վիճակը յաղթահարելու համար «համակերպման համակարգ»ով յարմարուեցաւ ցուրտ օդին։ Այս համակերպումը տաք միջավայր մտնելով աւարտեցաւ եւ մարմինը «գիտակցեցաւ», որ մսած է։

Խորհեցէք ծնող մը, որու զաւակը պտոյտի մը կը մասնակցի իր ընկերներուն հետ։ Քանի մը օրէ ի վեր հայրն ու մայրը իրենց զաւկին հետ չեն կրնար որեւէ կապ հաստատել։ Հեռախօսը անհասանելի է եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ուր է ան։ Տուեալ ծնողը ոստիկանութեան կը տեղեկացնէ այս մասին, բայց անոնք եւս չեն կրնար գտնել։ Անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը համակած է անոնց հոգին, բայց կը փորձեն իրենք զիրենք վերահսկել։ Երեք օր յետոյ կարելի կ՚ըլլայ կապ հաստատել իրենց զաւկին հետ ու ի վերջոյ կը վերադառնայ տուն։ Ծնողը կը գրկեն իրենց զաւակը ու կը սկսին լալ։ Արդեօք սա երջանկութեա՞ն արցունքն է։ Երբ անորոշութեան պատճառով յառաջացած ճնշուածութեան վիճակը անհետացաւ, համակերպումը աւարտեցաւ եւ այլեւս ծնողը ի զօրու չէ վերահսկել զսպուած յոյզերը։

Մտածենք պատերազմի մը ընթացքին զինուորի վիճակը։ Փամփուշտները գլխի վրայով կ՚անցնին, ռումբերու ձայնը գրեթէ կը խլացնեն, իր ընկերները կը մահանան կամ կը վիրաւորուին իր աչքի առջեւ։ Պատերազմը կ՚աւարտի, ան կը վերադառնայ քաղաքացիական կեանք։ Որոշ ժամանակ անց կը սկսի անքունութենէ տառապիլ՝ վախնալով եւ կասկածելով ամէն ինչէ։ Այս պահուն իր մօտ կարելի է նկատել յետհոգեցնցումի ճնշուածութեան խանգարում, անուշադրութիւն, միջավայրը տարբեր ու անիրական տեսնել, սեփական մարմնին օտարանալ, բացասական իրադարձութիւնները յաճախ վերյիշել եւ զանոնք տեսնել երազին մէջ, մտահոգութիւն, յուզում… Զինուորը նման խանգարում չունէր ռազմադաշտի վրայ։ Անոր մարմինը յարմարուած էր այդ ճնշուած վիճակի։ Երբ պատերազմէն վերադարձաւ քաղաքացիական կեանք, այդ համակերպումը վերջացաւ։ Բայց, քանի որ պատերազմի օրերու հետքերը դեռ չեն մաքրուած անոր մարմնէն եւ հոգիէն, ան չի կրնար յաղթահարել այդ խանգարուածութիւնը։

Անշուշտ, կարելի է նմանատիպ բազմաթիւ օրինակներ տալ, բայց բոլորը կը մատնանշեն նման իրավիճակ։ Թէեւ հոգեցնցումային իրադարձութիւնները բոլորի վրայ նոյն ազդեցութիւնը չեն ունենար, սակայն պատահածները անպայման որոշ հետքեր կը թողեն հոգեկան առողջութեան վրայ։

Թէեւ բոլորս վատ պայմաններու մէջ կրնանք յայտնուիլ եւ ձեւով մը, ակամայ կը համակերպինք, կը յարմարուինք այդ իրավիճակին, բայց եւ այնպէս, երբ այդ պայմանները վերանան, համակերպուելու ջանքերն ալ զուգահեռաբար կ՚աւարտին եւ այլեւս վերահսկողութենէ դուրս ելած հոգւոյ ու մարմնի հակազդեցութիւնն ալ կ՚ըլլայ «յետցնցումային ճնշուածութեան խանգարում»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024