ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԷԿ ԳԻՐՔԸ՝ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի օրհնութեամբ Երեւանի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լոյս ընծայած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 130-րդ Կաթողիկոս, հայագէտ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Խրիմեան Հայրիկը որպէս դաստիարակ» գիրքը։ Ինչպէս ներածականէն կը տեղեկանանք, Վազգէն Ա. Պալճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սոյն վերլուծական աշխատանքին մէջ ընթերցողը սիրելի հայրապետի աչքերով կը նայի սիրուած մէկ այլ հայրապետի՝ Մկրտիչ Ա. Խրիմեանի դաստիարակչական ծրագրին, որուն նպատակը հայ ժողովուրդը անգրագիտութեան եւ համընդհանուր տգիտութեան խաւարէն դուրս բերելն էր, եւ որուն ուղիները արդիական են ցայսօր։ Երջանկայիշատակ Հայրապետի աշխատութիւնը առատօրէն համեմուած է Խրիմեան Հայրիկի գործերէն մէջբերումներով եւ օգտակար ու հետաքրքրական ուղեցոյց է ո՛չ միայն մանկավարժներու, այլեւ անոնց համար, որոնք կ՚արժեւորեն կիրթ եւ առաքինի անհատներով ձեւաւորուած հասարակութիւնը։
Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Ալեքսանտր Աբրահամեանի, ի յիշատակ իր սիրասուն կնոջ՝ Արփի Դալաքեանի։
Լեւոն Կարապետ Աբրահամ Պալճեանը՝ ապագայ Վազգէն Ա. Պուխարեսթցի Կաթողիկոսը, «Խրիմեան Հայրիկը որպէս դաստիարակ» խորագրով իր այս աշխատութիւնը գրած է 1942-1943 թուականներու ընթացքին՝ Պուքրէշ: Առաջին անգամ զատ գիրքով լոյս տեսած է 1943-ին, Պուքրէշ (158 էջ), Կ. Պալճեան ստորագրութեամբ:
Յիշեալ հրատարակութիւնը ունի նաեւ ռումաներէն անուանաթերթ ու բովանդակութեան ցանկ, իսկ խորագիրէն յետոյ բերուած է նաեւ ենթավերնագիր՝ «Ուսումնասիրութիւն XlX դարու հայոց գերագոյն պատրիարքի ու կաթողիկոսի հասարակական-մանկավարժական հայեացքներու», որ հայերէն բնագրին մէջ կը բացակայի:
Գիրքը երկրորդ անգամ, անփոփոխ, տպագրուած է 1987 թուականին, Նիւ-Եորք, «Ս. Վարդան» մատենաշարէն:
Երրորդ անգամ վերահրատարակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ 1988 թուականին՝ «Գալիքի տեսիլքով» ժողովածոյի Ա. հատորին մէջ, այնուհետեւ տեղ գտած է Վազգէն Ա.-ի երկերու լիակատար ժողովածոյին մէջ (2008 թիւ, Մայր Աթոռ):
Գիրքը Վազգէն Ա. նուիրած է իր ծնողքին, գրած է արեւմտահայերէնով, իսկ օրերս Երեւանի մէջ տպուած օրինակը աշխատութեան փոխադրումն է արեւելահայերէնի՝ աւելի լայն ընթերցողի հասանելի դարձնելու նպատակով:
Կու տանք բնագիրէն հատուածներ.
ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԸ ՈՐՊԷՍ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ
ՎԱԶԳԷՆ Ա.
Կարդալով Խրիմեանի դաստիարակչական գրականութիւնը՝ մեզ տարօրինակ թուաց, թէ ինչպէ՞ս է, որ ցարդ, իր մասին գրուած գիրքերուն մէջ, համեմատաբար շատ քիչ կը խօսուի եւ կամ բնաւ չի խօսուիր դաստիարակչական տեսակէտէն:
Ինչքա՜ն շատ հեռացուցեր ենք մեր աչքերուն առջեւէն այն զմայլելի հայելին, որ Խրիմեանի գործն է:
Խրիմեան նախազգալով այդ՝ հետեւեալը կ՚ըսէ մեր ժողովուրդին.
«Ժողովուրդ հայո՛ց, քեզի համար նկարեցի Դրախտի ընտանիքը. կ՚աղաչեմ, որ իբրեւ հայելի, դնես աչքիդ հանդէպ, հայիս ու տեսնես հիւանդ ու հիւծեալ կերպարանքդ»:
Խրիմեան սովորական մարդ մը չէ եւ ոչ ալ սովորական մանկավարժ մը: Առանց վարանումի կրնանք ըսել, թէ ան մեծագոյն դաստիարակներէն մին է ոչ միայն հայկական չափերով, այլ անոր գործը կրնայ փառաւոր տեղ մը գրաւել աշխարհի մեծ մանկավարժներու շարքին, որպէս ինքնատիպ ստեղծագործ:
Դաստիարակ Խրիմեանը, համեմատելով կարգ մը համբաւ ունեցող մանկավարժներու հետ, չես կրնար չտեսնել ու չհաստատել, թէ անոնք ինչքան փոքր կը թուին հայ դաստիարակին առողջ մտքերուն ու հզօր շունչին քով:
Այսօր, երբ մարդկութիւնը խելայեղօրէն նետուած է զարհուրելի պատերազմի մը մէջ, երբ մահն ու աւերը հորիզոնէ հորիզոն կ՚արշաւեն, երբ քաղաքականութեան եւ մշակոյթի հազարամեայ սկզբունքներն ու արժէքները, կարծես գահավէժ, դէպի անդունդ կը գլորին, մարդ կանգնած այս քաոսին մէջ՝ յենարան մը կը փնտռէ, ապահով կէտ մը, ստուգութիւն մը մտածման ու զգացումի, որուն բեղմնաւորումով ծնունդ առնէր նոր մարդ մը՝ աւելի բարի, աւելի արդար, աւելի ազատ:
Մարդը դարձնել աւելի ազատ, աւելի արդար ու աւելի բարի,- ահա՛ մեծագոյն յեղափոխութիւնը, զոր կարելի է երեւակայել:
Ահա՛ մեծագոյն յեղափոխութիւնը, որուն համար մարդիկ դարեր բազմաթիւ, ուս-ուսի տուած՝ կը մաքառին, միշտ դէպի առաջ կը քալեն, նոր ու նոր ճամբաներ կ՚որոնեն:
Ահա՛, վերջապէս, մեծագոյն յեղափոխութիւնը, որուն համար մարդկային հսկայ ուժեր ու արժէքներ, մտածման ու տքնութեան տիտաններ սերունդէ-սերունդ կը տառապին, կը պայքարին, կը զոհուին՝ միշտ հաւատալով մարդկութեան գալիք երջանկութեան:
Ու լաւ պէտք է գիտնանք, որ եթէ զինուորական պատերազմներէն ոմանք եւս կը ձգտին այդ նոյն երջանկութեան ի խնդիր նոր ուղիներ բանալ ու նոր գետին պատրաստել, եւ սակայն, այդ մեծագոյն յեղափոխութեան ձգտող պայքարը յարատեւ է, եւ ամէն բանէ առաջ աշխատանքի ուժը, մտածումի գիւտը եւ զգացումին ազնուութիւնն են, որ դրական նպաստներ կը բերեն ու տակաւ կը հասցնեն մարդկային կեանքի յեղաշրջումը:
Այս հսկայ աշխատանքին մէջ, առաջին գծին վրայ, կանգնած է դաստիարակութեան գործը:
Դաստիարակութեան գործին նուիրուող բոլոր մեծ դէմքերը նպաստ մը կը ներկայացնեն այն մեծ յեղափոխութեան տեսակէտէն, որուն այնքան ծարաւի է մարդկութիւնը մանաւանդ այսօր:
Օ՜, ինչ երջանիկ պիտի ըլլար մարդկութիւնը, եթէ միայն դաստիարակչական գործով իրականանար երկնային դրախտը: Եթէ մանկավարժութիւնը ամենազօր եղած ըլլար, անշուշտ, մարդկութիւնը շատոնց փրկուած պիտի ըլլար այն ցաւերէն, որ այսօր ալ կ՚այրին: Պէտք չէ միամիտ ըլլանք: Այս մեծ յեղաշրջման հարցը չափազանց բարդ է ու իր մէջ կը պարփակէ բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք կապուած են բոլոր այն երեւոյթներուն հետ, որ աղերս մը ունին մարդուն անհատական ու հաւաքական կեանքին բնոյթին հետ: Եւ սակայն, դաստիարակչական գործը, այնուամենայնիւ, այն զէնքերէն մին է, որ զետեղուած կռուի ճակատի առաջին գծին վրայ՝ յամառ հետեւողականութեամբ մը կը պայքարի հպարտօրէն ու տակաւ, ճիշդ է՝ շատ դանդաղ, եւ ո՛չ միշտ ու ամէն տեղ նոյն չափերով կը հասնի շօշափելի, դրական արդիւնքներու:
Մանկավարժը մարդ մըն է, որ գիտակցութիւնը ունի մարդուն ու անոր կեանքին անկատարութեան, բայց, միաժամանակ, կը հաւատայ անոնց բարելաւման եւ զինուած գիտութեամբ ու անսահման սիրով ու նուիրումով՝ կ՚անցնի գործի:
Մանկավարժը միայն դպրոցի մէջ երեխայ կրթողը չէ:
Մանկավարժը կրթողն է, դաստիարակողն է առհասարակ:
Որովհետեւ միայն երեխան չէ, որ պէտք է դաստիարակել:
Դաստիարակին գործը երեխայով կը սկսի, բայց կանգ չ՚առներ երեխայութեան շրջանի վերջաւորութեան: Դաստիարակչական գործը միայն երեխաներու համար չէ: Աւելին, դաստիարակչական գործին բուն նպատակը երեխայութեան շրջանէն անդին կը գտնուի. անոր նպատակն է հասուն մարդոց ընկերութիւնը բարեփոխել:
Ի՞նչ միջոցներ կ՚առաջադրէ Խրիմեան ժողովուրդի կեանքին մակարդակը բարձրացնելու համար: Ինչպէս իր նպատակներուն ու իտէալներուն մէջ, միջոցներու մէջ ալ Խրիմեան մեզի կը ներկայանայ որպէս տիպար եւ մեծ դաստիարակ մը:
Խրիմեան, ի տես այն յետադէմ վիճակին, որուն մէջ թաղուած է հայ գաւառացի, մշակ ժողովուրդը, ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ կը նկատէ ուսումն ու գիտութիւնը, այսինքն՝ մտքի հարստացումը եւ զարգացումը օգտակար գիտելիքներով ու ծանօթութիւններով, որոնցմով գիւղացին յեղաշրջէ իր աշխատանքի ձեւը, արտադրութեան միջոցները, գործիքներու գործածութիւնը եւ այլն, մէկ խօսքով՝ իր ամբողջ տնտեսութիւնը:
Եւ ըստ իր համադրական մտածման ձեւին, Խրիմեան այս բոլոր միջոցները կը խտացնէ «Լոյս» բացատրութեան մէջ:
Իր պատրիարքական առաջին շրջաբերականին մէջ ան որպէս պատգամ կ՚ըսէ.
«Պէտք է լոյսով խաւար հալածենք, եւ սիրոյ միութեամբ երկպառակութիւն վանենք»:
Եւ ուրիշ տեղ մը նոյն գաղափարն է, որ կը յայտնէ.
«Գիտութիւնը լոյս է, իսկ տգիտութիւնը՝ խաւար. տգէտ մարդը կը զրկուի կատարեալ կեանքէն, ինչպէս կոյր մարդը՝ արեւու ճառագայթէն»:
Հետաքրքրական է, թէ ինչպէս Եւրոպա չտեսած եւ բարձր ուսում չստացած կղերական մը այնքան ոգեւորութեամբ եւ բացարձակ հաւատքով կը խօսի գիտութեան ամենազօրութեան մասին: Հազար ու մէկ ձեւով կը շեշտէ գիտութեան լոյսի անհրաժեշտութիւնը.
«Մարդ պէտք է ժամանակին հետ քալէ: Պէտք է գիտնանք, որ աշխարհիս վրայ աւելի տգէտներն են, որ խեղճ ու թշուառ կեանք ունին»:
Գիտութեան սիրոյ հետ կապուած է, բնականաբար, գրքի եւ ընթերցանութեան սէրը, որուն մասին կը գրէ.
«Գիտե՞ս, թոռնիկ, ամէն գիրք մի-մի վարժապետ են կարդացողի համար. գրողներ մեռեր, գացեր են, գիրն կենդանի մնացեր. կան այնպիսի գրքեր, որոնք անմահ են» («Պապիկ եւ թոռնիկ»):
Խրիմեան, սակայն, խորապէս լուրջ դաստիարակ մըն է, չի բաւականանար արտաքին, մակերեսային արդիւնքներով: Անոր իտէալն է ամբողջական ու օրկանական յեղաշրջումը ե՛ւ հայ անհատին, ե՛ւ հայ հաւաքական կեանքին:
Բուռն կերպով կը ցանկայ իրականացած տեսնել այդ նպատակը եւ, սակայն, չ՚աճապարեր: Չ՚աճապարեր, որովհետեւ գիտէ, թէ այդ յեղաշրջումը շուտ չ՚իրականանար: Գիտէ, թէ ինչպէս ամէն օրկանական երեւոյթ, այս յեղաշրջումը եւս պէտք է բնականօրէն, իր արմատներէն զարգանայ, ոչ թէ արտաքնապէս, որպէս զարդ: Գիտութիւնը, կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը զարդեր չեն մարդու ընկերային կեանքին վրայ, որ կը զետեղուին ի ցոյց մարդկանց, այլ որոշ վիճակներ, որոնք արդիւնք են սերունդներու աշխատութեան, տքնութեան ու յարատեւ բարոյական մշակումներու:
Հայ ժողովուրդին օրինակ կու տայ Եւրոպան, սակայն, ինչպէս պիտի տեսնէ ընթերցողը, Խրիմեան այդ ուղղութեամբ ալ միամիտ չէ:
Չի բաւեր ընդօրինակել Եւրոպայի գիտութիւնը: Պէտք է Եւրոպայի գիտութենէն ու փորձառութենէն օգտուիլ, այո՛, պէտք է հոնկէ լոյսի պատուաստ բերել հայոց աշխարհի մէջ, սակայն այդ լոյսի կրակը բերելէն յետոյ պէտք է զայն տանիլ ամէն տեղ, մինչեւ ամենայետին խրճիթը, ու այդ կրակով բռնկցնել բոլոր հայ շինականներուն հոգիները:
Հայոց ջահերը վառելէն յետոյ, պէտք է այդ կրակը վառ պահել հայուն ճիգովը, հայոց աշխատութեամբ ու հայոց հոգիի ուժովը:
Խրիմեան գիտական իմաստով հոգեբան մը չէ, եւ սակայն, ան կը զգայ, կը թափանցէ մարդկային հոգեկան իրականութեան խորքը ու կը տեսնէ, թե ի՛նչ բարդ կառուցուածք մըն է ան, թէ ինչքա՛ն մութ ու գիտակցութենէն անդին գտնուող ուժեր վճռական դեր կը կատարեն, կը տկարացնեն գիտակցութեան ուժը, մտքին տրամաբանութիւնը ու շատ անգամ, նոյնիսկ, բոլորովին կը չէզոքացնեն զանոնք:
Ուրեմն, ի՞նչ օգուտ միայն երեխային մտքի մշակումէն, անոր մէջ միայն մտաւոր, միայն բանական ըմբռնումներ ստեղծելէն:
Պէտք է ամենափոքր հասակէն իսկ վարժեցնել երեխան՝ բարին գործել, ճշմարիտը խoսիլ, արդար դատել, որպէս կենցաղի բնական կերպեր: Իսկ այդ կերպը, այդ բարին ընելու հնարաւորութիւնը պէտք է ստեղծել տղուն մէջ ո՛չ թէ միայն խրատով, «խօսքի» քարոզով, մտաւորական միջոցներով, այլ, ամէն բանէ վեր, կենդանի, գործնական օրինակով:
Անձնական օրինակի ուժով դաստիարակել, այդ կը նշանակէ կեանքը կեանքով բարեփոխել, այդ կը նշանակէ կենդանի իրականութիւն մը ուրիշ կենդանի իրականութեան մը ազդեցութեամբ առաջնորդել ու ձեւաւորել:
Խրիմեան մեծ կարեւորութիւն կու տայ ընտանիքին ո՛չ միայն անհատական դաստիարակութեան տեսակէտէն, այլ նաեւ ամբողջ ազգի հաւաքական կեանքի մտահոգութեամբ:
Իւրայատուկ ձեւով՝ ան գեղեցիկ ու իմաստալից կերպով մը կը ներկայացնէ ընտանիքը եւ անոր դերն ու արժէքը՝ ժողովուրդի աճումին, տեւելուն եւ յառաջդիմելուն տեսակէտէն:
Ահա՛ անոր խօսքերը.
«Ինչպէս որ երկու պսակաւոր լծակիցներէն ամուսնական միութիւն մը կը կազմուի, այնպէս նաեւ զուգակից միութենէն կը ծնի եւ կ՚աճի ամբողջ ընտանիքը, որու նախածնող անդամներն են հայր եւ մայր: Իսկ ծնեալ անդամներն են արու եւ էգ զաւակները, քոյր, եղբայր, որք երբ ամուսնանան, փեսաներով, հարսներով եւ թոռներով կը յաւելուն ընտանեաց թիւը:
Ուստի, ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարեր կը համարուին հայր եւ մայր: Որչա՜փ սքանչելի, զարմանալի են ամուսնական պարտէզին մէջ այս երկու մանանեխի փոքրիկ հատիկները, որ, ըստ Աւետարանի առակին, երթալով, աճելով՝ մեծ ծառ մը կ՚ըլլան եւ իրենց բազմապատիկ ճիւղերը կը համասփռեն բոլոր աշխարհը:
Վասնզի ամուսնական արմատէն ընտանիքը կը հաստատուի, ընտանիքէն՝ ժողովուրդ, ժողովուրդէն՝ այլ եւ այլ ազգերը, ազգերէն՝ իշխանական պետութիւնները, եւ պետութիւններէն՝ ընդհանուր մարդկային համաշխարհական ընկերութիւն: Յորմէ դիւրաւ կ՚իմաստասիրեմք, թէ մեր ընկերական աշխարհին բովանդակ շէնքը ամուսնական եւ ընտանեկան պատուանդանին վրայ հաստատուած է, ժողովուրդներու ոտքը եւ պետութիւններու գահերը անոր վրայ դրուած են. եթէ քանդուի այս պատուանդանը, ժողովուրդ եւ գահերը, ի միասին, կը տապալին. այնուհետեւ ո՛չ եւս կայ՝ ո՛չ աշխարհ, ո՛չ ադամորդի, ո՛չ կեանք, եւ երկիրը կը դառնայ նոյն առաջին վիճակը:
Երկիր աներեւոյթ եւ անպատրաստ:
Տուն եւ ընտանիք մի փոքրիկ թագաւորութիւն, երկիր ու սահման է, որու նահապետական աթոռին վրայ կը նստին ծնողք. հայրը իբրեւ թագաւոր եւ մայրը իբրեւ թագուհի, եւ կը կառավարեն հպատակ ընտանիքը:
Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ ո՛չ ոստիկան կայ, ո՛չ բռնութիւն, ո՛չ գաւազան, այլ ամէնուն տեղ հայրական սէր եւ մայրական գորովն է, դաստիարակ եւ խրատ՝ ծնողաց կենդանի օրինակն է»:
Կասկած չկայ, Խրիմեանը, որ հայ կեանքը, հայ շինականի կեանքը յեղափոխել կ՚ուզէ լոյսով, գիտութեամբ ու աշխատութեամբ, ջերմ պաշտպանն է դպրոցին, ուսումին ու կրթութեան:
Սակայն դպրոցը պէտք չէ ըլլայ վերացական գիտելիքներու, տեսական ուսմանց վարժարան մը, այլ Խրիմեանի դպրոցը, ամէն բանէ առաջ, պէտք է երեխային տայ այն ծանօթութիւններն ու գիտելիքները, որոնց ան կարիք ունի իր հողագործի կեանքին մէջ, իր գիւղական տնտեսութեան մէջ:
Խրիմեան անհրաժեշտ կը նկատէ մասնաւոր դպրոցներ ստեղծել նաեւ այն մարդոց համար, որոնք բախտ չեն ունեցած վարժարան մը յաճախելու:
Խրիմեան մահացու թշնամին է իր ժամանակի անգրագիտութեան եւ տգիտութեան:
Ամէն մարդ, նոյնիսկ բեռնակիրները, պէտք է սորվին, իրենց միտքը լուսաւորեն, իրենց հոգին տաքցնեն:
Խրիմեան, շատ խոր կերպով, ունի նաեւ կարգ-կանոնի, կարգապահութեան զգացումը, զոր կը պահանջէ հայ անհատէն, հայ աշխատող հողագործէն: Ան տեսած է, բնականաբար, թէ հայը անկարգ է իր կեանքին մէջ, անչափ ու յաճախ, անհաւասարակշիռ է իր մտածումներուն մէջ, անորոշ ու մակերեսային՝ իր գիտցածներուն մէջ:
ՀՈՂԻ ՍԷՐ
Հողը Խրիմեանի համար կենդանի իրականութիւն մըն է. մարմին եւ շունչ ունի. կը խօսի ու կը շարժի:
Հողը կ՚ապրի ու կրնայ եւ մեռնիլ:
Հողը կեանքի աղբիւր է, ուրկէ կը ծնին ցորեն ու պտուղ, ուրկէ կը հոսին մեղր ու կաթ:
Հողը մարդկային կեանքի ալ արգանդն է. հոն կը թաղուին մարդիկ՝ հոնկէ ալ ծնելու համար:
Հողն է, որ ընտանիքին ու համայնքին անմահութիւնը կ՚իրականացնէ ու կը տեւականացնէ ժամանակին մէջ:
Հողը նիւթական իրականութիւն մը չէ միայն. հողը նիւթ մըն է, որուն ընդերքներէն աներեւոյթ ուժ մը կը բարձրանայ դէպի վեր, դէպի արեւ: Այդ կենաց ուժը կը ստեղծէ ե՛ւ բուսականութիւնը, ե՛ւ կենդանական աշխարհը, ե՛ւ մարդկային իրականութիւնը:
Մարդը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ հողին արքայութեան օրկանական մէկ միաւորը, մէկ մասնիկը, որ իր դիրքով կոչուած է տէր դառնալու՝ հպատակելով, սակայն, հողին օրէնքին:
Մարդը, ուրեմն, հողին վրայ բացարձակ ազատ չէ, այլ հպատակն է հողին: Մարդը հողէն կը ծնի, հողով կ՚ապրի ու հողին կը վերադառնայ: Հետեւաբար, մարդուն եւ հողին միջեւ կենսաբանական անքակտելի կապ մը կայ:
Մարդը հողին հպատակելով՝ միաժամանակ, սակայն, բարոյական օրէնքը կը հետապնդէ ու կ՚իրագործէ զայն իր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ:
Բնութեան օրէնքի եւ բարոյական օրէնքի միջեւ սկզբունքային հակամարտութիւն մը գոյութիւն չունի: Այդ երկու օրէնքներն ալ միեւնոյն իրականութեան երկու երեսներն են: Բնութեան օրէնքն է, որ մարդկայնանալով՝ բարոյական կը դառնայ:
Խրիմեանի համար հողը կրնայ արքայութիւն դառնալ՝ մարդու իմացական ու բարոյական ուժերու ներգործութեան ներքեւ, մարդու աշխատանքի ու կազմակերպուած տնտեսութեան մը դրութեան մէջ:
Ու մենք տեսանք նաեւ, թէ ինչպէս արքայութիւնը, երկինքը ինքը հող է. այդ նոյն հողն ու արտն է:
Ահա թէ ինչո՛ւ Խրիմեանի համար, որ եւրոպական իմաստով փիլիսոփայ մը չէ, այլ աւելի արեւելքցի իմաստուն մը, երկրայինի եւ երկնայինի միջեւ չկայ այն անանցանելի անջրպետը, ոչ ալ այն հակամարտութիւնը, որուն մասին կը խօսին Արեւմուտքի շարք մը բարոյագէտներ, փիլիսոփաներ կամ աստուածաբաններ:
Բայց երբ հող կ՚ըսենք, պէտք չէ հասկնանք որեւէ հող, այլ այն հայրենի հողը, այն բնավայրը, ուր ծնած է որոշ մարդ մը. այդ մարդու համար հողը «իր» գիւղին, «իր» համայնքին հողն է: Միայն եւ միայն այդ հողը, որ իր ծննդավայրն է՝ որոշ պատկերով, որոշ աշխարհագրական դիրքով, որոշ բուսականութեամբ, որոշ ծաղիկներով ու կենդանիներով, որոշ հարստութիւններով, որոշ աշխատութեան ու արտադրութեան ձեւերով, որոշ սովորութիւններով, երգերով, գաւառաբարբառով, որոշ անցեալով, որոշ ուրախութիւններով ու ցաւերով:
Հայրենիքը վերացական, տիեզերական գաղափար մը չէ. հայրենիքը որոշ այն հողն է, որուն կապուած պէտք է մնայ հայ շինականը, որ պէտք է սիրէ զայն իր բոլոր զգացումներու ուժովը:
Հողին սէրը Խրիմեանի ըմբռնումին մէջ գիտակցական զգացում մը չէ միայն, այլ, մանաւանդ, հոգեկան բարդ երեւոյթ մը՝ ամենախոր ու անորոշ բնազդներու արմատներէն բխած:
Մարդը պահ մը կը նոյնանայ նոյն իսկ այդ հողին հետ ու կը զգայ իր մէջ, թէ ինք մէկ անբաժան մասն է հողին:
Արիւնը, որ իր երակներուն մէջ շրջան կ՚ընէ, հոնկէ կը բխի: Ու սիրտը, որ կը բաբախէ, կը հետեւի աւելի մեծ, խորհրդաւոր զարկի մը, որուն չափը ինքը՝ հողը կու տայ:
Եւ Խրիմեան իր խօսքով ու գրչով կ՚ուզէ հայուն զգացնել տալ հողին կենդանութիւնը, հողին զարկը, հողին արժէքը, հողին անմահութիւնը:
Պապիկի դասերուն եւ պատուէրներուն առաջին ու վերջին խօսքը հողն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան