ԵԶԱԿԻ ԲԱՌԱՐԱՆ ՄԸ…

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է հայ հոգեւորականներու պատուանուններու եւ ծածկանուններու բացատրական բառարանի մը, որ եզակի է հայ իրականութեան մէջ: Այս աշխատութեան հեղինակն է Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Մանուէլ Սրկ. Սարգսեան, որ բառարանը ձօնած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Տ. Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի մահուան 100-րդ տարելիցին։

Նախ նշենք, որ բառարանը կ՚ընդգրկէ Դ. դարէն մինչեւ մեր օրերու պատուանուն կամ ծածկանուն ունեցող հայ հոգեւորականները։ Ընդհանուր առմամբ, ներկայացուած է 200 հոգեւորական, որոնց շարքին կը գտնուին ամենայն հայոց հայրապետներ, Կիլիկիոյ կամ Աղթամարի կաթողիկոսներ, Երուսաղէմի կամ Պոլսոյ պատրիարքներ, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ զանազան թեմերու արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու 350 պատուանուն եւ ծածկանուններ, որոնց գրեթէ երկու երրորդը նախապէս ուսումնասիրուած չէր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հաւանութեամբ եւ «Լեւոն Սրկ. եւ Արաքսի Զենեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ հրատարակուած գիրքին մէջ ներածական խօսք գրած է Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօս Գէորգ Տէր-Վարդանեան: Ան կը նշէ.

«Հայկական անուանաբանութեան ասպարէզին մէջ արձանագրուած են էական-նշանակալի արդիւնքներ, որոնցմէ առաջինը կարելի է համարել Հրաչեայ Աճառեանի հնգհատորեայ կոթողային Անձնանուններու բառարանը, երկրորդը՝ տեղանուններու մեծադիր նոյնպէս հնգհատորեայ բառարանն է, կայ նաեւ մականուններուն վերաբերող Տիգրան Աւետիսեանի ուսումնասիրութիւն-անուանացանկը եւ նոյնա-բընոյթ բառարանը. ունինք նաեւ մեր տոհմանուններու ծագումին վերաբերող հինգ տարբեր մտաւորականներու կարծիքներու ակնարկաշար գրքոյկ մը, որ նախաձեռնած եւ կազմած է պոլսահայ Թորոս Ազատեան: Ի վերջոյ, նոյն հարցին ուղղակի վերաբերող արժէքաւոր աշխատանք մըն է նաեւ Բախտիար Յովակիմեանի կեանքին գործը (Հայոց ծածկանուններու բառարան): Այս աշխատութիւնները տասնամեակներ տեւած տքնանքներու հետեւանք են, բաւական ծաւալուն աղբիւրագիտական հիմքեր ունին, ինչպէս նաեւ՝ գիտական տարաբնոյթ աշխատանքներու համար կարեւոր տեղեկատուներ են: Տեղանուններու բառարանէն զատ, միւսները կ՚ընդգրկեն հին կամ նոր ժամանակներու մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ծածկանուններուն վերաբերող հպանցիկ՝ համառօտ կամ ընդարձակ անդրադարձներ: Սակայն Մանուէլ Սրկ. Սարգսեանի այս աշխատութիւնը առաջինն է, որ կը վերաբերի յատկապէս հայկական ծածկանուններուն: Հոս ակնարկային նախաբան-ուսումնասիրութեան կցուած է հայ հոգեւորականներու երբեւէ կրած պատուանուներու եւ ծածկանուններու բաւական ճոխ բացատրական բառարան մը:

«Առաջինը ըլլալով, այս աշխատութեան ծնունդը ողջունելի է, ասոր կ՚աւելնայ նաեւ այն հանգամանքը, որ գիրքը լիովին յաջող է, որովհետեւ հիմնուած է գոյութիւն ունեցող կարեւորագոյն աղբիւրներու վրայ, նաեւ՝ գործածուած է նիւթին վերաբերող հիմնական գրականութիւնը:

«Մանուէլ Սարկաւագ ժողված եւ քննած-բացատրած է միայն հոգեւորականներու պատուանուններն ու մականունները, եւ ասիկա, բնականաբար, պայմանաւորուած է իր հոգեւորական ըլլալուն հանգամանքով: Մինչդեռ, յայտնի է, որ մականունին երեւոյթը յատուկ է հասարակութեան բոլոր խաւերուն. ուստի յոյս ունինք, որ մեր հեղինակը կը շարունակէ իր այս օգտակար աշխատանքը եւ օր մը կը հրատարակէ Հայոց մականուններու լիակատար բացատրական բառարան մը»:

Նոր լոյս տեսած գիրքին առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հանդիպեցաւ Մանուէլ Սրկ. Սարգսեանին, որ այսօր ծառայութեան կոչուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութենէն ներս եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ՝ այս շատ հետաքրքրական գիրքին լոյս ընծայման առթիւ: Զօրակոչուելէն առաջ Մանուէլ Սրկ. Սարգսեան նշանակուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակին մէջ:

*

-Ինչպէ՞ս ծագեցաւ նման բառարան մը կազմելու միտքը:

-Այս գիրքին խմբագիրը՝ Գէորգ Տէր-Վարդանեան, Ճեմարանի մէջ իմ դասախօսն էր, աղբիւրագիտութիւն կը դասաւանդէր: Երբ մագիստրոսական ուսմանս ժամանակ աւարտաճառիս նիւթը կ՚որոշէի, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներէն Թիւթիւնճիին մականունն էր կարծեմ, որ առաջին անգամ մտածելու տեղի տուաւ, թէ ինչպէս յառաջացած է անոր այս մականունը: Աւարտաճառի նիւթը այդպէս որոշեցի, բայց սկիզբէն չէի մտածած նաեւ պատուանունները ներառել: Աշխատելու ընթացքին հասկցայ, որ մէկ մասը ուղղակի պատուանուն է. օրինակ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչին տրուած «Լուսաւորիչ»ը ծածկանուն չէ, այլ՝ պատուանուն, Ներսէս Շնորհալիին տրուած «Շնորհալի»ն՝ նոյնպէս, Վազգէն Վեհափառին կ՚ըսեն «Շնորհազարդ» եւ այսպէս շարունակ…

Իսկ մեր եկեղեցականներուն տրուած ծածկանունները անձի թերութիւններով, գործունէութեան որեւէ դրուագով, անոնց ծնած կամ գործած վայրին անունով կամ որեւէ իրադարձութեամբ պայմանաւորուած են: Եղած են նաեւ առաքելութեան ընթացքին վրիպումներու, սխալներու, թերացումներու պատճառով հոգեւորականներուն տրուած ծածկանուններ, եղած են անոնց ֆիզիքական նկարագրին վերաբերող ծածկանուններ եւ այլն:

Պատուանունները բացառապէս պատիւ բերող անուններ են, բացասական որեւէ երանգ չկայ անոնց մէջ, իսկ ծածկանունները ունին նման երանգներ:

Օրինակ՝ Պոլսոյ պատրիարքներուն եւ միաբանութեան անուններուն մէջ կան քանի մը տեսակի ծածականուններ: Ծածկանուններ կան, որոնք տրուած են միաբանութեան կողմէ: Օրինակ՝ Ստեփանոս Պրուսացի պատրիարքը ունի իր երկրորդ ծածկանունը՝ Աղաւնի, քանի որ ան, ուսումնառութեան տարիներուն ցայտուն էր իր համեստութեամբ, հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, եւ Պօղոս Արք. Գարագօչեան զինք կոչած է Աղաւնի: Եւ այդ անունը ուղեկցած է անոր: Կամ՝ Էքմէքճի ծածկանունով պատրիարքը. ստուգաբանութեամբ այդ բառը հացավաճառ կը նշանակէ: Անոր կենսագրութիւնը ուսումնասիրելու ժամանակ տեսայ կենսագրական դրուագ մը, որ ան, նախքան հոգեւորական դառնալը, եղած է Օսմանեան բանակին հացի առաքիչը, եւ երբ պատրիարք դարձած է, այդպիսի անուն մը տուած են անոր: Պոլսոյ մէջ ունեցած ենք չսիրուած պատրիարքներ, որոնց այս կամ այն ծածկանունը տրուած է. օրինակ՝ Գինեվաճառ եւ այլն: Առհասարակ, պատուանուններու եւ ծածկանուններու բազմազանութեամբ աչքի ինկած են մանաւանդ Պոլսոյ պատրիարքներն ու թրքահպատակ տարածքներու մէջ ապրող քահանաները, վարդապետները եւ եպիսկոպոսները: Մանաւանդ բացասական երանգաւորում պարունակող ծածկանունները շատ եղած են ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն: Այս ալ ունի իր բացատրութիւնը: Այս ժամանակաշրջանին Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին բարձրացած են ոչ քիչ թիւով անարժան հոգեւորականներ, որոնք գահակալած են մէկ-երկու տարի, սակայն այդ ալ բաւական չէ եղած, որ պոլսահայերը զանոնք հեռացնեն խայթող ծածկանունով մը պիտակուած: Տրամաբանական է ենթադրել նաեւ, որ ծածակուններու կիրարկութիւնը բնորոշ էր անոնց ապրած տեղին եւ իրականութեան: Որոշ հոգեւորականներու ծածկանունները զաւեշտալի կերպով սննդատեսակի անուանումներ են, որոնք ես բնորոշած եմ իբրեւ Սննդային մականուններ: Անոնցմէ են օրինակ՝ Յովհաննէս Պատրիարք Նոխութճին (Սիսեռակեր), Յովհաննէս Վրդ. Ոսպնակերը, Գրիգոր Վրդ. Չորթանը, Յովհաննէս Վրդ. Կռճոնը եւ շատ ուրիշներ: Հիմնականօրէն՝ Մեծ պահքին ով ինչ որ սիրած է ուտել, անուն մը վաստկած է: Օրինակ՝ Յովհաննէս Վրդ. Կռճոնը այդ ծածկանունը ստացած է այն պատճառով, որ վանքին մէջ ճաշը աւարտած են, ինք միշտ աւարտին հասած եւ մնացորդները՝ կռճոնները կերած է: Իսկ ֆիզիքական արատներով պայմանաւորուած այսպիսի ծածկանուններ կրողներէն եղած են Մխիթար Գօշը, Գէորգ Աճիկան, Յովհաննէս Թօփալը, Յովհաննէս Կոլոտը եւ այլն:

Եղած են նաեւ պարագաներ, երբ հոգեւորականը ինքն իրեն ծածկանուն մը տուած է: Օրինակ՝ Թորոս Քահանայ Պոլսեցին ինքզինքը կոչած է Էօքսիւզ տէրտէր՝ Անշնորհք քահանայ: Սակայն, որեւէ վկայութիւն չկայ այն մասին, թէ ի՛նչն էր պատճառը, որ հոգեւորականը նման ինքնապախարակումի դիմած ըլլար:

Հետաքրքրական է, որ 132 ամենայն հայոց կաթողիկոսներէն 37-ը կարգ մը աղբիւրներու մէջ կը հանդիպին անունին կից պատուանունով կամ ծածկանունով: Որոշ կաթողիկոսներու ծածկանուն կամ պատ-ւանուն կիրառութեան մէջ դրուած է անոնց հայրապետական աթոռին բազմելէն առաջ, որոշ պարագաներու՝ ընթացքին, իսկ երբեմն ալ՝ վախճանումէն ետք:

-Աղբիւրները բաւարա՞ր էին՝ նման ուսումնասիրութիւն մը կազմելու համար:

-Աղբիւրները բազմազան են: Գիրքին մէջ նշած եմ միայն քանի մը էջ աղբիւրները, որոնցմէ ետք՝ բառարաններ, համայնագիտարաններ, գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ այլն: Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ընթերցողին համար դժուար պիտի ըլլայ պարզել, թէ իր փնտռած հոգեւորականը ի՞նչ ծածկանուն եւ պատուանուն ունեցած է կամ անոր մասին կա՞յ այս բառարանին մէջ, գիրքին կցած ենք նաեւ պատուանուններ եւ ծածկանուններ ունեցող եւ սոյն բառարանին մէջ տեղ գտած բոլոր հոգեւորականներու անուններուն ցանկը: Անշուշտ, միշտ ալ աշխատութիւնը լրացման կարիք ունի, եւ հարկ է նաեւ յետագային բառարանը աւելի ծաւալուն դարձնել՝ նորանոր անուններու բացայայտման շնորհիւ:

-Ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ այս աշխատութիւնը մանաւանդ հոգեւորականներու կողմէ:

-Մտավախութիւն կար, մանաւանդ որ աւարտաճառի պաշտպանութեան ժամանակ ներկայ էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետը, հարցումներ եղան, կը պատասխանէի: Ընդհանուր առմամբ ընդունելութիւնը լաւ էր: Գիրքը տակաւին նոր լոյս տեսած է, բայց արդէն կան գնահատականներ, որոնք կը բնորոշեն, որ այս աշխատութիւնը հայ իրականութեան մէջ առաջին փորձն է՝ զանազան աղբիւրներէ, ուսումնասիրութիւններէ հաւաքելու, մէկտեղելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բազմադարեայ կեանքին ընթացքին հոգեւորականներուն տրուած պատուանուններու, մականուններու ցանկը, պարզելու այդ հոգեւորականներու իսկութիւնն ու տալու անոնց մականուններու ստուգաբանութիւնը:

Գիրքին մէջ նաեւ լուսանկարներ կան, բայց այն հոգեւորականներու լուսանկարներն են, որոնք մեզի հասած են, պահպանուած են, կան հոգեւորականներ, որոնք միայն անուններով ներկայացուած են:

Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսած է անուններ տալու սովորութիւնը եւ մինչ օրս կը շարունակուի: Գիրքին մէջ, բնականաբար, նաեւ սփիւռքը ներառուած է, եւ մեր օրերու անուններէն վերջինը, որ անդրադարձած եմ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն է, որ յայտնի է Գարեգին Շինարար անունով:

-Ինչպիսի՞ փորձառութիւն է հայոց բանակին մէջ ծառայութիւնը:

-Ընթացիկ տարուան յունուար ամիսէն ծառայութեան մէջ եմ, Արցախի N զօրամասին մէջ՝ անառիկ լեռներուն եւ սահմանին մօտ: Հետաքրքրական է աշխատանքը բանակայիններուն հետ, զրոյցները կեանքի այս կամ այն հարցին, իրենց միջեւ ծագած որեւէ խնդրին շուրջ: Աղօթք կ՚ընենք, չմկրտուած զինուորները կը մկրտենք...

-Ուրիշ աշխատութիւններ պատրաստելու նպատակ կա՞յ:

-Այո, այս տարի լոյս պիտի տեսնէ նաեւ իմ յաջորդ գիրքս՝ նուիրուած Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին: Երբ ես մօտ հինգ տարի առաջ իբրեւ Ճեմարանական Սեւանավանքի մէջ էի, մտայղացայ դասերէն զատ զբաղում մը գտնել, քանի որ թերակղզիին մէջ տեղ մը չես կրնար երթալ, այնպէս, ինչպէս Էջմիածնի մէջ եղած ժամանակս: Որոշեցի ուսումնասիրելու համար նիւթ մը ընտրել, որ քիչ ուսումնասիրուած է: 1988 թուականի երկրաշարժը եւ այդ ժամանակ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը զիս շատ հետաքրքրեց. սկսայ ուսումնասիրել, բաւական նիւթ հաւաքեցի. ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը դարձաւ: Հոն զանազան տեղեկութիւններ կան Հայ Եկեղեցւոյ դերին, երկրաշարժին, անոր հասցուցած վնասներուն, աշխարհի վերաբերումին, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան աղէտի գօտիին մէջ եւ աղէտեալներուն համար: Գիրքին մէջ նաեւ յիշողութիւններ, վկայութիւններ, հետաքրքրական բացայայտումներ կան, ներառուած է նաեւ բանաստեղծութիւններու մատենագիտական ցանկ մը: Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ մինչեւ յառաջիկայ դեկտեմբեր, եւ նուիրուած է Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Շաքարեանին, որ աղէտի ժամանակ եղած է առաջնորդը: Երբ Սեւանավանքէն վերադարձայ, անոր յայտնած էի իմ այս մտադրութեան մասին, սակայն դժբախտաբար ան հեռացաւ կեանքէն մինչեւ այս գիրքին հրատարակութիւնը:

ԲԱՌԱՐԱՆԷՆ ՈՐՈՇ ԱՆՈՒՆՆԵՐ

Ականատես- Գրիգոր վարդապետ, ԺԲ. դարու հոգեւորական, որու գերեզմանը կը գտնուի Սաղմոսավանք եւ ժամանակին եղած է ուխտատեղի: Գրիգոր վարդապետը, երբ ճգնաւոր եղած է Արագած սարին վրայ, տեսիլք ունեցած է, որմէ յետոյ նախաձեռնած է Արագածէն առու փորել եւ ջուր հասցնել Աշտարակ, որով ալ պայմանաւորուած, արժանացած է Ականատես ծածկանունին:

Բարեպաշտ- Համամ Վրդ. Արեւելցի, Բագրատունի: Բ. դարու հոգեւորական, որը նախապէս եղած է իշխան, Աղուանէն թագաւոր, սակայն հրաժարած է գահէն, եւ, ինչպէս Մովսէս Կաղանկատուացին կը գրէ «Ապա բարեպաշտն Համամը» նուիրուած է հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին: Եղած է բարի, մեծահոգի, նուիրուած հոգեւորական, եւ ապրած կեանքի բնորոշումն ալ դարձած է անոր պատուանունը:

Թաուիլ- Երուսաղէմի պատրիարք Յովհաննէս Զ. Եգիպտացի Մսըրցի (1479-1491): Յովհաննէս Զ. Եգիպտացի պատրիարքին տրուած «Թաուիլ» ծածկանունը արաբերէն բառ է եւ կը նշանակէ երկայնահասակ, այսինքն եղած է բարձրահասակ:

Լալուկ- Ստեփանոս Վրդ. Թաւրիզեցի: Պատմութեան մէջ ունինք երկու Ստեփանոս Թաւրիզեցի, որոնցմէ մէկը ծանօթ է Լալուկ ծածկանունով, իսկ միւսը եղած է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի աշակերտը: ԺԵ. դարու հոգեւորական, որ մկրտած է մահմետականութենէն դարձի եկած ոմն Եուսուֆը՝ անուանելով զայն Իսահակ: Ան յաճախ իր անձը խոնարհեցուցած է մարդոց առջեւ, մեղադրած ինքզինքը, դառնագին լաց եղած: Ստեփանոս վարդապետ ապրած է զուսպ կենցաղավարութեամբ, խիստ համեստ կեանքով, որով ալ պայմանաւորուած արժանացած է Լալուկ ծածկանունին, որ կը նշանակէ խեղճ, լալու չափ խղճալի, ինչպէս նաեւ՝ լալկան, շատ լացող:

Սարը, Սարի- Կ. Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Կեսարացի (1692-1694): Մատթէոսը Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը առաջնորդած է շուրջ երկու տարի: Եղած է ճարպիկ, ունեցած է աշխոյժ գործունէութիւն… Մազերը եւ մօրուքը շէկ եղած են, որով ալ պայմանաւորուած է անոր տրուած «Սարի» ծածկանունը:

Քիւթիւր- Պետրոս Եպսկ. Այնթապցի, Հռոմկլայեցի: ԺԸ. դարու հոգեւորական, որ եղած է խռովարար, կռուազան եւ մեծամիտ բնաւորութեան տէր մարդ: 1737 թը-ւականին Կ. Պոլսոյ մէջ Էջմիածնի նուիրակ եղած տարիներուն փորձ կատարած է պատրիարքական աթոռէն իջեցնել Յովհաննէս Կոլոտը, սակայն անոր ծրագիրը տապալուած է: 1746 թուականին Ղազար Ա. Ջահկեցի կաթողիկոսը զայն կը բանտարկէ Սեւանի մէջ՝ ենթարկելով բազմաթիւ տանջանքներու: 1748 թուականին, երբ Ղազար աթոռազուրկ կ՚ըլլայ, Պետրոս կ՚ընտրուի կաթողիկոս, սակայն տասն ամիս անց Ղազար կրկին կը վերադառնայ գահին եւ «Պետրոս Քիւթիր գնաց Ջահուկ», ուր ալ 1750 թուականին աւազակներու յարձակման ժամանակ սպաննուեցաւ: «Քիւթ» կը նշանակէ ծայրը բութ, հաստ, իսկ «Քիւթուր» ունի թրքական ծագում եւ կը նշանակէ աղմկոտ: Պետրոսին այդ ծածկանունը ամենայն հաւանականութեամբ տուած են պոլսահայերը, քանի որ վերջինս փորձած էր խռովութիւն կազմակերպել եւ տիրանալ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին:

Քռնած- Ախթամարի Կարապետ կաթողիկոս: ԺԷ. դարու կաթողիկոս, որու գահակալման ստոյգ ժամանակաշրջանը յայտնի չէ: Քռնած կամ քռնուկ կը նշանակէ երեսը սպիներով պատուած, ծակծկուած, չեչոտ, ծաղկատար: Այդպէս կ՚ըլլայ ջրծաղիկ հիւանդութեան բարդացման, աղտահարուած ժամանակ չխնամուելու կամ դէմքը քորելու պատճառով: Ենթադրաբար Կարապետ կաթողիկոս մանուկ հասակին հիւանդացած է, դէմքը սպիներով պատուած է, որով ալ պայմանաւորուած եղած է կաթողիկոսութեան շրջանին ստացած «Քռնած» ծածկանունը:

Թոփալ- Կ. Պոլսոյ պատրիարք Յովհաննէս Եպսկ. Ամասիացի, Սամաթիացի (1674-1676): Յովհաննէս պատրիարք գահակալած է կարճ ժամանակահատուած մը, քանի որ այդ շրջանին թէժ պայքար կը ծաւալուէր աթոռի համար: Պատմական յստակ ու ճշգրիտ տեղեկութիւններ չունինք, թէ ինչպէս ան դարձած է պատրիարք եւ երկու տարի անց աթոռանկ եղած: Ոմանք զայն «Սամաթիայի երէց» եւ «Ամասիացի վարդապետ» կը կոչեն: Հաւանական է, որ ան Սամաթիոյ քահանան եղած է, այնուհետեւ վեղար առած, դարձած է պատրիարք: «Թոփալ» բառը, որ թրքերէն ծագում ունի, տրուած է Յովհաննէս պատրիարքին՝ մէկ ոտքէն կաղ ըլլալու պատճառով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018