Ալան Յովհաննէս (Չախմախճեան). Հայկական Երաժշտութեան Ամերիկեան Հնչեղութիւնը

Յու­նիս 21-ին, 16 տա­րի ա­ռաջ, Սիա­թը­լի մէջ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ստա­մոք­սա­յին ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան մը դէմ ե­րեք տա­րի մա­քա­ռե­լէ ետք, 89 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խար­հահռ­չակ ար­ժէք­նե­րէն Ա­լան Յով­հան­նէս (1911-2000)։

Հայ ե­րաժշ­տա­կան հան­ճա­րի մե­ծա­տա­ղանդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն էր Ա­լան Յով­հան­նէս, որ չորս տա­րե­կա­նէն գտաւ ինք­նադր­սե­ւոր­ումը իր հնչե­ղէն ու­ղին եւ ամ­բողջ կեանք մը լե­ցուց ար­տա­սո­վոր ե­րաժշ­տա­կա­նու­թեամբ, ա­ւան­դա­կանն ու ար­դիա­կա­նը, հայ­կա­կանն ու ա­մե­րի­կեա­նը, ա­րե­ւե­լեանն ու ա­րեւմ­տեա­նը իւ­րա­յա­տուկ յու­զա­կա­նու­թեամբ, խո­հա­կա­նու­թեամբ եւ խորհր­դա­ւո­րու­թեամբ հա­մադ­րող բարձ­րար­ժէք ա­րուեստ մը ստեղ­ծե­լով եւ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով։

Միայն ծա­գու­մով հայ մը չե­ղաւ Ա­լան Յով­հան­նէս, այ­լեւ թէ՛ իր կեան­քով, թէ՛ ա­ւե­լի քան 70 սիմ­ֆո­նիք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով՝ հա­ւա­տա­ւոր եւ հա­ւա­տա­րիմ մշա­կը հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան իր ժա­ռան­գու­թեան։ Ե­ղաւ մա­նա­ւանդ հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ հայ, թէ՛ ա­մե­րի­կա­ցի, սփիւռ­քա­հա­յու կրկնակ պատ­կա­նե­լու­թեան ա­ռա­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն դառ­նա­լով։

«Ա­մե­րի­կա­հայ»ու կրկնակ պատ-­կա­նե­լու­թեան իր այդ կազ­մա­ւո­րու­մով ու հա­մադ­րու­թեամբ՝ Ա­լան Յով­հան­նէս բնաւ ան­տար­բեր չգտնուե­ցաւ աշ­խար­հի ճա­կա­տագ­րին նկատ­մամբ, մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ եւ դիր­քո­րո­շուե­ցաւ քա­ղա­քա­կան մեծ վե­րի­վայ­րում­նե­րուն նկատ­մամբ ու նուա­ճեց ար­ժա­նա­ւոր քա­ղա­քա­ցիի իր մնա­յուն տե­ղը 20-րդ դա­րու ա­մե­րի­կեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ա­մե­րի­կա­հայ «Ա­րա­րատ» հան­դէ­սին տրուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ, տա­կա­ւին 1971-ին, մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշ­տը կա­տա­րեց մեր­կա­ցու­մը ա­մե­րի­կեան մե­ծա­պե­տա­կան մո­լո­րան­քին՝ ինչ­պէս այդ օ­րե­րուն, նաեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ու­ղի լու­սա­ւո­րող հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով.

«Թե­ւա­կո­խած ենք շատ վտան­գա­ւոր հանգ­րուան մը։ Ինք­նա­կոր­ծան­ման վտան­գին առ­ջեւ ենք, ինչ որ մեծ վա­խով կը հա­մա­կէ զիս։ Հին սե­րուն­դը ան-խըղ­ճօ­րէն կը կա­ռա­վա­րէ ու կ՚իշ-­խէ։ Եւ ու­նիմ այն զգա­ցու­մը, որ ա­տի­կա մեծ սպառ­նա­լիք մըն է մեր քա­ղա­քակր­թու­թեան հա­մար։ Հսկա­յա­կան ըն­կե­րու­թեանց եւ կազ­մա­կեր­պու­թեանց ա­գա­հու­թիւ­նը կը հա­կակշ­ռէ կեան­քը տե­սակ մը վայ­րա­գու­թեամբ։ Կա­ցու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­ցած է, ո­րոշ ի­մաս­տով, ո­րով­հե­տեւ բնա­կան գի­տու­թիւ­նը մեզի տուած է ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի մա­հա­ցու զէն­քեր եւ մարդ­կա­յին ո­գին կոր­ծա­նած է շատ մը պա­րա­գա­նե­րու… Ուս­տի՝ ի՜նչ օ­գուտ, որ ու­նինք աշ­խար­հի ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր եր­կի­րը, երբ կոր­ծա­նած է հո­գին։ Ա­նօ­գո՜ւտ է»։

Մ­տա­ւո­րա­կան այ­սօ­րի­նակ խո­հա­կան տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծու­թիւնն է Ա­լան Յով­հան­նէս, որ իր կեան­քով, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­կան պատ­գա­մով՝ ինք­նա­տիպ հնչե­ղու­թիւն մը նե­րար­կեց հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան։

Ա­լան Յով­հան­նէս ծնած է 1911-ի Մարտ 8-ին, Մա­սա­չու­սեթց (Միացեալ Նա­հանգ­ներ)։ Զա­ւակն էր Ա­տա­նա քա­ղա­քէն Ա­մե­րի­կա պան­դուխտ գա­ցած յայտ­նի քի­միա­գէտ Յա­րու­թիւն Վան­նէս (Յով­հան­նէ­սի) Չախ­մախ­ճեա­նի, որ դա­սա­խօս էր մե­ծահռ­չակ Թաֆթս հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Հայ­րը Թաֆթ­սի մէջ ծա­նօ­թա­ցած ու ա­մուս­նա­ցած էր սկով­տիա­ցի Մատ­լէն Սքա­թի հետ, որ մին­չեւ 1931-ի իր մա­հը՝ ընդ­դի­մա­ցաւ զաւ­ակը հայ մեծց­նե­լու Վան­նէս Չախ­մախ­ճեա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն։

Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, որ չորս տա­րե­կա­նէն ե­րաժշ­տու­թեան նուի­րուած Ա­լա­նը, մօր ճնշու­մին եւ ազ­դե­ցու­թեան տակ, վաղ տա­րի­քի իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը ստո­րագ­րէր Ա­լան Սքաթ Վան­նէս։

Ա­լան եօթ տա­րե­կա­նին ի վի­ճա­կի ե­ղաւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կար­դա­լու եւ տասնչորս տա­րե­կա­նին ար­դէն սիմ­ֆո­նիք գոր­ծեր կը յօ­րի­նէր։ Բայց ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին ի՛նք վկա­յած է, ծնող­քը դէմ էին ե­րաժշ­տու­թիւն յօ­րի­նե­լու իր բուռն ցան­կու­թեան։ «Հե­տե­ւա­բար ստի­պուած էի ե­րաժշ­տա­կան իմ յօ­րի­նում­ներս գրե­լու գի­շեր­նե­րը, գաղտ­նի, բաղ­նի­քի մէջ, եւ յե­տոյ զա­նոնք պա­հե­լու, որ­պէս­զի ծնողքս չտես­նեն», խոս­տո­վա­նած է մեծ ե­րա­ժիշ­տը։

Ար­լինկ­թըն գո­լէ­ճի ա­շա­կերտ էր Ա­լան, երբ ար­դէն գրեց իր ա­ռա­ջին եր­կու օ­փե­րա­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցուե­ցան գո­լէ­ճի սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին կող­մէ։ Եր­գա­հա­նու­թեան նուի­րուե­լու իր ո­րո­շու­մին մէջ, այդ տա­րի­նե­րուն, մեծ ե­ղաւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հետ իր ծա­նօ­թա­ցու­մին։  1929-ին, ա­ւար­տե­լով միջ­նա­կարգ դպրո­ցը՝ ան ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց Նիու Ինկ­լըն­տի ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ։ Այդ շրջա­նին գրեց «Ա­րե­ւա­ծագ» սիմ­ֆո­նին, ո­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ Samuel Endicott-ի մրցա­նա­կին:

Մին­չեւ 1930-ա­կան­նե­րը եւ մօր մա­հը ստեղ­ծած իր գոր­ծե­րը՝ Ա­լան Սքաթ Վան­նէս ո­րո­շեց փճաց­նել եւ կը պատ­մէ, որ օ­րե­րով իր նո­թա­նե­րը այ­րեց։ Ո­րո­շեց իր հայ­կա­կան պատ­կա­նե­լու­թեան լիար­ժէ­քօ­րէն տէր կանգ­նիլ՝ ա­ռա­ջին հեր­թին մեծհօր Յով­հան­նէս ա­նու­նը ընտ­րե­լով իբ­րեւ ազ­գա­նուն։ Այդ մա­սին նաեւ ա­ռի­թով մը խոս­տո­վա­նած է, որ ըն­տա­նե­կան «Չախ­մախ­ճեան» ազ­գա­նու­նը չընտ­րեց, ո­րով­հե­տեւ շրջա­պա­տին մէջ ոչ ոք ի վի­ճա­կի էր ճիշդ ար­տա­սա­նե­լու «զի­նա­գործ» բա­ռին թրքա­ցու­մով կնքուած իր հա­րա­զատ ազ­գա­նու­նը։

Այդ շրջա­նին սկսաւ իբ­րեւ եր­գե­հո­նա­հար նուա­գել Ո­ւո­թըր­թաու­նի հայ ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ճէյմս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ թա­փով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի նուի­րուե­լով եւ Tanglewood ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ եր­գա­հա­նի մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան հե­տե­ւե­լով՝ 1942-ին ար­ժա­նա­նա­լով գի­տա­կան կո­չու­մի։ Ա­մե­րի­կա­հա­յու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս փա­րե­ցաւ իր ե­րի­տա­սարդ եր­գա­հա­նին եւ նիւ­թա­կան անհ­րա­ժեշտ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցոյց տուաւ ա­նոր, որ­պէս­զի ա­մե­րի­կեան մե­ծազ­դե­ցիկ Mercury ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի ար­ձա­նագ­րու­թեան ըն­կե­րու­թիւ­նը ի­րա­րու ե­տե­ւէ հրա­պա­րակ հա­նէ Ա­լան Յով­հան­նէ­սի գոր­ծե­րը, ո­րոնք լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­ցին հայ ե­րա­ժիշ­տին։

Ա­լան Յով­հան­նէ­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն դար­ձա­կէտ մը ե­ղաւ ա­նոր ծա­նօ­թա­ցու­մը հայ ե­րա­ժիշտ Ե­նովք Տէր¬Յա­կո­բեա­նի հետ, որ հայ­կա­կան եւ ա­րե­ւե­լեան նուա­գա­րան­նե­րու օգ­տա­գործ­ման հմուտ էր եւ Ա­լա­նի առ­ջեւ լայն բա­ցաւ ոչ միայն հայ­կա­կան, քրդա­կան, պարս­կա­կան ու ա­րա­բա­կան, այ­լեւ՝ հնդկա­կան, չի­նա­կան եւ ճա­բո­նա­կան ա­ւան­դա­կան նուա­գա­րան­նե­րու եւ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեանց ա­նեզր աշ­խար­հը։

Այդ ու­ղիով ալ ըն­թա­ցաւ Ա­լան Յով­հան­նէ­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն կեան­քը։

1946-ին, երբ Պոս­թը­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցին դա­սա­խօս էր, տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի մղու­մով ստեղ­ծեց իր «Էջ­միա­ծին» օ­փե­րան։ 1952-ին ան փո­խադ­րուե­ցաւ Նիւ Եորք, ուր միա­ցաւ «Ա­մե­րի­կա­յի Ձայն»ի խմբագ­րու­թեան, ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ։ Շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ շուրջ կէս դար իր տի­րա­կան դրոշ­մը դրաւ ա­մե­րի­կեան ե­րաժշ­տա­կան կեան­քին վրայ՝ յատ­կա­պէս ա­րե­ւե­լեան ու ա­րեւմ­տեան ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը ինք­նու­րոյն հա­մադ­րու­թեամբ մշա­կե­լու իր մեծ տա­ղան­դով։

Ա­լան Յով­հան­նէս, իր հօր օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով, իր կար­գին ա­մուս­նա­ցաւ օ­տա­րի հետ՝ ծա­նօթ սոփ­րա­նօ Հի­նա­քօ Ֆու­ճիա­րա­յի հետ։ Ու­նե­ցան դուստր մը, որ իր մօր հետ միա­սին հպար­տու­թեամբ տէր կանգ­նե­ցաւ հայ մեծ ե­րա­ժիշ­տի ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան՝ 2004-ին ձեռ­նա­մուխ ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­լան Յով­հան­նէ­սի տուն¬թան­գա­րա­նի ստեղ­ծու­մին։

Ա՛յդ էր կտա­կը Ա­լան Յով­հան­նէ­սի, որ իր կեն­դա­նու­թեան միայն մէկ ան­գամ՝ 1965-ին բախ­տը ու­նե­ցաւ հայ­րե­նիք այ­ցե­լե­լու եւ «իր սիր­տը լեռ­նե­րում թող­նե­լու»…

Վ­կա­յու­թեանց հա­մա­ձայն՝
«Ա­լան Յով­հան­նէ­սը հայ­րե­նիք ե­կաւ 1965 թուա­կա­նին: Հայ­րե­նի­քի մա­սին ա­ռաս­պել­նե­րը յօդս ցնդե­ցան այն պա­հան, երբ Ե­րե­ւա­նի մէջտե­սաւ Լե­նի­նի ար­ձա­նը: Իր հա­յաս­տա­նեան շրջա­գա­յու­թեան մա­սին Վար­պե­տը քիչ կը պատմէր: Միայն կը կրկնէր, որ այն­տեղ Քրիս­տո­սը դար­ձած է սա­տա­նայ, իսկ Լե­նի­նը՝ աս­տուած: Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­լան Յով­հան­նէսն կ՚ան­կեղ­ծա­նար միայն այն ժա­մա­նակ, երբ հե­ռու կը յայտն­ուէր մայ­րա­քա­ղա­քէն, կար­միր դրօշ­նե­րէն ու կու­սակ­ցա­կան «ըն­կեր­նե­րէն»…

«Ա­լան Յով­հան­նէ­ս հայ­րե­նի­քի մէջ եր­կար չմնաց. ծա­նօ­թա­ցաւ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, նուի­րեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նին ու հե­ռա­ցաւ: Անոր հա­յաս­տա­նեան շրջա­գա­յու­թեան մա­սին պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ քիչ բան կայ:

«Երբ Խորհր­դա­յին Միու­թիւ­նը տա­պա­լեցաւ, եւ սկսաւ Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տը, Վար­պետը ար­դէն ծեր էր ու, չնա­յած ցան­կու­թեա­նը, չէր կրնար գալ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն: Ան հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու այլ ճա­նա­պարհ գտաւ. գրեց «Ար­ցախ» սիմ­ֆո­նին՝ նուի­րուած Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­մար­տի քա­ջե­րուն Ա­լան Յով­հան­նէս (Չախ­մախ­ճեան) վախ­ճա­նե­ցաւ 21 Յու­նիս 2000-ին եւ իր յի­շա­տա­կին նուի­րուած այս հա­կիրճ սիւ­նա­կը կ՚ար­ժէ եզ­րա­փա­կել «Ազգ» թեր­թի է­ջե­րուն, 2007-ին, Սա­ռա Գաս­պա­րեա­նի հրա­տա­րա­կած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.¬

«Նիւ Եոր­քի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն սփռող ռա­տիօա­լիք­նե­րով յա­ճա­խա­կի կը հնչէ Ա­լան Յով­հան­նէս ա­նու­նը: Աշ­խար­հի մէջ թե­րեւս ոչ մէկ յօրինող այդ­քան խոր ու նրբօ­րէն զգա­ց ա­րե­ւե­լեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին նուա­գա­րան­նե­րու ար­ժէ­քը եւ վար­պե­տօ­րէն հնչեց­ուց զանոնք սիմ­ֆո­նիկ ե­րաժշ­տու­թեան մէջ, որ­քան՝ Ա­լան Յով­հան­նէ­սը: Իր եր­կար, բե­ղուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի ընթացքին ան խո­րա­պէս ու­սում­նա­սի­րած է հնդկա­կան ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րը, քո­րէա­կան Ah-Ak ո­ճը, ճա­բո­նա­կան Պուն­րաքու եւ Կ­ակա­քու ե­րաժշ­տա­կան ո­ճե­րը: Սիմ­ֆո­նիի եւ ա­րե­ւե­լեան մե­ղե­դի­նե­րու հե­տաքրք­րա­կան հա­մադ­րու­թեան մի­ջո­ցով յօրինողը ար­տա­յայ­տած է փի­լի­սո­փա­յա­կան խո­հեր՝ բնու­թեան, տիե­զեր­քի, աշ­խար­հա­րար­ման մա­սին: Ծա­ռի ու սա­րի նկատ­մամբ տա­ծած իր յա­տուկ պաշ­տա­մուն­քը ծնունդ տուած է հա­մա­նուն բազ­մա­թիւ սիմ­ֆո­նինե­րու:

«Պա­տա­հա­կան չէ, որ զայն հա­մա­րած են դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան «Սոկ­րա­տէս»ը»:

Իսկ Նուարդ Բո­րեան, դար­ձեալ «Ազգ»ի է­ջե­րէն, Ա­լան Յով­հան­նէ­սի ծննդեան 95-ա­մեա­կին ա­ռի­թով դի­տել կու տար, թէ «ցա­ւա­լի է, որ հան­րահռ­չակ, քան­քա­րա­ւոր մեծ հա­յուն հայ­րե­նի­քի մէջ չեն գի­տեր ոչ միայն շա­տե­րը, այ­լեւ նոյ­նիսկ՝ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան երաժշտանոցի ու­սա­նող­նե­րու ու յատ­կա­պէս դա­սա­խօս­նե­րու գե­րակ­շիռ մա­սը»:

Ա­ւե­լի քան տե­ղին է հե­տե­ւող կո­չը՝
«Ժա­մա­նակն է, որ Թու­մա­նեա­նի, Ի­սա­հա­կեա­նի, Ուիլիըմ Սա­րո­յեա­նի, Հա­մաս­տե­ղի եւ այ­լոց թեքս­տե­րով գրուած անոր եր­գերն ու խմբերգ­նե­րը, հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, «Լու­սա­ծա­գը», «Ար­թի­կը», «Ա­րե­ւա­գա­լը», «Ախ­թա­մա­րը», «Վա­նայ լի­ճը», միւս­նե­րը դառ­նան հայ հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը եւ, որ­պէս ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տա­րուես­տի մե­ծար­ժէք գո­հար­ներ, ամ­բող­ջաց­նեն հայ ե­րաժշ­տու­թեան աստ­ղա­բոյ­լը»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Եռագոյն»

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016