«ՔԱՂԱՔԸ ՃԱԶ ԿԸ ԼՍԷ»

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Քա­ղա­քը ճազ կը լսէ» հա­մեր­գա­յին ե­րե­կոյթ մը։ Կաս­կա­տի հա­մա­լի­րին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ճազ ե­րաժշ­տու­թեան վար­պետ­ներ եւ մե­նա­կա­տար­ներ այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան խան­դա­վառ նուագ­նե­րով։ «Քա­ղա­քը ճազ կը լսէ» հա­մեր­գա­յին ծրագ­րին ներ­մու­ծուած էին նաեւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բնո­րոշ կարգ մը ա­ւան­դա­կան նուա­գա­րան­ներ, ինչ որ տար­բեր ե­րանգ մը վե­րագ­րեց ե­րե­կոյ­թին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015