ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ
Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին մէջ հայերուն համար դրական պատկեր մը ստեղծուած է:
Անցնող օրերուն հայութիւնը հետաքրքրող լուր մը եւս եկաւ Ֆրանսայէն. Լիոնի քաղաքապետարանի խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին քաղաքապետ ընտրուած է ֆրանսահայ Ժորժ (Գէորգ) Քեփենեքեան: Տակաւին թարմ է լուրը այն մասին, որ Յունիս ամսուն Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ղեկավարած «Յառաջ, Հանրապետութիւն» կուսակցութենէն Ազգային ժողովէն ներս երեք ֆրանսահայեր, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, երեսփոխան ընտրուեցան:
Լիոնի քաղաքային խորհուրդի 72 անդամներէն Ժորժ Քեփենեքեանի թեկնածութեան օգտին քուէարկած են 49 ձայնով: Այսպէսով, ան դարձած է Լիոնի 35-րդ քաղաքապետը։
67 ամեայ հայ գործիչը յաջորդած է Լիոնը 2001 թուականէն ի վեր ղեկավարած Ժերար Քոլոմին, որ Ֆրանսայի նոր ձեւաւորուած կառավարութեան մէջ արդէն նշանակուած է ներքին գործոց նախարար: Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնը վարելու համար Քեփենեքեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր նոյնինքն Քոլոմը, որ Քեփենեքեանին հետ աշխատած է տարիներով եւ ծանօթ է անոր կարողութիւններուն:
Քեփենեքեան 2014 թուականէն ի վեր Քոլոմի մշակութային եւ ձեռնարկներու հարցերով առաջին տեղակալն էր, եւ իր աշխոյժ ներդրումը ունեցած է Լիոնի զարգացման գործին մէջ, մանաւանդ ամրապնդելով քաղաքի մշակութային քաղաքականութիւնը: Ժորժ Քեփենեքեան ներգրաւուած է նաեւ հայկական հարցերու յառաջմղման գործին մէջ, ան նաեւ «Պիւլլիւքեան հիմնադրամ»ի Լիոնի մասնաճիւղի խորհուրդի անդամն է:
Ֆրանսահայեր պատմական կ՚որակեն հայու մը ընտրութիւնը Ֆրանսայի՝ մեծութեամբ երրորդ քաղաքապետի պաշտօնին: Ան աշխոյժ մասնակցութիւն ունի հայ համայնքի կեանքին մէջ: Կանուխ տարիքէն անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Ֆրանսահայերը մեծ յոյս ունին նաեւ, որ երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի ղեկավարին հայ ըլլալը կարեւոր դռներ պիտի բանայ նաեւ Հայաստանի համար:
Նախկին նախագահի՝ Ֆրանսուա Օլանտի հայամէտ քաղաքականութիւնը ֆրանսահայերը բաւարար կը նկատեն եւ նոյն ակնկալիքները ունին նաեւ Ֆրանսայի նոր նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնէն:
Մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ է Ժորժ Քեփենեքեան, որ մասնագիտացած է բժըշ-կութեան միզաբանութեան ճիւղէն ներս, եւ պաշտօնավարած է Լիոնի «Սուրբ Յովսէփ, Սուրբ Ղուկաս» հիւանդանոցին մէջ: Հայազգի Քեփենեքեան Օգոստոսի 8-ին պիտի դառնայ 68 տարեկան:
Անոր ընտրութիւնը քննարկուած է հայութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական մամուլին մէջ: «Ֆիկարօ» թերթը նշած է, թէ Քեփենեքեան կանխորոշուած չէր այդ պաշտօնին համար, քանի որ 67 տարեկան է եւ փորձառու քաղաքական գործիչ մը չէ: Թերթը նաեւ շտապած է աւելցնելու, որ Քեփենեքեանի ընտրութեան հարցին մէջ նախկին քաղաքապետին դերը մեծ եղած է, որ յայտարարած է, թէ կը նախընտրէր քաղաքապետի պաշտօնին տեսնել իր «հաւատարիմ բարեկամ Ժորժ Քեփենեքեանը»:
«Ծագումով հայ Ժորժ Քեփենեքեանը, որ հինգ տարեկանին ֆրանսերէն սկսած է խօսիլ, իր ամենէն մեծ յաղթանակը տօնած է 18 Յունիս 1987 թուականին, երբ Եւրախորհրդարանը ճանչցած է Եղեռնը», գրած է «Ֆիկարօ»ն՝ աւելցնելով, որ այդ ժամանակ Քեփենեքեան Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբի պատասխանատուն էր:
Հայ դատի յանձնախումբն ալ առանձնայատուկ ջերմութեամբ շնորհաւորած է Քեփենեքեանը՝ գրելով. «Ծանօթ վիրաբոյժ, բայց նաեւ մշակոյթին մօտ կեցած անձ մը՝ համակուած զայն հանրամատչելի դարձնելու մտահոգութեամբ, Ժորժ Քեփենեքեանը եղած է Հայ դատի պաշտպանութեան աննկուն մարտիկ՝ Եւրոպական խորհրդարանի 1987 թուականի բանաձեւէն մինչեւ ՄԱԿ-ի 30-րդ յօդուածը, Ֆրանսայի կողմէ Եղեռնի ճանաչումէն մինչեւ Արցախի պատերազմը, ուր ան մեկնած է՝ վիրահատելու ռմբակոծութիւններուն տակ, Հայաստանի 1988 թուականի երկրաշարժէն, երբ մեկնած էր փրկարարներու առաջին խումբի կազմին մէջ, մինչեւ 1991 թուականի Հայաստանի անկախացումը, ուր ան գործած է ի նպաստ ընկերային ապահովութեան ծառայութեան ստեղծման: Ժորժ Քեփենեքեանի՝ Լիոնի քաղաքապետի պաշ-տօնի ընտրութիւնը հպարտութիւն է ֆրանսահայ համայնքին համար: Այդ ընտրութիւնը դրականապէս կ՚անդրադառնայ Երեւանի վրայ, որ Լիոնի զուգորդ քաղաքներէն մին է»:
ԵՐԵՒԱՆ-ԼԻՈՆ
Մայրաքաղաք Երեւանի եւ ֆրանսական Լիոնի միջեւ համագործակցութիւնը սկսած է 1992 թուականին: Լիոնը, որ Ռոն-Ալփ նահանգի մէջ, Ռոն եւ Սոն գետերու միախառնման տեղին վրայ կառուցուած հնագոյն քաղաք մըն է, բարեկամական յարաբերութիւններ մշակած է կարգ մը քաղաքներու հետ, որոնցմէ նաեւ՝ Հայաստանի մայրաքաղաքին հետ:
Երկու քաղաքներու քաղաքական իշխանութիւնները գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած են 1993 թուականին, հաստատելով՝ քաղաքագլուխներու պատրաստակամութիւնը եւ բարի կամքը Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ զանազան բնագաւառներէն ներս գործընկերութեան զարգացման առումով: Համաձայանագրէն բխած պարտաւորութիւնները քանի մը տարին անգամ մը կը նորոգուին, եւ Լիոն քաղաքը իր նպաստը կը բերէ մեր մայրաքաղաքի քաղաքային ծառայութիւններու իրականացման, քաղաքային կառավարման, մասնաւորապէս հանրային օգտագործման տարածքներու բարեկարգման եւ կանաչապատման բնագաւառներէն ներս իրականացուող բազմաբնոյթ ծրագրերուն: Անոնցմէ է «Լիոնի այգի»ի հիմնումը Երեւանի մէջ, որ հանրային զբօսայգի մըն է Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ: Կը զբաղեցնէ 17 հեքթար տարածութիւն։
2010-2011 թուականներուն մայրաքաղաքի կեդրոնէն քիչ մը հեռու գտնուող այս գողտրիկ այգին ամբողջովին վերանորոգուած է Լիոնի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ։ Վերաբացուած է 2011 թուականի Յուլիսին, եւ բացման արարողութեան ալ ներկայ գտնուած են Լիոնի նախկին քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպ եւ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան։ Այգին Լիոնի անունով վերանուանուած է ի պատիւ Լիոն քաղաքին եւ դարձած է երկու քաղաքներու բարեկամութեան խորհրդանիշ։ Այս այգիի տարածքին կը գտնուի նաեւ Վարդավառ անունով արհեստական լիճը: Այգին քաղաքի աղմուկէն հեռու ստեղծուած հրաշալի վայր մըն է, ուր նաեւ ֆրանսական պուլ խաղը ներդրուած է եւ այցելուները հոն կրնան խաղալ, իսկ լիճը նախատեսուած է հողմասահք մարզաձեւի սիրահարներուն համար:
Երեւան եւ Լիոն քաղաքները անցեալին միասնաբար այլ ծրագրեր եւս իրականացուցած են, ինչպէս՝ համաժողովներ, ցուցահանդէսներ, քաղաքային կառավարման նուիրուած միջոցառումներ, երկու քաղաքներու պաշտօնեաներու փոխայցելութիւններ եւ այլն:
Այդ բոլորին նպաստած է նաեւ երեք տարի առաջ՝ 2014 թուականին Լիոնի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը: Հիւպատոսութեան հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ լրատուական միջոցներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Անգամ մը եւս նշուած է, որ Լիոն եւ Ռոն-Ալփի շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հա-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու եւ բազմաբովանդակ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ այս տարուան Մարտին Ֆրանսա, այդ կարգին Լիոն այցելութեան ժամանակ տեղւոյն նախկին քաղաքապետը՝ Ժերար Քոլոմ յայտարարած է, թէ հայերու յիշողութիւնը ներառուած է Լիոնի մշակոյթի մէջ, ուստի շատ թանկ է մեզի համար:
ՀԱՅԵՐԸ ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ
Լիոնի հայ համայնքի կազմաւորման մասին տուեալները կը հասնին մինչեւ 1923 թուականը, երբ այստեղ մեծ թիւով ապաստան գտած են պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն տեղահանուած բազմաթիւ հայեր: Սակայն աւելի վաղ շրջաններուն ալ հայեր հաստատուած են հոն:
1920-ականներուն քաղաք հասած հայերուն մեծ մասը աշխատած է գործարաններու մէջ, յաջողութեան հասած է նաեւ առեւտուրի, շինարարութեան բնագաւառներէն ներս, իսկ աւելի ուշ հայերը զբաղած են արհեստներով: Գաղութի կազմաւորման առաջին տարիներուն ստեղծուած է «Ազգային միութիւն»ը, որ կազմակերպած է համայնքի կեանքը: Սկզբնական շրջանին կառուցուած է մատուռ, հողամաս վարձակալուած է հայ ընտանիքներու բնակութեան համար։ Լիոնի հայկական եկեղեցիները կառուցուած են աւելի ուշ:
ԼԻՈՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ
Զմրուխտ Օպոզեանի «Լիոնի հայկական համայնքը» խորագրեալ հետեւեալ յօդ-ւածը, օրին տպագրուած «Ֆրանս Արմենի»ի մէջ, ամբողջական պատկերացում մը կու տայ Լիոնի հայկական կեանքին մասին: (Ներկայացուած տուեալները 2015 թուականին խմբագրուած են եւ հնարաւոր է՝ պաշտօններու որոշ փոփոխութիւններ եղած ըլլան):
Լիոնի հայկական համայնքը սկսաւ կազմաւորուիլ 1923 թուականին, երբ Եղեռնէն փրկուած զանգուածները հասան Ֆրանսա:
Լիոն հաստատուած առաջին հայը կը կոչուէր Ռաֆայէլ-Արամ Տէր-Զաքարեան: Ան Պոլիսէն եկած էր 1877 թուականին եւ կը զբաղէր ոսկեթելի արտադրութեամբ: 1918 թուականին կը հիմնուի Հայոց ազգային միութիւնը՝ Ստեփան Կարապետօղլուի կողմէ, որ փոքր Ասիայէն եկած էր 1894 թուականին, կը զբաղէր մետաքսի վաճառականութեամբ, եւ անոր շառաւիղները մինչեւ հիմա կ՚ապրին Լիոնի մէջ: Չմոռնանք, որ Լիոնը մետաքսի մայրաքաղաքն էր Վերածնունդէն ի վեր:
1923 թուականէն սկսեալ, հայերը կը հաստատուին ռոնալփեան շրջանի մայրաքաղաքին մէջ, ուր երկաթագործութիւնն ու կտաւագործութիւնը աշխատաւոր ձեռքերու պէտք ունէին: Անոնց թիւը շուրջ 500 էր: Հայոց ազգային միութեան նախագահը՝ Սերովբէ Փափազեանի օրով եւ Գրիգորիս Եպիսկոպոս Պալաքեանի ջանքերով կը կառուցուի Լիոնի առաջին հայկական մատուռը, 7-րդ թաղամաս, Պերթըլօ փողոց, թիւ 75 հասցէի վրայ:
Առանց մասնագիտական կարողութեան տէր ըլլալու, նորահաս գաղթականները կը սկսին աշխատիլ ինքնաշարժի ճարտարարուեստին մէջ՝ Berliet-ի մօտ, հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մէջ՝ Gillet-ի մօտ եւ կամ քացախաթթուի աղ արտադրող Rhodiaceta գործարանին մէջ:
1929 թուականի տնտեսական տագնապը կը հարուածէ ամբողջ աշխարհը, եւ 10 Օգոստոս 1932 թուականին կը հրապարակուի օտար աշխատաւորներուն համար օրէնք մը, որով կը սահմանափակուի գաղթականներուն մուտքը: Գործազրկութեան պայմաններուն մէջ գործարաններու աշխատաւորները պէտք էր, որ իրենց գլխուն ճարը նայէին ու անոնք կը դառնան արհեստաւորներ՝ դերձակ, կօշկակար, եւ այլն: Կիները դերձակուհի կը դառնան կամ կօշիկի երես կը կարեն: Անոնք կը բնակին Guillotiere-ի շրջանի նախկին զօրանոցներուն մէջ հաստատուած հիւղաւաններու նեղ պայմաններուն մէջ: Անոնք բնակութիւն կը հաստատեն նաեւ 6-րդ թաղամասի Servient, Moncey, Rabelais, Cuvier եւ այլ փողոցներու մէջ՝ հայաշատ շրջան մը ստեղծելով: Այսօր հայերը առաւելաբար կեդրոնացած են 3-րդ թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուին Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, դպրոցը, հիւպատոսարանը եւ France-Armenie ամսագրի խմբագրատունը:
Անոնք իրենց դժուար առօրեային մէջ կը ջանային ապաքինիլ Եղեռնի թողած վէրքերէն, մոռնալ երկրին մէջ իրենց ծաղկուն ասպարէզի եւ հաստատութեան կորուստի բերմամբ ընկերային վիճակի փոփոխութիւնը, կեցութեան արտօնագրի ետեւէն վազել, եւ այլն:
Արդէն իսկ 7000-ի հասած էր գաղթականներուն թիւը: Այս դժուարութիւնները ձեւով մը կը թեթեւնային մշակութային եւ ընկերային գործունէութեամբ, որով եռուն էին 30-ական թուականները: Եօթ թերթեր կը հրատարակուէին աւելի կամ նուազ ժողովրդականութեամբ, հայերէնի դասեր, թատերական ներկայացումներ, տօներու նշումներ, խնջոյքներ, դաշտահանդէսներ, եւ այլն կը հաւասարակշռէին առօրեայ կեանքը: Շուրջ քսան քիլօմեթր կ՚երթային թութ հաւաքելու, դաշտագնացութիւն կ՚ընէին Rize-ի ափին: Իրենց հետ մակարդ կը տանէին, որպէսզի մածուն պատրաստէին:
1936 թուականին Ս. Մարիամ Աստուածածին մատուռը կը փոխադրուի 6-րդ թաղամաս: 1940-46 թուականներուն եկեղեցւոյ վարչութիւնը կը գլխաւորէր Ճիպրայէլ Պահատուրեան, որ արդէն իսկ, 1929 թուականէն ի վեր, հոն հաստատուած էր եւ կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ: Ծնած էր 1905 թուականին, Աքսերիա, Գոնիայի մօտ, վեհանձն անձնաւորութիւն մը, որ տնտեսապէս օգնեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման: Երբ իր գործերը ծաղկուն ընթացքի մէջ էին, եւ ինքն ալ որոշ տարիքի հասած էր, Villeroy փողոցի իր խանութին մէջ անմոռանալի յիշատակներ ձգած էր մանուկներու հոգիին մէջ, անոնց անուշեղէն բաշխելով եւ ուրախացնելով:
Այդ ժամանակաշրջանի ուրիշ անձնաւորութիւն մըն էր Նափոլէոն Պիւլլիւքեանը, ճարտարարուեստի մարդ եւ բարերար, ծնած 1905 թուականին, Մալաթիա: Ան իր անունով հիմնադրամ մը կը հաստատէ, որ գումարներ կը յատկացնէ զանազան մշակութային եւ ընկերային միութիւններու:
Լուի Պլան փողոցի մատուռը, երբ այլեւս նեղ կու գար համայնքի եկեղեցական կարիքներուն համար, նոր եկեղեցի մը կառուցելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի: Եկեղեցւոյ կառուցման յանձնախումբ մը կը ստեղծուի, գլխաւորութեամբ Կարպիս Ճընկըտըրեանի: 1963 թուականին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծումը տեղի կ՚ունենայ մեծ շուքով, նախագահութեամբ քաղաքապետ Լուի Փրատէլի եւ կազմակերպութեամբ Լիոնի եւ շրջակայքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային միութեան (նախկին Հայոց ազգային միութիւն), որուն նախագահն էր Անդրանիկ Օպոզեան: Օծումը կը կատարէ Տ. Սերովբէ Արք. Մանուկեան:
Քաղաքը կ՚ունենայ հայկական անունով մկրտուած տեղանուններ: Ներկայի Rue d'Armenie-ն ծնունդ կ՚առնէ 1977 թուականին: Աւելի ուշ կ՚ունենանք «Լէա եւ Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» ճեմավայրը, «Ճիպրայէլ Պահատուրեան» հրապարակը, Երեւանի պարտէզը, «Հրանդ Տինք» փողոցը:
Հայերը ընդհանրապէս կը զբաղին զանազան արհեստներով եւ վաճառականութեամբ: Նոր սերունդները բարձրագոյն ուսում կը ստանան, կը համարկուին ֆրանսական ընկերութեան մէջ: Կ՚ունենանք արդիւնաբերողներ, վաճառականներ, ղեկավար պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ, գիտնականներ, բժիշկներ, վիրաբոյժներ եւ ազատ ասպարէզի նախաձեռնողներ: Բայց համայնքի ամենակարեւոր խարիսխը կը մնայ դպրոցը: Նախաձեռնութեամբ Նորվան Եպսկ. Զաքարեանի, «Մարգարեան-Փափազեան» դպրոցը (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան) իր դռները կը բանայ 1988 թուականի ուսումնական վերամուտին, իսկ դպրոցի շէնքին բացումը կը կատարուի 1997 թուականին, ձեռամբ երջանակայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Լիոնի հայութեան համար 21-րդ դարու մուտքը կը յատկանշուի քաղաքի կեդրոնին մէջ յուշարձանի կանգնումով, նուիրուած՝ Հայոց եւ բոլոր Եղեռնի զոհերուն: Յուշարձանը մտայղացումն էր Ժիւլ Մարտիրոսեանի եւ կը վայելէր անվերապահ զօրակցութիւնը քաղաքապետ Ժերար Քոլոմին: Բացումը կը կատարուի 2006 թուականին: Ժիւլ Մարտիրոսեան ամբողջ քսան տարի վարած էր նախագահութիւնը Կեդրոնական Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF), եւ զայն կը փոխանցէ Միքայէլ Ղազարեանին:
Լիոնը այժմ ունի նաեւ հայկական հիւպատոսարան, որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ տարուան Յուլիսին:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը կառավարուի Լիոնի եւ շրջակայքի Ծխական խորհուրդին կողմէ, որուն պատուաւոր նախագահն է Սեպուհ Սարեան եւ նախագահը՝ Ժան-Ժաք Օսմանճեան: Ռոն-Ալփ շրջանի առաջնորդական փոխանորդն է Տ. Կարապետ Վրդ. Յարութիւնեան, իսկ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Իսահակ Քհնյ. Հեքիմեան:
Եղեռնի ոգեկոչումները անցեալի նման սգահանդէսներ չեն այլեւս: Համագումարներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հեղինակներու հետ հանդիպումներ, շարժանը-կարներու ցուցադրութիւններ, պարախումբի ելոյթներ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ իրենց տեղը գրաւած են անցեալի պարահանդէսներու եւ հայրենասիրական ձեռնարկներու կողքին:
Սերունդներու փոփոխութեամբ չքացած են անցեալի «Ուրկէ՞ էք, Էրզրումէ՞ն, Ատափազարէ՞ն» եւ նման հարցումները:
Համայնքը լաւապէս կազմակերպուած է: Զանազան հայ անձնաւորութիւններ այցելած են Լիոն, ինչպէս՝ երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Հայաստանի նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան: Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ կապերը շատ ամուր են, անոնց միջեւ համագործակցութիւնը հաստատուած է 1993 թուականին:
Անցեալ Ապրիլէն ի վեր Լիոնի առաջին փոխ-քաղաքապետն է Ժորժ Քեփենեքեանը: Լիոնը նաեւ տուած է կարգ մը արուեստագէտներ, ինչպէս՝ լուսանկարիչ Խաժակ Օհանեան, երգահան եւ դաշնակահար Անտրէ Մանուկեան, Միշէլ Հալէ Եղայեան, «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ժան Պէրպէրեանի, բեմադրիչ՝ Սարգիս Չէօմլէքճեան, նուագախումբի ղեկավար՝ Ալեքսանտր Սիրանոսեան, աստիճանաւոր խոհարար՝ Ալէն Ալեքսանեան, նկարիչներ եւ բազմաթիւ այլ արուեստագէտներ:
Աւելի քան 50 միութիւններ եւ ընկերակցութիւններ Մեծն Լիոնի մէջ կը համակարգեն 20 հազար հոգինոց կազմակերպուած համայնքի մը կեանքը:
Վերջին տարիներուն զանգուածային արտագաղթի բերումով Հայաստանէն եկած հայեր, ունենալով համայնքային տարբեր մշակոյթ եւ սովորութիւններ՝ ընդհանրապէս հեռու կը մնան լիոնահայութեան հաւաքական կեանքէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024