ՈՐՊԷՍ ԿԱՆՈՆ

Մարդը լոյս աշխարհ կու գայ մերկ, սակայն մեղքը շալակին: Ոչ մէկ կերպով մենք կրնանք հրաժարիլ մեղքէն: Չէ՞ որ ան այնքան քաղցր է ու ցանկալի: Բաց աստի, սատանան ամէն վայրկեան կը տքնի, որպէսզի մենք չհրաժարինք մեղքէն: Սուրբերն անգամ երբեմն կը մեղանչէին: Մեր աղօթքներու մէջ մենք Տիրոջը կ՚աղաչենք. «Տէր իմ, կ՚աղաչեմ, օգնէ ինծի այսքան շատ չսիրել մեղքը»:

Կեանքի հոլովոյթին մարդուն աւելի շատ պէտք է մարդը: Մարդ ունի մարդու կարիք: Մարդ մը ինքզինքը ապահով կը զգայ մարդու մը քով: Սակայն այդ նոյն մարդն է, որ ամենամեծ ցաւը կը պատճառէ մարդուն: Մարդուն կ՚ոչնչացնէ, կը բուժէ, կը հասկնայ, կը սատարէ, օգնութեան ձեռք կը մեկնէ՝ մարդը:

Մեծաւ մասամբ մարդիկ շահամոլ են, ինքնասէր ու երեսպաշտ:

Մարդիկ աւելի շատ կը յարգեն քու հագուստդ:

Մարդ աւելի շատ կը պաշտէ քու պաշտօնդ:

Մարդ կը փայփայէ փողը: Կը խոնարհի փողի դիմաց: Յաճախ պատրաստ է իր հոգին վաճառել, յանուն երկու կոպեկի:

Առհասարակ մարդ կը նախընտրէ ալքոլը՝ խմիչքը, քան մարմնամարզը:

Հաճոյքով կը սպառէ խմիչքը, քան ջուրը:

Սեռային քաղցը կը կարեւորեն սիրային խաղէն: Եւ այսպէս կը կարեւորեն ամէն անցողիկը՝ մնայուն բարիքներէն ու անանց արժէքներէն: Ինչպէս նաեւ աշխարհային այս կեանքը՝ յաւիտենականէն:

Որպէս կանոն՝

Աւելի դժուար է լռելը, քան խօսիլը:

Օղին մուտք գործեց, գաղտնիքը դուրս ելաւ:

Այստեղ տեղին է յիշել «Թմբկաբերդի առումը» պոէմէն, Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը. «Ինչը կը յաղթէ կեանքում հերոսին, եթէ չլինի կինն ու գինին»:

Ծերանալով՝ մարդ կը տեսնէ աւելի վատ, սակայն՝ աւելին:

Վատ կինը անձրեւէն ալ վատ է: Անձրեւը կը քշէ դէպի տուն, իսկ կինը՝ տունէն դուրս:

Տղամարդիկ պիտի ընէին աւելին, եթէ կանայք խօսէին քիչ եւ ըլլային գոհ:

Եթէ չես ուզեր, որպէսզի նստին քու վզիդ, ուրեմն չափէ դուրս մի՛ խոնարհիր:

Նոյնիսկ ամենամեծ մտահոգութիւնը պիտի չվճարէ ամենաչնչին պարտքը, ուրեմն ի զուր է այն ու վնասակար:

Բոլորը կը նային ժամանակին, իսկ ժամանակը՝ ոչ մէկուն:

Կեանքի մէջ գովելի է երեք բան՝ քաղցր լեզուն, համբերութիւնը, գաղտնապահութիւնը:

Տուն մը, ուր շատ են տանտէրերը, հիւրը պիտի մնայ անօթի:

Երբ այլեւս ընելիք ոչինչ կայ, մարդիկ կը սկսին ձեռնարկել վեհ գործերու:

Եթէ մարդու նախանձը վերածուէր ելեկտրականութեան, երկրի երեսէն ի չիք պիտի դառնար գիշերը:

Կը գովեն անոր, ոչ թէ ով արժանի է, այլ անոր, որմէ ունին կախում:

Կը բաւէ ըսել ճշմարտութիւնը, եւ դուն պիտի յորջորջուիս անդաստիարակ: Անգամ մը եւս այստեղ կը համոզուինք՝ մարդ կը նախընտրէ քաղցր սուտը, քան դառն ճշմարտութիւնը:

Շինիչ խօսքը լաւ է վատ բժիշկէն:

Կը բաւէ դիմել բժիշկի եւ ստիպուած պիտի ըլլաս բուժուիլ բազում հիւանդութիւններէ:

Դառն է համբերութիւնը, սակայն քաղցր են անոր պտուղները:

Շատ պզտիկ է մարդու լեզուն, սակայն ակնթարթի մը մէջ կը խորտակէ բազում կեանքեր:

Իրականութեան մէջ կեանքը շատ պարզ է, սակայն մենք յամառօրէն զայն շատ կը բարդացնենք:

Խոհեմ մարդիկ ունին պահանջներ իրենցմէ, անխոհեմները՝ ուրիշներէ:

Ահաւասի՛կ, չարի պտուղներէն բաժին մը, որոնք մենք կը ճաշակենք սիրով: Խոհեմ ըլլանք ու սորվինք տարբերակելու, ինքնակամ ընտրելու բարին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023