Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ժամանակ առ ժամանակ դժբախտաբար «գիտոսիկ»ներու որոշ խումբ մը առանց հասկնալու կը սկսին դէմ խօսիլ Եկեղեցւոյ, անարգելով, փաստեր խեղաթիւրելով, մեղադրելով, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն: Այս ցնդաբանութեան ի պատասխան ուրիշ խումբ մը, որոնք իրենք զիրենք «եկեղեցասէր»ներ կը ներկայացնեն կամ կը կարծեն, կը սկսին այսպէս ըսած «պաշտպանել» Եկեղեցին, առանց գիտակցելու սակայն, որ իրենց այդ վարքագիծով աւելի վնաս է, որ կը պատճառեն Եկեղեցւոյ:

Ուրիշ պարագայ մըն է վերջերս Ամենայն Հայոց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին դէմ բարձրացած արհեստական աղմուկը, ի պատասխան Նորին Սրբութեան մէկ յայտարարութեան: Աղմուկ բարձրացնողները պարզապէս պղպջակներ են, որոնք թիւրիմացութեան մը արդիւնքով ձեռք բերած են իշխանական պաշտօններ եւ ինքնահաստատուելու ու կայանալու համար իրենց լպիրշ բերանները բացած են Ամենայն Հայոց Հայրապետին վրայ: Թիւրիմացութիւն կ՚ըսեմ, որովհետեւ եթէ այդպէս չըլլար, հակառակ որ այդ պղպջակները իրենք զիրենք չեն յարգեր, գոնէ կը յարգէին իրենց զբաղեցուցած պաշտօնները:

Այս գրութեամբ նպատակ չունիմ Ամենայն Հայոց Հայրապետը պաշտպանել այդ քանի մը չկայացածներու արտաբերած ապուշութիւններուն ի պատասխան, որոհետեւ Վեհափառ Հայրապետը պաշտպանութեանս կարիքը չունի: Ամենայն Հայոց Հայրապետը արդէն իսկ պաշտպանուած է եւ ունի պաշտպանութիւնը բոլոր անոնց, որոնք Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակ են, որովհետեւ Վեհափառը իր ունեցած հանգամանքով այդ Եկեղեցւոյ Ղեկավարը, Առաջնորդն ու Գլուխն է աշխարհի վրայ, եւ անարգել Վեհափառին կը նշանակէ անարգել անոր ղեկարած կառոյցը, այս պարագային՝ Հայ Եկեղեցին:

Արդարեւ, այս գրութեամբ պարզապէս որոշակի մէջբերումներ պիտի կատարեմ կարգ մը եկեղեցական հայրերէ ու գրողներէ Եկեղեցւոյ ինչութեան մասին, որպէսզի նմանօրինակ պղպջակները եւ «գիտոսիկ»ները նախքան իրենց բերանները բանան, գոնէ քիչ մը մտածեն ու նոր խօսին: «Յարգելի»ներս, Եկեղեցին անարգելով փորձել ինքնահաստատուիլ ու կայանալ անիմաստ է, որովհետեւ ձեզմէ առաջ կայացած, ֆիզիքական զօրութեամբ եւ փայլուն միտքերով հազարաւոր ու միլիոնաւոր մարդիկ նոյն բանը փորձած են ընել, բայց այսօր անոնց անուններն անգամ չկան ու չեն յիշուիր: Ինչո՞ւ. մէկ պարզ ճշմարտութեան մը շնորհիւ, որովհետեւ Եկեղեցին իր Հիմնադիրին նման՝ ԱՆՍԽԱԼԱԿԱՆ է, եւ այդ անսխալականութեան շնորհիւ է, որ դարեր շարունակ պահպանած է իր գոյութիւնը ու պիտի պահպանէ, մինչեւ իր Հիմնադիրին՝ Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստը: Անձերը՝ մարդիկ, կրնան սխալիլ, բայց Եկեղեցին՝ երբե՛ք: Ուսումնասիրեցէ՛ք Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ կը համոզուիք:      

Անցնինք մէջբերումներուն.

Սուրբ Իգնատիոս կ՚ըսէ. «Եկեղեցին աստուածային տեսանելի հաստատութիւն մըն է, որուն նպատակն է հոգիներուն փրկութիւնը. բոլոր անոնք, որոնք կը բաժնուին անկէ, կը խզեն իրենց կապը Աստուծմէ։ Եկեղեցին սուրբ է, մէկ է, ընդհանրական է, անսխալական է». ահաւասիկ առաջին ամփոփ՝ սակայն խո՜ր իմաստ ունեցող միտքը. եթէ Եկեղեցին կ՚անարգենք, ապա անարգած կ՚ըլլանք մեր հոգիին փրկութիւնը. չմոռնա՛նք, որ մենք ժամանակաւոր հիւրեր ենք այս աշխարհին վրայ: Տակաւին, անարգելով Եկեղեցին, անարգած կ՚ըլլանք Եկեղեցւոյ Գլուխը՝ Աստուած, Որու անմիջական ներկայացուցիչ ու դեսպանն է մեր պարագային Ամենայն Հայոց Հայրապետը, եւ՝ բոլոր միւս եկեղեցականները: 

Սուրբ Եղիշէն կ՚ըսէ. «Եկեղեցին մարդկային շինուածք չէ… եկեղեցիներ ո՛չ թագաւորներու պարգեւն են, ո՛չ ճարտար արուեստի արդիւնք են, ո՛չ իմաստուններու գիւտ, ո՛չ զինուորներու քաջութեամբ ձեռք բերուած աւար են եւ ոչ ալ դեւերու մոլար խաբէութիւն. երկրի վրայ չես կրնար ցուցնել որեւէ բան, որքան ալ վեհ ըլլայ անիկա կամ վատթար, որմէ որեւէ տեղ եկեղեցի յառաջ գայ։ Եկեղեցին մեծ Աստուծոյ շնորհքն է, տրուած ո՛չ թէ մարդոցմէ ոեւէ մէկուն, այլ բոլոր բանական ազգերուն, որոնց վիճակուած է այս արեւուն տակ բնակիլ։ Անոր հիմերը հաստատուն վէմի վրայ դրուած են. ո՛չ մարդիկ կրնան շարժել, ոչ ալ հրեշտակները՝ սասանեցնել». արդարեւ, «գիտոսիկ» պարոնայք, այն Եկեղեցին ու անոր առաջնորդը, զոր կ՚անպատուէք, այդ Եկեղեցւոյ ու զայն մեզի Շնորհողին լիիրաւ զաւակները ըլլալու կոչուած էք եւ դուք, մինչ դուք նախընտրած էք թշնամի դառնալ…: Ընտրութիւնը ձե՛րն է:

Խրիմեան Հայրիկ կ՚ըսէ. «Այո՛, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ քաղաքը բարձր է իր ամէն իրաւունքով… Անոր հիմքը Յիսուսը հաստատած է, սանդարամետի գլուխին վրայ։ Անոր պարիսպները ադամանդէ են։ Անոր դուռը բաց ու ազատ է, ո՛վ որ մտնէ՝ կ՚ընդունի, ով որ ելլէ՝ չ՚արգիլեր։ Անոր շինուածքին քարերը Արտազի դաշտի Սուրբ Նահատականերն են։ Այս քաղաքը անպահապան չէ։ Երկու Առաքեալներ եւ մէկ Հայրապետ անքուն կը հսկեն անոր պարիսպներուն վրայ։ Թադէոսի ձեռքին՝ Աւետարան, Բարթուղիմէոսի ձեռքին՝ Տիրամօր կենդանագիր պատկերը։ Իսկ Գրիգորի ձեռքին՝ Նիկիոյ Ս. Ժողովին Հանգանակը։ Հետեւաբար, ո՛չ մէկը թող նայի այս քաղաքին՝ տիրապետելու կամ գրաւելու համար»:

Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Կաթողիկոս Հայ Եկեղեցւոյ դերին մասին՝ այսպէս կ՚ըսէ. «Ի՞նչ է Հայ Եկեղեցւոյ դերը ներկայիս։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ եկեղեցին այլեւս դեր չունի կատարելու. ան այլեւս չի՛ կրնար առաջնորդել մեր հոգեւոր կեանքը, ղեկավարը ըլլալ մեր հոգեւոր ստեղծագործութիւններուն. գիտութիւնը, գեղարուեստը, գրականութիւնը աշխարհականացած է, եւ անոնց ղեկավարողը ո՛չ թէ եկեղեցին պիտի ըլլայ, այլ՝ պետութիւնը։

Ճշմարիտ է, Վերածնունդէն յետոյ հոգեւոր մշակոյթը այլեւս չի՛ ղեկավարեր եկեղեցին. գիտութիւնը, գեղարուեստը եւ գրականութիւնը կամաց-կամաց աշխարհականացած են եւ եկեղեցւոյ թեւերուն տակէն դուրս ելած է։ Սակայն այդ մէկը չի՛ նշանակեր, որ եկեղեցին այլեւս դեր չունի կատարելու։ Ընդհակառակը, ան նոր հանդէս պիտի գայ իր ասպարէզին մէջ. ան նոր պէտք է ձգէ այդ ուղին, որ իրեն չէ պատկանած, օտարինը եղած է։

Անոր ասպարէզը Աւետարանի քարոզն է. անոր նպատակը պէտք է ըլլայ ըստ աւետարանական սկզբունքներու կարգաւորել կեանքը, ըստ Աւետարանին կենցաղ ստեղծել։ Անոր նպատակը պիտի ըլլայ մարդկային բարոյական կեանքը ղեկավարել, բարոյական մշակոյթը զարգացնել, որ այնքան կարեւոր է աշխարհին մէջ արդարութիւնը հաստատելու եւ մարդկային կեանքը խաղաղ ճանապարհով դէպի երջանկութիւն առաջնորդելու համար»:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս կը գրէ. «Հայաստանեայց Եկեղեցին թանկ է մեզի համար։ Ան մե՛րն է, մեր ազգային Եկեղեցին եւ մեր ազգային ամենամեծ ստեղծագործութիւնը, ամենամեծ ժառանգութիւնը մեր նախնեաց թողած։ Անոր պահպանութիւնը, կարգաւորութիւնը, յառաջդիմութիւնն Սփիւռքի Հայութեան պահպանութեան երաշխիքն է։

Կարեւորներէն կարեւորագոյնը դպրոցն ու եկեղեցին են։ Առանց դպրոցի եւ առանց կենդանի, կարող եւ շունչ տուող Եկեղեցւոյ, ոչ միայն երկրորդական կը դառնան մեր միւս հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, այլ եւ անոնք ալ կը մեռնին ու կը չորանան, ինչպէս անսնունդ մնացած կենդանիներն ու բոյսերը։ Մեզի պէտք են ազգային գիտակցութեան բովէն անցած գործիչներ, կենդանի մարդիկ եկեղեցական եւ դպրոցական ասպարէզէն ներս, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել այն ժառանգութիւնները, որ սնունդ կը բերեն ազգային յարատեւ գոյութեան։

...Նոր պայմաններու մէջ կ՚ապրինք, նոր պայմաններու եւ պահանջներու համեմատ պէտք է կազմակերպուին մեր գաղութները եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքի շրջաններէն ներս, եթէ չենք կամենար խեղդամահ ըլլալ։ Հեռու մեզմէ յուսահատութեան տրամադրութիւններն ու խօսքերը, որ իրապէս ոչ թէ լուրջ մտածողութեան արդիւնք են, այլ՝ անփութութեան, ծուլութեան եւ զոհողութենէ խուսափելու հետեւանքներ։ Անշուշտ, հեշտ չէ ստեղծուած դժուարագոյն պայմաններուն մէջ Եկեղեցի եւ ազգ պահել սփիւռքի մէջ եւ անոնց գոյութիւնն ապահովել, բայց ջերմեռանդ եւ հաւատքով, կարգաւորեալ եւ տոկուն աշխատութեան առջեւ՝ սառցակոյտերն ալ կը հալին։

Բազմատեսակ են անհատական, հասարակութեան եւ ազգային հոգիի մշակման միջոցներն ու հաստատութիւնները, որ այստեղ մէկ առ մէկ չենք կրնար թուել, բայց մեր գաղութահայ կեանքին համար ամենակարեւորը կը կրկնենք՝ Դպրոցն ու Եկեղեցին են, Եկեղեցին եւ Դպրոցը։ Ասոնց բարգաւաճումին եւ կենդանացումին հետ, կը բաւարարուին մասամբ եւ միւս միջոցները, որ պայմաններն են որեւէ հասարակութեան եւ ազգի յարատեւ պահպանութեան։

Դպրոցը կը դառնայ խեղճ, ողորմելի, անկարող արդիւնք տալու սպասուած չափով, եթէ կարող ուսուցիչներ եւ վարժուհիներ չունենանք։ Եկեղեցւոյ կեանքը կ՚աղքատանայ, անկարող իւր բարձր կոչման եւ նպատակին ծառայելու հոգեւոր փրկութեան եւ ազգային գաղափարի կենդանի պահպանութեան տեսակէտներով, եթէ հարկաւոր չափով պատրաստուած քահանաներ եւ պաշտօնեաներ չունենանք։

...Եթէ մենք կը կամենանք, որ մեր լեզուն չմեռնի, որ մեր սերունդը որոշ չափով հաղորդակից մնայ մեր ազգային եւ եկեղեցական անցեալ եւ ներկայ կեանքին հետ, պէտք է այս երկու հաստատութիւններուն կամ հոգեւոր անդաստաններուն համար մշակներ պատրաստենք»:

Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Հայ Եկեղեցին ըլլալով հիմնապէս մեր կրօնական անխորտակելի տունը, է նաեւ աւանդապահը Հայ ժողովուրդի բոլոր հոգեկան ստեղծագործութեանց։

Գիտակցեցէ՛ք, որ շարունակողն էք այնպիսի փառաւոր գործի մը, պահապանն էք անկորնչելի այն հաստատութեան, որ Հայ Եկեղեցին է։ Եկեղեցի մը՝ որուն շաղախին մէջ մեր ցեղին արիւնը կայ, մեր քահանաներուն ու ժողովուրդին արիւնը։ Գուրգուրացէ՛ք անոր վրայ, անոր հաւատացեալներուն եւ անոնց հաւատքին վրայ»:

Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոս կը գրէ. «Հայ եկեղեցին մերն է եւ մենք՝ անորը: Վա՜յ մեզի, երբ այդ հարազատութիւնը խախտի: Ազգութեան հետ անքակտելիօրէն մեզ կապող ու զօդող ոսկի շղթան է ան, Հայ Եկեղեցին»:

Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան Եկեղեցւոյ ու ազգին մասին այսպէս կը գրէ. «Եկեղեցի եւ Ազգ: Մին թեզանն է, միւս՝ առէջը. երկուքին իրարմէ անջատումը կ՚ոչնչացնէ երկուքն ալ. “Ազգային եկեղեցի” է մերինը. որովհետեւ իր աստուածային առաքելութեան առաջին պտուղը եղաւ իր ազգին ծնունդը ի հաւատս քրիստոնէութեան. որովհետեւ իր կրօնական գործունէութեան ամենայն հարազատ ու մշտական ճիգը եղաւ իր ժողովուրդին կեանքին սեւեռումը քրիստոնէական բարոյագիտութեան մէջ. որովհետեւ, վերջապէս, իր ազգը իրե՛ն կը պարտի այն բոլոր բնորոշիչ առաւելութիւնները, որոնցմով կազմուած է իր ինքնութիւնը… Հայ Եկեղեցին Հայ ազգին խղճմտանքն է: Ազգ եւ Եկեղեցին. երկուքն ալ պէտք է ապրին՝ զօրացնելով զիրար. ատոր մէջ է միայն Հայութեան ճշմարիտ իրական շահը»:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚ըսէ. «Պէտք ունինք, ստիպողական եւ անմիջական պէտք, մեր աչքերը մաքրելու, որպէսզի ջինջ երեւան մեր Եկեղեցւոյ հարազատ պատկերն ու դիմագիծը, որպէսզի ճիշդ հասկցուին անոր բազմադարեան եւ բազմհոլով ծառայութիւննրը մեր ազգին, որպէսզի մեր այսօրուան եւ վաղուան կեանքին մէջ կարողանանք որոմը անջատել ցորենէն եւ՝ մա՛հ տալ առաջինին ու կեա՛նք քաշել երկրորդէն»:

- «Ինչպէս չկայ մայր առանց զաւակի եւ, փոխադարձաբար, զաւակ՝ առանց մօր, այնպէս եւ իրար կ՚ամբողջացնեն, իրարով իմաստ եւ արժէք կը ստանան Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ Հայ ժողովուրդը ներքին անխախտելի կերպով էապէս եւ գոյութենապէս զօդուած իրարու։ Մէկ միութիւն՝ որուն խորհուրդին թափանցել կարելի չէ միտքով, բանականութեամբ. կարելի է միայն զգալ հոգին այդ գերասքանչ խորհուրդին»:

- «Հայոց ազգային Եկեղեցին եղած է այն միակ յօդակապը, որ հայկայ սերունդին ցրուած մնացորդները կրցած է իրարմէ անքակտելի պահել, եւ իբրեւ մէկ ազգ պահպանել։ Եկեղեցի՛ն եղած է, որ անվիճելի կերպով ներարկած է անոր մէջ ներքին կենսականութեան տարրները, եւ պատրաստած է արտաքին միջոցներ եւ գործնական եղանակներ եւ գործառնական ձեռնարկներ՝ Հայ ազգութեան գոյութիւնը ապահովելու։ Եկեղեցւոյ շնորհիւ է, որ Հայութիւնը մնացած է իբր յատուկ եւ ինքնուրոյն մարմին մը, որ դարերու այլայլութեանց եւ արկածներու բռնութեանց ներքեւ ալ, ինքն իր մէջ շարունակելով միշտ նոյն մնացած է։

Հայը, դարերէ ի վեր քաղաքական միջոցէն զրկուած, սերտ փարած է եկեղեցական կեանքին, եւ զայն ճանչցած է իբր փրկութեան խարիսխ մը իւր ալեկոծ կեանքին մէջ։ Անոր շնորհիւ է, որ թէպէտ վտանգուած ու տկարացած բայց վերջապէս իր գոյութիւնը կրցած է պահել, եւ մահացու արկածներուն մէջ կեանքը ապահովել։ Այդ մեծ զօրութիւնը, որ հայուն անցեալին վրայ գործունեայ եւ արդիւնաւոր ազդեցութիւն ունեցաւ, չէ դադրած տակաւին իր կենսական ոգին ներշնչել, եւ պիտի շարունակէ ալ ապագային միեւնոյն փրկարար դերը պահել»:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Մեր Սուրբ Եկեղեցին հայու հոգիին ծննդավայրն է, ինչպէս կը բնորոշէ մեր մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, որովհետեւ մեր Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն կը ծնինք հոգեւորապէս՝ իբրեւ քրիստոնեայ, հո՛ս զօրութիւն կը ստանանք հոգեւոր կեանքի եւ առաքինի գործերու համար: Եկեղեցւոյ հովանիին տակ կը հաղորդակցինք մեր հոգեւոր-ազգային դարաւոր արժէքներուն, մեր պատմութեան, մեր հայրերու՝ ազգային մեր ինքնութիւնը ձեւաւորած անգին ժառանգութեան հետ»:

- «Պատմութեան ընթացքին մեր Սուրբ Եկեղեցին հաւատարմօրէն խնամած ու առաջնորդած է մեր ժողովուրդը, դիմագրաւած է հոգեկործան հողմեր, չարաղէտ փորձութիւններ եւ նոյն յաղթականութեամբ պիտի շարունակէ փրկագործական իր առաքելութիւնը: Եկեղեցւոյ զօրութիւնը համայն հաւատացեալ ժողովուրդի ճշմարիտ հաւատքն է, որով կը միաւորուինք եւ Սուրբ Հոգիի տաճար կ՚ըլլանք: Եկեղեցւոյ զօրութեան համար Սուրբ Առաքեալը կը յորդորէ հաւատացեալներուն աղօթել “վասն շինածոյ եկեղեցւոյն”, ինչպէս նաեւ ջանալ հաւատքով նորոգուելու, հոգեւոր ճանաչողութեան ու կեանքի մէջ յառաջանալու. “Դուք, որովհետեւ նախանձախնդիր էք հոգեւոր շնորհներու, ջանացէ՛ք աւելի՛ հարստանալ նոյն շնորհներով՝ ի շինութիւն Եկեղեցւոյ”: Մեր հոգեղէն տաճարացումը Սուրբ Հոգիով իրականութիւն կը դառնայ, յատկապէս աղօթավայր-սրբատեղիներու օրհնաբեր յարկին տակ՝ ընդհանրական եւ աղօթաշաղախ միութեամբ»:

- «Հայ Եկեղեցին միշտ աղօթող եղած է հայոց պետականութեան համար: Քրիստոսի Աւետարանի քարոզութեամբ, հայրենական աւանդներու ու յիշատակներու ուսուցումով, Հայոց Եկեղեցին սնուցած ու խնամած է ազատութեան սէրը իր զաւակներու սիրտերուն մէջ: Ջանացած է ապահով ուղիներով առաջնորդել ժողովուրդը, պահպանել եւ հոգալ անոր անվտանգութեան մասին պետականութեան բացակայութեան դժուարին ժամանակներուն՝ միշտ աղօթելով, որ Աստուած մեր ժողովուրդին ազատ կեանք տայ, անկախութիւն պարգեւէ եւ պետականութիւն շնորհէ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 ապրիլ 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2020