ՍԹԱՆԻՍԼԱՒ ՍՈՒՔԱԼՍՔԻ. ԿՈՐՈՒՍԵԱԼ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ - Ա -

20-րդ դարու առաջին կէսին Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները արուեստի աշխարհէն ներս կը ստեղծէին լայն արձագանգ։ Երկագունդի այդ հատուածէն ներս կը տիրէր ապստամբութեան մթնոլորտ, ուր հասարակական համակարգը կը խախտուէր։ Աւանդութիւնները արգիլուած էին, մինչդեռ նորարարական հեռանկարներն ու թեքնիքը կը գրաւէին նոր լսարանի ուշադրութիւնը։ Քննադատներ, որոնք նախապէս կը ստորադասէին Եւրոպայի արեւելեան երկիրները, սկսած էին ուշադրութիւն դարձնել անոնց։ Այնուհետեւ, լեհ արուեստագէտներ յայտնուեցան աւելի լաւ դիրքերու վրայ, ընդգծուեցան իրենց գեղարուեստական նուաճումները։ 

Նկատի ունենալով այն հզօր ուժերը, որոնք լեհերը պարտադրած են իրենց հայրենի հողերը լքելու, զարմանալի չէ, թէ Լեհաստանի հարազատ զաւակները կը յայտնուէին այլ երկիրներու արուեստի աշխարհին մէջ։ Քազիմիր Մալեւիչ, Մելա Մութեր, Պալթուս նշանաւոր նկարիչներ են, որոնց լեհական ծագումը յաճախ կ՚անտեսուի կամ կը բացակայի իրենց արուեստի մէջ։ Նոյնը կարելի չէ ըսել քանդակագործ ու նկարիչ Սթանիսլաւ Սուքալսքիի մասին, որու աշխատանքները կ՚արտացոլեն Լեհաստանի պատմութեան եւ սլավոնական բանահիւսութեան իր իւրայատուկ ընկալումը։ Անշուշտ, անհրաժեշտ է դիտարկել Սուքալսքիի վաղ կեանքի որոշ դրուագները եւ ուսումնասիրել, թէ ինչպէս անոնք յետագային ազդած են ի՛ր, նաեւ իր արուեստին վրայ։ 

Անհնար է հասկնալ արուեստագէտը եւ ստեղծագործական աշխատանքը՝ առանց յստակ պատկերացում մը ունենալու անոր հոգեբանութեան մասին: Սուքալսքիի  պարագային ակնյայտ է, թէ ինչպէս հայրը ազդած է անոր աշխարհայեացքի վրայ։ Սուքալսքիի հայրը՝ Տիոնիզի Սուքալսքի երկաթագործ էր, բայց ան նաեւ յեղափոխական էր։ Տիոնիզի Սուքալսքի վրդոված էր քաղաքական ու հասարակական անարդարութենէ։ Իրերու այս դրուածքը դրդեց Տիոնիզի Սուքալսքին եւ իր սերնդակից այլ քաղաքական աքթիվիստները չափազանց վճռական ըլլալ՝ Եւրոպայի կայսերականութիւնը տապալելու համար։ Բռնագրաւեալ տարածքներու ներքեւ հաստատութիւններու հետ հակասութիւն ունենալը հեշտ չէր, իբր այդ Սուքալսքի ընտանիքը ստիպուած էր կրկին-կրկին տեղափոխուիլ այլ երկիրներ։ Սթանիսլաւ Սուքալսքիի ծննդեան ընդառաջ ընտանիքը կարճ ժամանակով փախած էր Պրազիլ, ուր ծնած էր իր քոյրը՝ Ալֆրետան։ Լեհաստան վերադառնալէ քիչ անց նիւթական դժուարութիւնները ստիպեցին Տիոնիզին թողել իր ընտանիքը Վարտայի մէջ եւ ուղեւորուիլ Հարաւային Ափրիկէ։ Քանի մը տարի այնտեղ աշխատելէ յետոյ ճնշող դժուարութիւններու դէմ արդար պայքարի մղումը Տիոնիզին ստիպեց զէնք վերցնել Երկրորդ պոէրական պատերազմի ընթացքին, բրիտանացիներու դէմ։ Տիոնիզին կռուեցաւ պոէրներու կողքին մինչեւ անոնց պարտութիւնը՝ 1902 թուականը։ Ան վերադարձաւ իր ընտանիքին եւ տեղափոխուեցան Կինտըլ։ Անոնք, սակայն այնտեղ ալ չկրցան մնալ երկար ժամանակ եւ Ատլանտեան ովկիանոսը անցնելով հաստատուեցան Շիքակոյի մէջ։ 

Սուքալսքի ծնած է 1893 թուականին, Լեհաստանի մէջ։ 1907 թուականին ընտանեօք գաղթած են Միացեալ Նահանգներ։ Դրսեւորած եզակի տաղանդին շնորհիւ ընկերները Սուքալսքին կը կոչէին «քանդակագործ», երբ ան տակաւին եօթ տարեկան էր։ 13 տարեկանին ան ընդունուած է Շիքակոյի Արուեստի կաճառը։ Իր արտասովոր ձիրքը գրաւեց քանդակագործ Անթոնի Փոփիէլի ուշադրութիւնը։ Փոփիէլ համոզեց Սուքալսքիի ընտանիքը, որպէսզի զինք ուղարկեն Քրաքովի Գեղարուեստական ակադեմիա։ Այնտեղ շուրջ երեք տարի Կոնստանդին Լաշչքայի մօտ ուսում ստանալէ վերջ 1913 թուականին վերադարձաւ Շիքակօ։ Ան իր առաջին գեղարուեստական ցուցահանդէսը իրականացուց 14 տարեկան հասակին։ Սուքալսքի 13 տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցած է իր հայրը կորսնցնելու։ Շիքակոյի մէջ Սուքալսքիի հայրը արկածի մը զոհ գացած է։ Սթանիսլաւ մօտեցաւ հօր ջարդուած մարմնին եւ դիակը տարաւ դիահերձարան։ Ոմանք կ՚ենթադրեն, որ Սուքալսքի իր հօր մարմինը ուսումնասիրելով սորված է անդամազննութիւնը եւ որոշ քանդակներու սարսափելի աղաւաղուած կերպարները ոգեշնչուած են մահուան այդ ահռելի տեսարանէն։ 

Սուքալսքիի վաղ գործերը հիմնականին կիսանդրիներ էին, որոնք կը վկայէին նկարչի վիթխարի ոճի մասին։ Իր արուեստը կը համադրէ «Art Nouveau»ի զարդարիչ ծաղկումը, վիպապաշտութեան զգացական թատերականութիւնը եւ 20-րդ դարու սկիզբի Եւրոպական արդիապաշտութեան բազմաթիւ հոսանքներ. ինչպէս՝ քիւպիզմ, արտայատչապաշտութիւն, ապագայապաշտութիւն, նախաքոլումպիական արուեստ։ 

1914 թուականէն յետոյ քանդակագործը մշակած է երեւակայական վառ ստեղծագործութիւններ։ Ան ներկայացուց  այլանդակուած մարդկային մարմիններ, ուշադրութեամբ փորագրած էր անդամազննական մանրասնութիւններ։ Ան կը ձգտէր իր աշխատանքները ողողել բարդ փիլիսոփայական գաղափարներով։ Անոր քանդակները յաճախ անհասկնալի էին, եթէ չըլլային հեղինակի մեկնաբանութիւնները։ 

Իր եւրոպական ճանապարհորդութիւններէն յետոյ (1926-1928) Սուքալսքի ժամանեց Քրաքով։ 1929 թուականին այնտեղ ունեցաւ ցուցահանդէս մը, որու բացման ժամանակ ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Իր ելոյթին մէջ ան դաժանօրէն թիրախաւորեց Քրաքովի գեղարուեստական շրջանակներու նշանաւոր անդամները եւ Քրաքովի արուեստի ակադեմիայի դասաւանդման մեթոտները։ Ան կը դատապարտէր լեհական արուեստի վիճակը, որ իր կարծիքով ստրկական կերպով կ՚ընդօրինակէր Արեւմտեան օրինաչափութիւնները եւ կը կորսնցնէր իր իսկութիւնը։ Շուտով ան կազմակերպեց իր արուեստի հետեւորդներու խումբը՝ Եղջիւրաւոր սրտի ցեղը։ Անոնց հիմնական նպատակն էր տարանջատուիլ Արեւմտեան ազդեցութիւններէ եւ իրենց արուեստին մէջ ընդունիլ ազգային եւ նոյնիսկ «ցեղային» սլավոնական մոթիֆները։ 

1930-ականներուն, որպէս յայտնի արուեստագէտ, որուն Լեհաստանի կառավարութիւնը նուիրեց իրեն յատուկ թանգարան մը, Սուքալսքի իր ամբողջ ստացուածքով վերադարձաւ Լեհաստան, բայց անոր աշխատանքները «քարուքանդ» եղան Վարշովայի գրաւումով։ 1939 թուականի սեպտեմբերին գերմանական ռումբերը թաղեցին անոր բոլոր նախագիծերը, ներառեալ Պոլեսլաւ Քրոպրիի՝ Լեհաստանի առաջին թագաւորի բնական մեծութեամբ յուշարձանը: Վհատած, վշտացած Սուքալսքի վերադարձաւ Գալիֆորնիա, ուր շարունակեց ապրիլ իր կնոջ՝ Ճոան Տանըվընի հետ։ Բայց եւ այնպէս, իր ամբողջ կեանքի գործը կորսուած էր՝ ռմբակոծումներու հետեւանքով ոչնչացած կամ գողցուած էր պատերազմի ժամանակ: 

Իր 75-ամեայ ասպարէզի վերջին տարիներուն Սուքալսքիի գլխաւոր գործերէն էր «Փրոմեթէուս»ը (1943), որ նախագծուած էր Փարիզի համար՝ ի պատիւ ֆրանսիացի համախոհներու։ Ան կը փափաքէր, թէ այդ հսկայական ու բարդ կառոյցը ԱՄՆ-ի Ազատութեան արձանի համար նուիրէ Ֆրանսային: 1971 թուականին Սուքալսքիի ստեղծագործութիւններն ու գոյութիւնը ջուրի մակերես հանեց Կլեն Պրէյ։ Սուքալսքի մահացաւ Պըրպենքի մէջ, Գալիֆորնիա, 1987 Թուականին: Տարի մը անց իր եւ կնոջ մոխիրը ցրուեցան Զատիկի կղզիի վրայ, մտերիմ ընկերներու կողմէ։ Սուքալսքիի բոլոր աշխատանքները այժմ կը պահպանուին Սուքալսքիի Արխիւներու կողմէ։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021