«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ (1866-1915)

Յաճախակի առիթներով կարդացած էի Հայ Եկեղեցւոյ վերջին 150-ամեակի ամենէն նշանաւոր դէմքերէն՝ լուսահոգի Տէր Կարապետ Եպիսկոպոս Մկրտչեանի գրութիւնները մամուլէն: Վերջերս ալ, ի շարս անցեալին կարգ մը կարդացած գրութիւններու, նոր գրութիւններ ալ կարդացի՝ հաւաքուած հատորի մը՝ «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» մէջ:

Կարապետ Եպիսկոպոս Տէր Մկրտչեան ծնած է 17 մարտ 1866 թուականին, Գողթնաց գաւառի Ցղնա գիւղին մէջ: Նախնական ուսումը ստացած է գիւղի ծխական դպրոցին մէջ: 1880 թուականին ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, որ աւարտած է 1888 թուականին: 1889 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ՝ Գէորգ Չէօրեքճեանին ու Գարեգին Յովսէփեանին հետ միասին: 1889 թուականին մեկնած է Գերմանիա աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումի համար, ուր մնացած է հինգ տարի եւ ուսանած է Լայպցիկի, Հալլէի, Պերլինին եւ Տիւպինկընի համալսարաններուն մէջ: Իր աւարտական թեզը գրած է Պաւղիկեան շարժումին մասին, որ 1893 թուականին Լայպցիկի մէջ հրատարակուած է: 1894 թուականին վերադարձած է Էջմիածին: Նոյն տարուան սեպտեմբեր 11-ին ձեռնադրուած է աբեղայ, ընկերակից ըլլալով Կոմիտաս Վարդապետին եւ այլ հինգ ձեռնադրեալներու: Յաջորդ տարուան փետրուարին ստացած է Վարդապետական աստիճան: Եղած է Մայր Աթոռի «Արարատ» ամսագրի խմբագիրը: 1889-1902 թուականներուն եղած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ: 1906 թուականին ընտրուած է Ատրպատականի թեմի առաջնորդ: 1909 թուականին եպիսկոպոս օծուած է՝ ձեռամբ Մատթէոս Բ. Կաթողիկոսին: 1915 թուականին, վիրաբուժական գործողութեան մը ընթացքին փակած է իր աչքերը: Շատերու համար Տէր Մկտրչեան Եպիսկոպոսի մահուան պարագան կը համարուի դաւադրութեան մը արդիւնք:

Սոյն հատորը տպուած է Անթիլիասի մէջ, Լիբանան, 1993 թուականին: Թղթակազմ, կը բաղկանայ 240 էջերէ: Լոյս տեսած է մեկենասութեամբ՝ պրն. Աբրահամ Տէտէեանի, ի յիշատակ իր անմոռանալի հօր՝ Կարապետ Թ. Տէտէեանի: Հատորը խմբագրած է Բարեշնորհ Գէորգ Սրկ. Գոյունեան (այժմ՝ Տէր Գառնիկ, Գանատա): Հատորին մէջ տեղ գտած են քառասուներեք յօդուածներ ու քարոզներ:

Հատորը կը բացուի երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին (ապա Ամենայն Հայոց) յառաջաբանով: Երջանկայիշատակ Հայրապետը այսպէս կ՚արտայատուի Կարապետ Եպիսկոպոսին մասին. «Ս. Էջմիածինի Մայր Աթոռի Միաբանական Ուխտի կարկառուն դէմքերէն մէկն էր ան, 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն տիրապետող դերակատարութեամբ անձնաւորութիւն մը, որուն անձն ու գործը հարկ եղած ամբողջականութեամբ եւ արժեւորմամբ դեռ լուսարձակի տակ չեն դրուած: Առաւելաբար գիտական, մասնաւորաբար հայագիտական շրջանակներու մէջ ճանչցուած եւ բարձրօրէն գնահատուած դէմք մըն է ան, եւ սակայն հայ հոգեւորականութեան նոր սերունդին եւ ժողովուրդին համար անծանօթ անձնաւորութիւն մը, ոմանց մօտ միայն՝ մեծ համբաւ վայելող ընտելագոյն հոգեւորական մը:

Իր ապրած եւ գործած ժամանակներուն՝ ազդեցիկ եւ առաջնորդող դերակատարութեամբ դէմք մը հայ հոգեւորականութեան մէջ, սուրբ գրական, աստուածաբանական, հայրաբանական, մատենագրական, պատմական, հայագիտական բնագաւառներուն մէջ մեծ հեղինակութեան արժանացած մտաւորական-հոգեւորական տիպար մը, որուն մէջ գիտական առողջ մտածողութեան եւ լայն հմտութեան հետ միասին ամենէն գնահատուած կողմերէն մէկն է եղած սքանչելի նախանձախնդրութեան ոգին հանդէպ Հայց. Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան, հարազատ ու կենդանի աւանդութեանց եւ հոգեւոր ու ազգային առաքելութեան»:

Վեհափառ Հօր յառաջաբանէն ետք զետեղուած են լուսահոգի Եպիսկոպոսին կենսագրական ամփոփ գիծերը: Ապա, Գարեգին Վարդապետին (Յովսէփեանին, յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս) դամբանականը: Դամբանականէն ետք զետեղուած է խմբագիրին կողմէ խմբագրական նօթ մը, ուր խմբագիրը կը յայտնէ, թէ՝ «ներկայ հատորին մէջ ամփոփուած գրութիւնները քաղուած են Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անցեալի պաշտօնաթերթ “Արարատ” ամսագրի 1894-1903 տարիներու էջերէն»:

Հատորին առաջին ինն գրութիւնները որպէս ընդհանուր խորագիր ունին «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը», ինչին հիման վրայ ալ հատորը խորագրուած է որպէս այդպիսին:

Այժմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ փունջ մը մտածումներ Սրբազան Հեղինակէն, գրութեան լեզուն պահելով նոյնը՝ արեւելահայերէն, դասական ուղղագրութեամբ:

- «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» գրութեան մէջ Կարապետ Եպիսկոպոս կը գրէ.

• Բայց մենք, որ համոզուած ենք, թէ քրիստոնէութիւնն իբրեւ երկնային լուսոյ ծնունդ եւ մաքուր ճշմարտութեան ուղեցոյց՝ չի կարող խոյս տալ որեւէ ճշմարտութիւն հրապարակ հանելուց կամ քննադատութիւնից, կարեւոր ենք համարում պարզութիւնը մանաւանդ ներկայ ժամանակ, երբ, կարելի է ասել, ամենամեծ պահանջը քրիստոնէութեան համար նորա վարկի վերականգնումն է լուսաւորեալ աշխարհի առաջ:

- «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» ընդհանուր խորագիրի՝ «Աւետարանն ու աշխարհը» ենթախորագիրը կրող գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Աւետարանը ասացուածների ժողովածու չէ, այլ մի կենդանի ամբողջութիւն, որի մասին ուղիղ գաղափար կազմելու համար ո՛չ թէ հատ-հատ խօսքեր պէտք է առնել, այլ ընդհանուր հիմնական գծեր, եւ կը տեսնենք որ նոքա բոլորովին տարբեր գաղափար են տալիս մեզ ու յիշեալ մանրամասնութիւններն եւս իրենց իսկական նշանակութիւնն են ստանում:

- «Ժամանակի եւ կեանքի վերանորոգողը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Դու գալիս ես կրկին, Յիսո՛ւս, իմ Փրկիչ… գալիս ես ինչպէս ձմրան պաղ օդի մէջ իջնող կենդանարար ջերմութիւնը, անձկալից լռութեան մէջ հնչող քաղցրաձայն մեղեդին. ինչպէս մխիթարիչ մի հրեշտակ՝ սգաւոր ընտանիքի համար, կարմիր արշալոյս՝ այս խաւարչտին աշխարհի համար… գալիս բարձրանում ես մեր տագնապալից կեանքի հորիզոնի վրայ՝ խաղաղութիւն ու հաճութիւն սփռում, իջնում ես մեղաւոր մարդկութեան գիրկը՝ կենդանութիւն ու յոյս ներշըն-չում…:

- «Անմահ Խաչեցեալը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Բայց երբ մի ծանր վիշտ ինձ ճնշում է եւ անդարմանելի մի կսկիծ սիրտս է այրում. երբ չարութիւն ու ստութիւն զօրացած ոտքի տակ են տալիս աչքիս առաջ ազնիւն ու արդարը. երբ շուրջս ամէն կողմ խաւար է տիրում, անդնդային խաւար առանց լուսոյ մի նշոյլի՝ անյուսութեան այդ ճգնաժամի մէջ Գողգոթայի խաչն եմ ես միայն տեսնում հորիզոնի վրայ եւ այդ խաչի բարձունքից անսահման սիրով եւ անպատում ցաւով դէպի այս դառնալից աշխարհ նայող Փրկիչն է, որ միակ զօրաւոր, միակ բարձր, միակ սուրբն է ինձ ներկայանում՝ միակը, որի իսկութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան վրայ ես կասկածել չեմ կարող, եթէ ամբողջ տիեզերքն իսկ ցնորք եւ խաբէութիւն համարէի, որի ցաւի առաջ ամէն ցաւ չքանում է, որի սիրոյ առաջ քարէ սրտերն անգամ հալւում, մաքուր եւ վսեմ զգացումների ընդունակ են դառնում:

- «Մեղքի բռնութիւնը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Պէտք է մէկը Պօղոս առաքեալի պէս ամբողջ կեանքում կռիւ վարած լինի իւր մարմնի, իւր ցանկութեանց դէմ, բարոյականութեան անպայման հրամանը բոլոր խստութեամբ ըմբռնած եւ աստուածադիր պատուիրանները մի առ մի կատարելու ձգտած լինի՝ որպէսզի Աստուծոյ առատ, ձրի, մեղսաքաւիչ շնորհաց զօրութիւնը ճանաչել եւ գնահատել կարողանայ: Մեր ամենօրեայ փորձառութիւնը մեզ ասում է, որ պատուէրներ, խրատներ տալով, բարոյականութեան կանոններ սովորեցնելով կարելի չէ մէկին բարոյական մարդ դարձնել. անձնական օրինակը միայն, բարոյական հասարակութեան, բարոյական անձանց անմիջական ազդեցութիւնը սերունդ է կրթում, բարոյական շաւղի վերայ դնում:

- «Հաւատոյ զօրութիւնն ու արդիւնքը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Աստուծոյ ճշմարիտ արքայութիւնը ինքը Փրկիչն էր, իւր խօսքն ու գործը, այն հաւատը, որ Նա շրջապատողներին ներշնչել էր եւ շարունակում է ներշնչել իւր իսկական հետեւողներին. բաւական է այդ հաւատն ունենալ, որ մենք ամէն տեղ, ամէն քայլի վերայ Աստուծոյ արքայութիւնն ու արդար դատաստանը տեսնենք:

- «Սէր առ Աստուած» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Մենք պէտք է պատրաստ լինինք, երբ Տէրը մեզնից պահանջում է, զոհելու Նորա համար ամէն ինչ, նաեւ մեր անձը. որովհետեւ մեզ, մեր աշխարհային եսը կորցնել՝ Աստծուն գտնել է նշանակում, իսկ Աստծուն գտնել՝ ամէն ինչ գտնել է:

- «Աստուծոյ արքայութիւն տանող արդարութեան ճանապարհը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Ամէն մի հակաբարոյական շարժում մարդու սրտի մէջ մեղանչումն է Աստուծոյ առաջ, բաժանում է ու հեռացում Նորանից, եւ յաւիտենական կորստեան արժանի դարձնում:

- «Աստուծոյ կամ երկնքի արքայութեան գաղափարը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Աստուծոյ իսկական թագաւորութիւնն ուրեմն երկնքումն է՝ այնտեղ, ուր Նորա կամքը բացարձակապէս կատարւում է, իսկ խնդրել, որ այդ արքայութիւնը մեզ մօտ գայ նշանակում է ցանկանալ, որ նորա կամքն այստեղ եւս բացարձակապէս կատարուի, որ Աստուծոյ արքայութիւնն առանց իւր երկնային բնաւորութիւնը կորցնելու, իւր մէջ առնէ նաեւ երկրաւոր ծագումն ունեցող մարդիկներին:

- «Հոգեւորականի առաջնորդող գաղափարը» գրութեան մէջ կը կարդանք.

• Մի ժողովուրդ, որ անմահացնում, հերոսների կարգն է դասում երբեմն հոգեւորական ո՛չ մի արժէք չունեցող հոգեւորականների, եւ ընդհակառակն կարծս չի տեսնում, կամ արհամարհանօք եւ ատելութեամբ է վերաբերւում դէպի այնպիսիները, որոնք լուռ ու առանց աղմուկի իրենց պարտքն են կատարում, արժանի էլ չէ՛ իսկապէս արժանաւոր հոգեւորական ունենալու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19-20 յուլիս 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020