ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵՂՔԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ
Վաղուան սուրբգրային ընթերցումները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն 1-ին գլուխ 2-15 համարներ, Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 6-րդ գլուխ 12-23 համարներ, եւ Մատթէոսի Աւետարանէն 12-րդ գլուխ, 1-8 համարներ:
•Եսայիի մարգարէութեան նշուած համարներուն մէջ կը կարդանք.
«Լսէ՛, ո՛վ երկինք եւ ականջ դի՛ր, ո՛վ երկիր, վասն զի Տէրը կը խօսի:
«Զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի, բայց անոնք Ինծի դէմ ապստամբեցան: Եզը իր տէրը կը ճանչնայ ու էշը իր տիրոջ մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, իմ ժողովուրդս չ՚իմանար»: Վա՜յ մեղաւոր ազգին՝ անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ, չարագործներո՛ւ սերունդ, ապականի՛չ զաւակներ: Անոնք Տէրը թողուցին, Իսրայէլին Սուրբը անարգեցին ու ետ քաշուեցան: Ի՞նչ պատիժ սահմանենք, երբ ա՛լ աւելի ապստամբիք: Բոլոր գլուխը հիւանդ եւ բոլոր սիրտը տրտմած է: Ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը անոր վրայ բնաւ ողջ տեղ չմնաց. հարուածներ, վէրքեր ու շարաւալից խոցեր կան: Անոնք չգոցուեցան, չկապուեցան ու իւղով ալ չկակուղցան: Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են: Ձեր արտերը աչքերնուդ առջեւ օտարները կ՚ուտեն ու անոնք օտարներուն ըրած աւերակներուն պէս խոպանացած են: Սիօնի աղջիկը այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս, պաշարուած քաղաքի պէս լքուած մնացեր է: Եթէ զօրքերու Տէրը մեզի քիչ մը մնացորդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք: Լսեցէ՛ք Տիրոջ խօսքը, ո՛վ Սոդոմի իշխաններ, ակա՛նջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ո՛վ Գոմորի ժողովուրդ. «Ի՞նչ պէտք է Ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ՚ըսէ Տէրը. ձեր խոյերուն ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ: Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր: Երբ կու գաք Իմ առջեւս երեւնալու, ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս Իմ սրահներս կոխկռտէք: Ա՛լ Ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք: Ձեր խունկը Ինծի պիղծ է: Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել: Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է: Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի Իմ հոգիս, անոնք Իմ վրաս ծանր բեռ եղան, վերցնելէ յոգնեցայ: Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են»»:
Ի՜նչ անմիջական առընչութիւն ունի Եսայիի մարգարէութենէն առնուած այս հատուածը մեր ապրած օրերուն հետ, մեր որդեգրած առօրեային հետ: Եթէ այս հատուածը փորձենք մերօրեայ եղելութիւններով ներկայացնել, ապա կ՚ունենանք հետեւեալ պատկերը.
«Լսէ՛, ո՛վ երկինք եւ ականջ դի՛ր, ո՛վ երկիր, վասն զի Տէրը կը խօսի:
Մարդիկը ստեղծեցի եւ յետոյ Որդիիս զոհագործումով փրկեցի՝ զանոնք հրեշտակներէն իսկ վեր դասելով, բայց անոնք ուրացան այդ բոլորը եւ անարգեցին զիս:
Եզը իր տէրը կը ճանչնայ եւ էշը իր տիրոջ մսուրը, բայց Իմ ձեռագործներս եղող մարդիկը, զիս չեն ճանչնար, իսկ Իմ փրկած ժողովուրդս պարզապէս շրթունքներով կը դաւանի զիս:
Վա՜յ մեղաւոր ազգին՝ անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ, մեղսագործներո՛ւ սերունդ, ապականի՛չ եւ անբարոյութեան զաւակներ: Տիրոջ բարերարութիւնները ուրացաք, Ձեր Փրկիչը անարգեցիք ու երես դարձուցիք Անկէ:
Տակաւին ինչե՜ր պիտի ընէք, տակաւին ինչե՜ր ընելու ընդունակ էք, եւ ի՞նչ պատիժ ու դատապարտութիւն պէտք է սահմանենք ձեզի համար, ձեր կատարած չարագործութիւններուն համար, ձեր գործած մեղքերուն համար:
Ձեր գործած մեղքերուն պատճառով ձեր գլուխը հիւանդացած է եւ ձեր սիրտը տրտմած է: Ձեր ոտքին մատներէն մինչեւ ձեր գլուխը առողջ ու մաքուր տեղ չէ մնացած, դաջուածքներ, օղեր, շպարներ կան: Անոնք չեն մաքրուիր, չեն անցնիր եւ իւղերով չեն կակուղնար:
Ձեր հոգին աւերակ դարձած է, իսկ ձեր մարմիները ապականած ու աղտոտած են:
Ձեր ձեռքերը սատանային համար չարագործութեան գործիք դարձած են, արեան ու անբարոյականութեան հոտ կու գայ անոնցմէ եւ անընդունակ դարձած են բարեգործութեան եւ Աստուածպաշտութեան համար:
Ինձմէ հեռացած Իմ ձեռագործս այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, դաշտին մէջ եղող հիւղի պէս, պաշարուած քաղաքի պէս լքուած մնացած է:
Եթէ մեր Աստուածը մեր նկատմամբ քիչ մը ողորմած չգտնուէր, ապա մենք եւս Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք եւ Գոմորին պիտի նմանէինք:
Լսեցէ՛ք Տիրոջ խօսքը, ո՛վ Եկեղեցւոյ սպասաւորներ, ակա՛նջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ո՛վ Եկեղեցւոյ ժողովուրդ.
Ի՞նչ պէտք է Ինծի ձեր պատարագներուն շատութիւնը. ձեր զոհաբերութիւններէն եւ ընծաներէն Ես կշատացած եմ:
Ձեր կեղծաւորութենէն Ես զզուած եմ:
Ձեր մատաղները այլեւս չեմ ուզեր, որովհետեւ աղքատներուն աղքատութիւնը շահագործելով ձեզի համար կերուխումի սեղաններ կը պատրաստէք:
Երբ կու գաք Իմ առջեւս կանգնելու, զիս պաշտելու, ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս Իմ սրահներս կոխկռտէք:
Այլեւս Ինծի ունայն ու սին նուէրներ մի՛ բերէք, այլ՝ ձեր սիրտերը Ինծի բերէք, որպէսզի նորոգեմ ու մաքրեմ զանոնք:
Ձեր խունկը Ինծի պիղծ է:
Ձեր կատարած ուխտագնացութիւններուն եւ զանազան տօնակատարութիւններու հաւաքներուն այլեւս չե՛մ կրնար հանդուրժել:
Ձեր տօնախմբութիւնը նոյնիսկ անօրէնութիւն է:
Ձեր սին տօներէն Իմ հոգիս կը զզուի, անոնք Ինծի համար զազրելի են, վերցնելէ յոգնեցայ:
Ասկէ ետք երբ առջեւս կանգնիք ու ձեր ձեռքերը տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ ձեր աղօթքները շատցնէք, ականջ պիտի չկախեմ, որովհետեւ ձեր ձեռքերը արիւնով, չարագործութիւններով, անբարոյութեամբ եւ մեղքերով լեցուն են»:
Ահաւոր է, նման բանի ականջալուր ըլլալը Տիրոջմէ: Բայց պահ մը միայն, եթէ մենք մեր առօրեային նայինք, ապա պիտի նկատենք, որ այսքանը շատ մեղմ պիտի հնչէ, մեր գործած չարագործութիւններուն եւ անօրէնութիւններուն դիմաց:
Այսօր, աւելի քան երբեք, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ կարիքն ունի Աստուծոյ շնորհքին ու ողորմութեան, կարիքն ունի Աստուծոյ խօսքը լսելու, կարդալու, որպէսզի կարենայ այս փոթրկալից աշխարհին մէջ իր նաւը ապահովութեամբ եւ անվտանգ խաղաղութեան Նաւահանգիստ հասցնէ:
Այսօր, աւելի քան երբեք, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ կարիքն ունի իր կեանքը յարմարեցնելու Աստուածաշունչիւն, աւելին՝ իր կեանքին ղեկը ըստ Աստուածաշունչին ուղղելու, եւ ո՛չ թէ հակառակը:
•Պօղոս առաքեալի նամակէն ընթերցուած հատուածին մէջ, առաքեալը կը խօսի մեղքի եւ արդարութեան մասին. կը բացատրէ, թէ ինչպէս մեղքին ծառայութիւնը մահ կը բերէ, մինչ արդարութեան ճամբաներուն մէջէն քալողները որպէս ձրի պարգեւ Աստուծմէ յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունին:
Այսպէս, կը կարդանք. «Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով: Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք: Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին» (Հռ 6.12-14). Առաքեալին գրածէն յստակ կը դառնայ, որ եթէ մարդ ինքզինք մեղքին անձնատուր ընէ, ինքզինք մահուան կը դատապարտէ, ընդհակառակը, եթէ մարդ իր մարմինը Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիքի վերածէ, ապա մահուընէ կեանքի կը փոխադրուի, այլ խօսքով մահաստուեր կեանքէն կը փոխադրուի երանական կեանքի:
Դարձեալ. «Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք՝ անոր ծառան եղած կ՚ըլլաք: Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ՚ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ՚արդարանաք» (Հռ 6.16). սխալ է ոմանց այն կարծիքը, ըստ որուն մարդուն ընթացքը՝ դէպի բարի կամ չար, սկիզբէն իսկ որոշուած է: Այս համարը կարդալով, սակայն, կը յստականայ, որ այդպէս չէ, ընդհակառակը մարդ ազատ է ընտրութիւն կատարելու մէջ, եւ ի՛նք է, որ կ՚ընտրէ ճանապարհը՝ դէպի բարի եւ կամ դէպի չար: Այս մասին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Մեղք գործողը ծառայ է, թէեւ իր գլուխին հազարաւոր թագեր ունենայ, իսկ ով որ ճշմարտութիւնը կ՚արարէ, թէեւ մարդոց մէջ վերջինը ըլլայ, արքայէն աւելի արքայ է»:
Առաքեալը կու տայ նաեւ մարդու կատարելիք ընտրութեան արդիւնքը, որով կը բացատրէ, թէ եթէ մարդ ինքզինք մեղքին նուիրէ եւ մեղքին ծառայ դարձնէ, ապա անոր վարձատրութիւնը մահը պիտի ըլլայ, մինչ եթէ ինքզինք Աստուծոյ նուիրէ, այսինքն՝ Աստուծոյ հնազանդի եւ Անոր կամքին մէջ մնայ, ապա պիտի արդարանայ, որով եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգէ, որովհետեւ՝ «մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 6.23):
Յաճախ մարդիկ գիտակցելով որ մեղքի կեանք մը կ՚ապրին, յուսահատութեան գիրկը կ՚իյնան, մտածելով, թէ իրենց մեղքերուն շատութեան պատճառով այլեւս թողութիւն պիտի չստանան: Այսպէս մտածողները սակայն կը սխալին, որովհետեւ թէեւ Եսայիի մարգարէութիւնը կարդացած են, սակայն մոռցած են, որ այնտեղ գրուած է. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք. բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք: «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան: Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, երկրին բարիքը պիտի ուտէք: Բայց եթէ զիս մերժելով ապստամբիք, սուրը պիտի ուտէ ձեզ»: Վասն զի Տիրոջ բերանը խօսեցաւ ասիկա» (Ես 1.16-20): Պարզ եւ յստակ է, որ եթէ մարդ յօժարի ու հնազանդի Աստուծոյ եւ Անոր Սուրբ Կամքին, ապա յաւիտենականութիւնը պիտի ժառանգէ, իսկ եթէ շարունակէ մերժել զԱստուած, իսկ զԱստուած մերժելը մեղքի կեանքով ապրիլն է, որով մեղքին հայրը՝ սատանան, միշտ մարդուն միտքին մէջ կը փսփսայ, թէ ազատում չկայ այս կեանքէն, եւ եթէ մարդ իր ականջները փակէ Աստուծոյ փրկարար ձայնին, թէ՝ ձեր մեղքերը ինչքան ալ շատ ըլլան, միայն Ինծի դառնաք պիտի ճերմկնան, եւ ականջ տայ սատանայի ձայնին եւ շարունակէ մերժել եւ մեղքերով ապստամբիլ Աստուծոյ դէմ, ապա սուրը՝ մահը պիտի ուտէ զինք:
Մեղքերու շատութեան եւ Աստուծոյ ողորմութեան մասին Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան այսպէս կը գրէ. «Մեղքերուդ շատութիւնը չի՛ կրնար Աստուծոյ ողորմութեան յաղթել. քու վէրքդ, քու հիւանդութիւնդ չի՛ կրնար այնպիսի վէրք, այնպիսի հիւանդութիւն ըլլալ, որ «իմաստուն եւ ճարտարապետ Բժիշկը» չկարենայ բժշկել: Հետեւաբար, մեղանչեցի՞ր, յոյսդ մի՛ կտրեր, Աստուած մարդասէր է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
21 յունիս 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024