ԲՌՆԿՈՒՄ
Առաւօտ շուտ, ինչպէս միշտ, կ՚արթննայ տիկին Անին, ոտքերուն կ՚անցընէ հողաթափերը, եւ զանոնք քսելէն-քսելէն կ՚երթայ խոհանոց։
Բաժակ, եռացած ջուր, երկու թգալ լուծուող սուրճ։
Կիսաբաց կոպերը կախած երեսին՝ ծանր քայլերով կ՚անցնի նստասենեակ, ձեռքը կ՚առնէ կառավարիչը հեռատեսիլին, մէկ վեր, մէկ վար, մինչեւ կը հասնի նախընտրած իր պետական կայանին, ուր «առաւօտեան խորհուրդներ»ը կը փնտռէ։
Կը փնտռէ, բայց չի գտներ։
Փոխարէնը, ի՞նչ տեսնէ։ Ծուխ ու կրակ, այրող խանութներ, եւ զինեալներ պատկերող պատկերներ։ «Աս զզուելի բաները ինչո՞ւ կը սփռեն կոր նորէն», կը մտածէ ինքն իրեն, ու ժամին կը նայի՝ շո՞ւտ միացուցեր է։ Չէ, «առաւօտեան խորհուրդներ»ու ժամն է։ Սխա՞լ կայանի վրայ է. չէ, պետականն է։
Եւ շուտով պաստառէն դուրս կու գայ մտահոգ ձայն մը. «Սեպտեմբեր 29, 2020… զինեալ բախումներ՝ հիւսիսային թաղամասի մէջ»։
Կը ցնցէ բաժակը ձեռքի, եւ սրճագոյն հեղուկը կու գայ այրելու ազդրերը, որոնք կարճ դող մըն ալ կ՚ապրին։
«Ա՛հ...»
Հապճեպօրէն բաժակը կը դնէ սեղանին, երեք հատ դաշկինակ դուրս կը քաշէ տուփէն, կը դնէ զիստին, եւ այրուածքը մոռնալով, աչքերը կը յառէ պաստառին, որ... կը ծխայ... նորէն... այսքան տարի ետք...
Ակամայ բնազդային շարժումով մը սրունքներն ու մէջքը կը պրկէ, ոտքի կենալ, ներս երթալ եւ ամուսնոյն արթնցնելու համար, շուտով յիշելու համար, որ իննը, ա՜խ արդէն տաս օրեր զիրենք կը բաժնեն, ու կը մնայ տեղը...
Մէկ վեր, մէկ վար, կը հասնի միւս տեղական կայաններուն. բոլորը նոյնը... կը փորձէ զրոյցներու հետեւիլ, մեկնաբանութիւնները լսել, հասկնալու համար կատարուածին լրջութիւնն ու պատճառները, բայց միտքն այնքան իրար է անցեր, որ բան չի կրնար ըմբռնել. այն գիտէ միայն, որ
«սկսա՛ւ, նորէ՛ն սկսաւ անիծեալը»…
Յանկարծ կ՚որոշէ ոտքի կենալ, արագ բաներ մը նետել վրան, եւ երթալ շուկայ։ Աստիճաններէն սովորականէն արագ կ՚իջնէ, ձեռքին երկու դատարկ խոշոր լաթէ պայուսակ։ Ատոնք, որ ա՜յն օրերուն կ՚օգտագործէին...
Կը վազէ նախ փուռ, 6-7 տրցակ հաց կ՚առնէ։ Յետոյ բանջարեղէնի խանութէն գետնախնձոր, ստեպղին, սոխ, սխտոր, ուշ փճացող այլ բաներ... Ապա նպարավաճառէն ալիւր, շաքար, աղ, ոսպ, ձաւար ու բրինձ ահագին, քիչ մըն ալ օճառեղէն մօճառեղէն։
Ամէ՛ն անկիւն, որ կը դառնայ, դէպք մը կը յիշէ այն օրերէն... հօրեղբօր տղուն սպանութիւնը, իրենց տուն մտնել կողոպտելը, հօր երկու օր ուշանալը, ամուսնոյն մի քանի հարցաքննութիւնները, եւ այդպէ՜ս շարունակ... «սեւ օրերը» կու գան, կը վերադառնան մտքին մէջ, ու մի քանի անգամ լացը հազիւ կը զսպէ...
Պարենի իր հաւաքումն այդ մի քանի ժամ կը տեւէ։ Ծանր բեռը ձեռքերուն, արագ կը վերադառնայ տուն։ Ամէն ինչ կը տեղաւորէ, ճիշդ այն օրերուն պէս, լուացքը կ՚ընէ «քանի ջուրերը չեն կտրուած», ետքը յոգնած, կը վերադառնայ նստասենեակ ու կը նստի բազկաթոռին։
Մի քանի վայրկեան կը տատամսի... «բանա՞մ, չբանա՞մ»։ Տեսնէ՞ նորէն պատկերները... ի վերջոյ չի դիմանար, ու, գիտակցելով հանդերձ, որ տեսնելը միայն յաւելեալ վախ ու անհանգստութիւն պիտի պատճառէր իրեն, կը սեղմէ կոճակը՝ զսպել չկարենալով վտանգի հանդէպ հետաքրքրութիւնն իր, որ միշտ ունեցած էր, ա՜յն օրերէն։
Մէկ վեր, մէկ վար, ի վերջոյ կը հասնի պետականին։
Դասական երաժշտութեան կատարում՝ տաս վայրկեան։
Օդերեւութաբանական հաղորդում՝ եօթ վայրկեան։
Յետոյ՝ երեկոյեան լուրեր. «յանկարծակի բռնկումէ ետք՝ խաղաղութիւն դարձեալ. վերադարձ՝ բնականոն կեանքին...», ինքնավստահ շեշտով կ՚ըսէ լրագրողուհին։
Աչքերը կը փակէ, արցունք կը թափէ կոպերուն տակէն, եւ տասը, հարիւր, հազար անգամ «փառք Տիրոջ»…
Կը մնայ, որ հոգին վերախաղաղի։
ԵՐԱՄ