ԵՐԵՒԱՆԻ Մէջ Բացուած է «Սասունցի Դաւիթ» Որմնաքանդակը
Երեւանի Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ (ԳԱԿ) պաշտօնապէս բացուած է քանդակագործ, Ալեքսանդր Թամանեանի արձանի հեղինակ Արտաշէս Յովսէփեանի «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակը:
Վարպետին 85-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ որմնաքանդակը այսուհետեւ մշտապէս բաց պիտի ըլլայ այցելուներու համար՝ հանդիսանալով Կասկադ համալիրի ճարտարապետութեան անբաժանելի մասը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ հեղինակը:
«1980-ականներուն, երբ Կասկադը դեռ կը կառուցուէր, զիս կանչեց Ճիմ Թորոսեան ու ըսաւ, որ Կասկադի մէջ կայ երկու սրահ, որոնց վրայ պէտք է աշխատինք: Մէկուն վրայ պէտք է աշխատէի ես, իսկ միւսին վրայ՝ Գրիգոր Խանջեան: Սրահը 7 մեթր բարձրութիւն ու 20 մեթր երկարութիւն ունէր: Չորս վարպետներու հետ չորս տարի շարունակ աշխատեցանք երրորդ յարկին վրայ գտնուող այդ սրահի վրայ: «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակը տուֆէ քանդակած եմ ամբողջ պատի վրայ, ուր ներկայացուած են 36 մեծ, փոքր ու միջին դրուագներ: Կոջոյեանի մանրանկարչութիւնն է, զոր ես վերածած եմ յուշահամալիրի», ըսած է Արտաշէս Յովսէփեան:
«Նախագիծը Մոսկուայի մէջ չէր հաստատուած՝ ծախսատար ըլլալուն պատճառով: Կարէն Տեմիրճեան իր մօտ հրաւիրած էր Արտաշէս Յովսէփեանն ու Գրիգոր Խանջեանը ու խնդրած էր, որ գրութեան համաձայն նուիրաբերեն սրահները ժողովուրդին: Այդպէս ալ եղած է», բացման արարողութեան ժամանակ ըսած է գրող Վանուշ Շերմազանեան:
Որմնաքանդակի հանրային բացումը տեղի ունեցաւ Մայիսի 21-ին՝ «Թանգարանային գիշեր» ամենամեայ ձեռնարկի ծիրէն ներս: Սրահին մուտքը անվճար է: