ՄԱՐՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Օգոստոսի 23-ին, առանց երկար-բարակ խորհելու Էտկար Ղազարեանի հրաւիրած հանդիպումի արդիւնքներու մասին, երեկոյեան ժամը 5-ին հանդերձ ընտանեօք՝ ես, իմ երկու զաւակներն ու մայրիկս շտապեցինք Հանրապետութեան հրապարակ՝ անգամ մը եւս իմ Հայաստանն ու Արցախը գրկելու, ըսելու, թէ ինչքան շատ կը սիրեմ իմ աստուածատուր հայրենիքները: Հանրահաւաքի վերջաւորութեան մօտ Արին ալ միացաւ մեզի, միասին վերադարձանք տուն:
Էտկար Ղազարեան անուն-մականունը առաջին անգամ կ՚իմանամ՝ չեմ ճանչնար: Քանի մը շաբաթ առաջ ինծի անոր մասին պատմեց մեր դիմացի դրացին տիկին Լորան՝ հայրենասէր ու աստուածապաշտ կին մը: Նոյնիսկ կեանքի մայրամուտին ան իր հմայքը չէ կորսնցուցած, բաւական գեղեցիկ է, խելացի ու զարգացած: Ամէն կիրակի մեզի նման կը մասնակցի պատարագներուն, ինչպէս նաեւ յանուն մեր երկու հայրենիքներու բարօրութեան կազմակերպուած իւրաքանչիւր հանրահաւաքի, բողոքի ցոյցի: Անոր երկու երիտասարդ թոռները կը նստին տունը, իսկ ան կ՚ելլէ պայքարի՝ յանուն անոնց պայծառ ապագայի: Տիկին Լորան մեծ յոյսեր կը փայփայէր վերջինիս հետ: Ի սրտէ կ՚ուրախանար՝ յուսալով, թէ այս անգամ պիտի յաջողինք փրկել Հայաստանը ազգադաւ իշխանութիւններէն:
Ինծի համար նորայայտ անունը մնաց իմ ուղեղի մէջ: Ուշադրութիւնս շատ չսեւեռեցի անոր վրայ: Միեւնոյն ժամանակ ալ անուշադրութեան չմատնեցի: Ժամանակ առ ժամանակ իմ դիմատետրի էջին վրայ կ՚ելլէր այս անուն-մականունը: Սկսայ փորփրելու: Նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց Ձորի մարզպետ, այնուհետեւ Վարշովայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան, Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի աշխատակազմի ղեկավար, ներկայիս դասախօս՝ Էտկար Ղազարեանի մասին կ՚ըսեն՝ մեծ հայրենասէր եւ ունի փայլուն քաղաքական անցեալ: Զուսպ ու խելացի մարդ մըն է: Իսկ այսօր՝ հայրենասէր, մասնաւորապէս Արցախի ցաւը իրենց սեփական ցաւը համարողները անդադար պիտի օրհնենք: Տեսնելով, որ իմ ազգային մտածելակերպը ունեցող ընկերներն ու ծանօթները կ՚ապաւինին Էտկար Ղազարեանին, որոշեցի նոյնպէս անմասն չմնալ:
Պայմանաւորուած ժամուն հասայ Հանրապետութեան հրապարակ ո՛չ թէ Էտկար Ղազարեանին սատարելու, այլեւ ըլլալու իմ աստուածատուր հայրենիքներու քովը: Ըսելու, որ իմ հայրենիքը մինակ չէ, ես մշտապէս իմ սրբավայրի քովն եմ: Իսկ այսօր Հայաստանն ու Արցախը ունին իմ եւ իւրաքանչիւր հայու օգնութեան, սիրոյ, հոգատարութեան կարիքը: Իմ հայրենիքը զիս կը կանչէ, ինծի կը սպասէ, իմ պարտքն է ըլլալ իմ հայրենիքի կողքին՝ մասնաւորապէս եթէ յանուն իմ հայրենիքի բարօրութեան ոտքի ելած են ազնիւ ու սրտցաւ հայորդիներ:
Յիրաւի, հանրահաւաքի արդիւնքը կախեալ էր մեզմէ իւրաքանչիւրէն: Բոլոր այն հայերը, որոնք իսկապէս մտահոգ են մեր հայրենիքի վաղուան օրով, պարտաւոր էին իրենց պարտքը կատարելու՝ ներկայանալու ու սատարելու հայրենի հողին: Աւա՜ղ, մասնակիցներու թիւը գոհացուցիչ չէր: Այս անգամ նոյնպէս շատեր գերադասեցին բազմոցէն հետեւիլ իրադարձութիւններու զարգացումին: Հաւաքուած էին ընդամէնը քանի մը հազար սրտացաւ քաղաքացիներ:
Հանրահաւաքի գլխաւոր նպատակն էր՝ Էտկար Ղազարեանի հանդիպումը Նիկոլ Փաշինեանի հետ, կարճատեւ խօսակցութիւն մը, որմէ ետք Նիկոլ Փաշինեան պէտք է գրէր իր հրաժարականի դիմումը: Գիտեմ՝ անիրական կը թուի: Ես՝ առանց որեւէ սպասումի իմ հայրենիքի կողքին էի, թէպէտ քաջ գիտէի, թէ մեր ազգադաւ վարչապետը պիտի ճողոպրի այս հանդիպումէն:
Ոստիկանները աւելի շատ էին, քան հանդիպումի մասնակիցները: Տասնեակ ոստիկանական պատերը կը պաշտպանէին կառավարութեան դատարկ շէնքը: Իսկ վարչապետը Սեւանի կառավարական ամարանոցի մէջ կը վայելէր երեկոն:
Թէպէտ իմ սպասումները զերոյական էին, սակայն հերթական հիասթափութիւն ապրեցայ: Թեւաթափ եղայ: Բոլոր հնարաւորութիւնները կը մարին: Ժամանակը սուղ է: Իսկ մենք անզօր ենք այս պայքարին մէջ յաջողութեան հասնելու: Գլխաւոր պատճառի մասին բարձրաձայնող չկայ: Իւրաքանչիւրը հակուած է բերելու աշխարհիկ պատճառաբանումներ, թէպէտ իւրաքանչիւրը քաջ կը գիտակցի, թէ նեռը տիրած է հայոց գահին: Իրաւացի էք: Սակայն չար ուժերու, սատանայի ծառայի դէմ առանց Աստուծոյ՝ անզօր ենք պայքարելու, յաջողութեան հասնելու: Մենք կ՚ուզենք մեր տկար հաւատքով, անթիւ ու անհամար մեղքերու տակ կքած արժանանալ Տիրոջ ողորմածութեան:
Շարժեցինք Տիրոջ զայրոյթը, այժմ առանց ապաշխարութեան ողորմութիւն կը խնդրենք՝ առանց գիտակցելու այս բոլորի մէջ մեր սեփական մեղքի բաժինը:
Խաւարը հետզհետէ կը մթագնի: Երբեմն առկայծող լոյսի նշոյլներ կը պարզուին, ինչ որ թուացեալ խաբկանք է: Մեր հայրենիքի ազատագրումը մեր ձեռքերուն մէջ է, սակայն մենք ոչինչ կ՚ընենք յանուն անոր բարօրութեան: Դանակը տակաւին ոսկորին չէ հասած: Ժողովուրդը կը գտնուի նիրհի մէջ ու կը վխտայ անյատակ մեղքերու մէջ:
Աստուած օգնական ու պահապան մեր հայրենիքին: Յուսամ՝ վաղը ուշ պիտի չըլլայ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024