ԱԼԵԶԱՐԴ «ՇԱՔԱՐ ՊԱՊԻԿԸ»
-Ահաւասիկ, կը մօտենայ իմ կայանը։
-Սակայն դուք տակաւին նոր նստաք հանրաշարժ։
-Զաւակս, ես ի նկատի ունիմ իմ կեանքի տեւողութիւնը։- Բարի ժպիտը դէմքին, իր կողքի նստարանին նստած երիտասարդին պարզաբանեց ալեւոր ծերունին։
-Պարոն, Աստուծոյ գործերը անքննարկելի են։
-Գիտե՜մ, գիտեմ։ Մենք՝ մահկանացուներս անզօր ենք միջամտելու Աստուծոյ գործերուն։
Որդիս, մինչեւ վերջերս հիմնարկի մը մէջ կ՚աշխատէի որպէս պահակ։ Օր մը, մեր յարգարժան տնօրէնը կանչեց զիս ու ըսաւ, թէ այլեւս ժամանակն է, որ ես կոչուիմ հանգստեան։ Պահ մը շուարեցայ. կարծես այդ պահուն, մէկը կենալով իմ կեանքի երկա՜ր ուղիին վրայ՝ զիս սթափեցուց, կամ կրնանք ըսել՝ խորունկ քունէ մը արթնցուց։ Գրեթէ ութ տասնեակ ապրած իմ երկարաձիգ կեանքը քանի մը վայրկեանի մէջ անցաւ իմ տեսադաշտէն։ Այս պատճառով ալ ինքզինքս գտայ կեանքի մթնշաղին։
-Պարոն, ըստ իս, ձեր ղեկավարը ճիշդ որոշում ընդունած է։ Նոյնիսկ, քիչ մը ուշ մնացած է։ Դուք այլեւս պէտք է հանգչիք, բաւ է որքան աշխատեցաք։
-Է՜հ, այո-, իրաւունք ունի։ Սակայն ես անգործ մնալ չեմ սիրեր, չեմ կրնար։ Անգործութիւն կը նշանակէ՝ անպէտք, անօգտակար ըլլալ շուրջիններուդ։
-Համամիտ եմ, ես նոյնպէս չեմ սիրգր ըլլալ անպէտք ու անօգտակար… Թոյլ կու տա՞ք ձեզի խորհուրդ մը տամ։
-Սիրով, հրամեցէք։
-Փորձեցէք մարդոց ուրիշ կերպով օգտակար ըլլալ։
-Բայց… ինչպէ՞ս։
-Այսօր ի՞նչ կը պակսի մարդոց մօտ. խինդ ու ծիծաղ, ուրախութիւն։ Փորձեցէք անոնց պարգեւել ուրախութիւն։ Թէ ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, թէ դուք կը գտնէք այդ ուղին։
-Զաւակս, շնորհակալ եմ ազնուութեանդ համար։
-Մնաք բարով, պարոն։ Ահաւասիկ իմ կայանը։
-Երթաք բարով։
Երբ երիտասարդը հանրաշարժէն իջաւ, ալեզարդ ծերունին սկսաւ մտորել իրենց խօսակցութեան շուրջ։ Վերջինիս տուած բարի խորհուրդը անդադար կը զբաղեցնէր ութ տասնեակ գլորած պարոնի միտքը։ «Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս կրնամ մարդոց պարգեւել ուրախութիւն, գէթ քանի մը վայրկեանով անոնց դէմքերուն նկարել ժպիտ», կը մտածէր ան։
Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, ալեզարդ պարոնը ամէն առտու կանուխ ընտանիքի պարագաներուն համար խանութէն կը գնէ տաք հաց։ Օր մը սովորականի պէս ան նորէն մտաւ խանութ հաց գնելու։
-Մայրիկ կ՚աղաչեմ, ինծի շաքար կամ տուրմ մը առ։
-Աղջիկս դրամ չունիմ։- Շշնջաց մայրը։
Փոքրիկ աղջնակը վշտահար յօնքերը պռստեց ու հետեւեցաւ իր մայրիկին։ Ծերունին շատ յուզուեցաւ այս տեսարանէն։ Անմիջապէս խանութպանէն շաքար մը խնդրեց ու շտապեց հասնիլ աղջնակին, որ իր մայրիկին ձեռքը բռնած կը հեռանար խանութէն։
-Ներողութիւն, կրնա՞մ ձեր դստրիկին շաքար հրամցնել։
Փոքրիկի աչքերը փայլատակելու սկսան, անուշիկ դէմքին ծագեցաւ արեւ մը։ Մայրը տեսնելով դստեր ուրախութիւնը չկրցաւ մերժել։
-Ի հարկէ, պարոն։ Շատ շնորհակալ ենք, ինչո՞ւ ձանձրոյթ առիք։
-Ոչ, ես շնորհակալ եմ, որ առտու կանուխ ինծի թոյլ տուիք կատարելու բարի գործ մը։- Գոհունակութեամբ շտապեց պատասխանելու ալեզարդ ծերունին։
Բարի պարոնը ոգեշնչուած իր այս ազնիւ արարքէն, կրկին խանութ վերադարձաւ ու գրեթէ մէկ քիլօկրամ տուրմ ու պէս-պէս շաքարներ գնեց։ Ան որոշեց, այսուհետեւ իր ճանապարհին երեւան եկած բոլոր մանուկներն ու պատանիները հիւրասիրել շաքարով։
Իր այս աստուածահաճոյ գործին նուիրեալ պատկառելի պարոնը, ամէն օր ճեմապարտէզներուն մէջ զբօսնելու ժամանակ՝ մատղաշ սերունդին, հանրաշարժով երթեւեկութեան ընթացքին՝ ուղեւորներուն սկսաւ շաքար հրամցնել։ Ոչ մէկը կը մերժէր անոր շաքարները։ Երբեմն մարդիկ շաքարի փոխարէն բարեդէմ ծերունին կը վարձատրէին։ Ան հաւաքած դրամներով կրկին շաքարներ կը գնէր ու դարձեալ կը լծուէր նոյն գործին։
Կարճ ժամանակ անց, այլեւս քաղաքի բոլոր բնակիչները կը ճանչնային ալեզարդ պարոնը, որ իր կեանքի վերջին կայանին որոշած էր քաղցր ժպիտ պարգեւել շուրջիններուն։ Ալեհեր ծերունին սկսաւ վայելել իր ազգաբնակչութեան սէրն ու յարգանքը։ Արդիւնքին՝ վաստակեց «շաքար պապիկ» կեղծանունը։ Ամէնուր իրեն ակնածանքով կը վերաբերէին, կը ժպտէին։ Բաց աստի, քաղաքի բոլոր թերթերը սկսան գրել իր մասին, ան դարձաւ ժողովուրդի կողմէ սիրուած հաղորդաշարներու սպասուած հիւրը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ