ԿԵԱՆՔԴ ՄԱՆՐՈՒՔՆԵՐՈՎ ՄԻ՛ ԽՃՃԵՐ

Բանիմացութիւնը ուսման եւ կրթութեան հետ աղերս ունեցող գոյական մը չէ սոսկ, այլ ան միաժամանակ լայն ու հեռուն մտածելու ունակութիւն է։ Բանիմաց ըլլալու համար համալսարաններ պէտք չէ աւարտել, հաստափոր գիրքեր կարդալ, չափանիշներով ու լոզունգներով առաջնորդուիլ…։ Բանիմացութիւնը մտքի դաստիարակութիւն ու յղկում է։ Բանիմաց մարդը ամէն ինչի մէջ ինքզինք չի՛ նետեր, զինք չհետաքրքրող հարցերուն միջամուխ չ՚ըլլար, աւելորդաբանութիւններէ կը խուսափի ու հեռու կը մնայ, յայտնուող երեւոյթները նախապէս կը կշռադատէ եւ ապա որոշում կը կայացնէ։ Սակայն այսօրուայ իրականութեան մէջ խոհուն մտքեր ունեցող եւ բանիմաց մարդոց թիւը կարծես նուազած է եւ հրապարակած իջած են մանրուքներով եւ ըսի-ըսաւներով զբաղող մարդիկը։

Մանրուքներով զբաղիլը եւ այդ անարժէք մանրուքներով ինքզինք տոչորելը բնաւորութեան գիծ է։ Երբ մարդ իր կեանքի գլխաւորագոյն նպատակը կը թողու, ինքնաբերաբար, ուրիշին գործերուն կը խառնուի, իր զրուցակիցին արտաբերած բառերուն վրայ կը կառչի, բառերը կը ստուգաբանէ, կը մեկնաբանէ, ներածական կը կարդայ, արտասանուած բառի ակունքը կ՚ուզէ գտնել, սակայն եւ այնպէս ո՛չ մէկ տեղ եւ եզրակացութեան կը հասնի։ Մանրուքներով զբաղողը բանիմաց մարդուն նման հեռուն չի՛ տեսներ, չի՛ կանխատեսեր ու իր նպատակը չի՛ հետապնդեր, այլ «այսօր»ով ու «ներկայ»ո՛վ կ՚ապրի՝ մոռնալով ապագան եւ կեանքի նպատակը։ Մանրուքներով մանրացած մարդը իր միտքը «օտարոտի» մտածումներով պղտորած կ՚ըլլայ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ միտքը միայն յետին երեւոյթներու եւ մակերեսայնութեան վրայ սեւեռած կ՚ըլլայ։ 

Յաճախ դուն քեզի հարց տուած ես, թէ ինչո՞ւ համար կ՚ապրիս եւ կամ գոյութիւն ունիս, ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ բանի մը, որ յարատեւ նշանակութիւն կ՚ունենայ եւ իր իմաստը երբեք չի կորսնցներ։ Տարիներ անց, երբ ետեւ կը նայիս՝ կը զարմանաս. թէ ինչո՞ւ որոշ մարդոց հետ յարաբերութիւններդ ամբողջապէս խզուած են։ Փառքի գագաթնակէտին հասած ես, «նպատակ»ներդ իրագործած ես, բայց կեանքդ դատարկ է։ Իր փառքի գագաթնակէտին հասած մարզիկի մը հարցուցած են. թէ նախքան մարզական աշխարհ մուտք գործելը՝ մարդոցմէ ի՞նչ կ՚ուզէր լսել։ Մարզիկը պատասխանած է. «Կ՚ուզէի, որ մէկը զգուշացնէր զիս, որ երբ գագաթնակէտը հասնիս. պիտի տեսնես, որ բան մըն ալ չկայ»: Շատ մը «նպատակ»ներ տարիներ անցնելէն ետք միայն իրենց սնանկութիւնը կը բացայայտեն։ Մանրուքներով զբացող մարդը իր կեանքի կիզակէտը մանրուքներով կը լեցնէ, մոռնալով, որ այդ մանրուքները վրայ-վրայի կուտակուելով՝ զինք կը կուրցնեն եւ իր կեանքը բեւեռացումի կ՚ենթարկեն։

Մանրուքներով չզբաղելու համար, մանկավարժներ կը կարեւորեն բարոյական դաստիարակութիւնը։ Իւրաքանչիւր գոյակ ժառանգական բնաւորութեան գիծեր կ՚ունենայ, բայց մայրը այդ բնաւորութեան գիծերը յեղակերպողն ու տաշողն է։ Յովհաննէս Երզնկացի կ՚ըսէ. «Մանուկին միտքը կը նմանի մոմի, պէտք է անոր վրայ բարին դրոշմել»։ Բարոյական դաստիարակութեամբ զաւկիդ մէջ ազնուութեան, վեհանձնութեան, մարդասիրութեան, բարութեան եւ գեղեցիկ հոգի ունենալու հունտերը կը ցանես։ Այսպիսով, անոր հոգւոյն մէջ ընդոծին դրուած բարութեան սերմերը կը խնամես՝ նպաստելով անոնց փթթումին ու պտղաբերութեան։ Ժան ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ. «Արարիչին՝ Աստուծոյ ձեռքէն ստեղծուած ամէն բան բարի է։ Ամէն ինչ մարդոց ձեռքին մէջ միայն կը կեղտոտի ու կը վատթարանայ։ Մանուկին սրտին մէջ չկան զեղծարարութիւն կամ չարութիւն, այլ կան բարութիւն եւ անմեղութիւն»։ Մօր պարտականութիւնն է իր մանուկին անմեղութիւնը պահպանել, զգայնութիւնները իրենց հունին մէջ դնել, բարի գիծերը զօրացնել ու զարգացնել, իսկ յոռի կէտէրը՝ բնաջնջել։ Երբ երեխայիդ կը սորվեցնես կեանքը ապրիլ յարաբերաբար բարոյական արժէքներով ու հիմունքներով, բնականաբար, զինք հեռու պահած կ՚ըլլաս մանրուքներէ ու ճղճիմ հարցերէ։ Միշտ մտաբերէ, որ դուն զաւկիդ իտէալական կերպարն ես։

Մանուկը միայն դպրոցին մէջ չէ, որ մտապէս կը դաստիարակուի։ Այո՛, ուսումը մարդս կը յղկէ ու կը կոփէ՝ ոգեզինելով եւ ապագայ մարդը պատրաստելով։ Սակայն ընտանիքը նոյնպէս նկարագրային դաստիարակութեան առընթեր պէտք է երեխան իմացապէս դաստիարակէ։ Իմացական դաստիարակութիւնը կ՚ամբողջացնէ բարոյական դաստիարակութիւնը։ Ուղիղ դատողութիւնը. խորհրդածութիւնը. նախապէս մտածելը եւ ապա շարժիլը, բանականութեան վճիռին անսալը բարոյական յատկութեանց բողբոջումին լաւագոյն ազդակներն են։ Ռեթէոս Պէրպէրեան կ՚ըսէ. «Նկարագրի դաստիարակութիւնը կարելի է կեանքի կոչել երկու ձեւով. առաջին՝ մանուկին միտքը վարժեցնել ինքնին խորհելու. ուշադրութեան. խորհրդածութեան. քննութեան. մտածելու իրերու հետեւութեանց վրայ. անդրադառնալու եւ ազատ համոզումներ կազմելու կեանքի ու բարի եւ օգտաւէտ գործունէութեան սկզբունքներու վրայ։ Երկրորդ՝ կրթել. մարզել մանուկի անձնիշխան կամեցողութիւնը՝ ինքնակամ, ինքնավար գործունէութիւնն ունենալու. ինքզինքին հնազանդելու. իր բարոյական անկախութեան խափանարար ներքին ու արտաքին դրդմանց ընդդիմագործութեան ճիգ ընելու. դժուարութիւններու եւ վտանգներու դէմ արիանալու համար»։ Զաւակդ երբ կը տեսնէ, որ համակ կեանքդ հարեւաններուդ հագուկապուստով, ըսի-ըսաւներով, բամբասանքներով «ողողած» ես, ինքն ալ կը սկսի քեզի պէս այդպիսի մանրուքներով իր կեանքը յումպէտս վատնել եւ աննպատակ կեանք մը ապրիլ։ Մինչդեռ երբ անոր արթնամիտ ըլլալ եւ կարեւորը անկարեւորէն տարբերել սորվեցուցած ես, այդ ժամանակ ապագայ գլխագիր ու նպատակասլաց մարդը կերտած կ՚ըլլաս։

Դատարկապորտ մարդիկը մանրուքներով իրենց կեանքը խճճողներն են։ Հոգեբաններ կը վկայեն, թէ երբ դատարկ մարդը չունի՛ ընելիք ու կեանքի յարադէտ նպատակ՝ կը սկսի այլոց շարժուձեւերուն հետեւիլ, խօսակցութեանց վրայ հիմնուիլ եւ ուրիշներու ապրումներով ապրիլ։ Դատարկ մարդը ի ներքուստ տխուր, անհանգիստ, անհաւասարակշիռ կ՚ըլլայ եւ կը փորձէ այդ վիճակէն դուրս գալ՝ այլոց կեանքին մէջ միջամուխ ըլլալով։ Հոգեբան Քլեմէնս Լօուն խօսելով մարդուն մէջ յառաջացող դատարկութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Դատարկութիւնը մարդուն մէջ օտարացման զգացում կը յառաջացնէ, իսկ օտարացումը՝ յուսահատութիւն եւ առանձնութիւն։ Դատարկ մարդու կեանքը կապուած է ընկերոջ եւ շրջապատի անմիջական մարդոց հետ, որոնց յաճախ ան կը նախանձի, անոնց դէմ կը պայքարի եւ ինքնիր մէջ վերլուծումներ կատարելով՝ յուզական աշխարհ մը կը ստեղծէ։ Ահա այդ յուզական աշխարհը դատարկ մարդուն ամէն ինչ ընել կու տայ՝ դաւաճանութիւն, անհաւատարմութիւն, ոխակալութիւն եւ նոյնիսկ՝ սպանութիւն»։

Յաճախ սեփական աչքերով տեսած եմ, թէ տարիներ շարունակ մարդիկ, առանց ձանձրանալու, բծախնդրօրէն, իրենց աշխատունակ գործընկերոջ աշխատասիրութիւնը փորձած են վարագուրել, յաջողութիւնները խոչընդոտել, կատարուած գործը անկատար համարել, սպիտակը մրոտել ու սեւ ներկայացնել, իսկ կատարուած սխալը՝ «մահացու մեղք» համարել։ Փոխանակ իրենց գործին վրայ կեդրոնանալու, հեռաձայնը առնելով՝ կը զանգահարեն այլ երկիր գործուղղուած իրենց գործընկերոջ։ Գաւաթ մը սուրճ խմելու միջոցին, ճղճիմ հարցերը ինչպիսի՜ «համեմուած» խօսքերով կը ներկայացնեն ու կը քննարկեն՝ բամբասելով իրենց ժրաջան գործընկերներուն մասին, անոնց հասցէին լուտանքներ արձակելով, օրինաչափութիւններ սահմանելով, զանոնք անմարդկային կոչելով…։ Բամբասանքը կը սկսի, բայց վերջակէտ չունի։ Այսպիսի դատարկաբաններ կը մոռնան, որ կեանքը ո՛չ տեղի եւ ոչ ալ գործի ասպարէզի մէջ սահմանափակուած է։ Կեանքը արժէ՛ք է՝ եթէ գիտես այդ արժէքը արարքներովդ արժեւորել։ Կեանքը իմաստ ունի՝ եթէ կարենաս այս կեանքի թոհուբոհին մէջ մտածումներովդ զայն իմաստաւորել։ Միշտ յիշէ՛, որ անփոխարինելի չես։ Օր պիտի գայ, նորերը պիտի գան՝ քեզ փոխարինելու համար։ Երբ այդ հաստատութենէն վերջնականապէս դուրս գաս, պահ մը ետեւդ նայէ, թէ ի՞նչ թողած ես։  Միայն ԴԱՏԱՐԿՈՒԹԻ՛ՒՆ…

Դատարկախոյզերու մտային հարթակէն կը պակսի շրջահայեցողութիւն գոյականը եւ անոր փոխարէն նեղհասկացողութիւն բառը արմատաւորուելով՝ անոնց միտքը կը շեղեցնէ եւ կը ղեկավարէ։ Նեղհասկացողութիւն ունեցողները մանրուքներով զբաղող մարդիկն են, որոնք իրենց նեղ պրիսմակին վրայ հիմնուելով՝ կ՚ուզեն իրենց տեսութիւնը պարտադրել եւ ըստ այնմ երեւոյթները վերլուծել։ Նեղհասկացողութիւնը քեզ սահմանափակ կը դարձնէ, մինչ շրջահայեցողութիւնը կ՚օգնէ, որ կեանքը տարբեր դիտանկիւններէ նայիս եւ ապա գործի անցնիս։ Նեղհասկացողութիւնը շրջափակելով՝ քեզ տգէտ կը դարձնէ, մինչդեռ շրջահայեցողութիւնը՝ իմաստուն։ Նեղհասկացողութիւնը կը չարացնէ, բայց շրջահայեցողութիւնը համբերատար կը դարձնէ։ Նեղհասկացողութիւնը կը ծերացնէ, իսկ շրջահայեցողութիւնը կ՚երիտասարդացնէ։

«Կեանքդ մանրուքներով մի՛ խճճեր»։ Կեանքիդ մէջ կան բազմապիսի երեւոյթներ ու խնդիրներ, որոնք լուծման կարիքը ունին։ Շինիչ մէկ խօսքդ կրնայ այդ խնդիրներէն մէկը լուծել։ Գիտակցուած մէկ քայլդ կրնայ հազար դռներ բանալ։ Մանրուքներով զբաղելու փոխարէն՝ գիրք մը ընթերցէ եւ մտապաշարդ զարգացուր։ Այլոց գործերուն մէջ «քիթ»դ մտցնելու փոխարէն՝ ընտանեկան խնդիրներդ լուծէ։ Գործընկերներուդ գործունէութիւնը քննադատելու փոխարէն՝ փորձէ գործելակերպիդ մէջ թարմութիւններ եւ նորարարութիւններ մտցնել։ Մանրուք հարց մը «մեծցնել»ու փոխարէն՝ ինքնակղզիացած վիճակէդ դուրս եկուր։ Ընկերոջդ օգնութեանդ ձեռք երկարելը լաւ ու դրուատելի արարք է, բայց ամէն վայրկեան անոր կեանքի մանրուքներով զբաղիլը ձանձրալի երեւոյթ է։

Սողոմոն Իմաստուն կ՚ըսէ. «Աստուած մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժղ 3.11)։ Բայց այսօր այդ միտքը լեցուն է մեխմեխանքի, ատելութեան, ոսոխութեան եւ տեսակ-տեսակ մեղքերու գաղափարներով։ Ծննդոց գիրքին մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած մարդը Իր պատկերին համաձայն ստեղծեց (Հմմտ. Ծն 1.26)։ Սա կը նշանակէ, որ Աստուած մարդը ստեղծած է որպէս ընկերային էակ (Հմմտ. Ծն 2.18-25)։ Աստուած մարդը ստեղծած է աշխատելու համար եւ ոչ թէ դատարկաբանութեան եւ ծուլութեան համար (Հմմտ. Ծն 2.15)։ Սակայն այսօր մարդ արարածը ո՛չ միայն դատարկութեան մարմնացումն է, այլեւ՝ դատարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ իր կեանքը կորստեան մատնած է։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոս է» (Փլմ 1,21): «Ես չէ որ կ՚ապրիմ. այլ՝ Քրիստոս է որ կ՚ապրի իմ մէջս» (Գղ 2,20): Դուն տուն մըն ես եւ այդ տունը իր բնակիչը ունի. որ Քրիստոս Ինքն է: Քրիստոս Իր արիւնովը մեզ գնեց ու Իր սեփական տունը դարձուց: Եթէ Քրիստոս չի բնակիր մեր մէջ. կը նշանակէ, թէ իբրեւ տուն դատարկ ենք: Ինչպէս չբնակուած տունը կրնայ փոշիներով ու սարդոստայններով ծածկուիլ, նոյնպէս ալ Քրիստոսով չբնակուած մարդը անխուսափելիօրէն կը ծածկուի ու կը լեցուի մեղքի փոշիներով ու սարդոստայններով: Իսկ զՔրիստոս իր մէջ ապրեցնող մարդը հեռու կը մնայ դատարկութիւններէ ու գնայուն հաճոյքներէ եւ կը դառնայ բնակարան սրբութեան, փարոս խաղաղութեան, հրաբուխ սիրոյ եւ աղբիւր զօրութեան։   Քրիստոսէ դուրս ամէն բան դառն ու դատարկ է, ամէն բան անհամ եւ անբոյր է։ Անհամար է թիւը այն մարդոց, որոնք հոգեւոր ահաւոր դատարկութենէ մը տանջուելով՝ ճամբայ ելան փնտռելու ճշմարտութիւնը։ Ոմանք հանդիպեցան «Ես եմ ճշմարտութիւնը» (Յհ 14.6) յայտարարող Փրկչին եւ իրենց հոգիի դատարկութիւնը լեցուեցաւ մինչեւ բերան (Հմմտ. Յհ 2.7)։ Իսկ ոմանք ալ փորձեցին աշխարհայինով «գոհացնել» իրենց էութեան մէջ հաստատուած դատարկութիւնը, սակայն, յետոյ իրենց ակռաները կճրտեցին։

Սիրելի՛ ընթերցող, անսխալ մարդ չկայ, բոլորս ալ թերութիւններ ունինք։ Կեանքի խնդիրները կրնայ ըլլալ քեզ դատարկութեան առաջնորդած են, իսկ դատարկութիւնը հաւանաբար քեզ յուսահատ դարձուցած է։ Կեանքի հարցերէն յոգնած՝ կը փորձես փախուստ տալ եւ դուն քեզ մոռացութեան տալ։ Այդ մտացիրութեան մէջ կը սկսիս ընկերոջդ, բարեկամիդ, հարազատիդ, դրացիիդ խնդիրներուն մէջ մտնել, սակայն անզգալաբար դուն քեզ դատարկած կ՚ըլլաս եւ շեղած կեանքիդ գերագոյն նպատակէն։ Աստուած քեզ չստեղծեց դատարկ կեանք մը ապրելու, ձեռնածալ նստելու եւ յուսահատելու համար, այլ քեզ հնարաւորութիւն տուած է այս աշխարհին մէջ դուն քեզ իրագործելու եւ նուաճումներ արձանագրելու։

Աշխատավայրիդ կամ շրջապատիդ մէջ անպայման մանրուքներով զբաղող մարդիկ կը գտնուին։ Դատարկակեացներու խօսքերուն ականջ մի՛ տար, մանրուքներով մի՛ մանրանար, մի՛ հակադարձեր, այլ գործունէութեամբ զանոնք լռեցուր եւ առջեւդ նայէ։ Մանրուքներով զբաղող մարդը մուկի նման է, որ կը սիրէ ամէն ինչ գաղտնի կատարել՝ իր թաքստոցը չյայտնաբերուելու համար։ Մուկը ապրելու համար իրիկունները կը փորձէ կեր փնտռել, իսկ մեր կեանքին մէջ մարդացած անբաժան «մուկ»երը «ներշնչել»ու եւ «արտաշնչել»ու համար մանրուքներ կը փնտռեն։ Մանրացած «մուկ»երը կը մոռնան, որ իրենց արձակած մանր խիճերը օր մը զիրենք խեղդամահ պիտի ընեն։ Կեանքդ մանրուքներու վրայ մի՛ հիմներ, այլ «մեծ» մտածէ ու հորիզոնին նայէ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017