ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ԱՌԸՆՉՈՒԻԼ

Այս շաբաթ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ, շաբաթապահք սահմանած էր, որ նուիրուած էր գեղեցիկ ու խորհրդաւոր տօնի մը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարներու գիւտին: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, մանաւանդ տագնապալի այս օրերուն, ակնածանք է անգամ մը եւս առընչուիլ հայոց մեծագոյն սուրբերէն մէկուն նշխարներու խորհուրդին, ապրիլ այն երկիւղով, զգուշաւորութեամբ եւ հաւատքով, որ աւանդած են մեր եկեղեցւոյ հայրերը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարներու գիւտի տօնը Լուսաւորիչին նուիրուած երեք տօներէն մէկն է եւ այս տարի կը նշուի 27 յունիսին: Հայ Եկեղեցին Դ. դարէն սկսեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակը կը տօնախմբէ տարին երեք անգամ՝ Խոր Վիրապ Մուտքի, Խոր Վիրապէն Ելքի եւ Նշխարաց գիւտի առիթներով:

Նշխարաց գիւտը կը տօնուի Հոգեգալուստէն ետք, չորրորդ շաբաթ օրը: Նշխարաց գիւտի տօնը ունի նաեւ իր նախատօնակը:

Տօնին օրը եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որ այս տարուան քորոնաժահրի համավարակի պարտադրած արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքոյ տեղի պիտի ունենայ սակաւաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոշ եկեղեցիներու մէջ՝ առանց հաւատացեալներու: Այս դժուար օրերը հայոց եւ համաշխարհային պատմութեան համար աննախադէպ փորձութիւն են, որ անգամ մը եւս, տօնին խորհուրդին ներքոյ, վերապրելու կարիքն ունին:

Ըստ աւանդութեան՝ հայոց մեծ դարձէն յետոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ ժողովուրդը մկրտելէ, լուսաւորելէ, եկեղեցիներ հիմնելէ եւ եկեղեցականներ ձեռնադրելէ ետք, իր կեանքին վերջին տարիները կ՚աւարտէ ճգնաւորութեամբ՝ Սեպուհ լերան Մանեայ անձաւին մէջ, Երիզայի մօտ, ուր ապրած էր Հռիփսիմեանց կոյսերէն Մանէն: Ս. Գրիգորը երբեմն կը ձգէր քարայրը, կ՚այցելէր ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն հետ կը քարոզէր: Սրբազան աւանդութեան համաձայն, այն նոյն քարայրին մէջ, ուր կը ճգնէր Ս. Գրիգորը, ի Տէր խաղաղութեամբ կ՚աւանդէ իր հոգին 326 թուականին: Անոր մարմինը կը գտնեն հովիւները, որոնք, չճանչնալով մահացած կաթողիկոսը, մարմինը կը գոցեն քարակոյտի մը տակ: Յետագային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր աշակերտներէն Գառնիկ Բասենցի ճգնաւորին տեսիլքով կը յայտնէ իր նշխարներուն տեղը, որմէ ետք կը փոխադրուին եւ կ՚ամփոփուին Դարանաղի գաւառի Թորդան գիւղին մէջ՝ անշքութեամբ եւ լռութեամբ:

Յետագային այդ վայրին մէջ վկայարան մը կանգնեցուցին: Այս յիշատակը չմոռցուեցաւ եւ Լուսաւորիչի նշխարները գտնուելուն այս պատմութիւնն է «Գիւտ նշխարաց» տօնին հիմքը: Անշուք թաղումը, անշուք չթողուց իր յիշատակը: Հայաստանեայց Եկեղեցին Նշխարաց գիւտի այս տօնը հանդիսաւոր կերպով կը կատարէ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծագոյն սրբութիւններէն են։ Յայտնի չէ, թէ Լուսաւորիչի՝ Թորդանի մէջ ամփոփուած նշխարները ո՛ր ժամանակներէն սկսեալ բաժնուեցան զանազան տեղեր: Հայոց Հայրապետին նշխարները գտնուելէ ետք ատոնց մէկ մասը, իբրեւ սրբազան մասունք, տարուեցան Վաղարշապատ, Բիւզանդիա, Իտալիա: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Անթիլիասի մէջ պահուող Լուսաւորիչի Սուրբ Աջը Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն սրբութիւններէն մէկն է, որով կ՚օրհնուի սրբազան միւռոնը, իսկ այս տարի քորոնաժահրի յարուցած համաճարակին պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար, 28 մարտին, Մայր Աթոռէն դուրս բերուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը:

Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական կանոնադրութեամբ՝ կաթողիկոսարանին մէջ Լուսաւորիչի Աջին գոյութիւնը պարտադիր է՝ որպէս հայրապետական աստիճանի խոր-հըրդանիշ, որուն զօրութեամբ կը տրուին օրհնութիւններն ու կը կատարուին օծումները: Լուսաւորիչի աջը, Ս. Խաչափայտի (Ս. Նշան) ու Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի հետ, գլխաւոր սրբութիւնն է, որ կը գործածուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ժամանակ:

Ըստ Ղազար Փարպեցիի, Վարդանանց ժամանակ, երբ նախարարները կեղծ ուրացութեամբ կը վերադառնային Պարսկաստանէն, հոգեւոր դասը եկողներուն իրենց քրիստոնեայ ըլլալը յիշեցնելու եւ դարձի բերելու համար ընդառաջ եկած է «առաքելանման նահատակ Սուրբ Գրիգորի նշխարներով»: Անոր յաջորդ վկայութեամբ, երբ Վահան Մամիկոնեան «Հայոց ուխտապահ նախարարներուն հետ» վերադարձած է Պարսկաստանէն (այնտեղ 485-ին պաշտօնապէս ճանչցուած էր սպարապետ), Յովհաննէս Ա. Մանդակունին զանոնք դիմաւորած է «ճգնաւոր նահատակ Գրիգորի Սուրբ նշխարներով, որոնցմով ալ զանոնք ճանապարհած՝ դէպի արքունիք»: Մասունքներու պաշտամունքը զօրացած է Քաղկեդոնի ժողովէն ետք՝ կրօնական մաքառման շրջանին:

Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի լոյս նշխարները յիշատակած են նաեւ մատենագիրներ Սեբէոսը, Մովսէս Կաղանկատուացին (7-րդ դար), Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցին (9-10-րդ դար), Ասողիկը (10-րդ դար), Վարդան Արեւելցին, Կիրակոս Գանձակեցին, Մխիթար Այրիվանեցին (13-րդ դար), Առաքել Դավրիժեցին (17-րդ դար) եւ այլք: Որպէս կաթողիկոսարանի գլխաւոր սրբութիւններէն Աջը առաջին անգամ կը յիշատակուի Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական»ին մէջ: Վարդան Վարդապետ կը գրէ, որ նշխարներուն քանիցս տեղափոխութիւններէն ետք (Բիւզանդիոնի Զենոն կայսրը տարած է Կ.Պոլիս, ապա զանոնք վերադարձուած եւ դրուած են Զուարթնոցի եւ այլ վայրերու մէջ), իր օրով մնացած էր միայն «Աջն լուսընկալ եւ շնորհաբաշխ»:

Լուսաւորիչի Աջով ո՛չ միայն այս տարուան համաճարակին առթիւ, այլեւ՝ ուրիշ բացառիկ առիթներով հայոց կաթողիկոսները օրհնած են ժողովուրդը:

Կոստանդին Բ. Կատուկեցին, կաթողիկոսական աթոռէն հարկադրաբար հրաժարելով (չհամակերպելով Հեթում Բ. թագաւորի լատինամէտ քաղաքականութեան), զգեստաւորուած է հայրապետական հանդերձներով, բարձրացուցած Լուսաւորիչի Աջն ու օրհնած՝ հայոց թագաւորութիւնն ու ամենայն աշխարհը եւ հեռացած կաթողիկոսարանէն: Հռոմկլայի անկումէն (1292թ.) ետք եգիպտական սուլթանը գերի տարած է Ստեփանոս Դ. Հռոմկլայեցին՝ կաթողիկոսարանի սրբութիւններով եւ Լուսաւորիչի Աջով:

Ըստ Առաքել Դավրիժեցիի, Լուսաւորիչի Աջը գերեվարուելով Եգիպտոս, «երբ մտաւ անոնց ապարանքը, պատժեց զանոնք մահուամբ, ինչպէս տապանակի միջոցով (պատժուեցան) այլազգիները: Անհամար ու անթիւ էին մեռելները, երբ Ս. Լուսաւորիչ Գրիգորի աջ ձեռքը վերադարձուցին Կիլիկիա՝ Հեթում բարեպաշտ թագաւորին: Ապա ցասումը դադրեցաւ անոնց նկատմամբ»: Այսպիսի եզակի համեմատութիւն մը կը կատարուի Հին կտակարանի գլխաւոր սրբութեան՝ Ուխտի տապանակին հետ եւ Լուսաւորիչի Աջը կը համարուի Հայոց Ուխտի տապանակը:

Լուսաւորիչի Աջին Սուրբ Էջմիածին տարուելուն (1441թ.) մասին ժամանակի աղբիւրները կը նշեն, որ Աջը Սիսի կաթողիկոսարանէն անհետանալով, մօտ չորս տարի ետք յայտնուած է Էջմիածնի մէջ: Նոյն շրջանի կարգ մը այլ աղբիւրներուն մէջ կ՚ըսուի նաեւ, որ Սիսի մէջ գտնուած է Լուսաւորիչի կորսուած աջը, որուն պահպանութիւնը յանձնուած է Աջապահեաններուն: Աղթամարի Զաքարիա Գ. Կաթողիկոսը (1434-64թթ.) Քարաքոյունլու Ճիհանշահ խանի օժանդակութեամբ 1461-ին տիրած է Սուրբ Էջմիածնի Աթոռին: Մէկ տարի անց, հարկադրաբար հեռանալով Մայր Աթոռէն, իր հետ տարած է Լուսաւորիչի Աջը: Բերուող Աջը վասպուրականցիները ցնծութեամբ դիմաւորած են, որ կը հաւաստէ անոր հանդէպ եղած համաժողովրդական սէրն ու պաշտամունքը: Ապա, Նախիջեւանին մերձակայ Օծոփի Ս. Աստուածածին վանքի միաբաններէն Վրթանէս Եպիսկոպոսի ջանքերով, արկածային վիպական պատմութիւն մը յիշեցնող գործընթացով, Լուսաւորիչի Աջը վերադարձուած է Սուրբ Էջմիածին:

Ըստ պատմական աղբիւրներու, Աջը երկրորդ անգամ Սուրբ Էջմիածինէն հանուած է շահ Ապաս Առաջինի կատարած բռնագաղթէն (1604թ.) ետք, երբ ան, ի շարս այլ սրբութիւններու, Սպահան տարած է նաեւ Լուսաւորիչի Աջը: Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցին յաջողած է 1663-ին զայն վերադարձնել Սուրբ Էջմիածին: Նոր Ջուղայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը պահուի Աջ մը եւս, որ ենթադրաբար, ունի մասունք մը Լուսաւորիչի նշխարներէն: Պատմութեան ծանր ժամանակներուն, երբ կաթողիկոսները քաղաքական իշխանութեան կողքին ըլլալու համար անհրաժեշտաբար ձգած են Մայր Աթոռը, իրենց հետ վերցուցած են Լուսաւորիչի Աջը՝ հայրապետական աթոռին եւ պաշտօնին վաւերականութիւնը հաստատելու համար:

Համաճարակի այս տարին Աջը հանելու մասին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քահանայ ըսած է.

«Այս տագնապի օրերուն՝ համաճարակի տարածման իրողութեան առջեւ, բոլորին հոգիի աչքերը կը յառին նաեւ մեր սուրբ մասունքներուն: Սրբոց նշխարները աստուածային հրաշագործ զօրութեան կրողն են: Վեհափառ Հայրապետը կամեցաւ մեր ժողովուրդը օրհնել ու մխիթարել նաեւ Սուրբ Գրիգորի Աջով: Ան, որ իր աղօթքով հոգեւոր ու մարմնաւոր բժշկութիւն պարգեւեց հայոց ազգին, այսօր ալ իր բարեխօսութեամբ ու իր սուրբ մասունքներէն ճառագող Սուրբ Հոգիի շնորհաբաշխութեամբ կ՚ամրացնէ մեզ հոգեպէս եւ մեր սրտաբուխ հաւատքին օգնութեամբ կը փարատէ թագավարակը:

«Իսկ վասն Հանրապետութեան մաղթանքը կարգ մըն է, որ հաստատուած է տակաւին Առաջին հանրապետութեան տարիներուն՝ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կողմէ: Եկեղեցին կ՚աղօթէ, որ Աստուած անսասան պահէ հայոց պետութիւնը, կարողութիւն ու իմաստութիւն պարգեւէ հայրենի իշխանութիւններուն եւ շնորհներով զօրացնէ հաւատաւոր ժողովուրդը՝ գործելու եւ ապրելու այնպէս, որ անսասան մնայ հայոց պետութիւնը, հզօրանայ ու բարգաւաճի եւ ազգը մեր ապրի ազատ ու բարօր:

«Ամենազօր Աստուած մեր սիրտերուն կը նայի, իսկ մենք մեր անձերուն ողջ զօրութեամբ պիտի աղօթենք: Կը հաւատանք, որ այսօր եւ միշտ հրաշագործելու է Սուրբ Լուսաւորիչին Աջը եւ հալածուելու է այս համաճարակը: Անոնք, որոնք կը չարախնդան ու կը կարծեն, թէ համաճարակի ժամանակ աղօթքը անզօր է, չարաչար կը սխալին: Աղօթքը, սրբութիւնները գերբնական ուժ ունին, իսկ մենք այն ժողովուրդն ենք, որ դարերու ընթացքին միշտ վայելած է աղօթքին ու սրբոց մասունքներուն հրաշագործութիւնները»:

…Այսօր պատահականութի՞ւն է, թէ՞ նախախնամութիւն, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող հիւանդանոցն է Հայաստանի մէջ գլխաւոր կեդրոնը, որ կը պայքարի քորոնաժահրով հիւանդացած ծանր հիւանդներու կեանքի համար: Միշտ եւ ամէնուր ներկայ է հայոց հայրերու ոգին եւ այսօր բոլորս նշխարներու լոյսին առընչուելու կարիքն ունինք:

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020