ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այն հարցումը, որու պատասխանը մեզմէ շատեր կը փափաքին լսել, հետեւեալն է. արդեօք արուեստի ստեղծագործական գործընթացը մեզ աւելի կ՚երջանկացնէ՞:

Գեղարուեստական ​​ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները շատ լպրծուն գետին ունին։ Ի վերջոյ, մենք ունինք արուեստագէտներու օրինակներ, որոնք ապրած են կամ կ՚ապրին զգացական դժուարութիւններ. ինչպէս՝ ընկճուածութիւն եւ սա երկընտրանք կը ստեղծէ: Այս պահուն հարցումը այն է, թէ արդեօք արուեստը յուզական ցաւէ՞ կը ծագի: Կան բազմաթիւ հետազօտական ​​խումբեր, որոնք կ՚աշխատին այս գաղափարի հակառակ ուղղութեամբ եւ անոնցմէ շատերու հասարակաց կէտն է, որ արուեստը դրականօրէն կ՚ազդէ մարդոց յուզական աշխարհի դժուարութիւններու յաղթահարման վրայ:

Գեղարուեստական ​​արտադրութեան գործընթացի եւ անձնական երջանկութեան միջեւ կապը նոր գաղափար մը չէ։ «Psychology Today»ը ներկայացուցած է 1996 թուականին Ռոպերթ Էփշթէյնի «Ստեղծագործութիւնը գրաւել» յօդուածը, ուր ան «խանդավառութեամբ» կը գովաբանէ գեղարուեստական ​​ստեղծագործութեան ստեղծած երջանկութիւնը։ Վերոյիշեալ յօդուածին մէջ Էփշթէյն նշած է իր միտքերը այս նիւթի վերաբերեալ. «…Աւելի շատ ստեղծագործութիւնը կը յանգեցնէ աւելի մեծ երջանկութեան: Ստեղծագործական գործընթացները մեզի համար կը դառնան ուրախութեան աղբիւր եւ անոնցմով մենք աւելի կը հեշտացնենք նոյնիսկ մեր առօրեայ ամենաչնչին խնդիրներու լուծումը»։ Բաց աստի, Լոնտոնի համալսարանէն Սեմիր Զեքիի նոր հետազօտութիւնը կը պնդէ, որ պարզապէս արուեստ ուսումնասիրելը կը բարձրացնէ «տոփամին»ի մակարդակը եւ կ՚ապահովէ ուղեղի ճակատային մասի աշխուժութիւնը: Բաց աստի, այս իրավիճակը յառաջ կը քշէ այն միտքը, որ արուեստական ստեղծագործութիւնը իրականութեան մէջ կը յառաջացնէ սիրային յարաբերութեան հաճոյքի զգացումը։

Հետաքրքրական է, որ քանի արուեստը շատ բազմակողմանի է, իւրաքանչիւր անհատ կրնայ գտնել այն, ինչ որ իրեն համար դիւրին է։ 2008 թուականին հրատարակուած է յօդուած մը, որով կը փաստուի ջանքերու վրայ հիմնուած պարգեւատրման համակարգը եւ անոր առընչութիւնը ձեռագործ աշխատանքի հետ: Կը կարծեմ, որ այս տեսակի կրկնուող եւ յագեցնող գեղարուեստական ​​արտադրութիւնը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ընկճուածութեան եւ մտահոգութեան նուազեցման գործին մէջ։ Թերեւս գեղարուեստական ​​արտադրութեան գործընթացին կեդրոնացումը եւ խորասուզումը կապուած են հոգեբան Միխալի Չիկսզենտմիհալյիի «հոսք» անուանած գործընթացին հետ:

«Հոսք»ի եւ գեղարուեստական ​​արտադրութեան հայեցակարգը իրականութեան մէջ կը մատնանշէ երջանկութեան երկու գործօն, որ հազարաւոր տարիներ շարունակ բարելաւած է մարդկային կեանքը: Առաջինը՝ ստեղծագործութեան մէջ երջանկութիւն գտնելու կարողութիւնն է՝ բացայայտելու հաճոյքի միջոցով: Այս կարողութիւնը հիմնուած է բարեշրջութեան (évolution) կենսաբանութեան վրայ, որ մարդոց եւ հասարակութիւններուն հնարաւորութիւն կու տայ գոյատեւել նորարարութիւններու միջոցով: Երկրորդը՝ հանգստանալու եւ կեանքը վայելելու կարողութիւնն է՝ ստեղծելով օգտակար եւ ստեղծարար իրեր։ Սա ո՛չ միայն գործադրութիւն է, այլեւ մեթոտ, որ կը բարելաւէ հոգեկան առողջութիւնը եւ «կ՚երիտասարդացնէ» մարդիկը։

Վերջապէս, հնարաւորութիւն ունեցայ ընթերցելու զանազան տարիքէ արուեստական բուժման մասնակիցներու արտայայտած միտքերը՝ արուեստի եւ երջանկութեան մասին: Ես տեսայ, որ արուեստի շնորհիւ, հակառակ ցաւալի փորձառութիւններու, անոնք կարողացան արտայայտել այդ զգացումները եւ հաղորդակցիլ՝ արուեստի միջոցով: Անոնք յայտարարեցին, որ արուեստը ամենայարմար տարածքն է իրենց անձնական պայքարէն դուրս գալու, իրենց շեղած ուշադրութիւնը հաւաքելու, ֆիզիքական եւ մտաւոր հանգստութիւն ապահովելու եւ դրական յոյզերու հասնելու համար, որոնք թոյլ կու տան իրենց մարտահրաւէր նետել կեանքի նեղութիւններուն: Ամենակարեւորը, այդ մասնակիցներէն ոմանք բացայայտեցին իրենց տաղանդը, ինչ որ նախապէս չէին գիտեր։ Աւելի՛ն, մասնակիցները հասարակաց դիրքորոշում ունէին, որ արուեստը երջանկութիւն կը պատճառէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022