ՈԳԵՇՆՉԵԼՈՎ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
Այս յօդուածի համար առիթ հանդիսացաւ ծանօթութիւնը Հայաստանի մէջ գործող «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) հիմնադրամի աշխատակիցներուն հետ: 2003 թուականին հիմնուած միջազգային բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը նպատակ ունի զարգացնել եւ ամրապնդել հայրենիքի ու Սփիւռքի երիտասարդներուն միջեւ կապերը, սփիւռքահայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տալով մասնակցիլ Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ ներդրում ունենալ հայրենիքի զարգացման՝ կամաւորական աշխատանքի միջոցաւ։ Իր գոյութեան տասներկու տարիներու ընթացքին հիմնադրամը հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներ կապած է Հայաստանին եւ Արցախին: Անոնց մէկ մասը Հայաստանը առաջին անգամ ճանչցած է այս կազմակերպութեան ծրագրերու միջոցաւ, նոյնիսկ եղած են կամաւորական ծրագրի աւարտէն ետք Հայաստանի մէջ հաստատուողներ: «Դէպի Հայք»ը օտար երկիրներու մէջ ապրող հայ երիտասարդներուն Հայաստանի մէջ կ՚առաջարկէ հայերէն լեզուի անվճար դասընթացքներ, շրջապտոյտներ, մասնակցութիւն հայրենաճանաչութեան նիւթով ժողովներու, հանդիպումներու: Ծրագրի կարեւոր մասն է հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ օթեւանումը եւ դէպի Հայաստան ճանապարհածախսի մասամբ կամ ամբողջական փոխհատուցումը:
Հիմնադրամի աշխատակիցներու հետ ծանօթութենէն որոշ ժամանակ անց հեռաձայն մը ստացայ «Դէպի Հայք»ի գրասենեակէն: Գոհարն էր՝ հիմնադրամի աշխատակիցներէն: Առաջարկ մը ունէր: Արդեօք պատրա՞ստ ենք դառնալ հիւրընկալ ընտանիք եւ մեր յարկի ներքոյ հիւրընկալել այս ամառ Հայաստան եկող կամաւորներէն մէկը: Պրազիլիայէն հայուհի մըն էր, որ նախընտրած էր Հայաստան մնալու ամիսներուն բնակիլ երախաներ ունեցող ընտանիքի մը հետ: Կամաւորները իրենք կ՚ընտրեն ընտանիքը (բազմանդամ ընտանիք, միայնակ կին, երիտասարդ աղջիկ կամ տղայ, միայն ամուսիններ եւայլն), եւ ընկերութիւնը անոնց ընտրութեան համեմատ կը փնտռէ հիւրընկալ ընտանիքներ: Հակառակ որ ծանօթ էի հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ միշտ քաջալերած էի անոնց առաքելութիւնը, այնուամենայնիւ, առաջարկը անսպասելի էր, բայց նաեւ՝ հետաքրքրական: Ընտանեկան քննարկումէն ետք որոշեցինք համաձայնիլ եւ դառնալ «Դէպի Հայք»ի հիւրընկալ ընտանիք խումբի անդամներէն մին:
Մեր հիւրը քսանմէկ տարեկան Թաթիանա Պուտաքեանն է՝ Սան Փաուլոյէն: Եւ հակառակ որ անոր ծննդավայրը՝ Պրազիլիոյ ամենէն մեծ քաղաքը՝ Սան Փաուլոն, ունի խոշոր հայկական համայնք (38 հազար հայ), այնուամենայնիւ, Պուտաքեաններու չորս հոգինոց ընտանիքը հանգամանքներու բերումով հեռու եղած է համայնքէն, Թաթիանան հայերէն չի խօսիր եւ շատ քիչ բան գիտէ Հայաստանի մասին: Ան տարիներ առաջ վերագտած է իր հայութիւնը եւ մեծ փափաք ունի ինքզինք զգալ լիարժէք հայ՝ մօտիկ պատմութեան, լեզուին, մշակոյթին եւ հայրենիքին: Ան երկրորդ հայն է Պրազիլիայէն, որ այս ծրագրով Հայաստան եկած է:
Թաթիանա Պուտաքեան արդէն մեր ընտանիքին հետ է, եւ շատ ուրախ կը զգայ պզտիկներու ներկայութեամբ, որոնցմէ կը սորվի հայերէն բառեր, եւ ատկէ զատ ալ հայերէնի կանոնաւոր դասընթացքներու կը մասնակցի «Դէպի Հայք»ի գրասենեակին մէջ: Ան կամաւորական աշխատանք կը կատարէ մշակութային երկխօսութիւն իրականացնող կազմակերպութեան մը մէջ եւ երեք ամիս ետք պիտի մեկնի Սան Փաուլօ: Մինչ հիւրընկալութիւնը, Թաթիանան Պրազիլիոյ խումբին հետ Օգոստոսի սկզբին մասնակցեցաւ Համահայկական այս տարուան խաղերուն, եւ այդ փորձառութիւնը նոյնպէս առաջին անգամն էր անոր կեանքին մէջ: Կ՚ըսէ, որ յառաջիկայ տարի եւս պիտի մասնակցի Համահայկական խաղերուն, քանի որ շատ զգացումներ եւ հաճելի ապրումներ ունեցաւ այդ օրերուն:
Հիւրընկալելով Թաթիանան՝ աւելի մօտէն ծանօթացանք «Դէպի Հայք»ի աշխատանքներուն եւ աշխատակիցներն ալ որոշ մանրամասներ տրամադրեցին կամաւորական աշխատանքի սկզբունքներուն մասին:
Կամաւորական այս ծրագրի պահանջն է, որ մասնակիցները անպայման ունենան հայկական ծագում, ըլլան քսան-երեսուներկու տարեկան եւ Հայաստանի մէջ գտնուին առնուազն երկու ամիս, միայն այդ պարագային հիմնադրամը կը փոխհատուցէ անոնց ճանապարհածախսին մեծ մասը: Ճանապարհածախսի ամբողջական փոխհատուցում կը կատարուի առնուազն տասնչորս շաբաթէ աւելի Հայաստանի մէջ մնալու պարագային, իսկ տասնութ շաբաթէ աւելի գտնուելու պարագային մասնակիցները 100 առ հարիւր նիւթական աջակցութեան հետ միասին կը ստանան ամսական թոշակ: Մասնակիցները միայն մէկ անգամ կարող են օգտուիլ «Դէպի Հայք»ի ճանապարհածախսի փոխհատուցման ծրագրէն։
Նմանատիպ առաքելութիւն իրականացնող միջազգային կազմակերպութիւններու կարգին կը դասուի նաեւ Birthright Israel-ը, որ կ՚առաջարկէ կրթական ու մշակութային փոխանակումներ։ Նման մէկ այլ կազմակերպութիւն նոյնպէս գոյութիւն ունի IrishWay անուանումով, որ կը կազմակերպէ ճանապարհորդութիւն դէպի Իրլանտա՝ ծագումով իրլանտացի ամերիկեան բարձր դասարանցիներու համար։
Ազգային ինքնագիտակցութեան նպաստող միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հայկական կազմակերպութիւնը նոյնպէս իր ուրոյն տեղը ունի արդէն:
«Դէպի Հայք»ը հիմնադրած է ամերիկահայ նշանաւոր բարերար Հրայր Յովնանեանի զաւակը՝ Էդիլ Յովնանեան՝ իւրաքանչիւր հայու ծննդեան իրաւունքի հանդէպ մեծ հաւատքով, եւ կարելի է ըսել, որ այսօր, տասներկու տարի ետք, անոր այդ հաւատքը արդէն իրականութիւն դարձած եւ մարմին ստացած աշխատանքի մը վերածուած է: Աշխարհի յիսուն երկիրներու մէջ հիմնադրամի շուրջ հազար քսաներեք շրջանաւարտները Հայաստանի յաջողակ դեսպաններն են, որոնք կտոր մը Հայաստան տարած են իրենց հետ:
Հիմնադրամի նպատակը ո՛չ միայն Հայաստանը կամաւորներուն ցոյց տալն է, այլեւ իրենց հայրենիքի մէջ բազմաբովանդակ փորձ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ապահովելը: Հիմնադրամը, առաջին օրէն սկսեալ կը խթանէ խորացուած ծրագրեր, մասնաւորապէս՝ երկարաժամկէտ նախա-գըծերու համար եւ նպատակը կրօնական, մշակութային եւ կրթական տեսանկիւնէ հայաստանեան իրականութեան, հասարակութեան եւ խնդիրներու խոր ընկալման նպաստելն է:
Եթէ մինչ անցեալ տարի «Դէպի Հայք» հիմնադրամը իր հիմնական միջոցները կը գոյացնէր հանգանակութիւններէ, եւ Էդիլ Յովնանեան միայն ծախսերու 50 առ հարիւրը կը դիմագրաւէր, ապա 2014 թուականի 1 Յունուարէն սկսեալ Էդիլ Յովնանեան, մասնակցութեամբ նաեւ «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան» հիմնադրամին, արդէն ստանձնած է կազմակերպութեան ընթացիկ ծախսերը ամբողջութեամբ: «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը այսօր արդէն չունի նիւթական միջոցներ հայթայթելու կարիքը, եւ իր բոլոր ուժերն ու ջանքերը կեդրոնացուցած է ծրագրի մասնակիցներու հաւաքագրման վրայ: «Դէպի Հայք»ին յստակ առաջադրանք տրուած է 2015 թուականին, նախորդ տարիներու համեմատ եռապատկել մասնակիցներու քանակը՝ պահպանելով նոյն բարձր որակը, որու շնորհիւ «Դէպի Հայք»ը մեծ ճանաչում ձեռք բերած է:
Այժմ կազմակերպութեան պաշարները ուղղուած են ծրագրի աճին միտուած գործողութիւններու իրականացման, ինչպէս նաեւ՝ ծրագրի շրջանաւարտներուն իմաստալից աջակցութեան տրամադրման վրայ:
Այսօր «Դէպի Հայք»ի տնօրէններու խորհուրդը կը գլխաւորեն հետեւեալ անձնաւորութիւնները՝ Էդիլ Յովնանեան (հիմնադիր), Լինտա Էպոյեան (գործադիր տնօրէն, Միացեալ Նահանգներ), Սեւան Կաբակեան (գործադիր տնօրէն, Հայաստան), Անոյշ Թադէոսեան (ծրագրի շրջանաւարտ):
Հիմնադրամի խորհրդակցական յանձնախումբը կազմուած է հետեւեալներէն՝
Ատոմ Էկոյեան (Գանատա), Արամ Վ. Չոպանեան (Միացեալ Նահանգներ), Արսինէ Խանճեան (Գանատա), Մայքըլ Արամ (Միացեալ Նահանգներ), Մարկ Կիրակոս (Միացեալ Նահանգներ), Տ. Մեսրոպ Քահանայ Արամեան (Հայաստան), Պետրոս Թէրզեան (Ֆրանսա), Ճոն Մարշալ Էվընս (Միացեալ Նահանգներ), Ռալֆ Եիրիկեան (Հայաստան), Սէմ Սիմոնեան (Միացեալ Նահանգներ), Սերժ Թանկեան (Միացեալ Նահանգներ), Վարդան Գրիգորեան (Միացեալ Նահանգներ), Վարդան Օսկանեան (Հայաստան), Ուիլիըմ Փերսընս (Միացեալ Նահանգներ), Փաթրիկ Սարգսեան (Միացեալ Նահանգներ):
«Դէպի Հայք»ը կ՚օգնէ կամաւորին Հայաստանի մէջ ձեռք բերել բժշկական ապահովագրութիւն, կ՚աջակցի այլ առտնին ծախսերու հարցին մէջ:
Առանձին աշխատանք կը կատարուի հիւրընկալ ընտանիքներուն հետ, որոնք սովորաբար կը բաժնեն հիմնադրամի գաղափարը, կը հաւատան հայրենաճանաչութեան նպաստող անոր առաքելութեան եւ պատրաստակամ եմ աջակցիլ այդ գաղափարի իրականացման: Ընտանիքներու մէջ կամաւորը պէտք է զգայ տունի անդամի պէս եւ ոչ թէ՝ որպէս հիւր։ Ան ընտանիքի նիստուկացի միջոցաւ պէտք է ճանչնայ հայկական ընտանիքը, ուտելիքները, դրացիներու, ազգականներու հետ շփումը եւ ընտանիքին միջոցաւ պատկերացումը պիտի ամբողջացնէ Հայաստանի կենցաղային մշակոյթի մասին: Հայաստանեան կենցաղին ծանօթացումը նոյնպէս հիմնադրամի նպատակներէն մին է: Այս ձեւով կամաւորը պէտք է զգայ ո՛չ թէ երազային, այլ՝ իրական Հայաստանը՝ իր դժուար եւ հաճելի կողմերով:
Այս պահուն Հայաստանի մէջ կան ութսուն հայ կամաւորներ՝ զանազան երկիրներէ՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Պրազիլիա, Ռուսաստան, Լիբանան, Ֆրանսա, Աւստրալիա: Անոնք զանազան աշխատանք կ՚իրականացնեն հայկական եւ միջազգային կառոյցներէ ներս, ամենէն շատ կամաւորները արհեստագիտութեան միջոցներու, ձեւաւորման ասպարէզի, ճարտարապետութեան, բժշկութեան ոլորտներու մէջ են: Քսան տարի առաջ կամաւորութիւնը այդքան ալ զարգացած չէր Հայաստանի մէջ, այսօր զայն կարելի է նկատել ժամանակակից եւ զարգացած ասպարէզներէն մէկը, որու մէջ բաւականաչափ երիտասարդութիւն ներգրաւուած է: Բացի «Դէպի Հայք»էն, կան նաեւ այլ կազմակերպութիւններ, որոնք դէպի Հայաստան կամաւորներ կը ներգրաւեն, բայց «Դէպի Հայք»ը իր առաքելութեամբ ամբողջովին կը տարբերի անոնց նպատակներէն: Կան նաեւ հայաստանցի կամաւորներ, որոնք ուսումնական, մշակութային, բժշկական կամ այլ ծրագրերով կը մեկնին արտասահման, փորձառութիւն ձեռք բերելու, բայց աւելի շատ՝ աջակցութիւն ցոյց տալու այս կամ այն խումբին, համայնքին:
Հետաքրքրական է նոյնինք՝ կամաւորութեան պատմութիւնը: Այս գաղափարը կ՚առընչուի բարեսիրութեան, անշահախնդիր նուիրումին եւ օգնութեան եւ կը սերի շատ հինէն: Կամաւորութեան գաղափարը առանձնայատուկ իմաստ ստացած է քրիստոնէութեան տարածման հետ: Այսօր աշխարհի բոլոր հասարակութիւններուն ալ հարազատ են բարեսիրութեան եւ անշահախնդիր օգնութեան գաղափարները: Կամաւորութիւնը կ՚ենթադրէ առանց վարձատրութեան աշխատանք եւ ժամանակ տրամադրել, յօգուտ շրջապատի կամ ոեւէ մէկու: Հայաստանի մէջ կը գործէ «Հայ կամաւորներու բանակ» ընկերակցութիւնը, որ կամաւորութեան գաղափարը կը տարածէ երիտասարդութեան մէջ եւ ճանապարհներ ցոյց կու տայ՝ կամաւոր աշխատանքի միջոցաւ օգտակար ըլլալու Հայաստանին կամ աշխարհին առհասարակ:
Գալով հայկական ամենէն մեծ կամաւորական կազմակերպութեան՝ «Դէպի Հայք»ի հազար քսաներեք շրջանաւարտներէն եօթանասունը անցնող տարիներու ընթացքին հայրենադարձած են եւ այսօր կը բնակին Հայաստանի մէջ: Անոնք ընդգրկուած են երկարաժամկէտ ծրագրերու մէջ, ոմանք նպատակ ունին իրենց ընտանիքին հետ մնալ Հայաստան: Շատերը կ՚աշխատին մասնաւոր ընկերութիւններու եւ առեւտրային կազմակերպութիւններու մէջ: Մեծ մասը յաջողած է աշխատանք գտնել ըստ իրենց հետաքրքրութիւններուն։ Միւսները ունին ժամանակաւոր աշխատանք եւ կը շարունակեն որոնումները՝ իրենց նախընտրած ոլորտներէն ներս։
Կամաւորները հնարաւորութիւն ունին ամառնային ծրագիր իրականացնել նաեւ Երեւանէն դուրս՝ Կիւմրի եւ Վանաձոր: Իսկ երկարաժամկէտ մնացող կամաւորներու համար ողջ տարին ծրագրեր կան Երեւանէն դուրս գտնուող այլ շրջաններու մէջ կամ Արցախ, դպրոցներու մէջ աշխատանքէն, մինչեւ բնութեան պահպանութիւն, եկեղեցիներու նորոգութիւն, համայնքներու զարգացում:
Կամաւորական աշխատանքը աւարտելէն ետք կամաւորը, եթէ ունի օգտակար գաղափար մը, ապա հնարաւորութիւն ունի դրամաշնորհ ստանալ «Դէպի Հայք» հիմնադրամէն եւ որեւէ ծրագիր իրականացնել՝ կապուած Հայաստանի հետ: Այդ ծրագիրը կը կոչուի «Յաջորդ քայլ» եւ նպատակ ունի շրջանաւարտներուն համար առաւել հասանելի դարձնել Հայաստան վերադարձն ու աշխատանքը շարունակելը եւ այդ պարագային հիմնադրամը նոյնպէս կ՚աջակցի կացարանին, աշխատանքի որոնման հարցին մէջ։ Կամաւորական աշխատանքէն զատ հիմնադրամի այս ծրագիրը՝ վերադարձը՝ Հայաստան, հիմնուած է հայրենիքի զարգացման գաղափարին վրայ. ան կ՚օգնէ տեսնել աշխատանքային հնարաւորութիւնները Հայաստանի մէջ եւ հնարաւորութեան պարագային նպաստել հարթելու եկամուտի եւ ծախսերու անհամապատասխանութիւնը։
Իր բոլոր ծրագրերուն մէջ «Դէպի Հայք» հիմնադրամը նպատակ ունի հայութիւնը կապել Հայաստանին, վերացնել այն բացը, որ գոյութիւն ունի հայութեան զանազան հատուածներուն միջեւ, ստեղծել հայկական աշխարհ, ուր բոլորը հաւասար կ՚ըլլան հայրենիքի գաղափարին առջեւ եւ իրենց ջանքերը կը ներդնեն յանուն բարգաւաճ Հայաստանի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ